Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 1 էջ 11-14
  • Ինչպէ՛ս յաղթահարել անապահովութեան զգացումը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՛ս յաղթահարել անապահովութեան զգացումը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՆԱՊԱՀՈՎ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆԱԼՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
  • ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐԱՊԷՍ ՄԵԶ ԿԸ ՀՈԳԱՅ
  • ԱՊԱՀՈՎ ԶԳԱԼՈՒ ԵՐԵՔ ԿԵՐՊԵՐ
  • ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ
  • Եհովային հետ բնա՛ւ մինակ չես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Դուն շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Քու յառաջդիմութեամբդ ուրախացի՛ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 1 էջ 11-14
Հայր մը իր աղջնակը գրկած է

Ինչպէ՛ս յաղթահարել անապահովութեան զգացումը

ԵԹԷ անապահով վիճակ մը պիտի նկարագրենք, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ նորածին մանուկ մը որ անօգնական կը թուի։ Երբ աշխարհ եկանք մեր ապահովութիւնը ամբողջովին կախեալ էր մեր ծնողներէն։ Երբ սորվեցանք քալել, սկսանք տեսնել օտար անձեր, որոնք հսկաներու նման մեզ պատեցին։ Եւ երբ մեր ծնողները մեր քովը չըլլային, անոնցմէ կը վախնայինք։ Բայց ապահով կը զգայինք երբ մեր մօր կամ հօր ձեռքը բռնէինք։

Մանկութեան ժամանակ, մեր բարօրութիւնը կախեալ էր մեր ծնողքին սէրէն եւ քաջալերութենէն։ Երբ գիտակցեցանք թէ մեր ծնողները մեզ կը սիրեն, մեր ապահովութեան զգացումը զօրացաւ։ Երբ անոնք մեզի «ապրիս» ըսին, աւելի ինքնավստահ զգալով դէպի առաջ գացինք։

Երբ քիչ մը մեծցանք, դպրոցին մէջ մեր մօտիկ բարեկամներն ալ մեզի ապահովութեան զգացում տուին։ Իրենց ներկայութեամբ հանգիստ զգացինք, եւ անոնք դպրոցի մէջ տիրող լարուած վիճակը նուազեցուցին։

Անշուշտ այս խօսքերը կը նկարագրեն իտէալ մանկութիւն։ Պատանիներէն ոմանք հազիւ թէ մտերիմ ընկերներ կը գտնեն, իսկ շատ մը երեխաներ իրենց ծնողներէն քիչ աջակցութիւն կը ստանան։ «Ամէն անգամ որ տեսնեմ նկարներ համերաշխ ընտանիքներու, որոնք միասնաբար բաներ կ’ընեն, ես ինծի կը մտածեմ. ‘Երանի թէ փոքր տարիքիս այդ մէկը վայելէի’», կը խոստովանի Մէլիսանa։ Թերեւս դուն ալ նոյնպէս կը զգաս։

ԱՆԱՊԱՀՈՎ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆԱԼՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Թերեւս կանուխ տարիքիդ ինքնավստահութեան պակաս ունէիր։ Թերեւս շատ սէր եւ քաջալերութիւն չստացար։ Հաւանաբար կը յիշես ծնողներուդ միջեւ եղած անընդհատ կռիւները, որոնց արդիւնքը եղաւ ամուսնալուծում,– բաժանում մը, որուն համար ցաւօք սրտի դուն քեզ մեղադրեցիր։ Կամ նոյնիսկ աւելի գէշը, թերեւս ծնողներէդ մէկուն կծու խօսքերուն կամ ֆիզիքական վիրաւորանքին զոհը գացիր։

Անապահով զգացող զաւակ մը այսպիսի բաներու ինչպէ՞ս կը հակազդէ։ Ոմանք իրենց պատանեկութեան տարիներուն թմրեցուցիչի կամ ալքոլամոլութեան կը դիմեն։ Ուրիշներ աւազակախումբերու կը միանան՝ պատկանելիութեան զգացում փնտռելով։ Անապահով զգացող պատանիներ թերեւս ռոմանթիկ փոխյարաբերութեան կը նետուին՝ սէր եւ խանդաղատանք փնտռելով։ Բայց շատ քիչ կը պատահի որ այսպիսի փոխյարաբերութիւններ գոյատեւեն, եւ երբ յարաբերութիւն մը վերջ գտնէ մարդիկ յաճախ ա՛լ աւելի անապահով կը զգան։

Նոյնիսկ այսպիսի ծուղակներու մէջ չինկող անպաշտպան պատանիները անարժէք կը զգան մինչ կը մեծնան։ «Համոզուեցայ թէ օգուտ մը չունէի, քանի որ մայրս այս գաղափարը կրկին անգամ մտքիս մէջ դրոշմած էր», Էնան կը բացատրէ։ «Չեմ յիշեր թէ իրմէ գովասանք կամ սէր ստացած եմ»։

Անապահով մթնոլորտի մը մէջ մեծնալը անապահովութեան միակ պատճառը չէ։ Կրնանք անապահով զգալ ջախջախիչ ամուսնալուծման մը, ծերութեան դժուարութիւններուն կամ նոյնիսկ մեր դրսերեւոյթին պատճառաւ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, անիկա կրնայ մեր ուրախութիւնը խլել եւ ուրիշներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները քանդել։ Այս զգացումները յաղթահարելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐԱՊԷՍ ՄԵԶ ԿԸ ՀՈԳԱՅ

Հարկ է որ գիտնանք թէ օգնութիւն մատչելի է։ Բոլորս ունինք մէկը որ կրնա՛յ եւ կ’ուզէ՛ մեզի օգնել,– Աստուած։

Աստուած այս պատգամը տուաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսայի 41։10, 13)։ Որքա՛ն մխիթարիչ է մտածել թէ Աստուած այլաբանօրէն կ’ուզէ մեր ձեռքէն բռնել։ Պէտք չունինք մտահոգուելու։

Աստուածաշունչը կը նկարագրէ Աստուծոյ երկրպագուներ, որոնք մտահոգ ըլլալով հանդերձ սորվեցան Աստուծոյ ձեռքը բռնել։ Աննան՝ Սամուէլի մայրը, զգաց թէ ձախող մէկն էր, քանի որ չէր կրնար զաւակ բերել։ Ան յաճախ կը ծաղրուէր իր ամլութեան պատճառաւ։ Առ ի արդիւնք, Աննան իր ախորժակը կորսնցուց եւ յաճախ լացաւ (Ա. Թագաւորաց 1։6, 8)։ Բայց իր զգացումները Աստուծոյ յայտնելէ ետք, ան ա՛լ վշտահար չզգաց (Ա. Թագաւորաց 1։18)։

Սաղմոսերգու Դաւիթն ալ երբեմն անապահով զգաց։ Տարիներով Սաւուղ թագաւորը զինք կը հալածէր։ Դաւիթ քանի մը անգամ մահէն ազատեցաւ, եւ երբեմն զգաց թէ իր խնդիրները զինք կը խեղդէին (Սաղմոս 55։3-5. 69։1)։ Հակառակ ասոր ան գրեց. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես» (Սաղմոս 4։8)։

Թէ՛ Աննան եւ թէ Դաւիթը իրենց զգացական բեռները Եհովային վրայ ձգեցին, եւ տեսան թէ ան զիրենք խնամեց (Սաղմոս 55։22)։ Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնը ընել այսօր։

ԱՊԱՀՈՎ ԶԳԱԼՈՒ ԵՐԵՔ ԿԵՐՊԵՐ

1. Սորվիլ Եհովային վստահիլ որպէս Հայր։

Տղամարդ մը մինչ Աստուածաշունչը կը կարդայ կը խոկայ

Յիսուս մեզ յորդորեց որ իր Հայրը՝ «ճշմարիտ միակ Աստուած»ը ճանչնանք (Յովհաննէս 17։3, ՆԹ)։ Պօղոս առաքեալ մեզի կը վստահեցնէ. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ», գրեց Յակոբոս (Յակոբոս 4։8)։

Գիտակցիլը թէ ունինք երկնաւոր հայր մը, որ մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ, կարեւոր քայլ մըն է անապահովութեան մեր զգացումները յաղթահարելու։ Ճիշդ է որ այս վստահութիւնը կերտելը թերեւս ժամանակ առնէ, բայց շատեր տեսած են թէ անիկա օգտաւէտ է։ «Երբ Եհովան իմ Հայրս դարձաւ, վերջապէս ունեցայ մէկը որուն կրնայի ամենաներքին զգացումներս յայտնել», կ’ըսէ Գէրըլայնը։ «Ասիկա զիս շատ հանգստացուց»։

«Եհովան ինծի օգնեց որ ապահով զգամ, երբ առանց ծնողներու մնացի», կը յիշէ Ռաքէլ։ «Կրնայի իրեն խօսիլ եւ խնդրել որ խնդիրներուս նկատմամբ ինծի օգնէ։ Եւ իրապէս ալ ինծի օգնեց»b։

2. Հոգեւոր ընտանիք գտնել։

Թագաւորութեան սրահին մէջ խօսակցութիւններ

Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ զիրար եղբայրներ եւ քոյրեր նկատեն։ «Դուք ամէնքդ եղբայր էք», ըսաւ անոնց (Մատթէոս 23։9)։ Ան կ’ուզէր որ իր ճշմարիտ հետեւորդները զիրար սիրեն եւ հոգեւոր մեծ ընտանիք մը դառնան (Մատթէոս 12։48-50. Յովհաննէս 13։35)։

Եհովայի վկաներուն ժողովքները անկեղծօրէն կը ջանան իսկական հոգեւոր ընտանիքի մը ջերմութիւնն ու մխիթարութիւնը հայթայթել (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Շատեր տեսած են թէ ժողովքային հանդիպումները կը նմանին ամոքիչ իւղի, որ զգացական վէրքերը կը բուժէ։

«Ժողովքիս մէջ ունէի յատուկ բարեկամ մը, որ ցաւս կը հասկնար», կը յիշէ Էվան։ «Ան ինծի մտիկ կ’ընէր, ինծի Աստուածաշունչի համարներ կը կարդար եւ ինծի հետ կ’աղօթէր։ Վստահ կ’ըլլար որ առանձին չէի։ Ան ինծի կ’օգնէր որ խօսիմ եւ բեռս թեթեւցնեմ։ Իր աջակցութեան շնորհիւ, սկսայ աւելի ապահով զգալ»։ «Ժողովքին մէջ գտայ ‘մայր մը եւ հայր մը’», Ռաքէլ կ’աւելցնէ։ «Անոնք իրապէս զիս սիրուած եւ ապահով զգալ տուին»։

3. Ուրիշներուն սէր եւ ազնուութիւն ցոյց տալ։

Ուրիշներուն սէր եւ ազնուութիւն ցոյց տալը կ’օգնէ որ մնայուն բարեկամութիւններ մշակենք։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Եւ անկասկած պիտի տեսնենք թէ ո՛րքան սէր ցոյց տանք, ա՛յնքան ալ կը ստանանք։ «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի», Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն (Ղուկաս 6։38)։

Սէր փոխանակելով շա՛տ աւելի ապահով կը զգանք։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը նշէ, «սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կորնթացիս 13։8)։ «Գիտեմ թէ անձիս հանդէպ ունեցած կարգ մը ժխտական տեսակէտներս ճիշդ չեն», կը խոստովանի Մարիան։ «Ժխտական մտածումս կը յաղթահարեմ, ուրիշներուն օգնելով եւ անձս մոռնալով։ Միշտ գոհունակ կը զգամ երբ ուրիշներուն համար բան մը կ’ընեմ»։

Տարեց տղամարդ մը քայլակ մը կը գործածէ եւ երիտասարդ մը իրեն կ’օգնէ

ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

Վերոնշեալ քայլերը ‘կախարդական ֆորմիւլա’ մը չեն, որ վայրկեանական եւ մնայուն ամոքում կու տան։ Բայց անոնք կրնան մեծ փոփոխութիւն պատճառել։ «Տակաւին անապահովութեան զգացում ունիմ», կը խոստովանի Գէրըլայն։ «Բայց այժմ անձս ա՛լ աւելի կ’արժեւորեմ։ Գիտեմ թէ Աստուած զիս կը հոգայ, եւ ունիմ շատ մը մտերիմ բարեկամներ, որոնք եւս զիս ապահով կը զգացնեն»։ Ռաքէլ նոյնպէս կը զգայ։ «Ատեն–ատեն տխրութիւնը զիս կը ջախջախէ», կ’ըսէ ան։ «Բայց ունիմ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնց կրնամ դիմել խրատի համար եւ որոնք ինծի կ’օգնեն որ դրական տեսակէտ ունենամ։ Ամէն բանէ աւելի, ունիմ երկնաւոր Հայր մը, որուն կրնամ ամէն օր խօսիլ։ Ասիկա ամէն բան կը փոխէ»։

Աստուածաշունչը կը նկարագրէ գալիք նոր աշխարհը, ուր իւրաքանչիւրս ապահով պիտի զգանք

Նաեւ կայ մնայուն լուծում մը։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ գալիք նոր աշխարհը, ուր իւրաքանչիւրս ապահով պիտի զգանք։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։4)։ Այդ ատեն, մէկը մեզ անպաշտպան պիտի չզգացնէ, ո՛չ ալ մէկը մեզի պիտի վնասէ։ Նոյնիսկ անցեալի արմատացած վէրքեր «պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսայի 65։17, 25)։ Աստուած եւ իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուս «իսկական արդարութիւն, ՆԱ» պիտի հաստատեն։ Առ ի արդիւնք «հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան» (Եսայի 32։17)։

a Անունները փոխուած են։

b Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկեն անոնց՝ որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ աւելի մօտենալ։

Անապահովութեան զգացում

«Երբ գինով հայրս բարկութենէն կը պոռթկար, անոր երեւոյթը կը փոխուէր։ Ան կը դառնար գայլ մը, որ իր ակռաները կը սեղմէ առաջ որ իր որսին վրայ անգթօրէն յարձակի։ Իսկ ես՝ սարսափած գառնուկի մը պէս, վախէս անկիւն մը կը քաշուէի, հօրս աչքէն հեռու, յուսալով որ զիս չտեսնէ։ Գրեթէ ամէն օր այս սարսափելի ապրումները կ’ունենայի» (Գէրըլայնին մանկութեան յիշատակները)։

«Կը զգայի թէ մէկու մը չէի կրնար վստահիլ։ Կարծես թէ լերան մը գագաթը կորսուած էի եւ կը պոռայի ու կը կանչէի որ մէկը ինծի օգնէր, բայց մէկը չկար որ լսէր զիս, մէկը չկար որ ինծի ուղղութիւն տար դէպի ապահով վայր» (Էվա, վերջերս ամուսնալուծուած կին մը)։

«Հայրս յաճախ վրաս կը պոռար. ‘Դուն գէշ անձ ես. բնա՛ւ մէկը քեզ պիտի չսիրէ’։ Տարիներով փորձած եմ ինքզինքս համոզել թէ գէշ անձ մը չեմ եւ թէ ուրիշները իրապէս զիս կը սիրեն։ Կը զգայի թէ շնիկի մը նման էի, որ միշտ կը սպասէ որ մէկը զինք շոյէ, բայց այդ գուրգուրանքն իսկ չի ստանար» (Մարք, որուն հայրը զինք կը նուաստացնէր)։

«Երբեմն գրաւիչ կնոջ մը կը նայիմ եւ զինք կը համեմատեմ գեղեցիկ խոլորձի մը (orchid) հետ, որ մարդիկ պիտի ուզէին իրենց տան մէջ ունենալ։ Մինչդեռ ես կը նմանիմ սովորական որոմի մը, որով մէկը չէ հետաքրքրուած» (Մարիա, երիտասարդ կին մը՝ որ ինքզինք ստորադաս կը զգայ եւ այդ զգացումին դէմ կը պայքարի)։

«Երբ միայն 12 տարեկան էի, ծնողներս գաղթեցին եւ զիս ձգեցին երկու պզտիկ քոյրերուս հետ, որ անոնց հոգ տանիմ։ Շատ մինակ կը զգայի։ Ես կ’ուզէի որ մէկը ինծի հոգ տանէր եւ զիս գովէր։ Բայց կը զգայի թէ մեծ ու մութ անտառի մը մէջ կորսուած էի։ Թէեւ օրը օրին կեանքս կ’ապրէի, բայց կ’ուզէի այդ անտառէն դուրս փախչիլ։ Կ’ուզէի ապահով եւ ուրախ զգալ» (Ռաքէլ, գաղթող աշխատաւորներու աղջիկը)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել