ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ
Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ վերապրած է
Սուրբ Գիրքը իրապէս վերապրած է, եւ այս պատճառով այսօր կրնաս զայն ունենալ ու կարդալ։ Եւ եթէ լաւ թարգմանութիւն մը զատես, միտքդ կրնայ հանգիստ ըլլալ, որ բուն գրութիւններուն վստահելի մէկ օրինակը կը կարդասa։ Բայց Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ տոկացած է, հակառակ՝ փտութեան, հակառակութեան եւ դիտմամբ իր պատգամը փոխելու փորձերուն։ Խելք առնող պատմութիւններ կան, թէ ինչպէ՛ս վերապրած է։ Լաւ, այս գիրքը ինչո՞ւ այսքան յատուկ է։
«Ես հիմա համոզուած եմ որ իմ ունեցած Սուրբ Գիրքս՝ Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է»
Շատեր որոնք Սուրբ Գիրքը սերտեցին, սկսան Պօղոս առաքեալի կարծիքը ունենալ, որ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Անոնք կը հաւատան որ Սուրբ Գիրքը վերապրած է, քանի որ Աստուծոյ յատուկ Խօսքն է եւ քանի որ Աստուած անձնապէս պահպանած է զայն մինչեւ մեր օրերը։ Ֆայսալ, որ այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուեցաւ, ի վերջոյ որոշեց Սուրբ Գիրքը սերտելով՝ անձա՛մբ տեսնել թէ իր լսածները ճիշդ են կամ ոչ։ Ան զարմացաւ իր գտածներուն վրայ։ Շատ չանցած, ան գիտցաւ որ քրիստոնէական աշխարհի շատ մը ուսուցումները՝ Սուրբ Գիրքին մէջ չկան։ Ասկէ զատ, անոր մարմինը փուշ–փուշ եղաւ, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կարդաց, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին նկատմամբ։
Ան կ’ըսէ. «Ես հիմա համոզուած եմ որ իմ ունեցած Սուրբ Գիրքս՝ Աստուծոյ կողմէ նուէր մըն է։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ Աստուած կարողութիւն ունի որ տիեզերքը ընէ, զօրութիւն չո՞ւնի որ գիրք մը տայ մեզի եւ զայն պահպանէ։ Եթէ ‘ո՛չ’ ըսենք, թեթեւի առած կ’ըլլանք Աստուծոյ զօրութիւնը,– Ամենակարողի՛ն զօրութիւնը։ Բայց ո՞վ եմ ես որ Աստուծոյ կարողութիւնը սահմանափակեմ» (Եսայի 40։8)։
a Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը զատել» յօդուածը, այս պարբերաթերթին 1 մայիս 2008 թիւին մէջ (անգլերէն)։