ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՉՈՐՍ ՁԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՐՇԱՒԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԱԶԴԷ ՔԵԶԻ
Չորս ձիաւորները ինչպէ՞ս կը նկատես
Անոնք յառաջ կ’երթան. անոնց աղմուկը կ’որոտայ։ Չորս ձիերուն եւ անոնց ձիաւորներուն գծած նկարը այնքա՛ն իրական է, որ կը կարծես թէ Աստուածաշունչի էջերէն դուրս պիտի ցատկէ։ Առաջին ձին ճերմակ է, իսկ ատոր ձիաւորը փառաւոր է եւ նոր թագադրուած թագաւոր մըն է։ Իր ետեւէն կու գայ շառագոյն ձի մը։ Ատոր ձիաւորը խաղաղութիւնը կը վերցնէ ամբողջ երկրէն։ Ետքը կու գայ երրորդ ձին։ Ատիկա սեփ–սեւ է, իսկ ատոր ձիաւորը իր ձեռքը կշիռք մը ունի։ Ձայն մը կը լսուի, որ կ’ըսէ թէ հիմնական ուտելիքներու պակաս կայ։ Չորրորդը դեղին գոյնով ձի մըն է, որ հիւանդութիւն եւ ուրիշ մահացու բաներ կը բերէ, իսկ ատոր ձիաւորը Մահն է։ Ատոր ետեւէն կ’երթայ Գերեզմանը եւ մեծ թիւով կեանքեր կը քաղէ (Յայտնութիւն 6։1-8)։
«Առաջին անգամ որ չորս ձիաւորներուն մասին կարդացի, վախցայ։ Զգացի թէ Դատաստանի օրը կու գայ եւ ես պիտի չվերապրիմ, քանի որ պատրաստ չեմ» (Քրիսթըլ)։
«Զմայլեցայ չորս ձիաւորներուն վրայ, որոնք տարբեր գոյներ ունեցող ձիերու վրայ էին։ Մէյ մը որ հասկցայ թէ տեսիլքին նշանակութիւնը ինչ է, սկսայ ամէն բան իրարու կապել» (Էտ)։
Աստուածաշունչի վերջին գիրքին՝ Յայտնութեան չորս ձիաւորներուն նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս. Քրիսթըլի՞ն պէս, թէ՞ Էտին պէս։ Ամէն պարագայի, այդ ձիաւորներուն արշաւը՝ Յայտնութիւն գիրքին մէջ եղող ամէնէն շատ ճանչցուած տեսարաններէն մէկն է։ Գիտէի՞ր թէ անձնապէս կ’օգտուիս երբ այս տեսիլքը հասկնաս։ Ինչպէ՞ս։ Աստուած կը խոստանայ որ եթէ այս մարգարէական գիրքին խօսքերը կարդաս, անոնցմէ սորվիս եւ ատոնց հիման վրայ ապրիս, իսկական ուրախութիւնը պիտի գտնես (Յայտնութիւն 1։1-3)։
Ճիշդ է որ կարգ մը մարդիկ կը վախնան այս չորս ձիաւորներուն տեսիլքէն, բայց ատոր նպատակը չէ վախցնել։ Իրականութեան մէջ, միլիոնաւորներ տեսած են որ այս տեսիլքը իրենց հաւատքը կը զօրացնէ, եւ նոյնիսկ աղուոր յոյս մը կու տայ ապագային նկատմամբ։ Ատիկա քեզի ալ նոյն կերպով կրնայ ազդել։ Հաճիս շարունակէ կարդալ։