Կամաւոր ոգիովդ Եհովային փառք բեր
«Ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք» (ԴԱՏ. 5։2)։
1, 2. ա) Եղիփազ եւ Բաղդատ ի՞նչ ըսին Աստուծոյ մասին։ բ) Եհովան ի՞նչ ըսաւ այս նիւթին շուրջ։
«ՄԻԹԷ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։ Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես» (Յոբ 22։1-3)։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանը ուզա՞ծ ես առնել։ Երբ Եղիփազ թեմանացին այս խօսքը ըսաւ Յոբին, անկասկած կը կարծէր որ պատասխանը ո՛չ է։ Իր ընկերը՝ Բաղդատ սօքեցին նոյնիսկ ըսաւ, թէ անկարելի է որ մարդ արարածը արդար սեպուի Աստուծոյ աչքին (կարդա՛ Յոբ 25։4)։
2 Եղիփազ եւ Բաղդատ փորձեցին Յոբին հասկցնել, թէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելը օգուտ մը չունի Իրեն։ Անոնք ըսին թէ ցեցէն, ճճիէն եւ որդէն աւելի արժէք մը չունինք Աստուծոյ քով (Յոբ 4։19. 25։6)։ Սկիզբը թերեւս այն տպաւորութիւնը առնենք, որ Եղիփազ եւ Բաղդատ խոնարհ էին (Յոբ 22։29)։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ լերան գագաթէն կամ օդանաւի մը պատուհանէն նայինք, մարդ արարածը շատ պզտիկ եւ անկարեւոր կը թուի։ Բայց արդեօք Եհովան այս ակնոցո՞վ կը նայի մեր ծառայութեան, մինչ շատ ջանք կը թափենք Թագաւորութեան գործին մէջ։ Ո՛չ։ Եհովան Եղիփազին, Բաղդատին եւ Սոփարին ըսաւ որ սուտ կը խօսէին, իսկ Յոբէն գոհ մնաց եւ զինք կոչեց՝ «ծառաս» (Յոբ 42։7, 8)։ Ուրեմն, մարդ արարածը կրնա՛յ «Աստուծոյ օգտակար ըլլալ»։
«ԱՆՈՐ Ի՞ՆՉ ԿՈՒ ՏԱՍ»
3. Եղիուս ի՞նչ ըսաւ մեր ծառայութեան մասին, եւ ան ի՞նչ ըսել ուզեց։
3 Մինչ Յոբ եւ երեք մարդիկը կը խօսէին, Եղիուս անունով երիտասարդ մը մտիկ կ’ընէր անոնց։ Ետքը, ան Յոբին հարցուց. «Եթէ արդար ես՝ [Աստուծոյ] ի՞նչ կու տաս, կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ» (Յոբ 35։7)։ Արդեօք Եղիո՞ւս ալ ըսել կ’ուզէր որ ծառայութեան մէջ մեր թափած ջանքերը արժէք մը չունին։ Ո՛չ։ Եհովան Եղիուսին ըսածը չշտկեց ինչպէս որ միւսներուն ըրաւ։ Եղիուս ըսել կ’ուզէր որ Եհովան ո՛չ մէկ բանի պէտք ունի՝ ո՛չ մեր պաշտամունքին, ոչ ալ ուրիշ բանի մը։ Մենք չենք կրնար զինք աւելի հարուստ կամ աւելի զօրաւոր դարձնել։ Իրականութեան մէջ, որեւէ լաւ յատկութիւն, ձիրք կամ զօրութիւն որ ունինք՝ իրմէ կու գայ, եւ ան կը նայի թէ զանոնք ինչպէս կը գործածենք։
4. Եհովան մեր բարիք ընելը ինչի՞ կը նմանցնէ։
4 Երբ հաւատարիմ սէր ցուցնենք Եհովայի ծառաներուն հանդէպ, Եհովան կը հաշուէ թէ ինչ որ իր ծառաներուն ըրինք՝ իրեն ըրինք։ Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ Այս համարը ըսել կ’ուզէ՞ թէ Եհովան կը տեսնէ ամէն մէկ լաւութիւն որ ուրիշին կ’ընենք։ Կրնա՞նք ըսել որ Եհովան՝ տիեզերքին Ստեղծիչը, կը սեպէ թէ ինչ բարիք որ ընենք՝ կարծես թէ իրեն պարտք կու տանք, եւ ինք փոխարէնը օրհնութիւններ կու տայ մեզի։ Այո՛, եւ Յիսուս ասիկա հաստատեց (կարդա՛ Ղուկաս 14։13, 14)։
5. Այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
5 Հին ժամանակներուն, Եհովան Եսայի մարգարէն հրաւիրեց որ Իր անունով խօսի եւ յատուկ կերպով մը ծառայէ իրեն (Եսա. 6։8-10)։ Եսային սրտանց ընդունեց այդ հրաւէրը եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ Ներկայիս ալ հազարաւորներ նոյն կեցուածքը ունենալով կ’ընդունին որ դժուար նշանակումներ առնեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Բայց թերեւս մէկը հարցնէ. ‘Ի՞նչ արժէք ունի թափած ջանքս։ Կը գնահատեմ որ առիթ ունիմ կամաւորաբար օգնելու Եհովայի գործին մէջ, բայց ես ըլլամ կամ ոչ՝ Եհովան արդէն պէտք եղածը պիտի չընէ՞ որ իր ուզածը իրականացնէ’։ Այսպէս զգացա՞ծ ես։ Տեսնենք թէ Դեբօրային եւ Բարակին օրերուն ինչ պատահեցաւ, եւ ատիկա ինչպէս կը պատասխանէ այս հարցումներուն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՎԱԽԸ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՓՈԽԷ
6. Ի՞նչ տարբերութիւն կար իսրայէլացի գիւղացիներուն եւ Յաբինի բանակին միջեւ։
6 Բարակ իսրայէլացի ռազմիկ մըն էր, իսկ Դեբօրան մարգարէուհի եւ դատաւորուհի էր։ Քանանացի Յաբին թագաւորը 20 տարիէ ի վեր ‘սաստիկ կը նեղէր’ իսրայէլացիները։ Անոր բանակը այնքա՛ն վայրագ ու անգութ էր, որ գիւղացի իսրայէլացիները նոյնիսկ կը վախնային տունէն դուրս ելլելու։ Յաբինի բանակին մէջ կային 900 երկաթէ կառքեր, բայց իսրայէլացիները յարմար զէնքեր չունէին որ պատերազմէին, ոչ ալ զրահներ ունէին որ ինքզինքնին պաշտպանէին (Դատ. 4։1-3, 13. 5։6-8)a։
7, 8. ա) Եհովան սկիզբը ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ Բարակին։ բ) Իսրայէլ ինչպէ՞ս յաղթեց Յաբինի բանակին (տե՛ս բացման նկարը)։
7 Յաբինի բանակին հետ բաղդատած՝ իսրայէլացիները մէկ պատառով կ’ուտուէին։ Բայց Եհովան Դեբօրային միջոցով Բարակին ըսաւ. «Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն եւ Զաբուղոնի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ» (Դատ. 4։4-7)։
8 Լուրը ամէն տեղ տարածուեցաւ եւ 10,000 կամաւորներ հաւաքուեցան Թաբօր լերան վրայ։ Ետքը, Բարակ եւ իր բանակը սկսան Թանաք կոչուած տեղը պատերազմիլ թշնամիին դէմ (կարդա՛ Դատաւորաց 4։14-16)։ Եհովան օգնե՞ց իսրայէլացիներուն։ Այո՛։ Տեղատարափ անձրեւ իջաւ եւ ամէն տեղ ցեխ եղաւ։ Բարակ Սիսարային բանակը 24 քիլոմեթր հետապնդեց մինչեւ Արիսօթ։ Ճամբան՝ Սիսարային կառքը ցեխին մէջ կախուեցաւ, եւ ան ստիպուեցաւ կառքը ձգել եւ վազելով Սանանիմ փախչիլ, ուր Յայէլ անունով կնոջ մը վրանը մտաւ պահուըտելու համար։ Ան վերջին ծայր յոգնած ըլլալով քունի անցաւ։ Մինչ ան կը պառկէր, Յայէլ քաջաբար զինք մեռցուց, եւ այսպիսով իսրայէլացիները յաղթեցին (Դատ. 4։17-21)b։
ԿԱՄԱՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ՏԱՐԲԵՐ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
9. Դատաւորաց 5։20, 21–ը ի՞նչ կը նշէ Սիսարային դէմ եղած պատերազմին մասին։
9 Դատաւորաց 4–րդ եւ 5–րդ գլուխները պէտք է միասին սերտուին, քանի որ ամէն մէկուն մէջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կան։ Օրինակ, Դատաւորաց 5։20, 21–ը կ’ըսէ. «Երկնքէն պատերազմ ըրին. աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին. . . Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ»։ Արդեօք ասիկա կը նշանակէ որ հրեշտակնե՞րը օգնեցին իսրայէլացիներուն, կամ երկնաքարե՞ր տեղացին։ Սուրբ Գիրքը այս մէկը չի յայտներ։ Բայց տրամաբանական է որ մտածենք, թէ Եհովան իր ժողովուրդը ազատեց՝ ճիշդ այդ ժամանակը ու տեղը տեղատարափ անձրեւ բերելով եւ 900 կառքերը ցեխին մէջ խոթելով։ 10,000 իսրայէլացիներէն ո՛չ մէկը կրնար ինքզինքը տեսնել որ յաղթանակին պատճառ եղաւ։ Դատաւորաց 4։14, 15–ին մէջ երեք անգամ նշուած է որ Եհովա՛ն էր յաղթութիւն տուողը։
10, 11. «Մարովզ»ը ինչո՞ւ անիծուեցաւ։
10 Լաւ, հիմա տարօրինակ բան մը նկատի առնենք։ Իսրայէլի յաղթանակէն ետք, Դեբօրան ու Բարակը Եհովան փառաբանեցին յաղթանակի երգով մը։ Անոնք երգեցին. «Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. ‘Մարովզը նզովեցէ՛ք, անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք, քանզի Տէրոջը օգնութեան, զօրաւոր թշնամիներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան’» (Դատ. 5։23)։
11 Թերեւս Մարովզին մասին եղած անէծքը այնքա՛ն ազդու էր, որ ատկէ ո՛չ մէկ հետք մնացած է։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ատիկա քաղաք մըն էր, որուն բնակիչները չուզեցին Բարակին հետ պատերազմի երթալ, երբ իրենց ականջին հասաւ որ կամաւորներու պէտք կայ։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնային չլսել կոչը, մինչ 10,000 հոգիներ կամաւորաբար հաւաքուեցան։ Կամ ալ Մարովզը քաղաք մըն էր, որուն մէջէն Սիսարան անցաւ, երբ Բարակէն կը փախչէր։ Թերեւս Մարովզի բնակիչները առիթ ունեցան որ զինք բռնեն, բայց չըրին։ Երեւակայէ անոնց դէմքը, մինչ կը նային թէ այս անգութ ռազմիկը ինչպէս առանձին կը վազէ իրենց թաղերուն մէջ։ Ասիկա շատ աղուոր առիթ մըն էր որ բան մը ընէին՝ Եհովային նպատակը յառաջ տանելու եւ իր օրհնութիւնը վայելելու համար։ Բայց անոնք այս առիթը չօգտագործեցին եւ Եհովային համար բան մը չըրին։ Մարովզի բնակիչները ի՜նչ տարբեր էին Յայէլէն, որ քաջութեամբ վարուեցաւ (Դատ. 5։24-27)։
12. Դատաւորաց 5։9, 10–ին մէջ ի՞նչ տարբեր կեցուածքներ կան, եւ ասիկա այսօր ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի։
12 Դատաւորաց 5։9, 10–ին մէջ կը տեսնենք թէ 10,000 կամաւորներուն կեցուածքը շատ տարբեր էր կամաւոր չեղողներուն կեցուածքէն։ Դեբօրան եւ Բարակը գովեցին «Իսրայէլի իշխանները», որոնք ‘ժողովուրդին հետ անձնուէր եղան’։ Անոնք շա՜տ տարբեր էին «ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ»էն, որոնք հպարտ ըլլալով չուզեցին մասնակցիլ։ Անոնք նաեւ տարբեր էին «դատաստանի ատեանը» կամ ընտիր գորգերու վրայ նստողներէն, որոնք հանգիստ կեանքը կը սիրէին։ Անոնք չէին նմաներ «ճամբու վրայ պտըտողներ»ուն, որոնք դիւրինին ետեւէն կ’երթային։ Անդին, կամաւորները Բարակին հետ պատերազմի գացին Թափօր լերան ժայռոտ լանջերուն վրայ եւ Կիսոնի ցեխոտ հովիտին մէջ։ Իրենց հաճոյքը փնտռող անհատներուն ըսուեցաւ. «Խորհրդածեցէ՛ք» (ՆԱ)։ Այո՛, անոնք պէտք էր մտածէին թէ առիթը կորսնցուցած էին, որ Եհովայի գործին մէջ բաժին բերէին։ Այսօր ալ, անոնք որոնք լիովին չեն ծառայեր Աստուծոյ, պէտք է իրենց կեցուածքին մասին մտածեն։
13. Ռուբէնի, Դանի եւ Ասերի տոհմերուն կեցուածքը ինչպէ՞ս տարբեր էր Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի տոհմերուն կեցուածքէն։
13 Այդ 10,000 կամաւորները տեսան թէ Եհովան ինչպէս գործի կ’անցնի որպէս Գերիշխան։ Անոնք կրնային իրենց տեսածները պատմել, մինչ ուրիշներուն կը խօսէին «Տէրոջը արդարութիւններ»ուն մասին (Դատ. 5։11)։ Անդին՝ Ռուբէնի, Դանի եւ Ասերի տոհմերը աւելի հետաքրքրուած էին իրենց նիւթական շահերով, ինչպէս՝ հօտեր, նաւեր եւ նաւահանգիստներ, քան՝ Եհովային գործով։ Բայց Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի տոհմերը իրենց անձը «մահուան վտանգին մէջ [դրին]», որպէսզի Դեբօրային ու Բարակին թիկունք կանգնին (Դատ. 5։18)։ Կամաւոր ծառայութեան մասին կարեւոր դաս մը կը սորվինք այս տարբեր կեցուածքներէն։
«ՏԷՐԸ ՕՐՀՆԵՑԷ՛Ք»
14. Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ թիկունք կը կանգնինք Եհովային գերիշխանութեան։
14 Այսօր, մենք բառացիօրէն չենք պատերազմիր, բայց մեր քաջութիւնը կը ցուցնենք նախանձախնդրաբար քարոզելով։ Որեւէ ժամանակէ աւելի կամաւորներու պէտք կայ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Միլիոնաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր կամաւորաբար կը մասնակցին լիաժամ ծառայութեան, ինչպէս՝ ռահվիրայութիւն, Բեթէլի ծառայութիւն եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան կամաւորներ։ Իսկ շատեր, ըլլան տարիքով մեծ կամ պզտիկ, կամաւոր կ’ըլլան համաժողովներու մէջ։ Կարգ մը երէցներ ծանր կ’աշխատին «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»երու մէջ եւ համաժողովներ կազմակերպելու մէջ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը գնահատէ մեր կամաւոր ոգին եւ բնա՛ւ պիտի չմոռնայ մեր ջանքերը (Եբ. 6։10)։
Առաջ որ որոշում առնես, մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ընտանիքիդ ու ժողովքիդ (տե՛ս պարբերութիւն 15)
15. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի գործին հանդէպ մեր խանդավառութիւնը չենք կորսնցներ։
15 Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Գործին մեծամասնութիւնը ուրիշին վրայ կը ձգե՞մ։ Դրամական շահերո՞վ աւելի հետաքրքրուած եմ, քան՝ Եհովային ծառայելով։ Կամ՝ Բարակին, Դեբօրային, Յայէլին եւ 10,000 կամաւորներուն պէս հաւատք եւ քաջութիւն ունի՞մ, որ ամէն ունեցածս գործածեմ Եհովային ծառայելու համար։ Եթէ կը մտածեմ ուրիշ քաղաք կամ երկիր փոխադրուելու մասին, որպէսզի աւելի դրամական շահ ընեմ եւ աւելի լաւ կեանք մը ունենամ, աղօթքով նկատի կ’առնե՞մ որ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի ազդէ ընտանիքիս եւ ժողովքիս’c։
16. Ի՞նչ բան կրնանք Եհովային տալ, որ ինք չունի։
16 Եհովան մեզ կը պատուէ, թոյլ տալով որ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։ Սատանան Ադամ ու Եւային օրերէն ի վեր մարդիկը կը մղէ, որ Եհովային դէմ ելլելով իր կողմը դիրք բռնեն։ Բայց երբ Եհովային իշխանութեան կողմը դիրք բռնենք, շատ յստակօրէն կը ցուցնենք թէ որո՛ւն կողմն ենք։ Մեր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը մեզ կը մղեն, որ կամաւոր ըլլանք Եհովային ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա զինք շատ կ’ուրախացնէ (Առ. 23։15, 16)։ Երբ թիկունք կանգնինք եւ հնազանդինք Եհովային, ան կրնայ ասիկա գործածել որպէսզի Սատանային անարգանքներուն պատասխան տայ (Առ. 27։11)։ Ուրեմն, կրնանք Եհովային տալ մեր հնազանդութիւնը, որ իր աչքին մեծ արժէք ունի եւ զինք շատ կ’ուրախացնէ։
17. Դատաւորաց 5։31–ը ի՞նչ կը յայտնէ ապագային մասին։
17 Մօտ օրէն, երկիրը պիտի լեցուի այնպիսի մարդոցմով, որոնք կը նախընտրեն Եհովային իշխանութիւնը քան՝ ուրիշինը։ Կ’ուզենք որ այդ օրը մէկ վայրկեան առաջ գայ։ Կը զգանք Դեբօրային ու Բարակին պէս, որ երգեցին. «Քու բոլոր թշնամիներդ այսպէս թող կորսուին. իսկ զանիկա սիրողները իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան» (Դատ. 5։31)։ Ասիկա պիտի իրականանայ երբ Եհովան վերջ դնէ Սատանայի չար աշխարհին։ Երբ Արմագեդոն պատերազմը սկսի, մարդկային կամաւորներու պէտք պիտի չըլլայ թշնամին կործանելու համար։ Ժամանակը պիտի ըլլայ որ ‘կենանք, որպէս զի Տէրոջը մեզի ըրած փրկութիւնը տեսնենք’ (Բ. Մն. 20։17)։ Մինչ այդ, բազմաթիւ առիթներ ունինք որ քաջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ թիկունք կանգնինք Եհովային իշխանութեան։
18. Կամաւոր ոգիդ ի՞նչ օգուտ կրնայ տալ։
18 Դեբօրան ու Բարակը իրենց յաղթանակի երգը սկսան Եհովան փառաբանելով եւ ոչ թէ մարդիկ։ Անոնք երգեցին. «Ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք» (Դատ. 5։1, 2)։ Այսօր ալ մեր կամաւոր ոգին կրնայ ուրիշը քաջալերել որ ‘Տէրը օրհնէ’։
a Այդ կառքերը ունէին սուր, երկար եւ ատեններ ծռած դանակներ։ Թերեւս այդ դանակները կապուած կ’ըլլային անիւներուն առանցքներուն։ Ո՞վ կը համարձակէր մօտենալ այսպիսի վախնալիք գործիքի մը։
b Այս պատմութեան մասին աւելին կրնաս կարդալ «‘Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու’» յօդուածին մէջ, Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2015 թիւին մէջ։
c Տե՛ս «Դրամի մասին մտահոգուիլ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 յուլիս 2015 թիւին մէջ։