ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ
Աստուած սիրելու պայքարը
«‘Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ’։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը» (Յիսուս Քրիստոս, Ք.Ե. 33)a։
Ոմանք կը դժուարին Աստուած սիրել։ Իրենց համար, Աստուած խորհուրդ է, մարդոցմէ հեռու է կամ նոյնիսկ անգութ է։ Նկատի առ հետեւեալ արտայայտութիւնները.
«Աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցի, բայց միեւնոյն ժամանակ զգացի թէ ան ինձմէ հեռու է, նոյնիսկ՝ անհասանելի։ Ինծի համար, Աստուած վերացական էակ մըն էր, առանց որեւէ զգացումի» (Մարքօ, Իտալիա)։
«Թէեւ անկեղծօրէն կ’ուզէի Աստուծոյ ծառայել, բայց ան ինծի հեռու կը թուէր։ Խորհեցայ որ ան կոշտ ու կոպիտ Աստուած է, որ միայն կը պատժէ։ Չէի հաւատար թէ ան ջերմ զգացումներ ունի» (Ռոզա, Կուաթեմալա)։
«Երբ փոքր էի, կը հաւատայի որ Աստուած միայն մեր սխալները կը փնտռէ եւ պատրաստ է մեզ պատժելու, եթէ ատոր արժանի ենք։ Յետագային, զինք անտարբեր նկատեցի։ Աստուած կը նմանցնէի վարչապետի մը, որ ժողովուրդին հարցերը ձեռք կ’առնէ, բայց իսկապէս անոնցմով հետաքրքրուած չէ» (Ռէյմոնտ, Քանատա)։
Դարեր շարունակ շատեր հարց տուած են, թէ արդեօք Աստուած կը սիրուի՞։ Լաւ, դուն ի՞նչ կը խորհիս։ Իրականութեան մէջ, Միջին դարերուն քրիստոնէական աշխարհի հպատակներուն մեծամասնութիւնը նոյնիսկ Ամենակալ Աստուծոյ չէր աղօթեր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ անոր հանդէպ հիւանդագին վախ ունէին։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կրնար մեղաւոր մը համարձակօրէն աղօթել վախազդու եւ հեռաւոր Աստուծոյ մը»։
Աստուած ինչպէ՞ս «վախազդու եւ հեռաւոր» սկսաւ նկատուիլ։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլը կրնա՞յ քեզի օգնել որ զինք սիրես։