Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 11/15 էջ 3-7
  • «Աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ԱՂՕԹՔ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ
  • «ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՂՕԹՔ ԸՐԷՔ»
  • ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՒԵՑԱՆ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵԼ
  • ‘ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ Է’
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • «Գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 11/15 էջ 3-7
[Նկար՝ էջ 3]

«Աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»

«Զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք» (Ա. ՊԵՏ. 4։7)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ի՞նչ տեսակի աղօթքներ հարկ է որ անձամբ աւելի յաճախ մատուցանես։

  • Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է շարունակ աղօթեն։

  • Երբ ուրիշներուն համար աղօթես, ո՞վ կ’օգտուի։

1, 2. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է «աղօթքի մէջ արթուն» մնալ։ բ) Աղօթքի նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք։

«ԱՐԹՈՒՆ մնալու ամէնէն դժուար ժամանակը, արեւածագին նախորդող պահն է», կ’ըսէ տղամարդ մը՝ որ նախապէս գիշերը կ’աշխատէր։ Շատ հաւանաբար անոր հետ համամիտ կը գտնուին անոնք՝ որոնք ստիպուած են գիշերները արթուն մնալ։ Ներկայիս, քրիստոնեաները համանման մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն, քանի որ Սատանայի չար աշխարհին երկար գիշերը այժմ իր ամէնէն խաւար պահուն հասած է (Հռով. 13։12)։ Որքա՜ն վտանգաւոր պիտի ըլլար քնանալ այս ուշ ժամանակին։ Ուստի, «զգաստ» եւ «աղօթքի մէջ արթուն» մնալու սուրբ գրային խրատին անսալը հրատապ է (Ա. Պետ. 4։7)։

2 Քանի որ աշխարհի վախճանին կը մօտենանք, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աղօթքի նկատմամբ որքա՞ն արթուն եմ։ Ամէն տեսակ աղօթք կը մատուցանե՞մ եւ շարունակ կ’աղօթե՞մ։ Ուրիշներուն համար աղօթելու սովորութիւն ունի՞մ, թէ ոչ աղօթքներս յաճախ իմ կարիքներուս ու փափաքներուս շուրջ կը դառնան։ Եւ աղօթքը որքա՞ն կարեւոր է իմ փրկութեանս համար’։

ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ԱՂՕԹՔ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ

3. Ի՞նչ են աղօթքի կարգ մը տեսակները։

3 Եփեսացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ ակնարկեց «ամէն տեսակ աղօթք»ի (Եփ. 6։18, ԱԾ)։ Մեր աղօթքներուն մէջ թերեւս Եհովայէն յաճախ կը խնդրենք որ մեր կարիքները գոհացնէ եւ մեզի օգնէ մեր խնդիրները լուծելու։ «Աղօթքի լսող»ը սիրալիրօրէն մեր աղաչանքը կը լսէ (Սաղ. 65։2)։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է նաեւ ջանանք կեդրոնանալ աղօթքի ա՛յլ տեսակներու վրայ, ինչպէս՝ փառաբանութեան, գոհութեան եւ աղերսանքի աղօթքներ։

4. Ինչո՞ւ պէտք է յաճախ մեր աղօթքներով Եհովան փառաբանենք։

4 Բազմաթիւ պատճառներ ունինք՝ մեր աղօթքներով Եհովան փառաբանելու։ Օրինակ, «իր զօրաւոր գործերուն» եւ «մեծափառութեան» համար կը մղուինք զինք փառաբանելու (կարդա՛ Սաղմոս 150։1-6)։ 150–րդ սաղմոսին 6 համարները մեզ 13 անգամ կը յորդորեն որ Եհովան փառաբանենք։ Աստուծոյ հանդէպ խոր ակնածանք ունենալով, ուրիշ սաղմոսերգու մը տաղերգեց. «Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ քու արդար դատաստաններուդ համար» (Սաղ. 119։164)։ Արդարեւ, Եհովան փառաբանութեան արժանի է։ Ուստի, պէտք չէ՞ որ մեր աղօթքներով «օրը եօթը անգամ», այսինքն՝ շատ յաճախ, զինք փառաբանենք։

5. Աղօթքով գոհութիւն յայտնելը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։

5 Գոհութիւնը աղօթքի ա՛յլ կարեւոր տեսակ է։ Պօղոս Փիլիպպէի քրիստոնեաները յորդորեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փլպ. 4։6)։ Աղօթքով մեր սրտագին երախտապարտութիւնը Եհովայի արտայայտելով կը պաշտպանուինք, քանի որ կ’ապրինք վերջին օրերուն մէջ, ուր մարդիկ «ապերախտ» են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Իրապէս այս աշխարհը ապերախտութեամբ լեցուն է։ Եւ եթէ զգոյշ չըլլանք, այդ հոգին կրնայ մեզի ազդել։ Աղօթքով գոհութիւն կամ շնորհակալութիւն յայտնելը մեզ գոհունակ անհատներ կը դարձնէ եւ թոյլ չի տար, որ մեր կեանքի վիճակին նկատմամբ «տրտնջողներ ու քրթմնջողներ» ըլլանք (Յուդա 16)։ Ասկէ զատ, երբ տան գլուխը իր աղօթքներուն մէջ գոհութիւն յայտնէ, կը քաջալերէ իր կինն ու զաւակները որ երախտապարտ հոգի մշակեն։

6, 7. ա) Աղերսանքը ի՞նչ է։ բ) Ի՞նչ բաներու մասին կրնանք Եհովայի աղերսել։

6 Աղերսանքը անկեղծ ու ջերմեռանդ աղօթք մըն է։ Ի՞նչ բաներու մասին կրնանք Եհովայի աղերսել։ Երբ կը հալածուինք կամ մահացու հիւանդութեան դէմ կը մաքառինք, վստահաբար Եհովային կ’աղերսենք։ Բայց արդեօք միա՞յն այսպիսի պարագաներու ներքեւ կ’աղերսենք։ Անշուշտ ոչ։

7 Նկատի առ Յիսուսի տիպար աղօթքը եւ տես թէ ան ի՛նչ ըսաւ Աստուծոյ անուան, անոր Թագաւորութեան եւ անոր կամքին մասին (կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10)։ Այս աշխարհը չարութեան մէջ ընկղմած է, եւ մարդկային կառավարութիւնները կարող չեն նոյնիսկ քաղաքացիներուն հիմնական կարիքները գոհացնել։ Անոր համար, տեղին է աղօթել որ մեր երկնաւոր Հօր անունը սրբացուի եւ իր Թագաւորութեան միջոցաւ այս երկրագունդը Սատանային իշխանութենէն ձերբազատուի։ Նաեւ ժամանակն է, որ Եհովային աղերսենք որ իր կամքը երկրի վրայ ալ կատարուի։ Ուստի աղօթքի մէջ արթուն մնանք, անոր բոլոր տեսակները օգտագործելով։

«ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՂՕԹՔ ԸՐԷՔ»

8, 9. Ինչո՞ւ պէտք չէ Պետրոս առաքեալն ու միւս աշակերտները քննադատենք։

8 Թէեւ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘աղօթքի մէջ արթուն կենան’, բայց առնուազն առիթով մը ինք չկրցաւ արթուն մնալ։ Ան եւ ուրիշ աշակերտներ քնացան, մինչ Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ կ’աղօթէր։ Անոնք չկրցան արթուն մնալ, թէեւ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ [«շարունակ», ՆԱ] աղօթք ըրէք» (կարդա՛ Մատթէոս 26։40-45)։

9 Փոխանակ Պետրոսը եւ միւս առաքեալները քննադատելու, պէտք է յիշենք թէ այդ օրը անոնք շա՜տ յոգնած էին։ Անոնք Պասեքի պատրաստութիւնները ըրած էին եւ զայն տօնած էին։ Ապա, Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատած էր, որպէսզի իր մահը յիշատակուէր (Ա. Կոր. 11։23-25)։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան»։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Երուսաղէմի նեղ ճամբաները քալելով, անոնք բաւական հեռաւորութիւն կտրած էին (Մատ. 26։30, 36)։ Եւ հաւանաբար կէս գիշերը շա՜տ անց էր։ Եթէ այդ գիշեր մենք ըլլայինք Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, թերեւս մենք ալ քնանայինք։ Փոխանակ յոգնած առաքեալները քննադատելու, Յիսուս սիրալիրօրէն ընդունեց, որ «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։

[Նկար՝ էջ 5]

Թէեւ Պետրոս գայթակղեցաւ, բայց սորվեցաւ ‘աղօթքի մէջ արթուն կենալ’ (Տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)

10, 11. ա) Գեթսեմանիի պարտէզի միջադէպէն Պետրոս ի՞նչ դաս քաղեց։ բ) Պետրոսի փորձառութիւնը ինչպէ՞ս քեզի կ’ազդէ։

10 Գեթսեմանիի պարտէզի միջադէպէն Պետրոս կարեւոր դաս մը սորվեցաւ։ Յիսուս ըսած էր. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք»։ Պետրոս այս խօսքը լսելով, ըսած էր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ Երբ Յիսուս պատասխանեց, թէ Պետրոս երեք անգամ զինք պիտի ուրանար, Պետրոսի կեցուածքն էր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ» (Մատ. 26։31-35)։ Բայց եւ այնպէս, Պետրոս գայթակղեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս կանխագուշակած էր։ Յիսուսը ուրանալով, Պետրոս «դառնապէս լացաւ» (Ղուկ. 22։60-62)։

11 Պետրոս վստահաբար այս փորձառութենէն դաս քաղեց եւ չափազանց ինքնավստահ ըլլալու իր հակումը յաղթահարեց։ Բացայայտ է որ այս ուղղութեամբ աղօթքը իրեն օգնեց։ Իրականութեան մէջ, ուշադրութեան արժանի է որ «աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք» խրատը Պետրոսէն կու գայ։ Այդ ներշնչեալ խրատին կ’անսա՞նք։ Ասկէ զատ, «շարունակ» կ’աղօթե՞նք, այսպէս ցոյց տալով թէ Եհովայի կ’ապաւինինք։ Թող որ Պօղոս առաքեալի յորդորը ե՛ւս ի մտի ունենանք. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ» (Ա. Կոր. 10։12)։

ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՒԵՑԱՆ

12. Նէեմիան ինչո՞ւ լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։

12 Նկատի առ Նէեմիային օրինակը, որ Ք.Ա. 5–րդ դարուն պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին մատռուակն էր։ Ան ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան օրեր շարունակ ‘ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրաւ’, Երուսաղէմի մէջ հրեաներուն դժուար կացութեան համար (Նէ. 1։4)։ Երբ Արտաշէս հարցուց թէ ինչո՛ւ տխուր էր եւ թագաւորէն ի՛նչ կ’ուզէր խնդրել, Նէեմիան «այն ատեն երկնքի Աստուծոյն աղօթք» ըրաւ (Նէ. 2։2-4)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան անոր աղօթքներուն պատասխանեց եւ հարցերը այնպէս մը առաջնորդեց, որ Իր ժողովուրդը օգտուի (Նէ. 2։5, 6)։ Ասիկա որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էր Նէեմիային հաւատքը։

13, 14. Ի՞նչ պէտք է ընենք մեր հաւատքը անխախտ պահելու եւ թոյլ չտալու Սատանային որ մեզ վհատեցնէ։

13 Նէեմիային նման շարունակ աղօթելը մեզի կ’օգնէ որ զօրաւոր հաւատք պահպանենք։ Սատանան անգութ է եւ յաճախ կը յարձակի երբ տկար ենք։ Օրինակ, եթէ հիւանդ ենք կամ ընկճուածութեան դէմ կը մաքառինք, թերեւս սկսինք զգալ թէ այն ժամանակը որ ամէն ամիս ծառայութեան մէջ կ’անցընենք, Աստուծոյ քով չնչին արժէք ունի։ Մեզմէ ոմանք կրնայ ըլլալ որ իրենց անցեալին պատճառաւ նեղացուցիչ մտածումներ ունենան։ Սատանան կ’ուզէ հաւատանք, որ մենք անարժէք ենք։ Ան յաճախ իր յարձակումները կը ծրագրէ այնպէս մը, որ մեր մէջ բացասական զգացումներ յառաջանան եւ մեր հաւատքը տկարանայ։ Սակայն, ‘աղօթքի մէջ արթուն կենալով’, կրնանք մեր հաւատքը անխախտ պահել։ Իրապէս, ‘հաւատքին վահանը մեզ կարող պիտի դարձնէ որ չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարենք’ (Եփ. 6։16)։

[Նկարներ՝ էջ 6]

‘Աղօթքի մէջ արթուն կենալը’ մեզի կ’օգնէ որ այլազան մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլենք (Տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)

14 Եթէ ‘աղօթքի մէջ արթուն կենանք’, անակնկալի պիտի չգանք եւ տեղի պիտի չտանք, երբ յանկարծ մեր հաւատքը փորձուի։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, յիշե՛նք Նէեմիայի օրինակը եւ անմիջապէս աղօթքով Աստուծոյ դիմենք։ Միայն Եհովային օգնութեամբ կրնանք յաջողապէս փորձութիւններու դէմ դնել եւ տոկալ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵԼ

15. Ուրիշներուն համար աղօթելու առնչութեամբ, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք։

15 Յիսուս Պետրոսի համար աղօթեց, որպէսզի անոր հաւատքը չպակսի (Ղուկ. 22։32)։ Առաջին դարու հաւատարիմ Եպափրաս Յիսուսի օրինակին հետեւելով, Կողոսայի իր եղբայրներուն համար աղօթեց, ինչպէս որ Պօղոս նշեց. «Ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ» (Կող. 4։12)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աշխարհածաւալ եղբայրութեան համար կ’աղօթե՞մ։ Որքա՞ն յաճախ աղօթքներուս մէջ կը նշեմ, բնական աղէտի մը պատճառաւ տառապող եղբայրները։ Վերջին անգամ ե՞րբ աղօթեցի Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ծանր պատասխանատուութիւններ շալկողներուն համար։ Վերջերս, ժողովքիս մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւողներուն համար աղօթեցի՞’։

16. Ուրիշներուն համար մեր մատուցած աղօթքները իրապէս ազդեցի՞կ են. բացատրէ՛։

16 Ուրիշներուն համար Եհովայի մատուցած մեր աղօթքները կրնան իրապէս անոնց օգնել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։11)։ Եհովան ստիպուած չէ գործի լծուիլ պարզապէս քանի որ բազմաթիւ երկրպագուներ խնդրանքի մը շուրջ շարունակ կ’աղօթեն։ Բայց ան կ’ուրախանայ երբ կը տեսնէ թէ անոնք անկեղծօրէն իրարմով հետաքրքրուած են, եւ անոնց աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Ուստի ուրիշներուն համար աղօթելու մեր առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնը պէտք է լուրջի առնենք։ Եպափրասի նման, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր խոր սէրն ու հետաքրքրութիւնը պէտք է ցուցաբերենք, անոնց ի նպաստ աղօթելով։ Ասիկա մեր ուրախութիւնը պիտի աւելցնէ, քանի որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։

‘ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ Է’

17, 18. ‘Աղօթքի մէջ արթուն կենալը’ ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ։

17 Նշելէ առաջ թէ «գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած», Պօղոս գրեց. «[Գիտէք] թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք» (Հռով. 13։11, 12)։ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհը մօտ է, իսկ մեր փրկութիւնը մեր կարծածէն աւելի մօտ է։ Պէտք չէ հոգեւորապէս քնանանք եւ պէտք չէ թոյլ տանք աշխարհի զբաղումներուն, որ արգելք հանդիսանան աղօթքով Եհովային մօտենալու։ Փոխարէն, թող որ ‘աղօթքի մէջ արթուն կենանք’։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ ‘սուրբ վարմունք եւ բարեպաշտութիւն’ ունենանք, մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ Այսպէս մեր կենցաղակերպը պիտի յայտնէ, թէ հոգեւորապէս արթուն կը մնանք եւ իրապէս կը հաւատանք թէ այս չար աշխարհին վախճանը մօտալուտ է։ Ուստի ‘անդադար աղօթք ընենք’ (Ա. Թես. 5։17)։ Յիսուսի նման, առանձնանալո՛վ անձնական աղօթքներ մատուցանենք։ Իսկ եթէ երկար աղօթքներ ընենք, Եհովային աւելի պիտի մօտենանք (Յակ. 4։7, 8)։ Եւ ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։

18 Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «[Քրիստոս] իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով» (Եբ. 5։7)։ Յիսուս աղերսանքներ ու խնդրանքներ ներկայացուց եւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը պահեց մինչեւ իր վերջին շունչը։ Առ ի արդիւնք, Եհովան իր սիրալիր Որդին մահուան կապանքներէն ազատեց եւ անոր անմահութիւն շնորհեց։ Մենք եւս կրնանք մեր երկնաւոր Հօր հաւատարիմ մնալ, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք ապագային։ Արդարեւ, կրնա՛նք յաւիտենական կեանքի մրցանակը շահիլ, եթէ ‘աղօթքի մէջ արթուն կենանք’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել