Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները հովուեցէք
«Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր» (ԱՌ. 27։23)։
1, 2. ա) Իսրայէլացի հովիւի մը պատասխանատուութիւններէն ոմանք ի՞նչ էին։ բ) Ծնողները ինչպէ՞ս հովիւներու նման են։
ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի մէջ հովիւները չարքաշ կեանք կը վարէին։ Անոնք ոչ միայն տաքութեան ու ցուրտին պէտք էր տոկային, այլեւ իրենց հօտը գազաններէ ու յափշտակողներէ պէտք էր պաշտպանէին։ Հովիւները կանոնաւորաբար կը քննէին ոչխարները եւ հիւանդ կամ վիրաւոր եղողներուն հոգ կը տանէին։ Անոնք գառնուկներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայէին, քանի որ զգայուն ու տկար էին (Ծն. 33։13)։
2 Կարգ մը երեսակներու մէջ քրիստոնեայ ծնողները հովիւներու նման են, անոնց անհրաժեշտ յատկութիւնները ցուցաբերելով։ Անոնք պատասխանատուութիւնը ունին իրենց զաւակները մեծցնելու «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Այս նշանակումը դիւրի՞ն է։ Ո՛չ։ Զաւակները կը դիմագրաւեն թէ՛ սատանայական փրոփականտի յարձակումը եւ թէ իրենց անկատար հակումները (Բ. Տիմ. 2։22. Ա. Յովհ. 2։16)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել։ Նկատի առնենք երեք բան, որ կրնաս ընել զինք հովուելու համար. զինք ճանչնալ, կերակրել եւ առաջնորդել։
ԶԱՒԱԿԴ ՃԱՆՉՑԻ՛Ր
3. Ծնողներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ իրենց զաւակներուն ‘վիճակը գիտնալ’։
3 Լաւ հովիւը իւրաքանչիւր ոչխար ուշադրութեամբ կը քննէ, վստահ ըլլալու համար որ առողջ է։ Այլաբանական կերպով, դուն ալ կրնաս զաւակներուդ նոյնը ընել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր» (Առ. 27։23)։ Ասիկա ընելու համար, հարկ է որ նկատի առնես զաւակներուդ արարքները, ինչպէս նաեւ իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա իրագործել։ Լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ զաւակներուդ հետ յաճախակի զրոյցներ ունենալ։
4, 5. ա) Ի՞նչ գործնական թելադրութիւններ կրնան զաւակներուն օգնել, որ իրենց ծնողներուն արտայայտուին (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ի՞նչ ըրած ես, որպէսզի զաւակներդ կարենան աւելի դիւրութեամբ քեզի արտայայտուիլ։
4 Ծնողներէն ոմանք նկատած են թէ իրենց զաւակներուն հետ հաղորդակցութիւնը աւելի դժուար կ’ըլլայ, երբ անոնք պատանի ըլլան,– անոնք թերեւս ինքնակեդրոն դառնան եւ իրենց խորհուրդներն ու զգացումները չուզեն յայտնել։ Այս պարագային ի՞նչ կրնաս ընել։ Փոխանակ տղադ կամ աղջիկդ ստիպելու, որ երկար ու լուրջ զրոյցներու միջամուխ ըլլայ, փորձէ սովորական առիթները օգտագործել (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Թերեւս հարկ ունենաս յաւելեալ ջանք թափելու, միասնաբար բաներ ընելու համար, ինչպէս՝ միասնաբար ճեմել, ինքնաշարժով պտըտիլ, խաղ մը խաղալ կամ տնային թեթեւ գործ մը ընել։ Այսպիսի ոչ–պաշտօնական առիթներ կրնան պատանիներուն օգնել, որ աւելի հանգիստ զգան արտայայտուելու։
5 Ի՞նչ ընել եթէ զաւակդ տակաւին խօսիլ չ’ուզեր։ Տարբեր մօտեցում մը փորձէ։ Օրինակ, փոխանակ աղջկանդ հարցնելու թէ ինչպէ՛ս էր իր օրը, կրնաս նշել թէ քո՛ւ օրդ ինչպէս էր։ Ան թերեւս ընդառաջէ եւ իր օրուան մասին ակնարկութիւններ ընէ։ Կամ, գիտնալու համար թէ նիւթի մը շուրջ անոր կարծիքը ի՛նչ է, ուղղէ այնպիսի հարցումներ, որոնք կեդրոնացումը իրմէ կը հեռացնեն։ Օրինակ, հարցուր թէ նիւթին շուրջ իր մէկ բարեկամուհին ի՛նչ կը խորհի։ Ապա, հարցուր թէ ինք այդ բարեկամուհիին ի՛նչ խրատ պիտի տար։
6. Ի՞նչ կը նշանակէ մատչելի եւ դիւրամերձ ըլլալ։
6 Անշուշտ, որպէսզի զաւակներդ կարենան իրենց սիրտը քեզի բանալ, հարկ է որ զգան թէ մատչելի ու դիւրամերձ ես։ Երբ ծնողներ թուին այնքա՛ն բազմազբաղ ըլլալ որ դժուար է իրենց հետ խօսիլ, հաւանական է որ պատանիներ իրենց խնդիրները չգիտցնեն։ Եւ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ դիւրամերձ ըլլալու մասին։ Պարզապէս «Ե՛րբ որ ուզես՝ կրնաս քովս գալ» ըսելէն աւելին պարփակուած է։ Պատանի զաւակներդ պէտք ունին զգալու, թէ ո՛չ իրենց խնդիրները պիտի անտեսես, ոչ ալ չափէ դուրս պիտի հակազդես։ Բազմաթիւ ծնողներ այս ուղղութեամբ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ 19 տարեկան Քէյլա կ’ըսէ. «Հօրս հետ կրնամ որեւէ բանի շուրջ խօսիլ։ Ան զիս չ’ընդհատեր, եւ չի դատեր. պարզապէս մտիկ կ’ընէ։ Ապա, միշտ ինծի լաւագոյն խրատը կու տայ»։
7. ա) Ծնող մը ի՞նչ հաւասարակշռուած մօտեցում կրնայ ունենալ ժամադրուելու նման նիւթի մը շուրջ։ բ) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան անգիտակցաբար իրենց զաւակները բարկացնել։
7 Նոյնիսկ զգայուն նիւթերու շուրջ խօսելու ատեն,– օրինակ՝ ժամադրուիլ,– ուշադիր եղիր որ ազդարարութիւններու վրայ այնքա՛ն շեշտ չդնես, որ անտեսես զաւակիդ սորվեցնել հարցին նկատմամբ պատշաճօրէն վարուելու կերպը։ Լուսաբանենք. սեպէ թէ ճաշարան գացիր եւ տեսար թէ ճաշացուցակը միայն ուտելիքներէ թունաւորուելու մասին ազդարարութիւններ կը պարունակէ։ Շատ հաւանաբար այդ տեղէն մեկնիս եւ ուրիշ ճաշարան փնտռես։ Զաւակներդ կրնան նոյնանման կերպով հակազդել, եթէ խրատ ստանալու համար քեզի դիմեն, բայց դուն իրենց տաս միայն շարք մը խիստ ազդարարութիւններ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։21)։ Փոխարէն, ջանա՛ հաւասարակշռուած մօտեցում ունենալ։ Էմիլի անունով երիտասարդ քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ ծնողներս ժամադրուելու մասին ինծի կը խօսին, թոյլ չեն տար որ նիւթը ժխտական երեւի։ Անոնք կը շեշտեն այն ուրախութիւնը որ յառաջ կու գայ, հետզհետէ անձ մը ճանչնալէն եւ կողակից մը գտնելէն։ Ասիկա ինծի օգնած է որ հանգիստ զգամ այս նիւթին շուրջ խօսակցելու։ Իրականութեան մէջ, կ’ուզեմ զիրենք տեղեակ պահել որեւէ փոխյարաբերութեան մասին որ կը հաստատեմ, փոխանակ իրենցմէ թաքցնելու»։
8, 9. ա) Առանց ընդհատելու մտիկ ընելուն օգուտները ի՞նչ են։ բ) Զաւակներուդ մտիկ ընելով ի՞նչ յաջողութիւն գտած ես։
8 Քէյլայի ըսածներուն համաձայն, կրնաս ցոյց տալ թէ դիւրամերձ ես՝ համբերութեամբ զաւակներուդ մտիկ ընելով (կարդա՛ Յակոբոս 1։19)։ Քաթիա անունով միայնակ մայր մը կ’ընդունի. «Անցեալին աղջկանս հետ շատ անհամբեր կերպով կը վարուէի։ Առիթ չէի տար որ իր խօսքը լրացնէ։ Կա՛մ այնքան յոգնած կ’ըլլայի որ չէի ուզեր ականջ տալ, կամ ալ կը մերժէի խանգարուիլ։ Հիմա որ վերաբերմունքս փոխած եմ, աղջիկս ալ իր վարմունքը փոխած է։ Ան շա՜տ աւելի կը համագործակցի»։
Մտիկ ընելով զիրենք ճանչցիր (տե՛ս պարբերութիւն 3-9)
9 Ռոնալտ անունով հայր մը նոյնանման փորձառութիւն ունեցաւ իր պատանի աղջկան հետ։ «Երբ ինծի ըսաւ որ դպրոցին մէջ տղու մը սիրահարուած է, սկիզբը շա՛տ բարկացայ», կ’ըսէ ան։ «Բայց երբ մտածեցի թէ Եհովան իր ծառաներուն հանդէպ որքա՜ն համբերող եւ բանաւոր է, խորհեցայ թէ աւելի լաւ պիտի ըլլայ եթէ աղջկանս առիթ տամ որ իր զգացումները արտայայտէ, նախքան զինք սրբագրելս։ Ուրախ եմ որ այդպէս ըրի։ Առաջին անգամ ըլլալով աղջկանս զգացումները հասկցայ։ Երբ իր խօսքը վերջացուց, ինծի համար աւելի դիւրին եղաւ սիրալիր կերպով իրեն խօսիլ։ Անակնկալ էր որ ան ընդառաջեց եւ խրատս ընդունեց։ Ան անկեղծօրէն որոշեց իր վարուելակերպը փոխել»։ Զաւակներուդ հետ յաճախակի խօսակցիլը քեզ կարող կը դարձնէ որ իրենց մտածումներն ու զգացումները ա՛լ աւելի հասկնաս։ Ասիկա իր կարգին քեզի պիտի օգնէ որ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենաս անոնց առած որոշումներուն վրայa։
ԶԱՒԱԿԴ ԿԵՐԱԿՐԷ
10, 11. Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել որ չմոլորին։
10 Լաւ հովիւը գիտէ թէ իր ոչխարներէն որեւէ մէկը կրնայ մոլորիլ։ Թերեւս զինք հրապուրէ մօտակայքը գտնուող խոտ մը եւ ապա՝ աւելի հեռուն գտնուող խոտ մը, այսպէս հօտէն հեռանալով։ Նոյնանման կերպով, վնասակար ընկերակցութեան կամ նուաստացուցիչ զբօսանքին պատճառաւ, զաւակը կրնայ հոգեւորապէս վտանգաւոր ճամբու մէջ աստիճանաբար մոլորիլ (Առ. 13։20)։ Ինչպէ՞ս կրնաս արգելք հանդիսանալ որ այսպիսի կացութիւն մը զարգանայ։
11 Երբ զաւակներուդ կ’ուսուցանես, արագօրէն գործէ՝ եթէ տկար կէտեր նշմարես։ Ջանա՛ զաւակներուդ ունեցած քրիստոնէական յատկութիւնները հիմնաւորել (Բ. Պետ. 1։5-8)։ Ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր ժամանակը, ատիկա ընելու լաւագոյն ատենն է։ Այս կարգադրութիւնը ուրուագծելով, հոկտեմբեր 2008–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը ըսաւ. «Ընտանիքի գլուխին քաջալերութիւն կը տրուի որ Եհովայի առջեւ իր պատասխանատուութիւնը կրէ, վստահ ըլլալով թէ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան իմաստալից ու կանոնաւոր ծրագիր մը հաստատուած է»։ Զաւակներդ հովուելու այս սիրալիր կարգադրութիւնը լիովին կ’օգտագործե՞ս։ Անկասկած զաւակներդ խորապէս կը գնահատեն նախապատուութիւն տալդ իրենց հոգեւոր կարիքները հոգալուն (Մատ. 5։3. Փլպ. 1։10)։
Զիրենք լաւ կերակրէ (տե՛ս պարբերութիւն 10-12)
12. ա) Պատանիներ ինչպէ՞ս կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունքէն օգտուած են (պարփակէ «Անոնք զայն կը գնահատեն» շրջանակը)։ բ) Ընտանեկան պաշտամունքէն անձնապէս ինչպէ՞ս օգտուած ես։
12 Նկատի առ թէ Գարիսա անունով պատանուհի մը ի՛նչ ըսաւ Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրին օգուտներուն մասին. «Կը սիրեմ մեր ընտանիքին միասնաբար նստիլը եւ խօսիլը։ Այսպէս, իրարու հետ մեր կապը կ’ամրապնդենք եւ լաւ յիշատակներ կը ստեղծենք։ Հայրս մեր Ընտանեկան պաշտամունքը ունենալու մէջ հաստատ է։ Քաջալերական է տեսնել թէ ան զայն լուրջի կ’առնէ, եւ այս մէկը պատճառ կ’ըլլայ որ ես ալ ուզեմ զայն լուրջի առնել։ Անիկա նաեւ ինծի յաւելեալ պատճառ կու տայ զինք որպէս հայր եւ հոգեւոր գլուխ յարգելու»։ Պրիթնի անունով երիտասարդ քոյր մը նշեց. «Ընտանեկան պաշտամունքին միջոցաւ ծնողներուս ա՛լ աւելի մօտեցած եմ։ Անոր ընդմէջէն կը հասկնամ թէ անոնք կ’ուզեն խնդիրներուս մասին մտիկ ընել եւ թէ իսկապէս ինձմով հետաքրքրուած են։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ զօրաւոր եւ միացած ընտանիք մը ըլլանք»։ Յստակ է թէ զաւակներդ հոգեւորապէս կերակրելը,– մասնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունքին միջոցաւ,– լաւ հովիւ ըլլալու հիմնական կերպ էb։
ԶԱՒԱԿԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ
13. Զաւակ մը ինչպէ՞ս կրնայ մղուիլ Եհովային ծառայելու։
13 Լաւ հովիւը ցուպ կը գործածէ, իր հօտը առաջնորդելու եւ պաշտպանելու։ Իր գլխաւոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ ոչխարները դէպի «աղէկ արօտ» առաջնորդել (Եզեկ. 34։13, 14)։ Անշուշտ, որպէս ծնող՝ հոգեւորապէս նման նպատակակէտ մը ունիս։ Կ’ուզես զաւակներդ ուղղել որ Եհովային ծառայեն ու սաղմոսերգուին զգացումները բաժնեն, որ տաղերգեց. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։ Այսպիսի գնահատութիւն մշակող պզտիկները Եհովային պիտի նուիրուին ու մկրտուին։ Հասկնալի է որ անոնք այս քայլը պէտք է առնեն, երբ բաւարար հասուն են եւ Եհովային ծառայելու անկեղծ փափաք ունին։
14, 15. ա) Քրիստոնեայ ծնողներուն նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ բ) Պատանի մը ինչո՞ւ ճշմարիտ պաշտամունքին նկատմամբ թերեւս կասկածներ ունենայ։
14 Եթէ զաւակներդ հոգեւորապէս չեն յառաջդիմեր կամ իրենց հաւատքը հարցականի տակ կը դնեն, ջանա՛ իրենց մէջ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ իր ըրած բոլոր բաներուն համար գնահատանք քանդակել (Յայտ. 4։10բ)։ Ապա, երբ ի վիճակի ըլլան, պիտի կարենան Աստուած պաշտելու առնչութեամբ անձնական որոշում կայացնել։
15 Մինչ այդ, ի՞նչ ընել եթէ զաւակներդ սկսին կասկածներ արտայայտել։ Ինչպէ՞ս կրնաս զիրենք հովուել եւ օգնել որ տեսնեն, թէ Եհովային ծառայելը իսկապէս լաւագոյն կենցաղակերպն է եւ իրենց մնայուն երջանկութեան պիտի նպաստէ։ Փորձէ անոնց կասկածներուն բուն պատճառը բնորոշել։ Օրինակ, արդեօք տղադ իսկապէ՞ս աստուածաշնչական ուսուցումներուն համամիտ չէ, թէ ոչ պարզապէս հասակակիցներուն դիմաց զանոնք պաշտպանելու համար պէտք եղած ինքնավստահութիւնը չունի։ Աղջիկդ իսկապէ՞ս կը կասկածի Աստուծոյ չափանիշներուն իմաստուն ըլլալուն, թէ ոչ պարզապէս մինակ կամ ուրիշներու կողմէ մերժուած կը զգայ։
Իրենց ճամբուն մէջ զիրենք առաջնորդէ (տե՛ս պարբերութիւն 13-18)
16, 17. Ի՞նչ կերպերով ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ ճշմարտութիւնը իւրացնեն։
16 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, կրնա՛ս զաւակիդ օգնել որ հոգեւոր գետնի վրայ որեւէ կասկածի պատճառը գտնէ։ Ինչպէ՞ս։ Բազմաթիւ ծնողներ գործնական եւ ազդու գտած են ուղղել հետեւեալ հարցումները իրենց տղուն կամ աղջկան. «Ի՞նչ կը խորհիս քրիստոնեայ ըլլալուն մասին։ Ըստ քեզի, օգուտները ի՞նչ են։ Անպատեհութիւնները ի՞նչ են։ Կը խորհի՞ս որ անպատեհութիւնները իսկապէս չնչին են, բաղդատած օգուտներուն,– թէ՛ այժմու օգուտները եւ թէ ապագայ օգուտները։ Ինչպէ՞ս»։ Անշուշտ, այսպիսի հարցումներ պէտք է քու բառերովդ եւ ազնիւ ու անկեղծ կերպով ուղղես, եւ ոչ թէ՝ հարցաքննիչի մը նման։ Խօսակցութեան ատեն, կրնաս Մարկոս 10։29, 30–ը քննարկել։ Պատանիներէն ոմանք թերեւս ուզեն իրենց մտածումները գրի առնել՝ գործածելով երկու սիւնակ,– մէկուն մէջ անպատեհութիւնները նշելու, իսկ միւսին մէջ՝ օգուտները։ Այս արժեւորումը թուղթի վրայ տեսնելը կրնայ որեւէ խնդիր բնորոշել եւ օգնել լուծումներ գտնելու։ Եթէ հարկ է որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ եւ «Աստուծոյ սէրը» գրքերը ուսումնասիրենք հետաքրքրուող անհատներուն հետ, որքա՛ն աւելի այդ մէկը պէտք է ընենք մեր զաւակներուն հետ։ Արդեօք ասիկա կ’ընե՞ս։
17 Ժամանակի ընթացքին, զաւակներդ անձնական որոշում պէտք է կայացնեն, թէ որո՛ւն կ’ուզեն ծառայել։ Մի՛ խորհիր թէ առանց որեւէ ջանքի, հաւատքդ ինքնաբերաբար անոնց պիտի փոխանցուի։ Անոնք ճշմարտութիւնը պէտք է իւրացնեն (Առ. 3։1, 2)։ Եթէ զաւակդ այս ուղղութեամբ դժուարութիւն ունի, զինք քաջալերէ որ այսպիսի հիմնական հարցումներու շուրջ խորհրդածէ. «Ես ինչպէ՞ս գիտեմ թէ Աստուած գոյութիւն ունի։ Ի՞նչ բան զիս կը համոզէ թէ Եհովա Աստուած իսկապէս զիս կ’արժեւորէ։ Ինչո՞ւ կը հաւատամ թէ Եհովայի չափանիշները իսկապէս իմ օգտիս համար են»։ Ցոյց տուր թէ լաւ հովիւ մըն ես՝ զաւակներդ համբերութեամբ ուղղելով, եւ օգնելով որ փաստեն թէ Եհովայի ճամբան լաւագոյն կենցաղակերպն է (Հռով. 12։2)c։
18. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ընդօրինակել Եհովան՝ Գերագոյն Հովիւը։
18 Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’ուզեն Գերագոյն Հովիւը ընդօրինակել (Եփ. 5։1. Ա. Պետ. 2։25)։ Մասնաւորաբար ծնողներ հարկ է որ իրենց հօտին՝ իրենց թանկագին զաւակներուն՝ վիճակը գիտնան, եւ իրենց ամէն կարելին ընեն զանոնք առաջնորդելու դէպի Եհովայի պատրաստած օրհնութիւնները։ Արդ, ամէն գնով զաւակներդ հովուէ՝ շարունակելով ճշմարտութեան ճամբուն մէջ զիրենք մեծցնել։
a Յաւելեալ թելադրութիւններու համար, տե՛ս Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը, գլուխ 6, էջ 64-75։
b Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Ընտանեկան պաշտամունքը՝ վերապրումի համար կենսական է» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2009 թիւին մէջ, էջ 11-13։
c Այս երեսակը յաւելեալ կերպով քննարկուած է Դիտարան–ի 1 փետրուար 2012 թիւին մէջ, էջ 18-21 (անգլերէնով)։