Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 10/1 էջ 3
  • Մարդիկ ինչո՞ւ կ’աղօթեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարդիկ ինչո՞ւ կ’աղօթեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Եհովա մեզ կը լսէ՞
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 10/1 էջ 3

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՂՕԹԵԼԸ ՕԳՈՒՏ ՄԸ ՈՒՆԻ՞

Մարդիկ ինչո՞ւ կ’աղօթեն

«Շատ խաղամոլ էի։ Կ’աղօթէի որպէսզի մեծ գումար մը շահիմ, բայց ասիկա բնա՛ւ չպատահեցաւ» (Սամուէլa, Քենիա)։

«Դպրոցը միայն մեր գոց սորված աղօթքները կ’արտասանէինք» (Թերեսա, Ֆիլիփիններ)։

«Կ’աղօթեմ երբ խնդիրներ ունենամ։ Կ’աղօթեմ մեղքերուս ներում խնդրելու եւ աւելի լաւ քրիստոնեայ մը ըլլալու համար» (Մակտալին, Կանա)։

1) Մարդ մը խաղատան մէջ կ’աղօթէ, 2) Աղջիկ մը դպրոցը կ’աղօթէ, 3) Կին մը կ’աղօթէ

Սամուէլին, Թերեսային եւ Մակտալինին ըսածները ցոյց կու տան, որ մարդիկ շատ մը պատճառներու համար կ’աղօթեն, ոմանք ուրիշներէ աւելի պատշաճ մղումներով։ Ոմանք սրտանց կ’աղօթեն, իսկ ուրիշներ՝ առանց զգացումի։ Հարիւր միլիոնաւորներ պէտքը կը զգան աղօթելու, թերեւս որպէսզի դպրոցը քննութեան մէջ յաջողին, իրենց նախընտրած մարզախումբը յաղթէ, իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ունենան կամ ուրիշ շատ մը պատճառներու համար։ Մէջտեղ եկած է թէ նոյնիսկ անոնք որոնք որեւէ կրօնքի չեն հետեւիր, կանոնաւորաբար կ’աղօթեն։

Կ’աղօթե՞ս։ Եթէ այո, ինչի՞ մասին։ Աղօթելու սովորութիւն ունենաս կամ ոչ, թերեւս հարցնես. «Աղօթելը իսկապէս օգուտ մը ունի՞։ Լսող մը կա՞յ»։ Գրող մը ըսաւ, որ աղօթքը պարզապէս «դարմանումի մէկ ձեւ է. . . ճիշդ ինչպէս որ սիրունիկ ձուկիդ հետ խօսիլը դարմանում է»։ Կարգ մը բժշկական հեղինակութիւններ նոյնանման կարծիք մը ունին եւ աղօթքը «փոխընտրական բժշկութիւն» կը կոչեն։ Աղօթողներուն ըրածը միմիայն անիմաստ վարժութի՞ւն մըն է, կամ շատ–շատ՝ դարմանում ստանա՞լ է։

Ասոր հակառակը, ըստ Աստուածաշունչին՝ աղօթքը դարմանումի ձեւէ մը աւելին է։ Ատիկա կը նշէ թէ անձ մը իսկապէս մտիկ կ’ընէ այն աղօթքները, որոնք ճիշդ կերպով եւ պատշաճ բաներու համար կ’ըսուին։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Փաստերը նկատի առնենք։

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել