Թիմկատ. թաղուած քաղաք մը իր գաղտնիքները կը յայտնէ
ԱՆՎԵՀԵՐ երկրախոյզը իր աչքերուն չհաւատաց։ Ալճերիական անապատի աւազին մէջ մասամբ մխրճուած հռոմէական յաղթակամար մը երեւցաւ։ Երբ 1765–ին սկովտիացի Ճէյմս Պրուս այս կամարը յայտնաբերեց, չգիտցաւ թէ իր ոտքերուն տակ թաղուած էին աւերակները՝ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ շինուած մեծագոյն հռոմէական քաղաքին,– վաղեմի Թէմըկէյտի քաղաքը, որ այժմ Թիմկատ կը կոչուի։
Աւելի քան 100 տարի ետք, 1881–ին, ֆրանսացի հնագէտներ սկսան պեղել Թիմկատի լաւ պահպանուած աւերակները։ Անոնք եզրակացուցին, որ անբերրի եւ անբարենպաստ միջավայր ունենալով հանդերձ, այս քաղաքին բնակիչները շատ հանգիստ եւ ճոխ կեանք կ’ապրէին։ Բայց ի՞նչ բան հռոմայեցիները մղեց այդպիսի վայրի մը մէջ բարգաւաճ գաղութ մը հաստատելու։ Եւ ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել այս վաղեմի քաղաքէն եւ անոր բնակիչներէն։
ԹԱՔՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ
Երբ Ք.Ա. առաջին դարուն, հռոմէական իշխանութիւնը հասաւ Հիւսիսային Ափրիկէ, կարգ մը վրանաբնակ ցեղեր կատաղի հակառակութիւն ցոյց տուին։ Հռոմայեցիները ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի հաստատէին այդ շրջանի ժողովուրդին հետ։ Սկիզբը, Օգոստոսեան երրորդ լեգէոնի զինուորները բազմաթիւ պարսպապատ բանակավայրեր եւ պահակավայրեր հաստատեցին այն լայնատարած լեռնային շրջանին մէջ, որ այժմ Ալճերիոյ հիւսիսը կը գտնուի։ Ետքը, անոնք Թիմկատ քաղաքը կառուցանեցին, բայց բոլորովին ա՛յլ նպատակաւ։
Պաշտօնական գետնի վրայ, հռոմայեցիները Թիմկատը հիմնեցին հանգստեան կոչուած վեթերաններու համար. սակայն խորքին մէջ, անոնք քաղաքը շինեցին՝ այդ շրջանի ցեղախումբերուն ընդդիմութիւնը տկարացնելու համար։ Անոնք իրենց նպատակին հասան։ Թիմկատի հանգստաւէտ կեանքը շուտով բնիկ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւեց, որոնք հոն կու գային իրենց ապրանքը ծախելու։ Քաղաքին բնակիչները միայն Հռոմի քաղաքացիներ պէտք էր ըլլային։ Ուստի տեղացիներէն շատեր՝ յուսալով հոն ապրիլ, 25 տարուան պայմանաժամով կամաւ անցան հռոմէական լեգէոնի շարքին, որպէսզի թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց որդիները Հռոմի քաղաքացիութիւն ստանան։
Ափրիկեցիներէն ոմանք չբաւականացան Հռոմի քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելով, հապա նոյնիսկ բարձր դիրքերու հասան Թիմկատի կամ ա՛յլ գաղութային քաղաքներու մէջ։ Տեղացիները ձուլելու հռոմայեցիներուն խորամանկ ծրագիրը այնքա՛ն յաջող դուրս եկաւ, որ իր հաստատումէն միայն կէս դար ետք, Թիմկատ քաղաքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը հիւսիսային ափրիկեցիներ էր։
ՀՌՈՄ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՍԻՐՏԵՐ ՀՐԱՊՈՒՐԵՑ
Շքեղ սիւնագաւիթներով եւ տաղաւարներով շուկայ մը
Հռոմայեցիները ինչպէ՞ս կրցան այս արագութեամբ գրաւել բնիկներուն սիրտը։ Սկսելու համար, անոնք յառաջացուցին քաղաքացիական հաւասարութիւն,– հռոմայեցի դիւանագէտ Կիկերոնի սորվեցուցած սկզբունքը։ Երկիրը հաւասարապէս բաժնուած էր հռոմայեցի վեթերաններուն եւ ափրիկեան ծագում ունեցող քաղաքացիներուն միջեւ։ Քաղաքը ուշադրութեամբ յատակագծուած էր, նեղ փողոցներով բաժնուած տնաշարքերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տարածութիւնը 400 քառ. մ. էր։ Այսպիսի համահաւասար դասաւորում վստահաբար շատ հաճելի երեւցաւ բնակիչներուն աչքին։
Ինչպէս որ էր պարագան հռոմէական շատ մը քաղաքներու, բնակիչները կրնային շուկայի հրապարակը հաւաքուիլ՝ վերջին լուրերը լսելու կամ խաղեր խաղալու։ Մօտակայ անջրդի լեռներուն վրայ ապրող բնիկները անկասկած երանի կու տային անոնց, որոնք կիզիչ եւ չոր օդին կը քալէին սիւնագաւիթներու շուքին տակ կամ կը հանգստանային բազմաթիւ հանրային ձրի բաղնիքներէն մէկուն մէջ, ջուրի կաթկթոցի ձայնը լսելով։ Բնիկները թերեւս կ’երեւակայէին թէ ինչպէ՛ս թարմացուցիչ ջրաղբիւրներու շուրջ նստած, կը զրուցեն բարեկամներու հետ։ Այս ամէնը երազ մը ըլլալու էր իրենց համար։
Գերեզմանաքար մը, որուն վրայ չաստուածներու երրեակ մը փորագրուած է
Բացօթեայ թատրոնն ալ մեծ դեր ունէր մարդոց սրտերը հրապուրելուն մէջ։ Թիմկատէ եւ մօտակայ գիւղաքաղաքներէ եկած աղմկոտ բազմութիւններ կը հաւաքուէին այդ թատրոնին մէջ, որ աւելի քան 3500 հոգի կը վերցնէր։ Բեմին վրայ, դերակատարները ժամանցի հռոմէական տռփոտ ճաշակը կը ներկայացնէին, յաճախ անբարոյ կամ վայրագ արարքներ ցուցադրելով։
Հռոմէական կրօնքն ալ իր դերը ունէր։ Բաղնիքներուն գետիններն ու պատերը զարդարուած էին գունաւոր խճանկարներով, որոնք կը ցուցադրէին տեսարաններ դիցաբանութենէն։ Քանի որ լոգանք առնելը առօրեայ կեանքին կարեւոր մէկ մասն էր, բնակիչները աստիճանաբար ծանօթացան հռոմէական չաստուածներուն եւ կրօնքին։ Ափրիկեցիները իրենց մշակոյթին մէջ ներգրաւելու հռոմայեցիներուն ջանքերը այնքա՛ն յաջող էին, որ գերեզմանաքարերէն շատեր զարդարուած էին թէ՛ ափրիկեան եւ թէ հռոմէական չաստուածներու երրեակներով։
ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԱՂԱՔԸ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻ
Ք.Ե. 100 թուականին Տրայանոս կայսրին կողմէ քաղաքը հիմնուելէ ետք, հռոմայեցիները արմտիքներու, ձիթապտուղի իւղի եւ գինիի արտադրութիւնը յառաջ մղեցին ամբողջ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Երկրամասը շուտով շտեմարան դարձաւ Հռոմի համար, կայսրութեան հայթայթելով այս կարեւոր մթերքը։ Այլ գաղութային քաղաքներու նման, Թիմկատ բարգաւաճեցաւ հռոմէական իշխանութեան ներքեւ։ Ժամանակի ընթացքին, Թիմկատի բնակչութիւնը աճեցաւ եւ քաղաքը իր պարիսպներէն շատ աւելի անդին ընդարձակուեցաւ։
Քաղաքի բնակիչներն ու հողատէրերը Հռոմի հետ առեւտուր ընելով ուռճացան, սակայն բնիկ հողագործները չնչին օգտուեցան։ Ք.Ե. երրորդ դարուն, ընկերային անարդարութեան եւ բարձր տուրքերու պատճառով, հողագործները ըմբոստացան։ Անոնցմէ ոմանք, որոնք կաթողիկէ դարձած էին, միացան դոնականներուն,– կաթողիկէ եկեղեցիին փտածութեան դէմ ըմբոստացող խումբ մը անուանական քրիստոնեաներ (տե՛ս «Դոնականները՝ ոչ ‘անարատ եկեղեցի’ մը» շրջանակը)։
Դարեր շարունակ կրօնական բախումներ, քաղաքացիական պատերազմներ եւ բարբարոսական ներխուժումներ տեղի ունենալէ ետք, հռոմէական քաղաքակրթութիւնը կորսնցուց իր ազդեցութիւնը Հիւսիսային Ափրիկէի վրայ։ Ք.Ե. վեցերորդ դարուն, Թիմկատ քաղաքը արդէն իսկ հրկիզուած էր արաբական ցեղերուն կողմէ, եւ ի վերջոյ մոռացութեան մատնուեցաւ աւելի քան 1000 տարի։
«Ա՛ՅՍ Է ԿԵԱՆՔԸ»
Հրապարակին մէջ լատիներէն քանդակագրութիւն մը, որ կ’ըսէ. «Որսալ, լոգնալ, խաղալ, խնդալ. ա՛յս է կեանքը»
Թիմկատի աւերակները պեղած հնագէտները ուրախացան՝ հրապարակին մէջ լատիներէն քանդակագրութիւն մը գտնելով։ Հոն փորագրուած է. «Որսալ, լոգնալ, խաղալ, խնդալ. ա՛յս է կեանքը»։ Ֆրանսացի պատմաբան մը նշեց, որ ասիկա «կ’արձագանգէ փիլիսոփայութիւն մը, որ թերեւս փառասիրութենէ զուրկ է, բայց վստահաբար ոմանց կողմէ պիտի նկատուի որպէս իմաստութեան գաղտնիքը»։
Իրականութեան մէջ, հռոմայեցիները որոշ ժամանակէ մը ի վեր այսպիսի ապրելակերպ կը հետապնդէին։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ կարգ մը մարդոց մասին, որոնց կեանքի փիլիսոփայութիւնն էր՝ «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ Կրօնասէր ըլլալով հանդերձ, հռոմայեցիները միայն ընթացիկ հաճոյքին համար կ’ապրէին, շատ չմտածելով կեանքին իսկական իմաստին ու նպատակին մասին։ Պօղոս քրիստոնեաները զգուշացուց այդպիսի մարդոցմէ, երբ ըսաւ. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։32, 33)։
Թէեւ Թիմկատի բնակիչները մօտ 1500 տարի առաջ ապրեցան, սակայն կեանքի նկատմամբ մարդոց տեսակէտը շատ չէ փոխուած։ Ներկայիս շատեր միայն այսօրուա՛ն համար կ’ապրին։ Անոնց աչքին, կեանքի նկատմամբ հռոմայեցիներուն տեսակէտը շատ տրամաբանական է, ի՛նչ որ ալ ըլլան հետեւանքները։ Սակայն Աստուածաշունչը հակիրճ եւ իրապաշտ հայեցակէտ մը կու տայ, ըսելով. «Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի»։ Հետեւաբար անիկա մեզ կը քաջալերէ որ ‘աշխարհէն լիովին չօգտուինք’ (Ա. Կորնթացիս 7։31, ՆԱ)։
Թիմկատի աւերակները կը վկայեն, թէ ուրախ եւ իմաստալից կեանքին գաղտնիքը չի կայանար այն խօսքը գործադրելուն մէջ, որ Հիւսիսային Ափրիկէի աւազակոյտին մէջ թաղուած քանդակագրութիւնը նշած էր։ Փոխարէն, այդ գաղտնիքը կը կայանայ Աստուածաշունչի այս յիշեցումին անսալուն մէջ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17)։