Վերջին թշնամին՝ մահը՝ կը խափանուի
«Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է» (Ա. ԿՈՐ. 15։26)։
1, 2. Ադամ ու Եւա սկիզբը ի՞նչ պայմաններու տակ կ’ապրէին, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
ԵՐԲ Ադամն ու Եւան ստեղծուեցան, բնա՛ւ թշնամիներ չունէին։ Անոնք կատարեալ մարդկային արարածներ էին եւ դրախտի մէջ կը բնակէին։ Անոնք իրենց Ստեղծիչին հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունէին որպէս իր որդին ու դուստրը (Ծն. 2։7-9. Ղուկ. 3։38)։ Իսկ Աստուծոյ տուած յանձնարարութիւնը յայտնեց անոնց կեանքի հեռանկարները (կարդա՛ Ծննդոց 1։28)։ ‘Երկիրը լեցնելը եւ անոր տիրելը’ կարելի էր իրագործել որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Բայց շարունակաբար «երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխել»ու համար, հարկ էր որ Ադամ ու Եւա յաւիտեան ապրէին, եւ Ադամ բնաւ չստիպուէր իր վերատեսչութիւնը կորսնցնել՝ մահով։
2 Լաւ, ինչո՞ւ ներկայ պայմանները բոլորովին տարբեր են։ Ինչպէ՞ս մարդ արարածին երջանկութեան ա՛յսքան թշնամիներ մէջտեղ ելան, մեծագոյնը ըլլալով մահը։ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ այս թշնամիները խափանելու համար։ Այս եւ յարակից հարցումներու պատասխանները կարելի է Աստուածաշունչին մէջ գտնել։ Քննարկենք կարգ մը կարեւոր հատուածներ։
ՍԻՐԱԼԻՐ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՄԸ
3, 4. ա) Աստուած Ադամի ու Եւայի ի՞նչ պատուէր տուաւ։ բ) Այդ պատուէրին հնազանդիլը որքա՞ն կարեւոր էր։
3 Թէեւ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէին, Ադամ ու Եւա անմահ չէին։ Ողջ մնալու համար, անոնք պէտք էր շնչէին, քնանային, խմէին եւ ուտէին։ Աւելի կարեւորը, անոնց կեանքը կախեալ էր Կենսատուին հետ իրենց փոխյարաբերութենէն (Բ. Օր. 8։3)։ Կեանքը շարունակաբար վայելելու համար, անհրաժեշտ էր որ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ընդունէին։ Եհովան այս մէկը Ադամի յստակացուց, նոյնիսկ նախքան Եւայի ստեղծուիլը։ Ինչպէ՞ս։ «Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. ‘Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս’» (Ծն. 2։16, 17)։
4 «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառը» կը ներկայացնէր՝ ճիշդն ու սխալը վերջնականապէս որոշելու Աստուծոյ իրաւունքը։ Անշուշտ, Ադամ արդէն իսկ բարիի ու չարի գիտակցութիւնը ունէր, քանի որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած էր եւ խղճմտանք ունէր։ Ծառը Ադամի ու Եւայի ցոյց պիտի տար, թէ միշտ Եհովայի ուղղութեան կարիք պիտի ունենային։ Ծառէն ուտելը պիտի նշանակէր բարոյական անկախութիւն պահանջել, ինչ որ իրենց ու իրենց սերունդին մեծ վնաս պիտի պատճառէր։ Աստուծոյ պատուէրը այսպիսի ընթացքի մը լրջութիւնը հաղորդեց։
ՄԱՀԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ
5. Ադամ ու Եւա ինչպէ՞ս անհնազանդ գտնուեցան։
5 Ադամ Եւային տեղեկացուց Աստուծոյ պատուէրը։ Բացորոշ է թէ Եւան զայն շատ լաւ գիտէր, եւ կրցաւ զայն բառ առ բառ կրկնել օձին (Ծն. 3։1-3)։ Օձին ետին եղող անձը Բանսարկու Սատանան էր,– Աստուծոյ հոգեղէն որդի մը, որ անկախութիւն եւ անձնական իշխանութիւն ունենալու փափաք զարգացուցած էր (համեմատէ՛ Յակոբոս 1։14, 15)։ Իր չար նպատակները իրագործելու համար, ան Աստուած ամբաստանեց ստախօսութեամբ։ Ան Եւան հաւաստիացուց թէ անկախութեան ձգտելուն արդիւնքը պիտի ըլլայ, ոչ թէ մահ, այլ Աստուծոյ պէս ըլլալ (Ծն. 3։4, 5)։ Եւա իրեն հաւատաց, պտուղէն ուտելով իր անկախութիւնը յայտարարեց եւ Ադամը համոզեց որ նոյն քայլը առնէ (Ծն. 3։6, 17)։ Բանսարկուն սուտ խօսած էր (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։14)։ Բայց եւ այնպէս, Ադամ ‘իր կնոջ խօսքը մտիկ ըրաւ’։ Նոյնիսկ եթէ թուեցաւ բարեկամ ըլլալ, Բանսարկու Սատանան անգութ թշնամի մըն էր, որ Եւային տուած իր թելադրանքին մահացու հետեւանքները գիտէր։
6, 7. Եհովան յանցագործներուն դատը ինչպէ՞ս վարեց։
6 Անձնասէր պատճառներով, Ադամ ու Եւա ըմբոստացան իրենց կեանք ու ամէն բան Տուողին դէմ։ Անշուշտ Եհովան պատահածին տեղեակ էր (Ա. Մն. 28։9. կարդա՛ Առակաց 15։3)։ Ան թոյլ տուած էր որ խնդրոյ առարկայ երեք անձերը ցոյց տային, թէ իրեն հանդէպ ի՛նչ կը զգային։ Որպէս Հայր, ան վստահաբար խորապէս վիրաւորուեցաւ (համեմատէ՛ Ծննդոց 6։6)։ Ան պէտք էր գործէր որպէս Դատաւոր, հետեւանքներուն մասին իր ըսածին թիկունք կանգնելով եւ զայն կիրարկելով։
7 Աստուած Ադամի ըսած էր. «Այն օրը որ [բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն] ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ Ադամ շատ հաւանաբար հասկցած էր, թէ այդ «օրը» 24 ժամէ բաղկացած օր մըն էր։ Աստուծոյ պատուէրը ոտնակոխելէ ետք, ան կրնար ակնկալել որ Եհովան արեւը մայր մտնելէն առաջ գործէ։ «Օրուան զով ատենը», Եհովան զոյգին մօտեցաւ (Ծն. 3։8)։ Ան զիրենք դատի կանչեց եւ իրենց պատասխաններէն իրողութիւնները հաստատեց (Ծն. 3։9-13)։ Ապա ան յանցագործներուն դէմ դատավճիռ արձակեց (Ծն. 3։14-19)։ Եթէ ան այդ ատեն զիրենք մեռցնէր, Ադամի ու Եւայի եւ իրենց զարմին առնչութեամբ իր նպատակը ի դերեւ պիտի ելլէր (Եսա. 55։11)։ Թէեւ մահապատիժը վաւերացուց եւ մեղքին հետեւանքները անմիջապէս սկսան, ան Ադամի ու Եւայի թոյլ տուաւ որ զաւակներ ծնանին, որոնք կրնային իր ընելիք կարգադրութիւններէն օգտուիլ։ Այսպէս, Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած, Ադամ ու Եւա իրենց մեղք գործած օրը մեռան, իսկ 1000 տարիէ բաղկացած «օր»ուան մէջ բառացիօրէն մեռան (Բ. Պետ. 3։8)։
8, 9. Ադամի զարմը ինչպէ՞ս անոր մեղքէն ազդուեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
8 Ադամի ու Եւայի զաւակները իրենց ծնողքին արարքէն պիտի ազդուէի՞ն։ Այո՛։ Հռովմայեցիս 5։12–ը կը բացատրէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ Առաջին անձը որ մեռաւ՝ հաւատարիմ Աբէլն էր (Ծն. 4։8)։ Ապա Ադամի միւս զաւակները ծերացան ու մեռան։ Անոնք մեղքն ու մահը ժառանգեցի՞ն։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան» (Հռով. 5։19)։ Ուստի, Ադամէն ժառանգուած մեղքն ու մահը մարդկութեան ոխերիմ թշնամիները դարձան, որոնցմէ անկատար մարդիկ պիտի չկարենային ձերբազատուիլ։ Թէեւ չենք գիտեր պարփակուած ժառանգական օրէնքները, սակայն արդիւնքին ականատես ենք։
9 Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը ժառանգուած մեղքին ու մահուան կ’ակնարկէ որպէս «բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը» (Եսա. 25։7)։ Ո՛չ ոք կրնայ դատապարտութեան այս հեղձուցիչ ծածկոցէն կամ վարագոյրէն խոյս տալ։ Ատոր համար է որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «Ադամով ամէնքը կը մեռնին» (Ա. Կոր. 15։22)։ Ուստի բնական է հարցնել, ինչպէս Պօղոս հարցուց. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն» (Հռով. 7։24)a։
ԱԴԱՄԱԿԱՆ ՄԵՂՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ ԿԸ ԽԱՓԱՆՈՒԻՆ
10. ա) Ի՞նչ են կարգ մը համարներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան Ադամական մահը պիտի խափանէ։ բ) Այս համարները ի՞նչ կը յայտնեն Եհովային ու իր Որդւոյն մասին։
10 Արդարեւ Եհովան կրնա՛ր Պօղոսը ազատել։ «Ծածկոցը» նշելէ անմիջապէս ետք, Եսային գրեց. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Հօր մը նման, որ իր զաւակներուն տառապանքին պատճառը կը վերցնէ եւ անոնց արցունքները կը սրբէ, Եհովան մեծ ուրախութեամբ Ադամական մահը պիտի խափանէ։ Ան այս բանին մէջ գործակից մը ունի, ինչպէս կը նշէ Ա. Կորնթացիս 15։22–ը. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։ Նմանապէս, «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս» հարցնելէ ետք, Պօղոս շարունակեց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 7։25)։ Յստակ է թէ այն սէրը, որ Եհովան մղեց մարդկութիւնը ստեղծելու, Ադամի ու Եւայի ըմբոստութեամբ չպաղեցաւ։ Եւ ան, որ առաջին զոյգը ստեղծելու գործին մէջ բաժին բերաւ, անոնց զարմին առնչութեամբ իր մասնայատուկ ուրախութիւնը չկորսնցուց (Առ. 8։30, 31)։ Բայց այս ազատագրումը ինչպէ՞ս պիտի կատարուէր։
11. Եհովան մարդկութեան օգնելու համար ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ։
11 Մարդկային անկատարութեան եւ մահուան ետին կը գտնուին թէ՛ Ադամի գործած մեղքը եւ թէ Եհովայի արդար դատաստանը (Հռով. 5։12, 16)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ» (Հռով. 5։18)։ Եհովան ի՞նչ կրնար ընել որ իր դատապարտական վճիռը վերցնէր՝ առանց իր չափանիշները անվաւեր դարձնելու։ Պատասխանը կը գտնենք Յիսուսի խօսքերուն մէջ. ‘Որդին մարդոյ եկաւ. . . իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու’ (Մատ. 20։28)։ Եհովայի առաջին հոգեղէն որդին յստակ դարձուց թէ ինք, երկրի վրայ որպէս կատարեալ մարդ ծնելով, փրկանք պիտի հայթայթէր։ Այս փրկանքը ինչպէ՞ս արդարութեան գոհացում պիտի տար (Ա. Տիմ. 2։5, 6)։
12. Ի՞նչ էր համապատասխան փրկանքը, որ արդարութիւնը գոհացուց։
12 Կատարեալ մարդ ըլլալով, Յիսուս՝ չմեղանչած Ադամին պէս՝ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէր։ Եհովայի նպատակն էր՝ երկիրը Ադամի կատարեալ զարմով լեցնել։ Հետեւաբար, Յիսուս իր Հօր եւ Ադամի շառաւիղին հանդէպ խոր սէրէ մղուած, իր մարդկային կեանքը որպէս զոհ տուաւ։ Այո, Յիսուս զոհեց մարդկային կատարեալ կեանք մը, որ Ադամի կորսնցուցածին համապատասխան էր։ Անկէ ետք, Եհովան իր Որդին որպէս հոգեղէն արարած վերակենդանացուց (Ա. Պետ. 3։18)։ Եհովան արդարացիօրէն կրնար այդ մէկ կատարեալ մարդուն՝ Յիսուսի զոհը ընդունիլ որպէս փրկանք, Ադամի զաւակները վերագնելու եւ անոնց տալու Ադամի կորսնցուցած կեանքի հեռանկարները։ Առումով մը, Յիսուս Ադամի տեղը առաւ։ Պօղոս կը բացատրէ. «Սա՛ գրուած է. ‘Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ եղաւ ապրող անձ’. իսկ վերջին Ադամը՝ ապրեցնող հոգի» (Ա. Կոր. 15։45, ԱԾ)։
Աբէլ՝ առաջին մեռնողը, Յիսուսի փրկանքէն պիտի օգտուի (տե՛ս պարբերութիւն 13)
13. «Վերջին Ադամը» ինչպէ՞ս պիտի գործէ մեռելներուն օգնելու համար։
13 Ժամանակը ի վերջոյ պիտի հասնի, երբ «վերջին Ադամը» ընդհանուր մարդկութեան նկատմամբ որպէս «ապրեցնող հոգի» պիտի գործէ։ Երկրի վրայ ապրած ու մահացած ըլլալով, Ադամի զաւակներուն մեծամասնութիւնը յարութեամբ ետ կեանքի պիտի բերուի (Յովհ. 5։28, 29)։
14. Եհովայի ո՞ր կարգադրութիւնը պիտի օգնէ Ադամէն ժառանգուած անկատարութիւնը չքացնելու։
14 Մարդկութիւնը ժառանգուած անկատարութեան հետ իր մաքառումէն ինչպէ՞ս պիտի ազատի։ Եհովա հայթայթեց թագաւորական կառավարութիւն մը, բաղկացած՝ «վերջին Ադամ»էն եւ մարդկութեան մէջէն ընտրուած ընկերակիցներէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։9, 10)։ Յիսուսի իշխանակիցները անկատարութիւնը համտեսած պիտի ըլլան։ Հազար տարուան ընթացքին, անոնք երկրի վրայ եղողներուն պիտի օգնեն, որ յաղթահարեն այն անկատարութիւնը, որուն առանձին չէին կրնար յաղթել (Յայտ. 20։6)։
15, 16. ա) «Վերջին թշնամին. . . մահը» ի՞նչ է եւ ե՞րբ պիտի խափանուի։ բ) Ըստ Ա. Կորնթացիս 15։28–ին, Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ։
15 Թագաւորութեան իշխանութեան հազար տարուան վերջաւորութեան, հնազանդ մարդկութիւնը Ադամի ըմբոստութենէն յառաջ եկած բոլոր թշնամիներէն ազատագրուած պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան. բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները [իր իշխանակիցները]՝ իր գալու ատենը. անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է» (Ա. Կոր. 15։22-26)։ Արդարեւ, Ադամէն ժառանգուած մահը վերջապէս պիտի ոչնչանայ։ Ամբողջ մարդկային ընտանիքը պատող «ծածկոցը» առյաւէտ վերցուած պիտի ըլլայ (Եսա. 25։7, 8)։
16 Պօղոս առաքեալ իր ներշնչեալ ամփոփումը կ’եզրափակէ՝ ըսելով. «Երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կոր. 15։28)։ Որդիին իշխանութեան նպատակը իրագործուած պիտի ըլլայ։ Այն ատեն ան խոր գոհունակութեամբ իր հեղինակութիւնը Եհովային պիտի վերադարձնէ եւ կատարեալ մարդկային ընտանիքը իրեն պիտի ներկայացնէ։
17. Ի վերջոյ Սատանային ի՞նչ պիտի պատահի։
17 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Սատանային մասին, որ մարդկութեան տառապանքին բուն պատճառն է։ Յայտնութիւն 20։7-15–ը պատասխանը կու տայ։ Երբ բոլոր կատարեալ մարդիկ վերջին անգամ ըլլալով փորձուին, Սատանան պիտի ջանայ զանոնք մոլորեցնել։ Ապա, Բանսարկուն եւ իրեն հետեւողները յաւիտեան պիտի բնաջնջուին «երկրորդ մահ»ով (Յայտ. 21։8)։ Որովհետեւ իր ճիրաններուն մէջ եղողները մշտնջենապէս գոյութենէ պիտի դադրին, «երկրորդ մահը» բնա՛ւ պիտի չխափանուի։ Սակայն անիկա թշնամի չէ մարդոց, որոնք իրենց Ստեղծիչը կը սիրեն եւ իրեն կը ծառայեն։
18. Աստուծոյ կողմէ Ադամի տրուած յանձնարարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։
18 Կատարեալ եղած մարդկութիւնը այն ատեն Եհովային առջեւ պիտի կանգնի որպէս յաւիտենական կեանքին համար ամբողջովին ընդունելի, որեւէ թշնամի չունենալով։ Ադամի տրուած յանձնարարութիւնը առանց իրեն կատարուած պիտի ըլլայ։ Երկիրը պիտի լեցուի իր զաւակներով, որոնք անոր եւ անասուններուն վրայ վերատեսչութիւն ընելով պիտի ուրախանան։ Թող որ բնա՛ւ մեր գնահատութիւնը չկորսնցնենք այն կերպին նկատմամբ, որով Եհովան սիրալիրօրէն վերջին թշնամին՝ մահը կը խափանէ։
a Ծերութեան ու մահուան պատճառը բացատրելու գիտնականներուն ջանքերուն մասին խօսելով, Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գիրքը կ’ըսէ. «Անոնք կ’անտեսեն այն իրողութիւնը, թէ Ստեղծիչը ի՛նք մարդկային առաջին զոյգին դէմ մահուան դատավճիռը արձակեց եւ զայն ի գործ դրաւ կերպով մը, որ մարդ արարածը լիովին չի հասկնար» (հատոր 2, էջ 247 [անգլերէնով])։