Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 2/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրախ լուրերը իրապէս Աստուծո՞յ կողմէ են
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ՞ է
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին
    Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին
  • Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ տրուած գիրք մը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 2/1 էջ 16
Վաղեմի մագաղաթ մը Աստուածաշունչէն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօ՞սքն է։

Վստահաբար, պիտի ակնկալէիր որ Աստուծոյ Խօսքը իւրայատուկ ըլլար. եւ այդպէս ալ է։ Աստուածաշունչէն միլիառաւոր օրինակներ տպուած են, հարիւրաւոր լեզուներով։ Աստուածաշունչին իմաստուն խօսքերը զօրութիւնը ունին մարդոց կեանքերը բարելաւելու (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

Գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է, քանի որ անիկա ճշգրտօրէն կը նախագուշակէ ապագան։ Մեզմէ ո՛չ ոք կրնայ առանձին այդ մէկը ընել։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Եսայի գիրքը։ Մեռեալ ծովուն մօտակայքը գտնուող քարայրի մը մէջ, Եսայի գիրքէն օրինակ մը գտնուեցաւ, որ ընդօրինակուած էր Յիսուսի ծնունդէն աւելի քան 100 տարի առաջ։ Հոն գրուած է, թէ Բաբելոն քաղաքը պիտի ամայանար։ Այդ մարգարէութիւնը առաջին անգամ իրականացաւ, Յիսուսի երկրային ծառայութենէն տարիներ ետք (կարդա՛ Եսայի 13։19, 20. Բ. Պետրոս 1։20, 21)։

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս գրի առնուեցաւ։

Աստուածաշունչը գրեթէ 1600 տարիներու ընթացքին գրի առնուեցաւ 40 անհատներու կողմէ։ Զայն գրի առնողները մէ՛կ բնաբան զարգացուցին, առանց մէկզմէկ հակասելու։ Այս մէկը ինչպէ՞ս կարելի էր։ Աստուա՛ծ էր որ զիրենք առաջնորդեց զայն գրի առնելու մէջ (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 23։2)։

Աստուած երբեմն անոնց հետ խօսեցաւ հրեշտակներու, տեսիլքներու կամ երազներու միջոցով։ Ան գլխաւորաբար իր գաղափարները դրաւ այդ մարդոց մտքին մէջ եւ թոյլ տուաւ որ իրենց բառերով փոխանցեն իր պատգամը (կարդա՛ Յայտնութիւն 1։1. 21։3-5)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 2–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Կրնաս զայն բեռնել մեր կայքէն՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել