Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Յունուար էջ 22-27
  • «Ձեզի հետ երթանք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեզի հետ երթանք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ԱՅԺՄՈՒ ՕԾԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ
  • ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԱՐԾԻՔ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՀԱԿԱԶԴԵՍ
  • ՊԷՏՔ ԿԱ՞Յ ԹԻՒՈՎ ՄՏԱՀՈԳՈՒԵԼՈՒ
  • Ձեզի հետ պիտի երթանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • «Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Տէրունական ընթրիքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Թագաւորութիւն մը ստանալու արժանացած են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Յունուար էջ 22-27
Ոչխարներ բլուրէ մը վար կ’իջնեն հետեւելով իրենց հովիւին

«Ձեզի հետ երթանք»

«Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (ԶԱՔ. 8։23)։

ԵՐԳԵՐ. 65, 122

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Զաքարիա 8։23–ի մարգարէութիւնը այժմ ինչպէ՞ս կը կատարուի։

  • Օծեալ քրիստոնեաները ի՞նչ կարծիք պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ (Ա. Կոր. 4։6-8)։

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք անոնց թիւով, որոնք Յիշատակատօնի ատեն հացէն կ’ուտեն ու գինիէն կը խմեն (Հռով. 9։11, 12, 16)։

1, 2. ա) Եհովան մեր օրերուն համար ի՞նչ ըսաւ որ պիտի ըլլայ։ բ) Այս յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՀՈՎԱՆ ըսաւ որ մեր օրերուն, «ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’» (Զաք. 8։23)։ Հրեայ մարդը կը պատկերացնէ սուրբ հոգիով օծուածները, որոնք նաեւ «Աստուծոյ Իսրայէլը» կը կոչուին (Գաղ. 6։16)։ Իսկ տասը մարդիկը կը պատկերացնեն երկրային յոյս ունեցողները, որոնք պատիւ կը սեպեն ընկերակցիլ այս խումբ մը օծեալներուն հետ, որոնք օրհնուած են Եհովայի կողմէ։

2 Յիսուս ալ Զաքարիա մարգարէին պէս ըսաւ, որ Աստուծոյ ծառաները միաբանութեան մէջ պիտի ըլլան։ Ան իր հետեւորդները երկու խումբով նկարագրեց՝ մէկը «պզտիկ հօտ», իսկ միւսը՝ «ուրիշ ոչխարներ». բայց ըսաւ որ երկուքն ալ «մէկ հօտ» պիտի ըլլային, «մէկ հովիւ» ունենալով (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։16)։ Սակայն, քանի որ երկու խումբեր կան, թերեւս անհատ մը հարցնէ. 1) Ուրիշ ոչխարներէ եղողները պէտք ունի՞ն գիտնալու բոլոր այն օծեալներուն անունները, որոնք ողջ են այսօր։ 2) Օծեալները ի՞նչ կարծիք պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ։ 3) Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես, երբ ժողովքիդ անդամներէն մէկը սկսի Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ։ 4) Պէ՞տք է հոգ ընես, եթէ մասնակցողներուն թիւը աւելնայ։ Մէկ առ մէկ նկատի առնենք այս հարցումներուն պատասխանները։

ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ԱՅԺՄՈՒ ՕԾԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

3. Ինչո՞ւ հնարաւոր չէ գիտնալ, թէ որո՛նք մաս պիտի կազմեն 144,000 օծեալներուն։

3 Ուրիշ ոչխարներէ եղողները պէտք ունի՞ն գիտնալու բոլոր այն օծեալներուն անունները, որոնք ողջ են այսօր։ Կարճ խօսքով՝ ո՛չ։ Բայց ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անհատ մը երկնային կոչումը ստացած ըլլայ, ասիկա չի նշանակեր թէ ա՛նպայման իր վարձատրութիւնը պիտի առնէ։ Եւ այս պատճառով է որ Սատանան «սուտ մարգարէներ» կը հանէ, որպէսզի «եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցն[է]» (Մատ. 24։24)։ Օծեալները չեն կրնար վստահօրէն ըսել որ իրենց վարձատրութիւնը պիտի ստանան, մինչեւ որ Եհովան զիրենք դատէ որպէս հաւատարիմ ծառաներ։ Այս դատուիլը կամ վերջնական կնքումը տեղի կ’ունենայ կա՛մ իրենց մահէն եւ կամ «մեծ նեղութիւնը» սկսելէն քիչ մը առաջ (Յայտ. 2։10. 7։3, 14)։ Ուստի անիմաստ է ջանք թափել, գիտնալու համար թէ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն մէջ որո՛նք ի վերջոյ մաս պիտի կազմեն 144,000 օծեալներուն[1]։

4. Եթէ կարելի չէ երկրի վրայ ապրող բոլոր օծեալներուն անունները գիտնալ, ինչպէ՞ս կրնանք անոնց ‘հետ երթալ’։

4 Ուրիշ ոչխարները ինչպէ՞ս կրնան երկրի վրայ ապրող հոգեւոր իսրայէլացիներուն ‘հետ երթալ’, եթէ անոնց անունները գիտնալու ստոյգ միջոց մը չկայ։ Զաքարիա մարգարէն ըսաւ որ այս այլաբանական տասը մարդիկը «Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ Թէեւ համարին մէջ «մարդոց» չ’ըսեր, սակայն երկու անգամ «ձեզի» ըսելով կը հասկցնէ, թէ խօսքը միայն մէկ մարդու մասին չէ։ Այս հոգեւոր հրեան, ուրեմն, պէտք է խումբ մը մարդոց ակնարկէ։ Հետեւաբար, կարիք չկայ իւրաքանչիւր օծեալի ինքնութիւնը գիտնալու եւ ապա անոր հետ երթալու։ Փոխարէն, մենք պէտք է այս օծեալներուն խո՛ւմբը զատորոշենք եւ ատոր թիկունք կանգնինք։ Սուրբ Գիրքը բնաւ չի քաջալերեր որ մարդու մը հետեւինք։ Մեր «առաջնորդ»ը Յիսուսն է (Մատ. 23։10, ՆԹ)։

ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԱՐԾԻՔ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

5. Օծեալները ո՞ր զգուշացումին վրայ լրջօրէն պէտք է մտածեն, եւ ինչո՞ւ։

5 Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողները ուշադրութեամբ նկատի պէտք է առնեն Ա. Կորնթացիս 11։27-29–ի զգուշացումը (կարդա՛)։ Պօղոսի շեշտած կէտը հետեւեալն էր. օծեալ քրիստոնեայ մը անարժանաբար մասնակցած կ’ըլլար, եթէ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութեան մէջ չըլլար (Եբ. 6։4-6. 10։26-29)։ Այս զգուշացումը օծեալներուն կը յիշեցնէ, որ տակաւին չեն վարձատրուած, հապա պէտք է շարունակե՛ն «նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին» վազել (Փլպ. 3։13-16)։

6. Օծեալ քրիստոնեաները ի՞նչ կարծիք պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ։

6 Պօղոս օծեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի. . . որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք»։ Առաքեալը նաեւ բացատրեց թէ անոնք այս մէկը կրնան ընել՝ «լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։1-3)։ Եհովայի հոգին խոնարհութիւն կը քաջալերէ եւ ո՛չ թէ գոռոզութիւն (Կող. 3։12)։ Արդ, օծեալները ամենայն համեստութեամբ կ’ընդունին, որ իրենց օծեալ ըլլալը չի նշանակեր թէ անպայման երկրային յոյս ունեցողներէն աւելի սուրբ հոգի ունին։ Անոնք չեն դաւանիր թէ յատուկ գիտելիքներ եւ յայտնութիւններ ստացած են, ո՛չ ալ կը փորձեն փաստել թէ ձեւով մը գերադաս են։ Անոնք բնաւ չեն ըսեր անհատի մը որ օծեալ եղաւ ու պէտք է որ խորհրդանիշներուն մասնակցի։ Փոխարէն, անոնք խոնարհութեամբ կը գիտակցին, թէ երկնային կոչումը միմիայն Եհովա՛ն է որ կու տայ։

7, 8. Օծեալները ի՞նչ բան չեն ակնկալեր, եւ ինչո՞ւ։

7 Ճիշդ է որ երկնային կոչում ստանալը հիանալի առանձնաշնորհում է, սակայն օծեալները ասոր ի տես յատուկ վերաբերմունք չեն ակնկալեր (Եփ. 1։18, 19. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։2, 3)։ Եհովայի հոգին առանձնաբար իրենց վկայութիւն տուաւ։ Աշխարհը յայտարարութիւն մը չլսեց։ Ուստի օծեալ մը չի զարմանար, եթէ ոմանք արագօրէն չհաւատան թէ ինք սուրբ հոգիով օծուած է։ Ան գիտէ ինչ որ Աստուածաշունչը կը խրատէ, որ անմիջապէս չհաւատանք մէկու մը, որ կը դաւանի թէ Աստուծոյ կողմէ յատուկ նշանակում մը ստացած է (Յայտ. 2։2)։ Եւ քանի որ օծեալը ուրիշներէ մասնաւոր ուշադրութիւն չ’ակնկալեր, մարդոց հետ ծանօթանալու ատեն չ’ըսեր թէ ինք օծեալ է. եւ ընդհանրապէս՝ թերեւս ոեւէ անձի ալ չնշէ այս մէկը։ Աւելին, ան չի յոխորտար պատմելով թէ ի՜նչ հոյակապ բաներ պիտի ընէ երկինքը (Ա. Կոր. 1։28, 29. կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։6-8)։

8 Ասկէ զատ, օծեալները չեն խորհիր թէ միմիայն օծեալներու հետ ժամանակ պէտք է անցընեն, կարծես ակումբի մը անդամներ ըլլան։ Անոնք չեն ջանար ուրիշ օծեալներ գտնել, որպէսզի կարենան իրարու հետ խօսիլ օծուած ըլլալու մասին կամ ունենալ յատուկ նիստեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար (Գաղ. 1։15-17)։ Եթէ օծեալները այդպէս վարուէին, ժողովքին մէջ բաժանումներ պիտի ստեղծէին եւ հետեւաբար՝ դէմ պիտի ելլէին սուրբ հոգիին, որ խաղաղութիւն եւ միութիւն կը քաջալերէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 16։17, 18)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՀԱԿԱԶԴԵՍ

9. Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոնց հետ, որոնք Յիշատակատօնի ատեն հացէն կ’ուտեն ու գինիէն կը խմեն (տե՛ս «Սէրը ‘անվայել վարմունք չ’ունենար’» շրջանակը)։

9 Ինչպէ՞ս պէտք է վարուիս անոնց հետ, որոնք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցին։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։ Ապա շարունակեց. «Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատ. 23։8-12)։ Ուստի սխալ է որոշ անհատներ ուրիշներէ բարձր դասել, նո՛յնիսկ եթէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներն են։ Երբ Սուրբ Գիրքը երէցներուն մասին կը խօսի, կ’ըսէ որ իրենց հաւատքը ընդօրինակենք, բայց կ’ըսէ որ պէտք չէ ոեւէ մարդ արարած մեր առաջնորդը ընենք (Եբ. 13։7)։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կը խօսի ոմանց մասին, որոնք «կրկին պատիւի արժանի» կը սեպուին, սակայն ասոնք յարգարժան են ո՛չ թէ իրենց օծեալ ըլլալուն համար, այլ՝ քանի որ «աղէկ վերակացութիւն» կ’ընեն եւ ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով» (Ա. Տիմ. 5։17)։ Հետեւաբար, եթէ օծեալներուն անտեղի ուշադրութիւն եւ մեծարանք ցոյց տրուի, ասիկա կրնայ զիրենք նեղ կացութեան մատնել։ Իսկ եթէ օծեալներուն յատուկ վերաբերմունք ցոյց տրուի, անոնց խոնարհութիւնը կրնայ պակսիլ, ինչ որ շատ աւելի գէշ է քան նախորդը (Հռով. 12։3)։ Եւ մեզմէ ոեւէ մէկը պիտի չուզէ Քրիստոսի եղբայրներէն մէկուն գայթակղութիւն ըլլալ (Ղուկ. 17։2)։

Եհովայի վկայ մը Յիշատակատօնի ատեն հացէն կ’ուտէ

Ինչպէ՞ս պէտք է վարուիս անհատի մը հետ, որ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի (տե՛ս պարբերութիւն 9-11)

10. Ինչպէ՞ս կրնաս յարգանք ցոյց տալ օծեալներուն։

10 Ինչպէ՞ս կրնանք յարգանք ցոյց տալ անոնց, որոնք Եհովայի կողմէ օծուած են։ Անձնական հարցումներ չենք ուղղեր իրենց օծման մասին եւ ասանկով՝ «ուրիշներու գործին խառնու[ած]» չենք ըլլար (Ա. Թես. 4։11. Բ. Թես. 3։11, ՆԹ)։ Պէտք չէ եզրակացնենք թէ օծեալներէն մէկուն ծնողքը, կողակիցը կամ ուրիշ ազգականներ նոյնպէս օծեալ պէտք է ըլլան։ Այս յոյսը ժառանգական չէ, ոչ ալ կապ ունի ամուսնութեան հետ (Ա. Թես. 2։12)։ Ասկէ զատ, պէտք չէ օծեալներու կողակիցներուն հարցուփորձ ընենք, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կը զգան՝ գիտնալով որ իրենց կողակիցը իրենց քով պիտի չըլլայ դրախտային երկրի վրայ։ Փոխանակ ցաւ պատճառող հարցումներ ուղղելու, բոլորս ալ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Եհովան իր ձեռքը պիտի բանայ եւ «ամէն կենդանիի փափաքը» պիտի լեցնէ (Սաղ. 145։16)։

11. Ինքզինքնիս ինչպէ՞ս կը պաշտպանենք, եթէ որոշ անհատներ ուրիշներէ բարձր չդասենք։

11 Անոնք որոնք օծեալներուն հետ պատշաճ կերպով կը վարուին, դարանակալ վտանգէ մը խուսափած կ’ըլլան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ժողովքին մէջ կրնան «սուտ եղբայրներ» սպրդիլ (Գաղ. 2։4, 5. Ա. Յովհ. 2։19)։ Այս խաբեբաները թերեւս նոյնիսկ դաւանին թէ օծեալ են։ Ասկէ զատ, օծեալներէն ոմանք կրնան հաւատքէն շեղիլ (Մատ. 25։10-12. Բ. Պետ. 2։20, 21)։ Արդ, եթէ ‘ասոր–անոր գովասանք չշռայլենք’, կամ որոշ անհատներ ուրիշներէ բարձր չդասենք, պիտի չհեռանանք ճշմարտութենէն երբ իրենք հեռանան. ո՛չ ալ մեր հաւատքը պիտի կորսնցնենք, երբ հանրածանօթ կամ տասնամեակներէ ծառայող քրիստոնեայ մը անհաւատարիմ դառնայ (Յուդա 16, ՆԹ)։

ՊԷՏՔ ԿԱ՞Յ ԹԻՒՈՎ ՄՏԱՀՈԳՈՒԵԼՈՒ

12, 13. Ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք անոնց թիւով, որոնք Յիշատակատօնի ատեն հացէն կ’ուտեն ու գինիէն կը խմեն։

12 Տասնամեակներ առաջ, կը տեսնէինք թէ ինչպէ՛ս Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւը կը պակսէր, սակայն վերջին տարիներուն սկսած է աւելնալ։ Պէտք կա՞յ այս հարցով մտահոգ ըլլալու։ Ո՛չ։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ։

13 «Տէրը կը ճանչնայ անոնք որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը հաշուող եղբայրները չեն կրնար դատել, թէ ո՛վ իրապէս երկնային յոյս ունի։ Մասնակցողներուն թիւին մէջ կան անոնք, որոնք կը կարծեն թէ օծեալ են բայց չեն։ Ոմանք ատեն մը հացէն ու գինիէն կ’առնէին, բայց յետագային դադրեցան մասնակցելէ։ Ուրիշներ թերեւս մտային կամ զգացական խնդիրներու պատճառով զգան, թէ Քրիստոսի հետ պիտի թագաւորեն երկինքի մէջ։ Հետեւաբար, մասնակցողներուն թիւը ճշգրտօրէն չի նշեր թէ քանի՛ օծեալ մնացեր է երկրի վրայ։

14. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՞ թէ քանի օծեալ մնացած պիտի ըլլայ երկրի վրայ երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։

14 Երկրի շատ մը վայրերու մէջ օծեալներ պիտի ըլլան, երբ Յիսուս գայ զանոնք երկինք առնելու։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս «պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը» (Մատ. 24։31)։ Ճիշդ է որ Յայտնութիւն 12։17–ին համաձայն՝ վերջին օրերուն ընթացքին օծեալներու միայն մնացորդ մը պիտի ըլլայ երկրի վրայ, սակայն Սուրբ Գիրքը չի նշեր թէ մեծ նեղութիւնը սկսած ատեն քանի՛ օծեալ մնացած պիտի ըլլայ։

15, 16. Եհովայի ընտրած 144,000–ի մասին ի՞նչ բան պէտք է ըմբռնենք։

15 Եհովա՛ն կ’որոշէ թէ մարդկային պատմութեան մէջ ե՛րբ օծեալ մը պիտի ընտրէ (Հռով. 8։28-30)։ Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, Եհովան սկսաւ օծեալներ զատել, եւ այնպէս կը թուի թէ առաջին դարու բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները օծեալներ էին։ Առաջին դարէն մինչեւ վերջին օրերուն սկիզբը, Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալ դաւանողներուն մեծամասնութիւնը սուտ քրիստոնեաներ էին։ Յիսուս զանոնք «որոմ»ի նմանցուց։ Ասով հանդերձ, Եհովան շարունակեց այդ ժամանակամիջոցին օծել կարգ մը հաւատարիմ անհատներ, որոնք Յիսուսի նկարագրած «ցորեն»ին պէս եղան (Մատ. 13։24-30)։ Վերջին օրերուն ընթացքին, Աստուած շարունակած է ընտրել մարդիկ, որոնք 144,000–ին մաս պիտի կազմեն[2]։ Եթէ Աստուած որոշած է ոմանց այս առանձնաշնորհումը տալ վերջը գալէն ճիշդ առաջ, մենք ո՞վ ենք որ իր իմաստութիւնը հարցականի տակ դնենք (Եսա. 45։9. Դան. 4։35. կարդա՛ Հռովմայեցիս 9։11, 12, 16)[3]։ Արդ՝ չնմանինք այն դժգոհ բանուորներուն, որոնք տրտնջացին երբ իրենց գործատէրը նոյն չափով վարձատրեց 11–րդ ժամուն աշխատող բանուորները (կարդա՛ Մատթէոս 20։8-15)։

16 Բոլոր երկնային յոյս ունեցողները չեն որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը կազմեն (Մատ. 24։45-47)։ Ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն, այսօր ալ Եհովան եւ Յիսուսը շատերուն հոգեւոր կերակուր կու տան քանի մը հոգիի միջոցով։ Առաջին դարուն, Եհովան միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ գործածեց Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրի առնելու համար։ Այսօր ալ միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ նշանակուած են ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր’ տալու։

17. Ի՞նչ սորվեցար այս յօդուածէն։

17 Ի՞նչ սորվեցանք այս քննարկութենէն։ Եհովան երկու տեսակ վարձատրութիւն որոշած է,– մէկը երկնային կեանք՝ հոգեւոր հրեաներուն համար, իսկ միւսը երկրային կեանք՝ այլաբանական տասը մարդոց համար։ Ան թէ՛ երկնային յոյս ունեցողներէն եւ թէ երկրային յոյս ունեցողներէն միեւնոյն հաւատարմութիւնը կը պահանջէ։ Երկու խումբերն ալ պէտք է խոնարհ մնան։ Երկու խումբերն ալ միաբանութեան մէջ պէտք է ըլլան։ Երկու խումբերն ալ ժողովքին խաղաղութիւնը պէտք է պահեն։ Ուստի, մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին կը մօտենան, բոլորս ալ շարունակենք մէկ հօտի պէս Քրիստոսին հետեւիլ եւ Եհովային ծառայել։

^ [1] (պարբերութիւն 3) Ըստ Սաղմոս 87։5, 6–ի, Աստուած թերեւս ապագային յայտնէ բոլոր անոնց անունները, որոնք երկինքի մէջ յարութիւն առած ըլլալով Յիսուսին հետ կը թագաւորեն (Հռով. 8։19)։

^ [2] (պարբերութիւն 15) Թէեւ Գործք 2։33–ը ցոյց կու տայ թէ սուրբ հոգին Յիսուսին միջոցով կը թափուի, սակայն Եհովա՛ն է որ կ’ընտրէ թէ ո՛վ պիտի օծէ իր հոգիով։

^ [3] (պարբերութիւն 15) Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 2007 թիւին «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, էջ 30-31 (անգլերէն)։

Եղբայր մը եւ իր կինը, որոնց շուրջ հաւաքուած մարդիկը զիրենք կը նկարեն

Սէրը «անվայել վարմունք չ’ունենար»

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5)։ «Անվայել վարմունք» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ կոշտ, անքաղաքավար կամ անպատշաճ կերպով վարուիլ։ Մինչդեռ քրիստոնէական սէրը ուրիշներուն զգացումները հաշուի կ’առնէ։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր քրիստոնէական սէրը ցոյց տալ անոնց, որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն,– մեր վարուելակերպով։ Երբեմն, համաժողովի մը կամ աստուածպետական դէպքի մը ընթացքին, մեզի հետ հանրածանօթ եղբայրներ ներկայ կը գտնուին, ինչպէս՝ շրջանային տեսուչներ, բեթէլականներ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ, Կառավարիչ մարմինի անդամներ եւ անոնց օգնականները։ Բնական է որ ուզենք այսպիսի եղբայրներու եւ անոնց կիներուն հանդէպ յարգալից գտնուիլ։ Սակայն, մեզմէ ո՛չ ոք պիտի ուզէ ընել ինչ որ Դիոտրեփէսը ըրաւ։ Ան չուզեց յարգել այցելու եղբայրները (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Բայց ծայրայեղութեան միւս կողմը երթալն ալ կրնայ յարգանքի պակաս ցոյց տալ։ Ինչպէ՞ս։

Թէեւ մեզի համար ուրախութիւն է հանդիպիլ եւ խօսիլ այցելու եղբայրներու եւ անոնց կիներուն հետ, սակայն եթէ զանոնք աշխարհահռչակ մարդոց տեղ դնենք, ասիկա կրնայ յարգանքի պակաս ցոյց տալ։ Արդեօք քաղաքավար եղած կ’ըլլա՞նք, զոր օրինակ, եթէ առանց արտօնութեան զիրենք նկարենք մինչ կ’ուտեն կամ այլ բաներ կ’ընեն։ Կը խնդրե՞նք իրենցմէ, որ մեր գիրքերուն եւ Աստուածաշունչերուն վրայ իրենց անունները ստորագրեն։ Կը հրմշտկե՞նք ուրիշները, որպէսզի կարենանք նա՛խ մենք նկարուիլ իրենց հետ։ Այսպիսի արարքներ վստահաբար մեր քրիստոնէական սէրը ցոյց չեն տար, այլ՝ պատճառ կ’ըլլան որ մոռնանք թէ ինչո՛ւ եկած են եւ որքա՛ն աշխատանք տարած են մեզի համար։ Եթէ նորեկներ համաժողովին մէջ այսպիսի վարմունք տեսնեն, ինչպէ՞ս պիտի ազդուին։

Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Առաջին, յիշէ՛ որ փառքն ու պատիւը Եհովային պէտք է երթայ (Յայտ. 4։10բ)։ Երկրորդ, գիտցիր թէ ի՜նչ տարբերութիւն կայ յարգելու եւ շողոքորթելու միջեւ։ Այս եղբայրներն ու իրենց սիրելի կիները կ’ուզեն որ իրենց հետ վարուինք, ոչ թէ իբրեւ համբաւաւոր անձեր, այլ՝ ինչպէս որ բոլոր հաւատակիցներուն հետ կը վարուինք (Մատ. 23։8, 9ա)։ Երրորդ, կիրարկէ՛ Ոսկի կանոնը. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատ. 7։12)։ Եթէ այս կէտերը ի մտի ունենանք, պիտի կարենանք դրսեւորել այն սէրը, որ «անվայել վարմունք չ’ունենար»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել