Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 6 էջ 12-14
  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԲՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ
  • ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԵՕԹԱՆԱՍՆԻՑ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
  • ԼԱՏԻՆԵՐԷՆ ՎՈՒԼԿԱԹԱ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
  • ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԷՋՏԵՂ ԿՈՒ ԳԱՆ
  • Եհովան հաղորդակցող Աստուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • «Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 6 էջ 12-14
Ձեռագիր, տպուած եւ ելեկտրոնային Սուրբ Գիրքեր

Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ունի շատ թարգմանութիւններ

Ներկայիս, ինչո՞ւ Սուրբ Գիրքի բազմաթիւ թարգմանութիւններ կան։ Քու կարծիքովդ, նոր թարգմանութիւնները կ’օգնե՞ն որ Սուրբ Գիրքը հասկնաս, թէ ոչ՝ հակառակը։ Եթէ գիտնաս թէ ատոնք ինչպէ՛ս մէջտեղ եկած են, պիտի կարենաս աւելի իմաստութեամբ կարծիքդ տալ ատոնց մասին։

Բայց նախ նկատի առնենք թէ բուն Սուրբ Գիրքը ո՛վ գրեց եւ ե՛րբ։

ԲՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ

Սուրբ Գիրքը սովորաբար բաժնուած է երկու մասերու։ Առաջին մասը ունի 39 գիրքեր, որոնց մէջ կան «Աստուծոյ պատգամները» (Հռովմայեցիս 3։2)։ Աստուած հաւատարիմ մարդիկ մղեց որ այս գիրքերը գրեն շուրջ 1100 տարուան ընթացքին՝ Ք.Ա. 1513–էն մինչեւ Ք.Ա. 443–էն ժամանակ մը ետք։ Անոնք մեծաւ մասամբ գրեցին եբրայերէնով, եւ այս պատճառով այս մասը կը կոչենք՝ Եբրայերէն Գրութիւններ, որ նաեւ կոչուած է՝ Հին Կտակարան։

Երկրորդ մասը ունի 27 գիրքեր, եւ ատոնք ալ «Աստուծոյ խօսք»ն են (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Աստուած մղեց որ Յիսուս Քրիստոսի կարգ մը հաւատարիմ աշակերտները գրեն այս գիրքերը շուրջ 60 տարուան ընթացքին՝ շուրջ Ք.Ե. 41–էն մինչեւ Ք.Ե. 98։ Անոնք մեծաւ մասամբ գրեցին յունարէնով, եւ այս պատճառով այս մասը կը կոչենք՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, որ նաեւ կոչուած է՝ Նոր Կտակարան։

Այս 66 գիրքերը կը կազմեն ամբողջ Սուրբ Գիրքը, որ Աստուծոյ տուած պատգամն է մարդկութեան։ Բայց ի՞նչ պատճառներով Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւններ մէջտեղ եկան։ Նկատի առ գլխաւոր պատճառներէն երեքը։

  • Որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց խօսած լեզուով կարդալ Սուրբ Գիրքը։

  • Որպէսզի Սուրբ Գիրքը ընդօրինակողներուն ըրած սխալները վերցուին, եւ այսպիսով Սուրբ Գիրքին բուն գրութիւնը պահեն։

  • Որպէսզի Սուրբ Գիրքը արդի լեզուով գրուի։

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս այս կէտերուն հիման վրայ երկու թարգմանութիւններ մէջտեղ եկան։

ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԵՕԹԱՆԱՍՆԻՑ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուսին օրերէն շուրջ 300 տարի առաջ, հրեայ ուսումնականներ սկսան Եբրայերէն Գրութիւնները թարգմանել յունարէնի։ Այդ թարգմանութիւնը կոչուեցաւ՝ Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւն։ Ատիկա մէջտեղ եկաւ, որպէսզի այն հրեաները որոնք եբրայերէնին տեղ սկսած էին յունարէն խօսիլ, կարենային «սուրբ գրքերը» կարդալ եւ հասկնալ (Բ. Տիմոթէոս 3։15)։

Եօթանասնից–ը նաեւ օգնեց որ միլիոնաւոր յունախօս մարդիկ, որոնք հրեայ չէին, գիտնան թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս։ Փրոֆէսոր Ու. Ֆ. Հաուըրտ կ’ըսէ. «Առաջին դարու կէսէն սկսեալ, ատիկա քրիստոնէական Եկեղեցիին բուն Աստուածաշունչը դարձաւ, եւ միսիոնարները կ’երթային ժողովարանէ ժողովարան ‘սուրբ գրութիւններուն միջոցաւ փաստելով՝ թէ Յիսուս Մեսիան էր’» (Գործք 17։3, 4. 20։20)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն էր որ ինչո՛ւ շատ մը «հրեաներու հետաքրքրութիւնը մարեցաւ Եօթանասնիցին հանդէպ», ըստ աստուածաշնչագէտ Ֆ. Ֆ. Պրուսին։

Ամէն անգամ որ Յիսուսի աշակերտներուն ձեռքը անցնէր Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն գիրք մը, զայն կ’աւելցնէին Եբրայերէն Գրութիւններուն Եօթանասնից թարգմանութեան վրայ։ Այսպիսով մէջտեղ եկաւ հիմակուան մեր ունեցած ամբողջ Սուրբ Գիրքը։

ԼԱՏԻՆԵՐԷՆ ՎՈՒԼԿԱԹԱ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամբողջ Սուրբ Գիրքը գրուելէն շուրջ 300 տարի ետք, կրօնական ուսումնական Յերոնիմոս հրատարակեց Աստուածաշունչի լատիներէն թարգմանութիւն մը, որ յետագային կոչուեցաւ լատիներէն Վուլկաթա։ Բայց ինչո՞ւ պէտք կար նոր թարգմանութեան մը, երբ արդէն իսկ լատիներէն թարգմանութիւններ կային։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ Յերոնիմոս ուզեց ճշդել՝ «սխալ թարգմանութիւնները, յայտնի սխալները եւ անտեղիօրէն աւելցուած կամ ջնջուած մասերը» (The International Standard Bible Encyclopedia)։

Յերոնիմոս այդ սխալներէն շատերը սրբագրեց, բայց ժամանակի ընթացքին՝ եկեղեցական հեղինակութիւնները ամէնէն մեծ վնասը հասցուցին։ Անոնք դարեր շարունակ ըսին, որ լատիներէն Վուլկաթա–ն միակ Սուրբ Գիրքն է որ արտօնուած է։ Վուլկաթա–ն պարզ մարդոց չէր օգներ որ Սուրբ Գիրքը հասկնան, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը այլեւս լատիներէն չէր գիտեր։

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԷՋՏԵՂ ԿՈՒ ԳԱՆ

Մարդիկ շարունակեցին Սուրբ Գիրքի ուրիշ թարգմանութիւններ հանել, ինչպէս՝ ասորերէն Փէշիթա–ն, շուրջ Ք.Ե. հինգերորդ դարուն։ Բայց 14–րդ դարուն էր որ մեծ ջանք թափուեցաւ, որ Աստուածաշունչը թարգմանուի պարզ մարդոց խօսած լեզուներով։

14–րդ դարուն վերջաւորութեան՝ Անգլիոյ մէջ, Ճոն Ուիքլիֆ Սուրբ Գիրքը անգլերէնով թարգմանեց եւ այսպիսով ճամբան բացաւ որ մարդիկ սկսին մեռած լեզուէն ազատիլ։ Իր երկրին նոյնիսկ պարզ ժողովուրդը լաւ կը հասկնար անգլերէնը։ Ատկէ շատ չանցած, Եոհաննէս Կիւթենպերկ տպելու կերպեր հնարեց, եւ այսպիսով աստուածաշնչագէտները կրցան տարբեր–տարբեր լեզուներով Սուրբ Գիրքը թարգմանել ու Եւրոպայի չորս կողմը տարածել։

Երբ անգլերէն թարգմանութիւնները շատցան, ոմանք սկսան քննադատել ու ըսել, որ պէտք չկայ որ քանի մը թարգմանութիւններ ըլլան նոյն լեզուով։ 18–րդ դարու անգլիացի կղերական Ճոն Լուիս գրեց. «Լեզուն կը հիննայ եւ անհասկնալի կը դառնայ։ Ասոր համար, կարեւոր է որ հին Թարգմանութիւնները վերանայուին, որպէսզի խօսին գործածուած լեզուն եւ հասկնալի ըլլան ներկայ սերունդին կողմէ»։

Ներկայիս, աստուածաշնչագէտներուն համար որեւէ ժամանակէ աւելի դիւրին է, որ հին թարգմանութիւնները վերանայումի ենթարկեն։ Անոնք Սուրբ Գիրքին բնագիր լեզուներուն մասին շատ աւելի յստակ գիտութիւն ունին, ինչպէս նաեւ՝ արժէքաւոր հին ձեռագիրներ, որոնք վերջերս գտնուած են։ Ատոնք կ’օգնեն որ գիտնան թէ Սուրբ Գիրքին բուն գրութիւնը ճիշդ ինչ է։

Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի նոր թարգմանութիւններ ունենալը շատ օգտակար է։ Անշուշտ, պէտք է զգոյշ ըլլանք կարգ մը թարգմանութիւններէa։ Բայց եթէ թարգմանողները Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ սէրէ մղուած ըրած են նոր թարգմանութիւններ, անոնց գործէն կրնանք շատ օգտուիլ։

Որպէսզի Սուրբ Գիրքը տարբեր լեզուներով կարդաս առցանց կամ դիւրակիր սարքերու վրայ, գնա՛ www.jw.org։ Տե՛ս PUBLICATIONS > BIBLE

a Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը զատել» յօդուածը, այս պարբերաթերթին 1 մայիս 2008 թիւին մէջ (անգլերէն)։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՆՈՒՆԸ

Աստուծոյ անունը՝ Յիսուսի օրերէն մնացած Եօթանասնիցի ձեռագիրի մը մէջ

Աստուծոյ անունը՝ Յիսուսի օրերէն մնացած Եօթանասնից–ի ձեռագիրի մը մէջ

Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կը գործածէ Աստուծոյ սուրբ անունը՝ Եհովա, թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւններուն եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Ներկայիս, անգլերէն Սուրբ Գիրքերուն մեծամասնութիւնը անունին տեղ «Տէր» կը գործածեն։ Ինչո՞ւ։ Ըստ կարգ մը թարգմանիչներու, պատճառներէն մէկն է որ Եբրայերէն Գրութիւններուն Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ բնա՛ւ չկար Աստուծոյ անունը, որ կը ներկայացուի քառագիրով (ԵՀՎՀ)։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։

20–րդ դարուն կիսուն, Եօթանասնից–ին կարգ մը շատ հին ձեռագիրներ գտնուեցան, որոնք Յիսուսին օրերէն մնացած էին։ Ատոնց մէջ եբրայերէնով գրուած Աստուծոյ սուրբ անունը կայ։ Այնպէս կ’երեւի թէ յետագային՝ ընդօրինակողները Աստուծոյ անունը հանեցին եւ տեղը դրին Գիրի·ոս բառը, որ յունարէն «Տէր» բառն է։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը Աստուծոյ անունը կը գործածէ ամէն ուր որ բնագիրին մէջ նշուած է։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽՈՒԱ՞Ծ Է

Եսայի գիրքի Մեռեալ ծովու մագաղաթ

Եսայի գիրքի Մեռեալ ծովու մագաղաթ, որ 2000 տարի առաջ գրուած է, այսօրուան Սուրբ Գիրքին գրութեան շատ համանման է

Սուրբ Գիրքը ընդօրինակողները վստահաբար սխալներ ըրին, բայց այդ սխալներէն ո՛չ մէկը այնպէս մը փոխեց գրութիւնը, որ այլեւս կարելի չէ Սուրբ Գիրքին վստահիլ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոնէական հաւատքին ո՛չ մէկ հիմնական հաւատալիք կապ ունի կասկածելի հատուածի մը հետ» (Our Bible and the Ancient Manuscripts)։

Հրեայ ընդօրինակողները ամէնէն քիչ սխալները ըրին։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոնէական առաջին դարերուն, հրեայ գրագիրները ամենայն ճշգրտութեամբ կ’ընդօրինակէին Եբրայերէն Աստուածաշունչին գրութիւնը» (Second Thoughts on the Dead Sea Scrolls)։

Օրինակ, Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մէջ գտնուած Եսայի գիրքի մագաղաթ մը, 1000 տարի աւելի հին է քան՝ նախապէս գտնուած բոլոր գրութիւնները։ Եթէ ատիկա բաղդատենք հիմա մեր ձեռքերուն մէջ եղած գրութեան հետ, ի՞նչ կը տեսնենք։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Շատ քիչ պատահած է որ բառ մը աւելցուած կամ ջնջուած է» (The Book. A History of the Bible)։

Հիմա աւելի դիւրին կը գտնուին ու կը սրբագրուին այն սխալները, որ շատ բծախնդիր չեղող ընդօրինակողներ ըրած են, ինչպէս՝ տեղերը փոխուած տառեր, բառեր կամ արտայայտութիւններ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Աշխարհին մէջ Նոր Կտակարանէն զատ չկայ ուրիշ հին գրականութեան մը հաւաքածոյ, որ ա՛յսքան շատ փաստեր ունի որ իր գրութիւնը ճշգրիտ է» (The Books and the Parchments)։

The Book. A History of the Bible կը նշէ. «Մտահոգ հաւատացեալները կրնան շատ վստահ ըլլալ, որ նոյնիսկ Եգիպտոսէն եկած ամէնէն առաջին աստուածաշնչական պապիրոսները գրեթէ համանման են այն գրութեան, որ մէջտեղ եկած է՝ բազմաթիւ անգամներ գրասենեակներու մէջ ընդօրինակուելէ եւ Եւրոպայի տպարաններուն մէջ տպուելէ ետք»։

Ուրեմն, Սուրբ Գիրքին բովանդակութիւնը փոխուա՞ծ է։ Անշուշտ ո՛չ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել