Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 3 էջ 5-6
  • Մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իմ վշտովս ի՞նչպէս կրնամ ապրիլ
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգնել
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • «Լացողներուն հետ լացէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 3 էջ 5-6

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

Մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել

Այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ խրատներ կան, սակայն ո՛չ բոլորը օգտակար են։ Օրինակ՝ թերեւս ոմանք քեզ խրատեն որ չլաս կամ որեւէ կերպով զգացումներդ չարտայայտես։ Ուրիշներ թերեւս քեզ մղեն որ ասոր հակառակը ընես եւ բոլոր զգացումներդ դուրս հանես։ Աստուածաշունչը աւելի հաւասարակշռուած գաղափար մը կու տայ, որ արդի ուսումնասիրութիւններուն հետ համաձայն է։

Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, եթէ էրիկմարդ մը լայ՝ էրիկմարդութենէ դուրս կ’ելլէ։ Բայց պէ՞տք է որ մէկը ամչնայ լալու, նոյնիսկ եթէ ատիկա մարդոց դիմաց ըլլայ։ Մտային առողջութեան մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ բնական է որ մէկը սգալու ժամանակ լայ։ Եւ ցաւը արտայայտելը կրնայ ժամանակի ընթացքին քեզի օգնել որ կեանքդ շարունակես, հակառակ որ մեծ կորուստ մը ունեցած ես։ Սակայն ցաւը մէջդ պահելը կրնայ օգնելու տեղ վնասել։ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ ցոյց կու տայ որ արցունք թափելը սխալ է կամ էրիկմարդութենէ դուրս է։ Օրինակ՝ մտածէ Յիսուսին մասին։ Ան իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսին մահուան առթիւ, ամէնուն առջեւ լացաւ, թէեւ զօրութիւնը ունէր որ մեռելներուն յարութիւն տայ (Յովհաննէս 11։33-35)։

Շատ անգամներ, մարդիկ ցաւին հետ բարկութիւն կ’արտայայտեն, մանաւանդ երբ անսպասելի մահ ունենան։ Սիրելի մը կորսնցուցած անհատը շատ մը պատճառներով կրնայ բարկանալ, ինչպէս՝ երբ յարգելի անձ մը անփափկանկատ բաներ ըսէ, որոնք հիմ չունին։ Մայք անունով մարդ մը, որ Հարաւային Ափրիկէէն է, կ’ըսէ. «Երբ հայրս մահացաւ, 14 տարեկան էի։ Թաղումին՝ անկլիքան քահանան ըսաւ որ Աստուած լաւ մարդոց պէտք ունի եւ զանոնք աւելի կանուխ կ’առնէ իր քովa։ Ասիկա զիս բարկացուց, քանի որ մենք հօրս շատ պէտք ունէինք։ Այժմ 63 տարի անցած է, բայց տակաւին ցաւ կը զգամ»։

Կայ նաեւ յանցաւոր ըլլալու զգացումը։ Մանաւանդ անսպասելի մահուան պարագային, անհատ մը կրնայ շարունակ մտածել՝ ‘Եթէ ես այսինչը կամ այնինչը ընէի, թերեւս այս բանը չպատահէր’։ Կամ թերեւս մեռնող անհատին հետ վերջին հանդիպումիդ ընթացքին իրարու հետ վիճեցաք։ Ասիկա կրնայ ա՛լ աւելի յանցաւոր զգացնել քեզ։

Եթէ բարկութեան կամ յանցաւոր ըլլալու զգացումները քեզ կ’ուտեն, կարեւոր է որ այս զգացումները մէջդ չպահես։ Փոխարէն՝ խօսէ՛ բարեկամի մը հետ որ քեզի մտիկ պիտի ընէ եւ վստահեցնէ, թէ շատ մը անհատներ այսպիսի անտեղի զգացումներ կ’ունենան երբ մէկը կորսնցնեն։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։

Սիրելի մը կորսնցուցած անձի մը լաւագոյն Բարեկամը կրնայ Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած ըլլալ։ Աղօթքով սիրտդ բաց անոր առջեւ, քանի որ «[քեզի] համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։ Աւելին, Աստուած կը խոստանայ որ բոլոր անոնք որոնք այս մէկը կ’ընեն, պիտի ստանան իր «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», եւ որ իրենց միտքն ու սիրտը պիտի հանգստացնէ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Նաեւ, թոյլ տուր որ Աստուած իր մխիթարիչ Խօսքով՝ Աստուածաշունչով քեզի օգնէ։ Մխիթարող համարներու ցանկ մը պատրաստէ (տե՛ս յարակից շրջանակը)։ Նոյնիսկ կրնաս անոնցմէ ոմանք գոց սորվիլ։ Այսպիսի համարներու վրայ խոկալը շատ օգտակար է, մանաւանդ երբ իրիկունը առանձին ըլլաս եւ քունդ փախչի (Եսայի 57։15)։

40 տարեկան մարդ մը, որուն Ճէք պիտի կոչենք, վերջերս իր սիրելի կինը կորսնցուց քաղցկեղի պատճառով։ Ճէք կ’ըսէ որ ատեններ ծայր աստիճան միայնակ կը զգայ։ Բայց ան գտած է որ աղօթքը կ’օգնէ։ Ան կը բացատրէ. «Երբ Եհովային աղօթեմ, բնա՛ւ միայնակ չեմ զգար։ Շատ անգամներ իրիկունը քունս կը փախչի։ Բայց երբ Աստուածաշունչէն մխիթարական համարներ կարդամ ու անոնց վրայ խոկամ, ապա աղօթքով զգացումներս Աստուծոյ առջեւ բանամ, հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն կու գայ վրաս, որ միտքս ու սիրտս կը հանգստացնէ եւ կ’օգնէ որ պառկիմ»։

Վանեսա անունով երիտասարդուհի մը իր մայրը կորսնցուց հիւանդութեան մը պատճառով։ Ինքն ալ աղօթքին զօրութիւնը զգացած է իր կեանքին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէնէն դժուար պահերուն, հազիւ որ Աստուծոյ անունը կանչէի՝ կը սկսէի աղի արցունք թափել։ Եհովան աղօթքներս մտիկ ըրաւ եւ միշտ ինծի պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ»։

Այս մարզին մէջ կարգ մը խրատատուներ կը քաջալերեն, որ սգաւորները ժամանակ տրամադրեն ուրիշներուն օգնելու կամ ծառայելու։ Ասիկա կրնայ ուրախութիւն տալ եւ մէկու մը ցաւը թեթեւցնել (Գործք 20։35)։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են, տեսած են թէ ուրիշներուն օգնութեան ձեռք տալով մեծապէս մխիթարուած են (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։

a Աստուածաշունչը այս մէկը չի սորվեցներ, հապա՝ երեք պատճառ կու տայ, թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք (Ժողովող 9։11. Յովհաննէս 8։44. Հռովմայեցիս 5։12)։

ՄԽԻԹԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՐՆԵՐ

  • Աստուած քու ցաւդ կը զգայ (Սաղմոս 55։22. Ա. Պետրոս 5։7)։

  • Աստուած իր ծառաներուն աղօթքները համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ (Սաղմոս 86։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։

  • Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ ապրին եւ ոչ թէ մեռնին (Մատթէոս 22։32)։

  • Աստուած կը խոստանայ մեռելներուն յարութիւն տալ (Եսայի 26։19. Յովհաննէս 5։28, 29)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել