ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ջանացած եմ լաւ օրինակներ ընդօրինակել
«Գիտե՞ս քանի տարեկան եմ», հարցուցի։ «Գիտեմ ճիշդ քանի տարեկան ես», պատասխանեց Իսաք Մըրէյ, որ Նիւ Եորքի Փէթըրսընէն հեռաձայնեց Քոլորատօ, հետս խօսելու։ Բացատրեմ թէ ինչպէ՛ս հասանք այդ խօսակցութեան։
ԾՆԱԾ եմ 10 դեկտեմբեր 1936–ին, ԱՄՆ–ի Ուիչիթա քաղաքին մէջ, Քանսաս։ Մենք չորս պզտիկ էինք ու ես անդրանիկն էի։ Ծնողքս՝ Ուիլիամ եւ Ճին, Եհովային հաւատարիմ ծառաներ էին։ Հայրս միաւորի ծառայ էր, որ հիմա կը կոչուի երէցներու մարմինի համակարգող։ Մայրս ճշմարտութիւնը սորվեցաւ իր մօրմէն՝ Էմա Ուէկնըր։ Էման ճշմարտութիւնը սորվեցուց շատ մը անհատներու, մէջը ըլլալով Կէրթրուտ Սթիլ, որ տարիներով Բորթօ Ռիքոյի մէջ ծառայեց որպէս միսիոնարa։ Այսպիսով, առջեւս ընդօրինակուելիք շատ մը լաւ օրինակներ ունէի։
ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅԻՇԵՄ
Հայրս թաղին անկիւնը կեցած՝ անցնողներուն պարբերաթերթ կ’առաջարկէ
Երբ հինգ տարեկան էի, շաբաթ երեկոյ մը հայրս ու ես Դիտարան եւ Մխիթարութիւն (այժմ Զարթի՛ր) պարբերաթերթերը կ’առաջարկէինք անցնող–գացողներուն։ Այդ ժամանակ, երկիրը մեծապէս կը մասնակցէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին։ Սակայն հայրս չէզոք էր։ Գինով բժիշկ մը եկաւ եւ խօսք զարկաւ հօրս, ըսելով որ ան վախկոտ էր եւ պատերազմին մասնակցելէ փախուստ կու տար։ Բժիշկը իր դէմքը հօրս դէմքին մօտեցնելով ըսաւ. «Հայտէ նայիմ, զարկ ինծի, վախկոտ ճուտիկ»։ Ես շատ վախցայ, բայց բերանս բաց մնաց հօրս վարմունքին համար։ Ան պարզապէս շարունակեց պարբերաթերթերը առաջարկել հաւաքուած ամբոխին։ Ետքը, զինուոր մը անցաւ եւ բժիշկը պոռաց. «Այս վախկոտ ճուտիկին ի՞նչ պիտի ընես»։ Զինուորը նկատելով թէ ան գինով է՝ ըսաւ. «Տո՛ւն գնա եւ ինքզինքիդ եկուր»։ Երկուքն ալ ձգեցին գացին։ Շատ երախտապարտ եմ որ Եհովան քաջութիւն տուաւ հօրս։ Ան Ուիչիթային մէջ երկու սափրիչանոց ունէր, եւ բժիշկը իր յաճախորդն էր։
Ծնողքիս հետ՝ Ուիչիթայի մէջ համաժողովի կ’երթանք 1940–ականներուն
Երբ ութ տարեկան էի, ծնողքս իրենց տունն ու երկու խանութները ծախեցին եւ շարժական պզտիկ տուն մը շինեցին։ Ետքը, փոխադրուեցանք Քոլորատօ, Կրէնտ Ճընքշընին մօտ, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կար։ Ծնողքս ռահվիրայութիւն կ’ընէին եւ մասնակի ժամով կ’աշխատէին, հողագործութիւն ընելով եւ անասուններ պահելով։ Եհովային օրհնութեամբ եւ իրենց ծանր աշխատանքով, ժողովք մը հաստատուեցաւ։ Հոն, 20 յունիս 1948–ին, հայրս զիս մկրտեց լեռնային գետի մը մէջ։ Հետս մկրտուեցան ուրիշներ որոնք ճշմարտութիւնը ընդունած էին, մէջը ըլլալով Պիլլի Նիգըլզ եւ իր կինը։ Յետագային, անոնք մասնակցեցան շրջանային գործին, ինչպէս նաեւ անոնց տղան ու հարսը։
Լաւ բարեկամներ էինք շատերու հետ, որոնք զբաղած էին Եհովային ծառայելով, նամանաւանդ Սթիլ ընտանիքին հետ՝ Տան եւ Ըրլին, Տեյվ եւ Ճուլիա, եւ Սայ ու Մարթա։ Հաճոյք կ’առնէինք անոնց հետ Սուրբ Գիրքը քննարկելէ եւ անոնք կեանքիս շատ ազդեցին։ Անոնք ինծի ցուցուցին թէ երբ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնենք, մեր կեանքը իսկական իմաստ կ’ունենայ եւ ուրախ կ’ըլլանք։
ՆՈՐԷՆ ԿԸ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻՆՔ
Երբ 19 տարեկան էի, մեր բարեկամներէն մէկը՝ Պըտ Հէյսդի ինձմէ խնդրեց որ իրեն հետ ռահվիրայութիւն ընեմ Միացեալ Նահանգներուն հարաւը։ Շրջանային տեսուչը մեզմէ խնդրեց որ Լուիզիանա նահանգին Ռըսթըն քաղաքը փոխադրուինք, ուր կարգ մը Վկաներ անգործունեայ դարձած էին։ Ան մեզի ըսաւ որ ամէն շաբաթ բոլոր ժողովները գումարենք, չնայած թէ քանի հոգի ներկայ կ’ըլլան։ Յարմար տեղ մը գտանք եւ զայն շտկեցինք։ Բոլոր ժողովները կը գումարէինք, բայց որոշ ժամանակ մը, մեզմէ զատ մէկը չէր գար։ Կարգով՝ մեզմէ մէկը նիւթը կը ներկայացնէր, իսկ միւսը բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէր։ Եթէ ցուցադրութիւն ըլլար, երկուքս բեմ կ’ելլէինք եւ նստող մէկը չէր մնար։ Վերջապէս տարեց քոյր մը սկսաւ ներկայ ըլլալ։ Ժամանակի ընթացքին, կարգ մը Աստուածաշունչի աշակերտներ եւ անգործունեաներ սկսան ժողովի գալ, եւ շատ չանցած՝ աճող ժողովք մը դարձանք։
Օր մը, Պըտ եւ ես հանդիպեցանք «Քրիստոսի եկեղեցի»էն եղող կղերականի մը։ Ան մեզի խօսեցաւ ինծի ծանօթ չեղող համարներու շուրջ։ Ասիկա զիս ցնցեց եւ ձգեց որ աւելի խոր կերպով մտածեմ հաւատալիքներուս մասին։ Լման շաբաթը, իրիկուան լոյսին վերջը բերի, մինչեւ որ իր հարցումներուն պատասխանները գտնեմ։ Ասիկա ինծի օգնեց որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնս զօրացնեմ։ Անկէ ետք, անհամբեր կը սպասէի որ ուրիշ քարոզիչի մը հանդիպիմ։
Ատկէ շատ չանցած, շրջանային տեսուչը ինձմէ խնդրեց որ Արքանսաս նահանգի Էլ Տորատօ քաղաքը փոխադրուիմ, որպէսզի այդտեղի ժողովքին օգնեմ։ Մինչ հոն էի, քանի մը անգամ Քոլորատօ գացի–եկայ, որպէսզի ներկայանամ զինուորագրական խորհուրդին առջեւ, որ կ’որոշէր թէ ո՛վ պիտի երթար զինուորութեան։ Անգամ մը, մինչ կարգ մը ռահվիրաներ ու ես ինքնաշարժովս կը ճամբորդէինք, Թեքսասի մէջ արկած ունեցանք եւ ինքնաշարժս թափուելիք եղաւ։ Եղբօր մը հեռաձայնեցինք եւ ան եկաւ ու մեզ տարաւ իր տունը եւ ետքը՝ ժողովի։ Հոն յայտարարեցին մեր ունեցած արկածը, եւ եղբայրները ազնուօրէն դրամ տուին մեզի։ Եղբայրը նաեւ ինքնաշարժս ծախեց 25 տոլարի փոխարէն։
Կրցանք կերպով մը Ուիչիթա երթալ, ուր Է. Ֆ. ՄքՔարթնի ռահվիրայութիւն կ’ընէր։ Ան մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամներէն մէկն էր։ Անոր երկուորեակ տղաքը՝ Ֆրէնք եւ Ֆրանսիս, ամէնէն մտերիմ բարեկամներս են մինչեւ այսօր։ Անոնք հին ինքնաշարժ մը ունէին, որ ինծի ծախեցին ճիշդ ծախած ինքնաշարժիս գինով՝ 25 տոլար։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ յստակօրէն տեսայ, թէ Եհովան ինծի պէտք եղածը տուաւ, քանի որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնէի։ Այս այցելութեան, ՄքՔարթնի ընտանիքը զիս ծանօթացուցին աղուոր քրոջ մը՝ Պէթըլ Քրէյն։ Իր մայրը՝ Ռութ,– նախանձախնդիր Վկայ մը՝ Քանսաս նահանգի Ուէլինկթըն քաղաքին մէջ,– շարունակեց ռահվիրայութիւն ընել մինչեւ իր 90–ական տարիքը։ Մէկ տարի չանցած, 1958–ին, Պէթըլ ու ես ամուսնացանք եւ ան սկսաւ ինծի հետ ռահվիրայութիւն ընել Էլ Տորատոյի մէջ։
ՀՈՅԱԿԱՊ ՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Ուզեցինք մեր առջեւ եղած լաւ օրինակները ընդօրինակել, եւ այսպիսով որոշեցինք որ պիտի ընդունինք ի՛նչ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը խնդրէ մեզմէ։ Արքանսաս նահանգին Ուոլնըթ Ռիճ քաղաքին մէջ նշանակուեցանք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Ետքը՝ 1962–ին, հրճուեցանք երբ հրաւիրուեցանք Գաղաադի դպրոցին 37–րդ դասարանին։ Շատ ուրախացանք երբ տեսանք թէ Տան Սթիլն ալ մեր դասարանն էր։ Երբ աւարտեցինք, Պէթըլ եւ ես նշանակուեցանք Նայրոպի, Քենիա։ Մինչ Նիւ Եորքէն կը մեկնէինք սրտերնիս կտոր–կտոր եղաւ, բայց երբ եղբայրները մեզ դիմաւորեցին Նայրոպիի օդակայանին մէջ, սրտերնիս բացուեցաւ։
Նայրոպիի մէջ ծառայութեան ժամանակ, Մէրի եւ Քրիս Քէնայայի հետ
Շուտով սիրեցինք Քենիան եւ այդտեղի ծառայութիւնը։ Քրիս եւ Մէրի Քէնայա մեր առաջին Աստուածաշունչի աշակերտներն էին որ ճշմարտութեան եկան։ Անոնք մինչեւ այսօր լիաժամ կը ծառայեն Քենիայի մէջ։ Յաջորդ տարին, մեզմէ խնդրուեցաւ որ երթանք Գամբալա, Ուկանտա։ Այդտեղի առաջին միսիոնարներն էինք։ Շատ հաճելի ժամանակներ անցուցինք, քանի որ շատեր ախորժակով կ’ուզէին Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները սորվիլ։ Յետագային, անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերը դարձան։ Բայց Ափրիկէի մէջ երեքուկէս տարի անցընելէ ետք, Միացեալ Նահանգներ վերադարձանք, որպէսզի հոն պզտիկ ունենանք։ Այդ օրը որ Ափրիկէէն մեկնեցանք, սրտերնիս աւելի կտոր–կտոր եղաւ, քան՝ երբ Նիւ Եորքէն մեկնեցանք։ Կը սիրէինք ափրիկեցիները եւ յուսացինք որ օր մը վերադառնանք։
ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ
Տեղաւորուեցանք Քոլորատոյի արեւմուտքը, ուր ծնողքս կ’ապրէր։ Շատ չանցած, առաջին աղջիկս՝ Քիմպըրլին ծնաւ, եւ 17 ամիս ետք՝ Սթեֆանին։ Շատ լուրջի առինք ծնողք ըլլալու մեր նոր նշանակումը, եւ մտքերնիս դրինք որ ճշմարտութիւնը ցանենք մեր սիրունիկ աղջիկներուն մէջ։ Ուզեցինք ընդօրինակել այն լաւ օրինակները որ տեսած էինք։ Գիտէինք թէ լաւ օրինակը շատ կ’ազդէ պզտիկներուն, բայց ասիկա ըսել չէ որ անոնք անպայման Եհովային պիտի ծառայեն երբ մեծնան։ Ցաւօք սրտի, եղբայրս ու քոյրս ճշմարտութիւնը ձգեցին։ Կը յուսամ որ անոնք դարձեալ ընդօրինակեն այն լաւ օրինակները որ իրե՛նք ալ տեսած էին։
Հաճոյքով կը մեծցնէինք մեր պզտիկները եւ միշտ կը փորձէինք ընտանեօք բաներ ընել։ Որովհետեւ կ’ապրէինք Քոլորատօ նահանգին Էսբըն քաղաքին մօտ, սքի ընել սորվեցանք որպէսզի ատեն–ատեն միասին սքիի ելլենք։ Ասիկա մեզի առիթ տուաւ որ աղջիկներուն հետ խօսակցինք, մինչ սքիի վերելակը կը հեծնէինք։ Նաեւ միասին բանակելու կ’երթայինք եւ կրակին շուրջ շատ հաճելի խօսակցութիւններ կ’ունենայինք։ Հակառակ որ անոնք պզտիկ էին, այսպիսի հարցումներ կը հարցնէին՝ «Երբ մեծնամ, ի՞նչ պիտի ընեմ» եւ «Ինչպիսի՞ ամուսին մը կ’ուզեմ»։ Մեր ամէն կարելին կ’ընէինք որ Եհովային չափանիշները ցանենք մեր աղջիկներուն մտքին եւ սրտին մէջ։ Միշտ զիրենք կը քաջալերէինք որ լիաժամ ծառայութեան մասնակցելու նպատակակէտը դնեն, եւ ամուսնանան միայն մէկու մը հետ որ իրենց նպատակակէտը ունի։ Նաեւ փորձեցինք իրենց օգնել որ հասկնան, թէ լաւ է որ պզտիկ տարիքի չամուսնանան։ Միշտ կ’ըսէինք. «Ամուրի՛ մնա առնուազն մինչեւ 23 տարեկան»։
Մեր ծնողներուն պէս շատ ջանք թափեցինք որ ժողովներուն ներկայ ըլլանք եւ որպէս ընտանիք կանոնաւորաբար ծառայութեան ելլենք։ Կարգադրութիւն ըրինք որ ատեն–ատեն կարգ մը լիաժամ ծառայողներ մեր տունը մնան։ Նաեւ, շատ անգամներ կը պատմէինք թէ որքա՜ն կը սիրէինք միսիոնարական ծառայութիւնը։ Ըսինք թէ կը փափաքինք որ օր մը միասին ճամբորդենք Ափրիկէ։ Մեր աղջիկները շատ ուրախ էին այս գաղափարով։
Միշտ կանոնաւորաբար ընտանեկան ուսումնասիրութիւն կ’ընէինք, որուն ընթացքին նկատի կ’առնէինք թէ դպրոցին մէջ ի՛նչ պարագաներու առջեւ կրնային գտնուիլ։ Աղջիկները կ’առնէին Վկաներուն դերը որ հարցումներուն պիտի պատասխանեն։ Ասիկա իրենց հաճոյք կը պատճառէր եւ ինքնավստահութիւն կու տար։ Երբ քիչ մը աւելի մեծցան, ատեններ չէին ուզեր ընտանեկան ուսումնասիրութիւն ընել։ Անգամ մը ա՛յնքան յուսախաբ էի որ իրենց ըսի որ սենեակ երթան, քանի որ ուսումնասիրութիւն պիտի չընենք։ Անոնք օդէն ինկան ու սկսան լալ եւ ըսին որ կ’ուզեն ուսումնասիրել։ Ատկէ ետք, սկսանք անդրադառնալ որ իսկապէս իրենց կ’օգնէինք որ հոգեւոր բաները գնահատեն։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք սկսան ուսումնասիրութիւնը սիրել եւ զիրենք զգացուցինք որ ազատօրէն կրնան մեզի արտայայտել իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Սակայն ատեններ դժուար պարագայի առջեւ կ’ըլլայինք, երբ մեզի ըսէին թէ ճշմարտութեան մէջ որոշ կէտի մը հետ համաձայն չեն։ Բայց կրցանք ճիշդ իրենց սրտին մէջինը գիտնալ։ Երբ իրենց հետ տրամաբանէինք, Եհովայի մտածելակերպին կը համաձայնէին։
Ա՛Լ ԱՒԵԼԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պզտիկ մեծցնելը մեր յուսացածէն աւելի արագ անցաւ։ Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութիւններէն օգտուելով մեր լաւագոյնը ըրինք որ իրենց սորվեցնենք Եհովան սիրել։ Շատ ուրախ էինք երբ մեր երկու աղջիկներն ալ ռահվիրայութեան սկսան բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք։ Անոնք նաեւ սորվեցան կարգ մը ձիրքեր, որպէսզի կարենան իրենց դրամական ծախսերը գոցել։ Անոնք ուրիշ երկու քոյրերու հետ փոխադրուեցան Թենըսի նահանգին Քլիվլէնտ քաղաքը, որպէսզի ծառայեն ո՛ւր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Զիրենք շատ կը կարօտնայինք, բայց ուրախ էինք որ լիաժամ ծառայութեան մէջ կ’անցընէին իրենց կեանքը։ Ետքը, Պէթըլ եւ ես դարձեալ սկսանք ռահվիրայութիւն ընել, եւ ատոր պատճառաւ առանձնաշնորհումը ունեցայ որ ծառայեմ որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող, ինչպէս նաեւ համաժողովներուն մէջ։
Առաջ որ Թենըսի փոխադրուին, մեր աղջիկները ճամբորդեցին Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքը եւ այցելեցին մասնաճիւղը։ Այդ ժամանակ Սթեֆանին 19 տարեկան էր եւ հոն ծանօթացաւ Փոլ Նորթընին, որ երիտասարդ բեթէլական մըն էր։ Ետքը, անոնք դարձեալ հոն ճամբորդեցին, եւ այս անգամ Քիմպըրլին ծանօթացաւ Փոլին գործակիցներէն մէկուն՝ Պրայըն Լէուէլլին։ Փոլը եւ Սթեֆանին ամուսնացան (23 տարեկան ըլլալէ ետք)։ Յաջորդ տարին, Պրայընը եւ Քիմպըրլին ամուսնացան (երբ 25 տարեկան էր)։ Ուրեմն, անոնք ամուրի մնացին մինչեւ որ առնուազն 23 տարեկան եղան։ Մենք ամբողջ սրտով յօժար էինք իրենց զատած կողակիցներուն։
Փոլին, Սթեֆանիին, Քիմպըրլիին եւ Պրայընին հետ, Մալաուիի մասնաճիւղին մէջ, 2002–ին
Մեր աղջիկները մեզի ըսած են թէ մեր եւ մեր ծնողներուն օրինակները իրենց օգնած են որ ‘առաջ խնդրեն թագաւորութիւնը’, նոյնիսկ երբ դրամական խնդիրներ ունեցած են (Մատ. 6։33)։ Ապրիլ 1998–ին, Փոլը եւ Սթեֆանին հրաւիրուեցան Գաղաադու դպրոցին 105–րդ դասարանին, եւ ետքը նշանակուեցան Մալաուի, Ափրիկէ։ Նոյն ատեն, Պրայընը եւ Քիմպըրլին հրաւիրուեցան որ Լոնտոնի Բեթէլին մէջ ծառայեն, եւ ետքը զիրենք փոխադրեցին Մալաուիի Բեթէլը։ Վերջին ծայր ուրախ էինք, քանի որ անոնք այսպիսով լաւագոյն կերպով կը գործածէին իրենց կեանքը որպէս երիտասարդներ։
ՈՒՐԻՇ ՀՈՅԱԿԱՊ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸ
Յունուար 2001–ին, սկիզբը նշուած հեռաձայնը եկաւ ինծի։ Եղբայր Մըրէյ, որ Թարգմանութեան սպասարկութեանց բաժանմունքին տեսուչն էր, բացատրեց որ եղբայրները կը պատրաստէին դասընթացք մը, որ աշխարհի չորս կողմը եղող թարգմանիչներուն պիտի օգնէր որ անգլերէն գրութիւնը աւելի լաւ հասկնան։ Հակառակ որ 64 տարեկան էի, անոնք կ’ուզէին զիս մարզել որ ուսուցիչներէն մէկը ըլլամ։ Պէթըլ եւ ես ասոր մասին աղօթեցինք եւ մեր տարեց մայրերուն հետ խօսեցանք այս հարցին շուրջ, որպէսզի մեզի խրատ տան։ Երկուքն ալ ուզեցին որ երթանք, հակառակ որ մեր օգնութեան պէտք ունէին։ Եղբայրներուն հեռաձայնեցի եւ ըսի որ շատ ուրախութեամբ կ’ընդունինք այս առանձնաշնորհումը։
Ետքը, մէջտեղ ելաւ որ մայրս քաղցկեղ ունի։ Իրեն ըսի որ պիտի մնանք եւ քրոջս՝ Լինտային օգնենք որ իրեն հոգ տանի։ Մայրս ըսաւ. «Ասանկ բան մը պիտի չընես։ Եթէ չերթաս, աւելի գէշ պիտի զգամ»։ Լինտան ալ նոյնպէս կը մտածէր։ Որքա՜ն գնահատեցինք իրենց անձնազոհ ոգին, ինչպէս նաեւ շրջանին եղբայրներուն եւ քոյրերուն տուած օգնութիւնը։ Մեկնեցանք Փէթըրսընի Դիտարանի կրթական կեդրոնը, եւ յաջորդ օրը՝ Լինտան հեռաձայնեց եւ ըսաւ որ մայրս մահացաւ։ Մեր նոր գործով զբաղած մնացինք, ճիշդ ինչպէս որ մայրս մեզ պիտի քաջալերէր որ ընենք։
Շատ հրճուեցանք երբ գիտցանք թէ նախ պիտի այցելենք Մալաուիի մասնաճիւղը, ուր մեր երկու աղջիկները կը ծառայէին իրենց ամուսիններուն հետ։ Ի՜նչ աղուոր էր որ ընտանիքը դարձեալ միացաւ։ Դասընթացքը տուինք նաեւ Զիմպապուէի եւ Զամպիայի մէջ։ Երեքուկէս տարի դասընթացքը սորվեցնելէ ետք, մեզմէ խնդրուեցաւ որ Մալաուի վերադառնանք, որպէսզի գրենք այն Վկաներուն փորձառութիւնները, որոնք հալածուած էին իրենց չէզոքութեան համարb։
Մեր թոռնիկներուն հետ ծառայութեան ատեն
2005–ին, դարձեալ սրտերնիս կտոր–կտոր ըլլալով վերադարձանք Պըսոլթ, Քոլորատօ։ Տակաւին կը շարունակենք ռահվիրայութիւն ընել։ 2006–ին, Պրայընը եւ Քիմպըրլին մեր քովի տունը փոխադրուեցան, որպէսզի հոն մեծցնեն իրենց երկու աղջիկները՝ Մըքենզի եւ Էլիզապէթ։ Փոլը եւ Սթեֆանին տակաւին Մալաուիի մէջ են, եւ Փոլը Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամն է։ Հիմա որ գրեթէ 80 տարեկան եմ, շատ կ’ուրախանամ տեսնելով ինձմէ աւելի երիտասարդ եղբայրներ, որոնց հետ երկար տարիներ աշխատած եմ, այժմ կը շալկեն իմ պատասխանատուութիւններս։ Մեր կեանքին ընթացքին ջանք թափած ենք որ մեր առջեւ եղած լաւ օրինակները ընդօրինակենք՝ մեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն օգտին համար։ Ասիկա իրապէս ուրախութիւն տուած է մեզի։
a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 1956 թիւը, էջ 269-272 եւ 15 մարտ 1971 թիւը, էջ 186-190, որպէսզի տեղեկութիւն առնես Սթիլ ընտանիքին կարգ մը անդամներուն միսիոնարական գործունէութիւններուն մասին։
b Օրինակ՝ տե՛ս Դրոֆիմ Նսոմպայի կենսագրութիւնը Դիտարան–ի 15 ապրիլ 2015 թիւին մէջ, էջ 14-18։