Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 11/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յարութիւն պիտի ըլլայ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Սիրելիներդ կրնա՛ն ետ կեանքի գալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 11/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Յիսուս իրապէս մեռելներ յարուցանե՞ց։

Յիսուս Ղազարոսը կը յարուցանէ

Յիսուս յարուցանեց Ղազարոսը, որուն մահուան վրայ չորս օր անցեր էր

Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ թէ Յիսուս մեռելներ յարուցանեց։ Այդ պատմութիւնները առասպելներ չեն. անոնք տեղի ունեցան իսկական վայրերու մէջ՝ մասնայատուկ ժամանակներու ընթացքին։ Օրինակ, Ք.Ե. 31–ի ամառը, մեծ բազմութիւն մը Յիսուսի հետ Կափառնայումէն Նային կը ճամբորդէր։ Երբ անոնք Նային հասան, ուրիշ խումբի մը հանդիպեցան։ Այս հանդիպումին՝ Յիսուս յարութիւն մը կատարեց։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ այդ յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցաւ, քանի որ անիկա արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ եւ տեղի ունեցաւ այդ բոլո՜ր վկաներուն առջեւ (կարդա՛ Ղուկաս 7։11-15)։

Յիսուս նաեւ յարուցանեց իր բարեկամը՝ Ղազարոսը, որուն մահուան վրայ չորս օր անցեր էր։ Յիսուսի կատարած այդ յարութեան կրնանք վստահիլ, քանի որ այդ օրն ալ բազմաթիւ վկաներ այդ դէպքին ականատես եղան (կարդա՛ Յովհաննէս 11։39-45)։

Յիսուս ինչո՞ւ մեռելներ յարուցանեց։

Յիսուս մեռելներ յարուցանեց, քանի որ կարեկից էր։ Նաեւ, որպէսզի ցոյց տայ թէ իր Հայրը՝ Ստեղծիչը՝ իրեն զօրութիւն տուած էր մահուան վրայ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։21, 28, 29)։

Յիսուսի կատարած յարութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, թէ ապագային նկատմամբ իր տուած խոստումները անպայման պիտի կատարուին։ Ան բազմաթիւ մարդիկ պիտի յարուցանէ, ներառեալ՝ մեղաւորներ, որոնք ճշմարիտ Աստուածը չճանչցան։ Անոնց պատեհութիւն պիտի տրուի որ Աստուած ճանչնան եւ սիրեն (կարդա՛ Գործք 24։15)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել