Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 12/15 էջ 3
  • Ան ‘ճամբան գիտցաւ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ան ‘ճամբան գիտցաւ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կառավարիչ մարմինին նոր անդամները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Պէթէլի Ծառայութիւնը—Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Ներկայիս ո՞վ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 12/15 էջ 3
Կայ Փիրս

Ան ‘ճամբան գիտցաւ’

ԿԱՅ ՀԱԼԼԸՍ ՓԻՐՍ, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկը, իր երկրային ընթացքը աւարտեց երեքշաբթի, 18 մարտ 2014–ին, 79 տարեկանին։ Այսպիսով, Քրիստոսի յարուցանուած եղբայրներէն մէկը ըլլալու իր յոյսը իրականացաւ (Եբ. 2։10-12. Ա. Պետ. 3։18)։

Կայ Փիրս ծնաւ 6 նոյեմբեր 1934–ին, Քալիֆորնիոյ Օպըրն քաղաքին մէջ (ԱՄՆ), եւ մկրտուեցաւ 1955–ին։ 1977–ին, ան իր սիրելի կնոջ՝ Փեննիի հետ ամուսնացաւ եւ ընտանիք մը մեծցուց։ Ասիկա իրեն օգնեց, որ ուրիշներու հանդէպ ալ հայրական վերաբերմունք ունենայ։ 1982–ին, ինք ու իր կինը սկսան միասնաբար ռահվիրայութիւն ընել, իսկ 1986–էն սկսեալ, ան Միացեալ Նահանգներուն մէջ 11 տարի որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեց։

1997–ին, Կայ եւ Փեննի Փիրսերը սկսան Միացեալ Նահանգներու Բեթէլի ընտանիքին հետ ծառայել։ Եղբայր Փիրս Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ աշխատեցաւ, եւ 1998–ին նշանակուեցաւ Կառավարիչ մարմինի Անձնակազմի յանձնախումբին օգնական։ 2 հոկտեմբեր 1999–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան տարեկան ժողովին, ծանուցանուեցաւ որ եղբայր Փիրս նշանակուած է որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ։ Վերջին տարիներուն, ան ծառայեց Անձնակազմի յանձնախումբին, Գրական յանձնախումբին, Հրատարակչական յանձնախումբին եւ Համակարգողներու յանձնախումբին մէջ։

Եղբայր Փիրս կատակասէր էր եւ ունէր ջերմ ժպիտ մը։ Զանազան ենթահողերէ եւ մշակոյթներէ եկած անհատներ իրեն հետ հանգիստ կը զգային։ Բայց զինք իրապէս սիրելի դարձնող յատկութիւններն էին՝ իր սէրը, խոնարհութիւնը, արդար օրէնքներու եւ սկզբունքներու նկատմամբ իր յարգանքը եւ Եհովայի հանդէպ իր կատարեալ հաւատքը։ Կայ Փիրս յաճախ կ’ըսէր թէ աւելի հաւանական է որ արեւը չծագի, քան թէ՝ Եհովայի խոստումները չկատարուին, եւ ան կ’ուզէր որ ամբողջ աշխարհը գիտնար այս ճշմարտութիւնը։

Եղբայր Փիրս անխոնջօրէն Եհովային կը ծառայէր, առտուն կանուխէն արթննալով եւ յաճախ մինչեւ ուշ գիշեր աշխատելով։ Իր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու համար, ան աշխարհի չորս ծագերը ճամբորդեց եւ միշտ պատրաստ էր ժամանակ տրամադրելու Բեթէլի իւրաքանչիւր անդամի եւ ուրիշներու, որոնք կ’ուզէին իրեն հետ ընկերակցիլ եւ իրմէ խրատ եւ օգնութիւն ստանալ։ Տարիներ անցած ըլլալով հանդերձ, հաւատակիցներ կը յիշեն իր հիւրասիրութիւնը, բարեկամութիւնը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր քաջալերական խօսքերը։

Մեր եղբօր ու սիրելի բարեկամին կինը, վեց զաւակները, թոռները եւ թոռնորդիները պիտի կարօտնան զինք։ Ան նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր զաւակներ ունէր։ Շաբաթ, 22 մարտ 2014–ին, Պրուքլինի Բեթէլին մէջ, Կառավարիչ մարմինի այլ անդամ մը՝ Մարք Սէնտերսըն յուղարկաւորութեան դասախօսութիւնը տուաւ։ Այլ բաներու կողքին, ան նշեց եղբայր Փիրսին երկնային յոյսը եւ կարդաց Յիսուսին այս խօսքերը. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. . . Եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։ Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք» (Յովհ. 14։2-4)։

Ճիշդ է որ եղբայր Փիրսը շատ պիտի կարօտնանք, սակայն կ’ուրախանանք որ ան իր մշտական «բնակարան»ին ‘ճամբան գիտցաւ’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել