Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունուար էջ 17-21
  • Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՈՐ ՀԱՄԵՍՏ ԸԼԼԱՆՔ
  • ՀԱՄԵՍՏ ԱՆՁԸ Ո՞Վ Է
  • ՄԵՐ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ
  • ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՉԷ
  • «Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Համեստութիւն. խաղաղութիւն յառաջացնող յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյդ հետ քալէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունուար էջ 17-21
Սամուէլ կը յանդիմանէ Սաւուղ թագաւորը

Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք

«Իմաստութիւնը համեստներուն հետ է» (ԱՌ. 11։2, ՆԱ)։

ԵՐԳԵՐ. 38, 69

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Ինչո՞ւ կարեւոր է որ համեստ ըլլանք։

  • Համեստութիւնը ի՞նչ կապ ունի խոնարհութեան հետ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք գոհունակ ըլլալ Եհովայի ծառայութեան մէջ։

1, 2. Աստուած ինչո՞ւ մերժեց Սաւուղը (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՐԲ Եհովան Սաւուղը զատեց որ թագաւոր ըլլայ, ան համեստ էր (Ա. Թագ. 9։1, 2, 21. 10։20-24)։ Բայց թագաւոր ըլլալէ ետք ան յաւակնոտ դարձաւ։ Անգամ մը, հազարաւոր փղշտացիներ եկան իսրայէլացիներուն դէմ պատերազմելու։ Սամուէլ մարգարէն Սաւուղին ըսած էր որ պիտի գայ եւ Եհովային զոհ մատուցանէ։ Բայց առաջ որ Սամուէլ գայ, իսրայէլացիները իրենց վախէն սկսան Սաւուղը երեսի վրայ ձգել։ Սաւուղ անհամբեր դարձաւ եւ հաւանաբար մտածեց. ‘Պէտք է շուտով բան մը ընեմ’։ Ան անձամբ մատուցանեց զոհը, բայց հեղինակութիւն չունէր ասիկա ընելու։ Եհովան գոհ չմնաց իրմէ (Ա. Թագ. 13։5-9)։

2 Երբ Սամուէլ Գաղգաղա հասաւ, Սաւուղը յանդիմանեց։ Բայց Սաւուղ չէր կարծեր որ սխալ բան մը ըրած էր։ Ան փորձեց իր ըրածը արդարացնել եւ նոյնիսկ ուրիշին վրայ նետեց յանցանքը (Ա. Թագ. 13։10-14)։ Ատկէ ի վեր, Սաւուղ այսպիսի ուրիշ սխալներ ալ ըրաւ։ Այսպիսով, Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 15։22, 23)։ Սաւուղին կեանքը լաւ սկսաւ բայց շատ գէշ վերջացաւ (Ա. Թագ. 31։1-6)։

3. ա) Շատեր ի՞նչ կը կարծեն։ բ) Ո՞ր հարցումներուն պատասխանը պիտի առնենք։

3 Ներկայիս, շատեր կը կարծեն որ պէտք է ուրիշներէն տարբեր երեւին որպէսզի յաջող անձեր ըլլան։ Ասոր համար, անոնք կրնայ ըլլալ որ համեստութիւնը բոլորովին մէկ կողմ դնեն։ Օրինակ՝ հռչակաւոր դերասան մը որ քաղաքագէտ դարձաւ, անգամ մը ըսաւ. «Բնա՛ւ կապ չունիմ համեստութեան հետ, եւ ո՛չ ալ կ’ուզեմ ունենալ»։ Բայց ինչո՞ւ կարեւոր է որ քրիստոնեան համեստ ըլլայ։ Համեստութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ չէ։ Այս յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պատասխանը պիտի առնենք։ Իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք համեստ մնալ նոյնիսկ երբ ասիկա դժուար ըլլայ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՈՐ ՀԱՄԵՍՏ ԸԼԼԱՆՔ

4. Յաւակնոտ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։

4 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ յաւակնոտութիւնը համեստութեան հակառակն է, երբ կ’ըսէ. «Երբ յաւակնոտութիւնը գայ, անարգանքն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը համեստներուն հետ է» (Առ. 11։2, ՆԱ)։ Դաւիթ Եհովային աղաչեց. «Յաւակնոտ արարքներէն ետ պահէ քու ծառադ» (Սաղ. 19։13, ՆԱ)։ Յաւակնոտ արարքը ի՞նչ է։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած է, յաւակնոտ ըլլալ կը նշանակէ՝ հպարտութեամբ կամ առանց համբերելու բան մը ընել, որ հեղինակութիւն չունինք ընելու։ Բոլորս ատեններ համեստութեամբ չենք վարուիր, քանի որ անկատար ենք։ Բայց ինչպէս որ Սաւուղին օրինակը կը ցուցնէ, եթէ ասիկա սովորութիւն դարձնենք, Եհովան մեզմով ուրախ պիտի չըլլայ։ Սաղմոս 119։21–ը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները»։ Ան ինչո՞ւ կը սաստէ։

5. Յաւակնոտ արարքը ինչո՞ւ լուրջ սխալ մըն է։

5 Յաւակնոտ արարքները աւելի լուրջ են քան պարզ սխալները։ Ինչո՞ւ։ Առաջին, երբ համեստօրէն չվարուինք, Եհովան անարգած կ’ըլլանք, որ մեր Գերիշխանն է։ Երկրորդ, եթէ ընենք բաներ որ հեղինակութիւն չունինք ընելու, շատ հաւանաբար խնդիրի մէջ իյնանք ուրիշներու հետ (Առ. 13։10)։ Իսկ երրորդ, երբ ուրիշներ անդրադառնան թէ անհամեստ կերպով վարուած ենք, թերեւս ամօթ զգանք կամ գետնին տակը անցնինք (Ղուկ. 14։8, 9)։ Յաւակնոտ արարքներուն վերջը լաւ չէ։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ միշտ համեստ ըլլանք։

ՀԱՄԵՍՏ ԱՆՁԸ Ո՞Վ Է

6, 7. Խոնարհութիւնը ի՞նչ է եւ համեստութիւնը ի՞նչ կապ ունի հետը։

6 Համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը իրարու շատ մօտ են։ Խոնարհ անձը հպարտ չ’ըլլար եւ ուրիշները իր անձէն լաւ կը սեպէ (Փլպ. 2։3)։ Խոնարհ անձը ընդհանրապէս համեստ ալ կ’ըլլայ։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ կրնայ ընել ու ի՛նչ չի կրնար ընել, իր սխալները կ’ընդունի եւ ուրիշներուն գաղափարները նկատի կ’առնէ։ Եհովան շատ ուրախ կը մնայ խոնարհ անձէն։

7 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ համեստ անձը ինքզինք կը ճանչնայ, եւ գիտէ թէ կան բաներ որ չի կրնար ընել։ Ասիկա կ’ազդէ ուրիշներուն հետ իր վարուելու կերպին։

8. Ո՞ր մտածելակերպէն հեռու պէտք է մնանք որպէսզի համեստ ըլլանք։

8 Բայց կրնանք առանց զգալու սկսիլ անհամեստօրէն մտածել կամ վարուիլ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։ Թերեւս սկսինք չափէ դուրս կարեւորութիւն տալ մեր անձին կամ մեր առանձնաշնորհումներուն (Հռով. 12։16)։ Կամ թերեւս սկսինք չափազանց ուշադրութիւն հրաւիրել մեր վրայ (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Կրնայ ըլլալ որ սկսինք մեր գաղափարները պնդել, պարզապէս քանի որ որոշ դիրք մը ունինք, որոշ մարդիկ կը ճանչնանք կամ որոշ մտածելակերպ ունինք (Ա. Կոր. 4։6)։

9. Ոմանք ինչո՞ւ անհամեստ դարձած են. օրինակ մը տուր։

9 Ոեւէ մէկը կրնայ անհամեստօրէն վարուիլ եթէ իր սխալ ցանկութիւնները չզսպէ։ Շատեր անհամեստ դարձան, քանի որ ուզեցին փառքի հասնիլ, ուրիշներուն նախանձեցան կամ իրենց բարկութիւնը չզսպեցին։ Ասիկա պատահեցաւ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած կարգ մը անձերու հետ, ինչպէս՝ Աբիսողոմ, Ոզիա եւ Նաբուգոդոնոսոր։ Եհովան իրենց յստակօրէն հասկցուց թէ պէտք է խոնարհ ըլլան (Բ. Թագ. 15։1-6. 18։9-17. Բ. Մն. 26։16-21. Դան. 5։18-21)։

10. Ինչո՞ւ պէտք չէ դատենք մարդոց շարժառիթները. օրինակ մը տուր։

10 Բայց ուրիշ պատճառներ ալ կան որ մարդիկ ատեններ համեստ չեն ըլլար։ Մտածէ Աբիմելէքին եւ Պետրոսին մասին (Ծն. 20։2-7. Մատ. 26։31-35)։ Անոնք յաւակնո՞տ էին, թէ՞ բոլոր իրողութիւնները չէին գիտեր կամ առանց մտածելու շարժեցան։ Որովհետեւ սրտերը չենք կրնար կարդալ, պէտք չէ դատենք մարդոց շարժառիթները (կարդա՛ Յակոբոս 4։12)։

ՄԵՐ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ

11. Համեստութիւնը ի՞նչ կապ ունի մեր դերը գիտնալուն հետ։

11 Եհովան կարգ ու կանոնը կը սիրէ։ Ան ժողովքի ամէն մէկ անդամին տուած է դեր մը։ Ամէն մէկուս դերը յատուկ է, բայց բոլորիս պէտք կայ։ Համեստ անհատը գիտէ իր դերը։ Եհովան ազնուօրէն տուած է մեզի պարգեւներ, ձիրքեր կամ կարողութիւններ։ Կրնանք զանոնք գործածել որ Իրեն փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգտակար դառնանք (Հռով. 12։4-8)։ Եհովան մեզի տուած է դեր մը, որ իրեն հետ կը բերէ պատիւ, վստահութիւն եւ պատասխանատուութիւն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։10)։

Յիսուս ստեղծագործութեան մէջ կ’օգնէ, որպէս մարդ կը ծնի, իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ, իր կեանքը կը զոհէ, եւ կ’իշխէ որպէս Թագաւորութեան Թագաւորը

Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին նմանիլ երբ մեր նշանակումը փոխուի (տե՛ս պարբերութիւն 12-14)

12, 13. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք երբ մեր դերը փոխուի Եհովայի ծառայութեան մէջ։

12 Բայց ժամանակի ընթացքին, Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր դերը կրնայ փոխուիլ։ Նկատի առ Յիսուսը։ Սկիզբը, ան Եհովային հետ առանձին էր (Առ. 8։22)։ Ետքը, ան Եհովային օգնեց որ հրեշտակները, տիեզերքը եւ մարդ արարածը մէջտեղ բերեն (Կող. 1։16)։ Յետագային, Յիսուս երկիր ղրկուեցաւ։ Սկիզբը ան մանուկ էր, իսկ ետքը չափահաս դարձաւ (Փլպ. 2։7)։ Իր մահուընէն ետք, ան յարութիւն առնելով երկինք վերադարձաւ, իսկ 1914–ին եղաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը (Եբ. 2։9)։ Բայց ասիկա իր վերջին նշանակումը չէ. Հազարամեայ իշխանութենէն ետք, ան իր Թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Եհովային, որպէսզի «Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ բոլորին համար» (Ա. Կոր. 15։28, ՆԱ)։

13 Մենք ալ կրնանք ակնկալել որ ատեն–ատեն մեր նշանակումները փոխուին։ Ատեններ, մեր պատասխանատուութիւնները կը փոխուին մեր առած որոշումներուն պատճառով։ Օրինակ, թերեւս ամուրի էինք ու որոշեցինք ամուսնանալ։ Կրնայ ըլլալ որ պզտիկ ունեցանք։ Կամ թերեւս մեր կեանքը պարզացուցինք, որպէսզի լիաժամ ծառայենք։ Այս որոշումներուն ամէն մէկը իրեն հետ բերաւ առանձնաշնորհումներ եւ պատասխանատուութիւններ։ Ուրիշ ատեններ, մեր պատասխանատուութիւնները կը փոխուին մեր պայմաններուն համեմատ։ Ատոնք թերեւս կը շատնան կամ կը պակսին։ Ըլլանք երիտասարդ թէ տարիքով մեծ, առողջութեամբ լաւ թէ վատ, Եհովան գիտէ թէ ամէն մէկս ինչպէ՛ս կրնայ լաւագոյն կերպով ծառայել իրեն։ Ան մեր կարողութենէն աւելի բա՛ն մը չի խնդրեր մեզմէ, եւ շատ կը գնահատէ մեր ըրածները (Եբ. 6։10)։

14. Համեստ ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ գոհ ըլլանք եւ ամէն պարագայի մէջ ուրախ ըլլանք։

14 Յիսուս իր բոլոր նշանակումներուն մէջ ուրախ էր, եւ մենք ալ կրնանք ուրախ ըլլալ մեր նշանակումներուն մէջ (Առ. 8։30, 31)։ Համեստ անձը ժողովքին մէջ իր ունեցած նշանակումներէն եւ պատասխանատուութիւններէն գոհ կ’ըլլայ։ Անոր խելքը–միտքը չ’ըլլար թէ ապագային ի՛նչ առանձնաշնորհումներ պիտի առնէ, կամ թէ ուրիշներ ինչ կ’իրագործեն։ Ասոր տեղ, ան իր ամէն ջանքը կ’ընէ որ հաճոյքով կատարէ իր ունեցած դերը, քանի որ համոզուած է որ ատիկա Եհովային կողմէ է։ Միեւնոյն ատեն, ան անկեղծօրէն կը յարգէ ուրիշները եւ ուրախութեամբ կ’օգնէ անոնց։ Ան գիտէ թէ Եհովան իրենց ալ տուած է դեր մը (Հռով. 12։10)։

ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՉԷ

15. Գեդէօնէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Գեդէօն բառին բուն իմաստով համեստ էր։ Երբ Եհովան զինք նշանակեց որ իսրայէլացիները ազատէ մադիանացիներէն, ան ըսաւ. «Իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ» (Դատ. 6։15)։ Բայց Գեդէօն Եհովային վստահելով ընդունեց իր նշանակումը։ Ետքը, ան լաւ մը հասկցաւ որ Եհովան ճիշդ ինչ կ’ուզէ իրմէ որ ընէ, եւ աղօթքով խնդրեց որ զինք առաջնորդէ (Դատ. 6։36-40)։ Գեդէօն համարձակ եւ քաջ էր, բայց միեւնոյն ատեն՝ իմաստուն եւ զգոյշ (Դատ. 6։11, 27)։ Ան իր նշանակումը չօգտագործեց որ ժողովուրդին վրայ իշխանութիւն ունենայ։ Ընդհակառակը, հազիւ որ իր նշանակումը վերջացաւ, իր տունը վերադարձաւ (Դատ. 8։22, 23, 29)։

16, 17. Համեստ անհատը ինչպէ՞ս կը յառաջդիմէ։

16 Համեստ ըլլալ չի նշանակեր թէ բնա՛ւ պէտք չէ ուզենք կամ ընդունինք յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ունենալ։ Սուրբ Գիրքը բոլորս կը քաջալերէ որ յառաջդիմենք (Ա. Տիմ. 4։13-15)։ Բայց յառաջդիմելու համար պայմա՞ն է որ մեր նշանակումը փոխուի։ Ո՛չ։ Կրնանք որեւէ նշանակումի մէջ հոգեւորապէս յառաջդիմել Եհովային օրհնութիւնով։ Կրնանք շարունակել Աստուծոյ մեզի տուած կարողութիւնները զարգացնել եւ լաւ բաներ ընել։

17 Համեստ անձը առաջ որ որոշ նշանակում մը ընդունի, կը նայի թէ իրմէ ճիշդ ինչ պիտի ակնկալուի։ Ետքը, ան կ’աղօթէ եւ անկեղծօրէն նկատի կ’առնէ թէ արդեօք իր պայմանները կը ներե՞ն։ Օրինակ, ան պիտի կարենա՞յ նոր պատասխանատուութիւնը շալկել առանց ուրիշ կարեւոր բաներ անտեսելու։ Եթէ ո՛չ, կարելի՞ է որ ուրիշ մը ընէ կարգ մը բաներ որ հիմա ինք կ’ընէ, որպէսզի ինք կարենայ նոր պատասխանատուութիւնը առնել։ Ասոր մասին մտածելէ ետք, թերեւս անձը որոշէ որ չի կրնար այս նոր նշանակումին հոգ տանիլ։ Այս կերպով մտածելը մեզի կ’օգնէ որ մեր կարողութիւնները ե՛ւ սահմանափակումները նկատի առնենք, եւ թերեւս հարկ ըլլայ որ ո՛չ ըսենք։

18. ա) Համեստ անձը ի՞նչ կ’ընէ երբ նոր նշանակում մը ստանայ։ բ) Հռովմայեցիս 12։3–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ համեստ ըլլանք։

18 Եհովան կ’ուզէ որ ‘համեստութեամբ իրեն հետ քալենք’ (Միք. 6։8, ՆԱ)։ Ուրեմն, երբ նոր նշանակում մը ստանանք, Եհովայէն ուղղութիւն եւ օգնութիւն կը խնդրենք, ճիշդ ինչպէս որ Գեդէօն ըրաւ։ Պէտք է խոկանք այն բաներուն վրայ որ Եհովան մեզի կ’ըսէ Սուրբ Գիրքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցով։ Միշտ յիշենք որ Եհովային «խոնարհութիւն»ն է որ մեզի կ’օգնէ ընելու ինչ որ իր ծառայութեան մէջ կ’ընենք, եւ ոչ թէ մեր կարողութիւնները (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Համեստութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մենք մեզ բան մը չկարծենք, ոչ ալ մեր անձը թեթեւի առնենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։3)։

19. Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք։

19 Համեստ անհատը գիտէ թէ միայն Եհովան արժանի է փառքի, քանի որ մեր Ստեղծիչն ու տիեզերքի Գերիշխանն է (Յայտ. 4։10բ)։ Համեստութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ գոհ եւ արդիւնաբեր ըլլանք, չնայած թէ ինչ կ’ընենք։ Ատիկա կը ձգէ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն զգացումներն ու գաղափարները յարգենք եւ իրենց շահերը փնտռենք։ Այսպիսով Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը կը զօրանայ։ Համեստ անհատը լա՛ւ կը մտածէ առաջ որ բան մը ընէ, եւ այսպիսով լուրջ սխալներ չի գործեր։ Եւ Եհովան շատ կ’արժեւորէ համեստները։ Այս պատճառներուն համար, Աստուծոյ ժողովուրդը շատ կարեւորութիւն կու տայ համեստութեան։ Յաջորդ յօդուածը պիտի ցուցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք համեստ մնալ դժուար պարագաներուն մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել