Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 9/15 էջ 32
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Վստահ յոյս՝ մեռելներուն համար
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • Յարութիւն պիտի ըլլայ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Մեռելներուն յոյսը՝ յարութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 9/15 էջ 32
[Նկար՝ էջ 32]

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ինչպէս որ նկարագրուած է Յովհաննէս 11։35–ի մէջ, Յիսուս Ղազարոսը յարուցանելէ առաջ ինչո՞ւ լացաւ։

Երբ սիրելի մը մեռնի, բնականաբար կու լանք, քանի որ զինք շատ պիտի կարօտնանք։ Ղազարոսը սիրելով հանդերձ, Յիսուս անոր մահուա՛ն համար չլացաւ։ Ինչպէս որ Յովհաննէսի արձանագրութեան բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, Յիսուս սգաւորներուն հանդէպ կարեկցութենէ մղուած լացաւ (Յովհ. 11։36)։

Երբ Յիսուս լսեց թէ Ղազարոս հիւանդ էր, անմիջապէս անոր տունը չգնաց զինք բժշկելու համար։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ լսեց թէ [Ղազարոս] հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ» (Յովհ. 11։6)։ Յիսուս իր ճամբորդութիւնը ուշացնելու պատճառ ունէր։ Ան ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի» (Յովհ. 11։4)։ Հետեւաբար, ան մտադրեց Ղազարոսի մահը գործածել «Աստուծոյ փառքին համար»։ Ինչպէ՞ս։ Ան հոյակապ հրաշք մը կատարելու վրայ էր՝ իր բարեկամը յարուցանելով։

Երբ այս նիւթը իր աշակերտներուն հետ կը քննարկէր, Յիսուս մահը նմանցուց քունի։ Անոր համար, անոնց ըսաւ. «Երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ» (Յովհ. 11։11)։ Յիսուս Ղազարոսը մահուան քունէն պիտի արթնցնէր ճիշդ ինչպէս որ ծնող մը իր զաւակը քունէն կ’արթնցնէ։ Ուստի, ան Ղազարոսի մահուա՛ն համար վշտանալու պատճառ չունէր։

Ուրեմն, ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Յիսուս լայ։ Դարձեալ բովանդակութիւնը կը պատասխանէ։ Երբ Յիսուս Ղազարոսի քրոջ Մարիամի հանդիպեցաւ, եւ տեսաւ թէ ան եւ ուրիշներ կու լային, «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ»։ Անոնց տառապանքը տեսնելով՝ ան ա՛յնքան հառաչեց որ «լացաւ»։ Իր սիրելի բարեկամներուն սրտաբեկ ու վշտահար ըլլալը զինք մեծապէս տխրեցուց (Յովհ. 11։33, 35)։

Այս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս զօրութիւն ունի նոր աշխարհին մէջ մեր սիրելի ննջեցեալները ետ կեանքի ու կատարեալ առողջութեան բերելու։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս մեզի հետ կը զգայ, երբ մեր սիրելիները մահանան։ Ասկէ զատ, այս արձանագրութենէն կը սորվինք թէ պէտք է սգաւորներուն կարեկցինք։

Յիսուս գիտէր թէ Ղազարոսը պիտի յարուցանէր։ Բայց եւ այնպէս իր բարեկամներուն հանդէպ խոր սէրէ եւ կարեկցութենէ մղուած լացաւ։ Համանման կերպով, մեր կարեկցութիւնը կրնայ մեզ մղել ‘լացողներուն հետ լալու’ (Հռով. 12։15)։ Այսպիսի ցաւ ու վիշտ արտայայտելը չի նշանակեր, թէ անհատը յարութեան յոյսին չի հաւատար։ Ուստի, որքա՜ն պատշաճ է որ Յիսուս անկեղծօրէն լալով սգաւորներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերեց, թէեւ Ղազարոսը յարուցանելու վրայ էր։ Ան մեզի գեղեցիկ օրինակ թողուց։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել