Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 12/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով կը պաշտեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ճշմարտութեան Աստուածը ընդօրինակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Ճշմարտութիւնը գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 12/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Կրնա՞նք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։

Եհովայի վկայ մը կը քարոզէ տղամարդու մը զբօսավայրի մը մէջ

Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)

Աստուած մարդոց հետ հաղորդակցած է։ Ան իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժը գործածեց, իր մտածումները Աստուածաշունչի գրողներուն մտքին մէջ դնելու համար (Բ. Պետրոս 1։20, 21)։ Աստուածաշունչը կարդալով, մենք կրնանք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած ինքն իր մասին շա՛տ բան կը յայտնէ։ Ան մեզի կը գիտցնէ թէ մարդկային կեանքը ինչո՛ւ ստեղծած է, մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ եւ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ մեր կեանքը վարենք (Գործք 17։24-27)։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իրեն մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։

Աստուած ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը սիրողներէն կ’ախորժի։

Եհովան ճշմարտութեան Աստուածն է եւ ան իր Որդին՝ Յիսուսը ղրկեց մարդկութեան ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար։ Ուստի ճշմարտութիւնը սիրողները Յիսուսով կը հրապուրուին (Յովհաննէս 18։37)։ Աստուած կ’ուզէ որ այսպիսի մարդիկ զինք պաշտեն (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24)։

Բանսարկու Սատանան արգելք հանդիսացած է որ շատեր Աստուած ճանչնան, անոր մասին սխալ ուսուցումներ տարածելով (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։ Մարդիկ, որոնք բարի բաները չեն սիրեր, այսպիսի սխալ ուսուցումներով կը հրապուրուին (Հռովմայեցիս 1։25)։ Բայց միլիոնաւոր անկեղծ անհատներ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը գիտնան (կարդա՛ Գործք 17։11)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել