Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 6/1 էջ 3-5
  • Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՐԴԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
  • Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը գիտութեան նկատմամբ
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 6/1 էջ 3-5
Գիտական յառաջդիմութիւններ ինչպէս՝ ինքնաշարժներ, GPS, արբանեակներ, օդանաւեր

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՐԻՆԱ՞Ծ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ

Ըստ բառարանի մը, գիտութիւնը «բնութեան եւ հասարակութեան զարգացման օրէնքները եւ մեզ շրջապատող աշխարհի վրայ ներգործելու միջոցները յայտնող գիտելիքներու ամբողջութիւն»ն է։ Այդ գիտելիքները ձեռք ձգելու աշխատանքը յաճախ դժուար ու ճնշիչ է։ Գիտնականները շաբաթներով, ամիսներով նոյնիսկ տարիներով փորձեր ու հետազօտութիւններ կ’ընեն։ Ճիշդ է որ անոնց ջանքերը երբեմն որեւէ արդիւնք չեն տար, սակայն շատ մը պարագաներու ատոնք մարդկութեան օգուտներ կը բերեն։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

Եւրոպական ընկերութիւն մը տոկուն կերպընկալէ զտիչներ շինած է՝ որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է որ մարդը ա՛լ ապականած ջուր չխմէ եւ հետեւաբար չհիւանդանայ։ Այս զտիչները գործածուած են բնական աղէտներու ընթացքին, ինչպէս՝ 2010–ին Հայիթիի մէջ պատահած երկրաշարժին ատեն։

Անջրպետին մէջ, արբանեակներու ցանցեր կը կազմեն ինչ որ կը կոչուի GPS (Global Positioning System)։ Ճիշդ է որ GPS–ը սկիզբը ծրագրուած էր զինուորական նպատակներու համար, սակայն անիկա կ’օգնէ վարորդներուն, օդաչուներուն, նաւավարներուն եւ նոյնիսկ որսորդներուն ու ճեմողներուն որ գիտնան թէ ո՛ր ճամբով ուղղուին։ Գիտնականներուն շնորհիւ, GPS–ը ուղղութիւնդ գտնելը կը դիւրացնէ։

Հեռախօսիկ, համակարգիչ կամ համացանց կը գործածե՞ս։ Յառաջացած բժշկութեան շնորհիւ առողջութիւնդ բարելաւուա՞ծ է կամ հիւանդութենէ մը ապաքինա՞ծ ես։ Օդանաւով կը ճամբորդե՞ս։ Եթէ այո՛, կ’օգտուիս այն կարգ մը կերպերէն, որոնցմով գիտութիւնը մարդկութեան օգուտ բերած է։ Գիտութիւնը կեանքիդ ազդած է շատ մը դրական կերպերով։

ԱՐԴԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Իրենց գիտելիքները շատցնելու նպատակով, գիտնականներ բնութիւնը կը հետազօտեն։ Հիւլէական ուժանիւթի բնագէտները հիւլէին կազմուածքը կ’ուսումնասիրեն, իսկ աստղաբնագէտները կը ջանան տիեզերքին ծագումը գիտնալ։ Մինչ անոնք անտեսանելի հիւլէներ եւ անվերջ տիեզերքը կը քննեն, անոնցմէ ոմանք կը խորհին թէ Աստուածաշունչին Աստուածը գոյութիւն չունի, ապա թէ ոչ կարող պիտի ըլլան զինք գտնել։

Կարգ մը գիտնականներ ու փիլիսոփաներ աւելի անդին կ’երթան։ Անոնք անընդհատ կը պաշտպանեն գրագէտ Էմիր Տ. Ագզելին կոչած «Աստուծոյ գոյութիւնը հերքող գիտական ապացոյցը»։ Օրինակ, աշխարհահռչակ բնագէտ մը դաւանեցաւ, թէ «քանի որ ապացոյց չկայ թէ գոյութիւն ունի Աստուած մը, որ տիեզերքի գոյութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ, ասիկա ինքնին փաստ մըն է թէ այսպիսի աստուած մը գոյութիւն չունի»։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչի Աստուծոյն գործունէութիւնները «կախարդութիւն» եւ «գերբնական խարդախութիւն» ենa։

Սակայն հարցում մը կը ծագի. արդեօք գիտութիւնը բաւարար գիտելիքներ ունի՞ որ այսպիսի վճռական եզրակացութիւններու հասնի։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը մեծապէս յառաջդիմած է, սակայն շատ մը գիտնականներ կ’ընդունին թէ տակաւին շատ բաներ չեն գիտեր, ոչ ալ պիտի գիտնան։ Բնագէտ եւ Նոպէլեան մրցանակակիր՝ Սթիվըն Ուէնպերկ կ’ըսէ, թէ բնութեան ուսումնասիրութիւնը «անսահման մարզ մըն է»։ Աստղագիտութեան հանրածանօթ բրիտանացի փրոֆէսոր Մարթին Ռիս գրեց. «Բաներ կան որոնք մարդիկ բնա՛ւ պիտի չկարենան հասկնալ»։ Իրողութիւնն այն է, թէ գիտութիւնը տակաւին կարող չէ ըմբռնելու բնութեան մեծ մասը,– մանր բջիջէն մինչեւ ընդարձակ տիեզերքը։ Հետեւեալ օրինակները նկատի առ.

  • DNA

    Կենսաբաններ լիովին չեն հասկնար թէ ապրող բջիջներուն մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Գիտութիւնը տակաւին չէ կրցած լիովին պատասխանել սա հարցումներուն. բջիջները ինչպէ՛ս ուժանիւթ կ’օգտագործեն, ինչպէ՛ս փրոթէին կ’արտադրեն եւ ինչպէ՛ս կը բաժնուին։

  • Տղեկ մը գնդակ կը նետէ

    Թէեւ ձգողական ուժը մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն կ’ազդէ, սակայն անիկա բնագէտներուն համար խորհուրդ մըն է։ Անոնք լիովին չեն գիտեր, թէ երբ կը ցատկենք ձգողական ուժը ճիշդ ինչպէ՛ս մեզի վար կը քաշէ կամ թէ անիկա ինչպէ՛ս լուսինը իր ուղեծիրին մէջ կը պահէ։

  • Տիեզերքը

    Տիեզերաբաններ կ’ենթադրեն թէ տիեզերքը կազմող նիւթերուն 95 տոկոսը կարելի չէ գիտական միջոցներով տեսնել եւ երեւան հանել։ Անոնք զայն երկու մասի կը բաժնեն՝ մութ նիւթ եւ մութ ուժանիւթ։ Եւ ասոնց բնոյթը տակաւին անորոշ է։

Ասոնցմէ զատ շա՛տ բաներ կան որոնք գիտնականները չեն հասկնար։ Հանրածանօթ գրող մը կ’ըսէ. «Մեր չգիտցած բաները շա՛տ աւելի են, քան՝ մեր գիտցած բաները։ Եւ ըստ ինծի, երբ գիտութեան մէջ կը խորանանք՝ զարմանքով կը լեցուինք եւ կ’ուզենք աւելին գիտնալ»։

Ուստի եթէ հարց կու տաս, թէ արդեօք գիտութիւնը պիտի կարենա՛յ փոխարինել Աստուածաշունչը եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը, նկատի առ այս կէտը. եթէ հմուտ գիտնականներ իրենց յառաջացած գործիքներով կրցած են բնութեան մասին միայն սահմանափակ հասկացողութիւն ձեռք ձգել, տրամաբանական պիտի ըլլա՞ր շուտով մերժել այն ինչ որ գիտութեան հասկացողութենէն վեր է։ Այս առնչութեամբ, աստղաբաշխութեան պատմութեան եւ յառաջդիմութեան մասին երկար յօդուածի մը վերջաւորութեան, համայնագիտարան մը կ’եզրափակէ. «Հիմա որ աստղաբաշխութեան վրայ գրեթէ 4000 տարի անցած է, տիեզերքը տակաւին նոյնքան անըմբռնելի է որքան բաբելոնացիներու օրերուն» (Encyclopedia Britannica)։

Եհովայի վկաները կը յարգեն այս հարցին շուրջ որոշում կայացնելու իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը։ Սակայն մենք կը ջանանք հետեւիլ Աստուածաշունչի ուղղութեան. «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։5)։ Ուստի քեզ կը քաջալերենք, որ քննես թէ ինչպէ՛ս գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը իրարու համապատասխան են եւ զիրար կ’ամբողջացնեն։

a Ոմանք Աստուածաշունչը կը մերժեն եկեղեցական անցեալի եւ այժմու ուսուցումներուն պատճառով։ Օրինակ եկեղեցին սորվեցուցած է թէ երկրագունդը տիեզերքին կեդրոնն է եւ թէ Աստուած աշխարհը ստեղծեց բառացի 6 օրուան մէջ (տե՛ս «Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն կը համապատասխանէ՞» շրջանակը)։

Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն կը համապատասխանէ՞

Աստուածաշունչը չի դաւանիր թէ ինք գիտական տեղեկութիւններ բովանդակող գիրք մըն է։ Սակայն անոր գրողները տուին կարգ մը գիտական ճշգրիտ տեղեկութիւններ, որոնք գիտնականները կը հետաքրքրեն։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ։

  • Տիեզերքը

    Երկրագունդին ու տիեզերքին տարիքը

    Գիտնականները կ’ենթադրեն թէ երկրագունդը շուրջ 4 միլիառ տարի առաջ գոյացած է եւ թէ տիեզերքը մէջտեղ եկած է շուրջ 13-14 միլիառ տարի առաջ։ Աստուածաշունչը չի նշեր թէ երկրագունդը ճիշդ ո՛ր թուականին ստեղծուեցաւ։ Ո՛չ մէկ տեղ կը նշուի թէ երկրագունդը միայն քանի մը հազար տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի։ Աստուածաշունչին առաջին համարը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Այդ համարը թոյլ կու տայ որ գիտնականներ ֆիզիքական աշխարհի տարիքը բնորոշեն՝ հիմնուելով գիտական տրամաբանական սկզբունքներու վրայ։

  • Լեռներ, բուսականութիւն եւ ջուր

    Երկրագունդը պատրաստուած է մարդուն բնակութեան համար

    Ծննդոց գրքին առաջին գլուխը կը գործածէ «օր» բառը ցոյց տալու համար այն հանգրուանները, որոնց ընթացքին երկիրը պատրաստուեցաւ ամէն տեսակ ապրող էակներու բնակութեան համար։ Այս հանգրուաններուն գագաթնակէտն էր մարդ արարածին ստեղծուիլը։ Աստուածաշունչը 6 ստեղծագործական «օրեր»ուն համար որոշ ժամանակաշրջան չի նշեր։ Փոխարէն, անիկա այժմու գիտնականներուն առիթ կու տայ, որ այս հանգրուանները ուսումնասիրեն եւ անոնց տեւողութիւնը գիտնան։ Գիտենք թէ ստեղծագործական «օրերը» 24 ժամէ բաղկացած օրերէն շա՜տ աւելի երկար են։

  • Երկրագունդը

    Երկրագունդը ինչպէ՛ս կախուած է

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երկիրը «ոչինչին վրայ» կախուած է (Յոբ 26։7)։ Որեւէ նշում չկայ թէ մեր երկիրը կեցած է հսկայի մը ուսերուն կամ կրիայի մը վրայ կայնած փիղերու կռնակներուն վրայ,– ինչպէս որ անցեալի հանրածանօթ հեքիաթները կը նկարագրեն։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը առիթ կու տայ որ գիտութիւնը յայտնաբերումներ ընէ։ Ժամանակի ընթացքին, Նիքոլաուս Կոպեռնիկոս եւ Եոհաննէս Քէփլըր նկարագրեցին թէ մոլորակները ինչպէ՛ս անտեսանելի ուժով մը արեւին շուրջ կը դառնան։ Իսահակ Նեւտոն յետագային ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս ձգողութիւնը անջրպետին մէջ ամէն բանի շարժումը կը ղեկավարէ։

  • Մանրէներ

    Առողջապահական սովորութիւններու առնչուող ուղղութիւններ

    Վարակիչ հիւանդութիւններէ խուսափելու նկատմամբ, Ղեւտացւոց գիրքը կը բովանդակէ իսրայէլ ազգին տրուած ուղղութիւններ, ներառեալ՝ մաքրանոցը։ Իսկ առողջապահութեան նկատմամբ, Բ. Օրինաց 23։12, 13–ին մէջ արձանագրուած օրէնքը իսրայէլացիներուն պատուէր կու տար, որ իրենց աղիքները պարպէին բանակավայրէն դուրս։ Անոնք պէտք էր որ ‘դուրս տրուածը ծածկէին’ հողին մէջ։ Միայն վերջին 200 տարիներուն ընթացքին է որ գիտնականներ ու բժիշկներ այսպիսի չափանիշներու կարեւորութեան անդրադարձած են։

Աստուածաշունչին մէջ նշուած այս տեղեկութիւնը գրուած է դարե՜ր առաջ։ Այդ գրողները ինչպէ՞ս այսպիսի ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, երբ այդ ատենուան ամէնէն գիտուն մարդիկը այս իրողութիւնները չէին գիտեր։ Աստուածաշունչին Հեղինակը կը պատասխանէ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսայի 55։9)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել