Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 3/15 էջ 20-24
  • Տարեցները պատուեցէ՛ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տարեցները պատուեցէ՛ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԶԻՍ ՄԻ՛ ՁԳԵՐ»
  • ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
  • ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
  • ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐՈՎ ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԵՑԷ՛Ք
  • Տարեցներուն հոգ տանիլը քրիստոնէական պատասխանատուութիւն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովա իր տարեց ծառաները քնքշօրէն կը հոգայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Տարեցները հոգալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Մեր տարեց ծնողները յարգենք
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 3/15 էջ 20-24
Զաւակ մը իր տարեց մօր հետ առցանց կը հաղորդակցի

Տարեցները պատուեցէ՛ք

«Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ» (ՂԵՒ. 19։32)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովան հաւատարիմ տարեցները ինչպէ՞ս կը նկատէ։

  • Չափահաս զաւակները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին իրենց տարեց ծնողներուն հանդէպ։

  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ տարեց եղբայրներն ու քոյրերը պատուել։

1. Ներկայիս, մարդկութիւնը ի՞նչ թշուառ պարագայ կը դիմագրաւէ։

ԵՀՈՎԱՆ բնա՛ւ չմտադրեց որ մարդիկ տառապին, տկարանան ու ծերանան։ Ընդհակառակը, անոր նպատակն էր որ տղամարդիկ եւ կիներ Դրախտին մէջ կատարեալ առողջութիւն վայելեն։ Բայց «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (Հռով. 8։22)։ Քու կարծիքով, Աստուած ի՞նչ կը զգայ, տեսնելով մարդիկ կը տառապին մեղքին ողբերգական հետեւանքներուն պատճառաւ։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ տարեցներ կ’անտեսուին իրենց կեանքի ա՛յն հանգրուանին, երբ մեծապէս օգնութեան պէտք ունին (Սաղ. 39։5. Բ. Տիմ. 3։3)։

2. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ երախտապարտ են որ ժողովքներուն մէջ տարեցներ կան։

2 Եհովային ժողովուրդը երախտապարտ է որ ժողովքներուն մէջ տարեցներ կան։ Մենք անոնց իմաստութենէն կ’օգտուինք եւ կը փափաքինք իրենց հաւատքը ընդօրինակել։ Մեզմէ շատեր այս տարեցներուն ազգական կու գան։ Բայց եւ այնպէս, ընտանիքի անդամ ըլլանք կամ ոչ, կ’ուզենք վստահ ըլլալ որ անոնք լաւ հոգատարութիւն կը ստանան (Գաղ. 6։10. Ա. Պետ. 1։22)։ Տարեցներուն նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը քննելը բոլորիս պիտի օգտէ։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք թէ ընտանիքի ե՛ւ ժողովքի անդամները ի՛նչ պատասխանատուութիւններ ունին սիրելի տարեցներուն հանդէպ։

«ԶԻՍ ՄԻ՛ ՁԳԵՐ»

3, 4. ա) 71–րդ սաղմոսը յօրինողը ի՞նչ մասնայատուկ խնդրանք ներկայացուց։ բ) Ժողովքին տարեցները Աստուծմէ ի՞նչ կրնան խնդրել։

3 Սաղմոս 71։9–ի մէջ, սաղմոսերգուն Աստուծոյ աղաչեց. «Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր»։ Այնպէս կը թուի, թէ այս սաղմոսը շարունակութիւնն է Սաղմոս 70–ին, որուն մակագրութիւնը կ’ըսէ՝ «Դաւիթին»։ Ուրեմն, հաւանաբար Դաւիթ Սաղմոս 71։9–ի խնդրանքը ըրաւ։ Ան Աստուծոյ ծառայեց իր պատանեկութենէն մինչեւ յառաջացած տարիքը, եւ Եհովան զինք գործածեց, որ մեծամեծ բաներ ընէ (Ա. Թագ. 17։33-37, 50. Գ. Թագ. 2։1-3, 10)։ Ասով հանդերձ, Դաւիթ զգաց թէ կարիք ունէր Եհովայէն խնդրելու որ շարունակէ՛ իրեն հոգ տանիլ (կարդա՛ Սաղմոս 71։17, 18)։

4 Ներկայիս շատեր Դաւիթի նման են։ Հակառակ յառաջացած տարիքին եւ «թշուառութեան օրեր»ուն, անոնք կը շարունակեն իրենց ամբողջ կարողութեամբ Աստուած փառաբանել (Ժող. 12։1-7)։ Անոնցմէ շատեր թերեւս կարող չեն ընել ամէն ինչ որ նախապէս կ’ընէին,– նոյնիսկ ծառայութեան մէջ։ Բայց անոնք եւս կրնան Եհովային աղաչել որ շարունակէ զիրենք օրհնել եւ հոգ տանիլ։ Այսպիսի հաւատարիմ տարեցներ կրնան վստահ ըլլալ որ Աստուած իրենց աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ Ասիկա գիտենք, քանի որ Եհովան ներշնչեց Դաւիթը որ նոյն բանաւոր մտահոգութիւններուն մասին աղօթէ։

5. Եհովան հաւատարիմ տարեցները ինչպէ՞ս կը նկատէ։

5 Սուրբ Գրութիւնները բացայայտ կը դարձնեն, թէ Եհովան հաւատարիմ տարեցները մեծապէս կ’արժեւորէ, եւ իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ այսպիսիները պատուեն (Սաղ. 22։24-26. Առ. 16։31. 20։29)։ «Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՝ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Ես եմ Տէրը», կը նշէ Ղեւտացւոց 19։32–ը։ Արդարեւ, երբ այս խօսքերը գրուեցան, տարեցները պատուելը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն էր, եւ մինչեւ օրս ալ է։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց հոգատարութեան մասին։ Անիկա որո՞ւն պատասխանատուութիւնն է։

ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

6. Ծնողքի հոգատարութեան նկատմամբ, Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

6 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ել. 20։12. Եփ. 6։2)։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այս պատուէրը շատ կարեւոր է, երբ դատապարտեց փարիսեցիներն ու դպիրները, որոնք կը մերժէին իրենց ծնողքին հոգ տանիլ (Մար. 7։5, 10-13)։ Յիսուս ինք լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Օրինակ, երբ տանջանքի ցիցին վրայ էր, ան իր մօր հոգատարութիւնը,– որ ըստ երեւոյթին այրի էր,– վստահեցաւ իր սիրելի առաքեալին՝ Յովհաննէսին (Յովհ. 19։26, 27)։

7. ա) Ծնողներու հոգատարութեան առնչութեամբ, Պօղոս ի՞նչ սկզբունք նշեց։ բ) Պօղոս ի՞նչ եւս քննարկեց։

7 Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց, թէ հաւատացեալները պէտք է իրենց ընտանիքի անդամներուն նիւթապէս հոգ տանին (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8, 16)։ Ան այս սկզբունքը նշեց, երբ կը խօսէր թէ որո՛նք ժողովքին նիւթական օժանդակութիւնը կրնային ստանալ։ Պօղոս յստակ դարձուց թէ գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կ’իյնար տարեց այրիներու քրիստոնեայ զաւակներուն, թոռներուն եւ ա՛յլ ազգականներու վրայ։ Այսպիսով, ժողովքը անհարկի նիւթական բեռ պիտի չկրէր։ Նմանապէս այսօր, աստուածապաշտ ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ ընտանիքի կարիքաւոր անդամներուն նիւթապէս հոգ տանիլ։

8. Տարեց ծնողներու հոգատարութեան առնչութեամբ, Աստուածաշունչը ինչո՞ւ մասնայատուկ ցուցմունքներ չի տար։

8 Ծնողներու հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ չափահաս զաւակներուն վրայ։ Պօղոս կը խօսէր ընտանիքի հաւատացեալ անդամներուն մասին, բայց քրիստոնէական ժողովքին չպատկանող ծնողները պէտք չէ անտեսուին։ Ընտանեկան պարագաները կը տարբերին, ուստի իւրաքանչիւր ընտանիք հոգատարութեան կերպին նկատմամբ պէտք է անձնական որոշումներ կայացնէ։ Իւրաքանչիւր անհատի առողջութիւնը, կարիքները եւ անձնաւորութիւնը տարբեր են։ Կարգ մը տարեցներ շատ զաւակներ ունին, իսկ ուրիշներ՝ միայն մէկ զաւակ։ Ոմանք կրնան կառավարութենէն օգնութիւն ստանալ, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Ասկէ զատ, հոգատարութեան պէտք ունեցող անհատներուն նախընտրութիւնները կը տարբերին։ Ուստի, տեղին չէ քննադատել անհատի մը ընտրած կերպը, որով կը փորձէ տարեց ազգականներու հոգ տանիլ։ Եհովան կրնայ օրհնել որեւէ որոշում, որ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է, եւ զայն յաջողցնել, ճիշդ ինչպէս որ ըրած է Մովսէսի օրերէն ի վեր (Թուոց 11։23)։

9-11. ա) Ոմանք ի՞նչ դժուար պարագաներ թերեւս դիմագրաւեն (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Չափահաս զաւակները ինչո՞ւ պէտք չէ լիաժամ ծառայութիւնը ձգելու որոշումը արագօրէն առնեն. լուսաբանէ՛։

9 Երբ ծնողներն ու զաւակները իրարմէ հեռու կ’ապրին, տարեց ծնողներու հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ Զաւակները թերեւս յանկարծ ստիպուին ծնողներուն այցելել, երբ անոնք իյնան, ոսկոր մը կոտրի կամ ա՛յլ լուրջ խնդիր մը դիմագրաւեն։ Անկէ ետք, անոնք թերեւս պէտք ունենան կա՛մ ժամանակաւոր եւ կամ երկարատեւ օգնութեանa։

10 Իրենց բնակավայրէն հեռու՝ աստուածպետական նշանակումներ ունեցող լիաժամ ծառաները կրնան շա՛տ դժուար որոշումներու առջեւ գտնուիլ։ Բեթէլականները, միսիոնարները եւ շրջագայող տեսուչները իրենց նշանակումը թանկագին կը նկատեն, ինչպէս նաեւ օրհնութիւն՝ Եհովայէն։ Բայց եւ այնպէս, երբ անոնց ծնողքը հիւանդանայ, թերեւս առաջին հակազդեցութիւնը ըլլայ. ‘Պէտք է մեր նշանակումը ձգենք, տուն վերադառնանք եւ մեր ծնողքին հոգ տանինք’։ Սակայն, իմաստութիւն է աղօթքով նկատի առնել, թէ ծնողքը իրապէս ի՛նչ բանի կարիք ունի կամ ի՛նչ կը փափաքի։ Ո՛չ ոք պէտք է ծառայութեան առանձնաշնորհում մը արագօրէն լքէ, եւ ասիկա ընելը միշտ ալ անհրաժեշտ չէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առողջապահական խնդիրը ժամանակաւոր է։ Արդեօք ծնողքին ժողովքին պատկանող կարգ մը անդամներ յօժարութեամբ կրնա՞ն օգնել անոնց, որպէսզի զաւակները շարունակե՛ն իրենց նշանակումին մէջ (Առ. 21։5)։

11 Օրինակ, նկատի առ երկու մարմնաւոր եղբայրներու օրինակը, որոնք Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ եղող իրենց ծնողքէն հեռու կը ծառայէին։ Մէկը Հարաւային Ամերիկայի մէջ միսիոնար մըն էր, իսկ միւսը կը ծառայէր գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Եղբայրներուն տարեց ծնողքը օգնութեան կարիք ունեցաւ։ Երկու տղաքը իրենց կիներուն հետ անոնց քով ճամբորդեցին, տեսնելու համար թէ ի՛նչ լաւագոյն օգնութիւն կրնային տալ եւ ինչպէ՛ս։ Ժամանակի ընթացքին, միսիոնար զոյգը սկսաւ լրջօրէն մտածել իրենց նշանակումը ձգել՝ ծնողքին հոգ տանելու համար։ Ապա, ծնողքին ժողովքի երէցներու մարմինի համակարգողը իրենց հեռաձայնեց։ Երէցները պարագան նկատի առած էին եւ կ’ուզէին որ միսիոնարները կարելի եղածին չափ իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Երէցները այս զոյգին ծառայութիւնը կը գնահատէին եւ վճռած էին իրենց ամէն կարելին ընել՝ անոնց օգնելու որ ծնողքին հոգ տարուի։ Ընտանիքի անդամները շա՜տ երախտապարտ գտնուեցան այս սիրալիր հետաքրքրութեան համար։

12. Տարեցներու հոգատարութեան առնչութեամբ, քրիստոնեայ ընտանիք մը ի՞նչ բանէ վստահ պէտք է ըլլայ։

12 Տարեց ծնողքի հոգ տանելու առնչութեամբ, քրիստոնեայ ընտանիք մը ի՛նչ լուծում ալ որդեգրէ, բոլորը պէտք է վստահ ըլլան որ իրենց որոշումները Աստուծոյ անուան փառք կը բերեն։ Բնաւ չենք ուզեր նմանիլ Յիսուսի ժամանակակից կրօնական առաջնորդներուն (Մատ. 15։3-6)։ Կ’ուզենք որ մեր որոշումները Աստուած եւ ժողովքը պատուեն (Բ. Կոր. 6։3)։

ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

13, 14. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ժողովքը պէտք է տարեցներուն ձեռնտու ըլլայ։

13 Ո՛չ բոլորը կրնան վերոնշեալ կերպով լիաժամ ծառաներուն աջակցիլ։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ժողովքները պէտք է իրենց ամէ՛ն կարելին ընեն հաւատարիմ տարեցներուն օգնելու։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, բազմաթիւ օտար այցելուներ քրիստոնեաներ դարձան եւ Երուսաղէմի մէջ մնացին իրենց հաւատքը զօրացնելու համար։ Ժողովքին մէջ «կարօտութիւն քաշող մը չկար»։ Ասիկա չի նշանակեր թէ բոլորը հարուստ էին։ Բացայայտ է որ ոմանք աղքատ էին, բայց հաւաքուած նուիրատուութիւնը «ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր» (Գործք 4։34, 35)։ Յետագային սակայն, այդ ժողովքին մէջ լուրջ խնդիր մը ծագեցաւ։ Յունախօս հրեաներու «որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային»։ Ուստի, առաքեալները նշանակեցին որակեալ տղամարդիկ, որոնք իրենց կարգին կարգադրութիւններ ըրին՝ վստահ ըլլալու համար որ որբեւայրիները բաւարար ուտելիք կը ստանային (Գործք 6։1-5)։ Թէեւ ուտելիք մատակարարելու կարգադրութիւնը ժամանակաւոր էր, սակայն առաքեալներուն որոշումը ցոյց կու տայ, թէ ժողովքները կրնան ձեռնտու ըլլալ, որպէսզի հաւատարիմ եղբայրներու եւ քոյրերու կարիքները գոհացուին։

14 Պօղոս Տիմոթէոսի բացատրեց, թէ ե՛րբ յարմար պիտի ըլլար, որ ժողովքը քրիստոնեայ այրիներուն նիւթական կարիքներուն ձեռնտու ըլլար (Ա. Տիմ. 5։3-16)։ Յակոբոս ներշնչման ներքեւ գրեց, թէ քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնն է՝ որբերուն, այրիներուն եւ տառապեալ հաւատակիցներուն հոգ տանիլ (Յակ. 1։27. 2։15-17)։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ դիտել տուաւ. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ» (Ա. Յովհ. 3։17)։ Եթէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարիքաւորներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունի, ուրեմն ժողովքն ալ նոյն պատասխանատուութիւնը ունի։

Տարեց կին մը ինկած է եւ գնումի ապրանքները գետին թափուած են

Արկածի պարագային, ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ ձեռնտու ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)

15. Տարեց եղբայրներու եւ քոյրերու հոգատարութիւնը ի՞նչ բաներով կրնայ ազդուիլ։

15 Կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը տարեցներուն կ’օգնէ կենսաթոշակի եւ ուրիշ յայտագիրներու միջոցաւ (Հռով. 13։6)։ Այսպիսի կազմակերպուած ծառայութիւններ այլուր չկան։ Ուստի, ընտանիքի անդամներուն եւ ժողովքին հայթայթած օգնութեան տարողութիւնը պարագայէ պարագայ կը տարբերի։ Եթէ քրիստոնեայ զաւակները իրենց ծնողքէն հեռու կ’ապրին, պիտի չկարենան շատ ձեռնտու ըլլալ։ Հարկ է որ անոնք իրենց ծնողքին ժողովքի երէցներուն հետ հաղորդակցին, որպէսզի վստահ ըլլան թէ իրենք եւ երէցները ընտանիքին պարագաները կը հասկնան։ Օրինակ, երէցները թերեւս ծնողքին օգտակար դառնան՝ պրպտելով թէ ի՛նչ կառավարական սպասարկութիւններ տարեցներուն մատչելի են։ Երէցները թերեւս նշմարեն բաներ, որոնք զաւակները պէ՛տք է գիտնան, ինչպէս՝ չբացուած կարեւոր նամակներ կամ անտեսուած դեղեր։ Եթէ զաւակները եւ երէցները բացէ ի բաց եւ յստակ կերպով հաղորդակցին, թերեւս կարենան գործնական լուծումներ գտնել։ Արդարեւ, երբ ծնողքին մօտ գտնուին անհատներ, որոնք կրնան անոնց օգտակար դառնալ եւ զաւակներուն տեղեկութիւններ հաղորդել, ասիկա թոյլ չի տար որ պարագան վատթարանայ եւ ընտանիքը շատ մտահոգուի։

16. Կարգ մը քրիստոնեաներ ժողովքի տարեց անդամներուն ինչպէ՞ս հոգ կը տանին։

16 Տարեցներու հանդէպ սէրէ մղուած՝ կարգ մը քրիստոնեաներ կամաւորաբար իրենց ժամանակն ու կորովը կու տան, կարելի եղածին չափ անոնց կարիքները հոգալու։ Անոնք նպատակակէտ կը դնեն ժողովքի տարեց անդամներով յաւելեալ կերպով հետաքրքրուելու։ Ոմանք կարգով անոնց հոգ կը տանին։ Թէեւ իրենց պարագաները չեն ներեր որ լիաժամ ծառայութեան մասնակցին, բայց այս հոգածու եղբայրներն ու քոյրերը կ’օգնեն տարեցներուն զաւակներուն, որ իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Անոնք ի՜նչ ազնիւ հոգի կը ցուցաբերեն։ Անշուշտ, որքա՛ն ալ ուրիշներ ձեռնտու ըլլան, զաւակները տակաւի՛ն իրենց ծնողքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունին։

ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐՈՎ ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԵՑԷ՛Ք

17, 18. Տարեցներու հոգատարութեան առնչութեամբ, կեցուածքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

17 Տարեցները ե՛ւ անոնց խնամք տանողները դժուար պարագաները կը դիւրացնեն, երբ դրական տեսակէտ պահպանեն։ Ատեններ, ծերանալը կրնայ անհատը վհատեցնել եւ ընկճել։ Ուստի, այսպիսիները պատուելը եւ քաջալերելը մասնայատուկ ջանք կը պահանջէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս մէկը ընել։ Խօսակցութիւնդ դրական պահէ՛։ Այս սիրելիները Եհովային հաւատարիմ մնացած են եւ գովասանքի արժանի են։ Եհովան չի մոռնար իրեն ծառայելու անոնց թափած ջանքերը. մենք ալ չենք մոռնար (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16. Եբրայեցիս 6։10)։

18 Առօրեայ գործերը աւելի՛ դիւրին կ’ըլլան, երբ բոլորը զուարթամտութիւն ունենան (Ժող. 3։1, 4)։ Նաեւ բազմաթիւ տարեցներ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ շատ պահանջկոտ չըլլան։ Անոնք կը գիտակցին որ եթէ ազնիւ գտնուին, իրենց աւելի՛ ուշադրութիւն կ’ընծայուի եւ աւելի՛ այցելութիւններ կը ստանան։ Շատեր, որոնք տարեցներու կ’այցելեն, յաճախ կ’ըսեն. «Տարեց բարեկամ մը քաջալերելու գացի, ե՛ս քաջալերուեցայ» (Առ. 15։13. 17։22)։

19. Ի՞նչը կրնայ թէ՛ երիտասարդներու եւ թէ տարեցներու օգնել դժուար ժամանակներուն։

19 Անձկագին կը սպասենք այն օրուան, երբ տառապանքը եւ անկատարութեան ազդեցութիւնները վերջ պիտի գտնեն։ Մինչ այդ, Աստուծոյ ծառաները պէտք է կեդրոնանան իրենց ապագային վրայ, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։ Մենք գիտենք թէ Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալը, դժուար օրերուն մեզ զօրաւոր կը պահէ։ Քանի որ հաւատք ունինք, «չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի» (Բ. Կոր. 4։16-18. Եբ. 6։18, 19)։ Բայց ասկէ զատ, ի՞նչը կրնայ օգնել տարեցներուն հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը ունեցողներուն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ կարգ մը գործնական թելադրանքներ պիտի քննարկուին։

a Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ հոգատարութեան կարգ մը ընտրութիւններ, որոնք կրնան մատչելի ըլլալ տարեցներուն եւ անոնց զաւակներուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել