ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ
Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Կարինէ անունով Վկայ մը կը հանդիպի Յասմիկ անունով կնոջ մը։
ՄԵՐ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԶԳԱՅ
ԿԱՐԻՆԷ.– Բարեւ, Յասմիկ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Բարե՜ւ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ուրախ եմ որ կրցայ ձեզ տունը գտնել։ Անցեալ անգամ միասնաբար քննարկեցինք թէ մեր տառապանքը տեսնելով՝ Աստուած ի՛նչ կը զգայa։ Դուք ըսիք, թէ միշտ մտածած էք ասոր մասին, մա՛նաւանդ երբ ձեր մայրը ինքնաշարժի արկածի մը պատճառաւ վիրաւորուեցաւ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ճիշդ ես։
ԿԱՐԻՆԷ.– Մօրդ առողջութիւնը ինչպէ՞ս է այս օրերուն։
ՅԱՍՄԻԿ.– Օր մը լաւ, օր մը գէշ։ Բայց այսօր լաւ է։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ո՜հ ինչ լաւ։ Ուրախացուցիք զիս։ Վստահաբար այսպիսի պարագայ ունենալով հանդերձ դրական մնալը իրապէս մարտահրաւէր մըն է։
ՅԱՍՄԻԿ.– Իսկապէ՛ս։ Ատեններ կը մտածեմ որ մայրս դեռ որքա՛ն պիտի տառապի։
ԿԱՐԻՆԷ.– Բնական է այդպէս մտածել։ Թերեւս կը յիշէք թէ անցեալ անգամ մեր խօսակցութեան վերջաւորութեան հարց տուի, թէ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, եթէ ատոր վերջ դնելու զօրութիւնը ունի։
ՅԱՍՄԻԿ.– Կը յիշե՛մ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուածաշունչին պատասխանը նկատի առնելէ առաջ, մեր խօսակցութեան կարգ մը կէտերը վերաքաղ ընենք։
ՅԱՍՄԻԿ.– Շատ աղէկ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Նախ տեսանք թէ նոյնիսկ հին օրերուն հաւատարիմ տղամարդ մը հարց տուաւ, թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Եւ տեսանք թէ Աստուած բնաւ զինք չյանդիմանեց այս հարցումը ուղղելուն համար, ոչ ալ անոր ըսաւ թէ ա՛լ աւելի հաւատքի պէտք ունէր։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ատիկա ինծի համար նոր կէտ մըն էր։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ապա տեսանք թէ մեր տառապանքը տեսնելով՝ Եհովա Աստուած կը նեղանայ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ իր ժողովուրդը կը տառապէր, ան «նեղութիւն քաշեց»b։ Չե՞նք մխիթարուիր երբ գիտնանք թէ Աստուած մեր տառապանքը տեսնելով մեզի կը կարեկցի։
ՅԱՍՄԻԿ.– Անշուշտ կը մխիթարուինք։
ԿԱՐԻՆԷ.– Վերջը, համաձայնեցանք թէ Ստեղծիչը հսկայ զօրութիւն ունենալով՝ կարող է միջամտել եւ որեւէ ժամանակ տառապանքին վերջ դնել։
ՅԱՍՄԻԿ.– Աս է որ չե՛մ հասկնար։ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ այս բոլոր գէշ բաները պատահին, մինչ կրնայ զանոնք դադրեցնել։
Ո՞Վ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՕՍԷՐ
ԿԱՐԻՆԷ.– Լաւ, սկսինք պատասխանը գտնել, բանալով Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը։ Ձեզի ծանօ՞թ է Ադամ ու Եւային եւ արգիլուած պտուղին արձանագրութիւնը։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ատոր մասին սորված եմ կիրակնօրեայի մէջ։ Աստուած ըսաւ որ որոշ ծառէ մը չուտեն, բայց անոնք կերան։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ճիշդ է։ Հիմա կեդրոնանանք այն դէպքերուն վրայ, որոնք Ադամն ու Եւան մղեցին մեղանչելու։ Այդ դէպքերը ցոյց կու տան, թէ ներկայիս մենք ինչո՛ւ կը տառապինք։ Կը փափաքի՞ք կարդալ Ծննդոց 3–րդ գլուխին 1–էն 5–րդ համարները։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ինչո՞ւ չէ։ «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. ‘Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ «Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք»’։ Կինը օձին ըսաւ. ‘Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. «Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք»’։ Օձը կնոջ ըսաւ. ‘Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով’»։
ԿԱՐԻՆԷ.– Շնորհակալ եմ։ Բերնիդ դալար։ Պահ մը քննարկենք այս համարները։ Նախ, նշմարեցէք թէ օձ մը կնոջ՝ Եւային՝ հետ խօսեցաւ։ Աստուածաշունչի ա՛յլ համար մը ցոյց կու տայ, թէ անիկա իրականութեան մէջ Բանսարկու Սատանան էր, որ օձին միջոցաւ Եւային խօսեցաւc։ Սատանան Եւային հարցուց որոշ ծառի առնչուող Աստուծոյ պատուէրին մասին։ Բայց նկատի առի՞ք թէ Աստուած ի՛նչ ըսած էր որ պիտի պատահէր անոնց եթէ այդ ծառէն ուտէին։
ՅԱՍՄԻԿ.– Անոնք պիտի մեռնէին։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ճիշդ է։ Ետքը, իր խօսքերով Սատանան լրջօրէն Աստուած ամբաստանեց, երբ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Սատանան Աստուած ստախօս կոչեց։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՜հ, ասիկա չէի գիտեր։
ԿԱՐԻՆԷ.– Եւ երբ Սատանան Աստուած ստախօս կոչեց, ան յարուցանեց հարց մը, որ լուծուելու համար ժամանակ պիտի առնէր։ Գիտէք ինչո՞ւ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ը՜. . . վստահ չեմ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Թերեւս կրնամ այս կէտը հետեւեալ կերպով լուսաբանել։ Երեւակայենք թէ օր մը ձեզի մօտենալով կը դաւանիմ որ ֆիզիքապէս ձեզմէ աւելի զօրաւոր եմ։ Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել թէ ըսածս սխալ է։
ՅԱՍՄԻԿ.– Որոշ փորձ մը կ’ընենք։
ԿԱՐԻՆԷ.– Շատ ճիշդ էք։ Թերեւս ընտրենք ծանր առարկայ մը եւ տեսնենք թէ մեզմէ ո՛վ կրնայ զայն շալկել։ Իրականութեան մէջ, փաստելը թէ ո՛վ զօրաւոր է, դիւրին հարց մըն է եւ շուտով կրնայ գիտցուիլ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Համամիտ եմ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ ձեզմէ զօրաւոր ըլլալ դաւանելու փոխարէն, ըսէի թէ ես ձեզմէ աւելի պարկեշտ եմ։ Ասիկա տարբեր հարց մըն է, այդպէս չէ՞։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Այդպէս կը կարծեմ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Վերջ ի վերջոյ, պարկեշտութիւնը զօրութեան նման բան մը չէ, որ պարզ փորձի մը միջոցաւ կրնայ փաստուիլ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ճիշդ է։
ԿԱՐԻՆԷ.– Միակ լուծումն է թոյլ տալ որ բաւարար ժամանակ անցնի, որպէսզի ուրիշներ նկատեն թէ իրապէս մեր երկուքէն ո՛վ աւելի պարկեշտ է։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ըսածդ տրամաբանական է։
ԿԱՐԻՆԷ.– Դարձեալ նկատի առէք Ծննդոցի արձանագրութիւնը։ Սատանան դաւանեցա՞ւ որ Աստուծմէ զօրաւոր է։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՛չ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուած արագօրէն կրնար փաստել թէ Սատանան սխալ էր։ Փոխարէն, Սատանան դաւանեցաւ Աստուծմէ աւելի պարկեշտ ըլլալ։ Այսպիսով, ան կարծես Եւային ըսաւ. ‘Աստուած քեզի կը ստէ, բայց ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ’։
ՅԱՍՄԻԿ.– Հետաքրքրական է։
ԿԱՐԻՆԷ.– Իմաստութիւն գործածելով, Աստուած գիտէր թէ հարցը լուծելու լաւագոյն կերպն է՝ թոյլ տալ որ ժամանակ մը անցնի։ Վերջաւորութեան, յայտնի պիտի ըլլար՝ ո՛վ ճշմարտութիւնը կը խօսէր եւ ո՛վ կը ստէր։
ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑ ՄԸ
ՅԱՍՄԻԿ.– Բայց երբ Եւան մեռաւ, ասիկա չփա՞ստեց որ Աստուա՛ծ ճշմարտութիւնը կը խօսէր։
ԿԱՐԻՆԷ.– Առումով մը, այո՛։ Բայց Սատանային խօսքերը աւելի՛ն կը պարփակէին։ Դարձեալ նայեցէք 5–րդ համարին։ Կը նկատէ՞ք թէ Սատանան ուրիշ ի՛նչ ըսաւ Եւային։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ան ըսաւ, որ եթէ այդ պտուղէն ուտէր, անոր աչքերը պիտի բացուէին։
ԿԱՐԻՆԷ.– Այո՛, եւ թէ ան ‘աստուածներու պէս պիտի ըլլար՝ բարին ու չարը գիտնալով’։ Ուրեմն, Սատանան դաւանեցաւ որ Աստուած մարդիկը լաւ բանէ մը կը զրկէր։
ՅԱՍՄԻԿ.– Կը հասկնամ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ասիկա եւս մեծ մարտահրաւէր մըն էր։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։
ԿԱՐԻՆԷ.– Այս խօսքերով, Սատանան ուզեց հասկցնել թէ Եւան,– եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ մարդկութիւնը,– առանց Աստուծոյ իշխանութեան աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենար։ Այս պարագային եւս, Եհովան գիտէր թէ ասիկա լուծելու լաւագոյն կերպն է՝ թոյլ տալ Սատանային, որ փորձէ իր ըսածը փաստել։ Անոր համար, Աստուած թոյլ տուած է որ Սատանան ժամանակ մը այս աշխարհին վրայ իշխէ։ Ասիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այսքան տառապանք կը տեսնենք մեր շուրջը,– քանի որ Սատանան, եւ ոչ թէ Աստուած, այս աշխարհին իսկական իշխանն էd։ Բայց ուրախ լուր կայ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ի՞նչ է այդ։
ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին հետեւեալ երկու գեղեցիկ ճշմարտութիւնները կը սորվեցնէ։ Առաջին, երբ տառապինք՝ Եհովան մեր կողքին է։ Օրինակ, նկատի առէք Դաւիթ թագաւորի խօսքը որ արձանագրուած է Սաղմոս 31։7–ի մէջ։ Դաւիթ իր կեանքին ընթացքին շա՜տ տառապեցաւ, բայց նշմարեցէք թէ ան ի՛նչ ըսաւ իր աղօթքին մէջ։ Կը փափաքի՞ք համարը կարդալ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Ինչո՞ւ չէ։ Կ’ըսէ. «Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար»։
ԿԱՐԻՆԷ.– Ուրեմն, տառապելով հանդերձ, Դաւիթ մխիթարուեցաւ գիտնալով որ Եհովան իր քաշածը կը տեսնէր։ Ձեզ ալ կը մխիթարէ՞ այն իրողութիւնը, թէ Եհովան ամէն բանի տեղեակ է, եւ նոյնիսկ գիտէ մեր ցաւերը, որոնք մարդիկ կարող չեն լիովին հասկնալ։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։
ԿԱՐԻՆԷ.– Երկրորդ գեղեցիկ ճշմարտութիւնը այն է՝ թէ Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ տառապանքը միշտ ու միշտ գոյատեւէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ ան շուտով Սատանայի չար իշխանութեան վերջ պիտի դնէ։ Եւ ան ամբողջովին պիտի վերացնէ բոլոր գէշ բաները, ներառեալ՝ ձեր եւ ձեր մօր քաշած տառապանքը։ Կրնա՞մ յառաջիկայ շաբաթ ձեզի հանդիպիլ ցոյց տալու համար, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած շուտով տառապանքին վերջ պիտի դնէe։
ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛ կը փափաքիմ։ Շնորհակալ եմ։
Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։
a Տե՛ս «Զրոյց աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ. Աստուած մեր տառապանքով հետաքրքրուա՞ծ է», այս պարբերաթերթին 1 յուլիս 2013 թիւին մէջ։
b Տե՛ս Եսայի 63։9։
c Տե՛ս Յայտնութիւն 12։9։
e Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։