Եհովային արդար աչքով կը նայի՞ս հարցերուն
«Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ. . . Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի» (Բ. ՕՐ. 32։3, 4)։
1, 2. ա) Նաբովթ ու իր տղաները ո՞ր անարդարութեան զոհ գացին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ո՞ր երկու յատկութիւններուն մասին պիտի խօսինք։
ԵՐԿՈՒ պարապ–սարապ մարդիկ սուտ կը խօսին մարդու մը մասին, ըսելով որ ան լուրջ յանցանք մը ըրած է։ Այսպիսով, ան յանցաւոր կ’ելլէ եւ կ’որոշուի որ պէտք է մեռնի։ Արդարութիւն սիրողներուն սիրտը արիւն կու լայ, մինչ կը դիտեն այս անմեղ մարդուն եւ անոր տղաներուն սպաննուիլը։ Ասիկա երեւակայական պատմութիւն մը չէ։ Ասիկա իրապէս պատահեցաւ Եհովայի հաւատարիմ մէկ ծառային՝ Նաբովթին, որ Աքաաբ թագաւորին ժամանակ ապրեցաւ (Գ. Թագ. 21։11-13. Դ. Թագ. 9։26)։
2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ Նաբովթին։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէկ երէցը ի՛նչ լուրջ սխալ մը ըրաւ։ Այս երկու օրինակները պիտի ցուցնեն, թէ եթէ կ’ուզենք Եհովային պէս արդարութեամբ վարուիլ՝ պէտք է խոնարհ եւ ներող ըլլանք։
ՑԱՒԱԼԻ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
3, 4. Նաբովթ ինչպիսի՞ անձ մըն էր, եւ ան ինչո՞ւ չընդունեց իր այգին ծախել Աքաաբ թագաւորին։
3 Նաբովթի օրերուն, իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը կը պաշտէր Բահաղ չաստուածը, Աքաաբ թագաւորին եւ անոր կնոջ Յեզաբէլ թագուհիին պէս։ Անոնք չէին յարգեր Եհովան եւ իր օրէնքները։ Բայց Նաբովթ Եհովային հաւատարիմ էր եւ իր կեանքէն աւելի կ’արժեւորէր Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը։
4 Կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 21։1-3։ Երբ Աքաաբ Նաբովթին առաջարկեց որ իր այգին գնէ, կամ ատոր տեղ՝ աւելի լաւ այգի մը տայ իրեն, Նաբովթ չընդունեց։ Ինչո՞ւ։ Ան յարգանքով բացատրեց. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։ Նաբովթ չընդունեց, քանի որ Եհովային օրէնքը կ’ըսէր որ իսրայէլացի մը պէտք չէ իր ընտանեկան ժառանգութիւնը մնայուն կերպով ծախէ (Ղեւ. 25։23. Թւ. 36։7)։ Յստակ է որ Նաբովթ Եհովային աչքով կը նայէր հարցերուն։
5. Յեզաբէլ ի՞նչ ըրաւ որպէսզի Նաբովթին այգին առնէ։
5 Երբ Նաբովթ չընդունեց իր այգին ծախել, Աքաաբ թագաւորը եւ Յեզաբէլ թագուհին չըլլալիք գէշ բաներ ըրին։ Յեզաբէլ թագուհին կարգադրեց որ երկու մարդիկ սուտ խօսին Նաբովթին մասին, ըսելով որ ան ծանր յանցանք մը ըրած է։ Այսպիսով, ան եւ իր տղաները մեռցուեցան։ Լաւ, Եհովան ի՞նչ ըրաւ այս ցաւալի անարդարութեան նկատմամբ։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
6, 7. Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուց թէ արդարութիւնը կը սիրէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ մխիթարած ըլլալու էր Նաբովթի ընտանիքը եւ բարեկամները։
6 Եհովան անմիջապէս Եղիան ղրկեց Աքաաբին։ Եղիան Աքաաբին ըսաւ որ մարդասպան եւ գող է։ Իսկ Եհովային վճիռը ի՞նչ էր։ Աքաաբ, իր կինը եւ տղաքը պիտի մեռցուէին՝ Նաբովթին ու իր տղոց պէս (Գ. Թագ. 21։17-25)։
7 Նաբովթին ընտանիքին եւ բարեկամներուն սիրտը արիւն լացաւ Աքաաբին ըրածներուն պատճառով։ Բայց անոնք անկասկած որոշ չափով մխիթարուեցան, երբ գիտցան որ Եհովան տեսաւ անարդարութիւնը եւ անմիջապէս քայլ առաւ։ Բայց ինչ որ անկէ ետք պատահեցաւ, հաւանաբար փորձի տակ դրաւ իրենց խոնարհութիւնն ու Եհովային հանդէպ վստահութիւնը։
8. Աքաաբ ի՞նչ ըրաւ երբ Եհովային պատգամը լսեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
8 Երբ Աքաաբ լսեց թէ Եհովան ի՛նչ որոշած է ընել իրեն, «իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր»։ Աքաաբ խոնարհութիւն ցուցուց եւ իր ըրածին համար գէշ զգաց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովան Եղիային ըսաւ. «Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ» (Գ. Թագ. 21։27-29. Դ. Թագ. 10։10, 11, 17)։ Եհովան՝ «սրտերը փորձողը», ողորմեցաւ Աքաաբին (Առ. 17։3)։
ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
9. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնար օգնել Նաբովթի ընտանիքին ու բարեկամներուն։
9 Երբ Նաբովթի ընտանիքն ու բարեկամները լսեցին, որ Աստուած Աքաաբին մահէն ետքն է որ պիտի պատժէ իր ընտանիքը, ասիկա թերեւս փորձի տակ դրաւ իրենց հաւատքը։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ անոնք խոնարհ էին, պիտի շարունակէին հաւատարմօրէն պաշտել Եհովան, վստահ ըլլալով որ անկարելի է որ անարդար ըլլայ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։3, 4)։ Ապագային, Նաբովթ եւ իր տղաները յարութիւն պիտի առնեն, եւ ասիկա կատարեալ արդարութիւն պիտի ըլլայ իրենց եւ իրենց ընտանիքին համար (Յոբ 14։14, 15. Յովհ. 5։28, 29)։ Ասկէ զատ, խոնարհ անձը գիտէ թէ «Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ» (Ժող. 12։14)։ Եհովան նկատի կ’առնէ իրողութիւններ որ մենք չենք գիտեր։ Այս պատճառով, խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը չկորսնցնենք։
10, 11. ա) Մեր արդարութիւնը ո՞ր պարագաներուն մէջ կրնայ փորձուիլ։ բ) Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։
10 Ի՞նչ կ’ընես եթէ երէցները առնեն որոշում մը, որ խելքիդ չի պառկիր կամ չես համաձայնիր ատոր հետ։ Օրինակ, ի՞նչ կ’ընես եթէ դուն կամ սիրելիներէդ մէկը կորսնցնէ առանձնաշնորհում մը։ Կամ, ի՞նչ կ’ընես եթէ կողակիցդ, տղադ կամ աղջիկդ, կամ ալ մտերիմ բարեկամդ վտարուի, եւ դուն համաձայն չես որոշումին հետ։ Ի՞նչ կ’ընես եթէ զգաս որ երէցները սխալ ըրին, մեղք գործողի մը հետ ողորմութեամբ վարուելով։ Եհովային եւ իր կազմակերպած բաներուն հանդէպ մեր հաւատքը փորձի տակ կը դրուի այսպիսի պարագաներու մէջ։ Լաւ, խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի այսպիսի փորձութեան մը մէջ։ Նկատի առ երկու կերպեր։
Ի՞նչ պիտի ընես երբ երէցները առնեն որոշում մը, որուն չես համաձայնիր (տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)
11 Առաջին, խոնարհ ըլլալով, կ’ընդունինք թէ չենք գիտեր բոլոր իրողութիւնները։ Որքան ալ շատ բաներ գիտնանք, չենք կրնար սրտերը կարդալ Եհովային պէս (Ա. Թագ. 16։7)։ Երբ ասիկա մտքերնիս պահենք, խոնարհութեամբ պիտի ընդունինք որ սահմանափակումներ ունինք եւ թէ պէտք է մեր մտածելակերպը ճշդենք։ Երկրորդ, եթէ անարդարութիւն մը պատահի, խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ հնազանդ ու համբերող ըլլանք եւ սպասենք որ Եհովան շտկէ հարցը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն. . . պիտի ըլլայ, բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ» (Ժող. 8։12, 13)։ Խոնարհութիւնը անկասկած բոլորին հոգեւոր շահին համար լաւ է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։5)։
ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
12. Հիմա ո՞ր պատմութիւնը նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։
12 Առաջին դարու Սուրիոյ Անտիոքի քրիստոնեաներուն պատահեցաւ բան մը, որ փորձի տակ դրաւ թէ՛ անոնց խոնարհութիւնը եւ թէ ներողամտութիւնը։ Նկատի առնենք այս պատմութիւնը եւ զայն գործածենք, որ մենք մեզ քննենք թէ ներողամի՛տ ենք կամ ոչ։ Ատիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ հասկնանք, թէ Եհովան ինչո՛ւ կրնայ անկատար մարդիկ գործածել առանց իր չափանիշները ցածցնելու։
13, 14. Պետրոս առաքեալ ի՞նչ առանձնաշնորհումներ ունէր, եւ ան ինչպէ՞ս ցուցուց թէ քաջ է։
13 Պետրոս առաքեալ շատ լաւ ճանչցուած երէց մըն էր քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ան անձամբ կը ճանչնար Յիսուսը, եւ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ տրուած էին իրեն (Մատ. 16։19)։ Օրինակ՝ Ք.Ե. 36–ին, Պետրոս առանձնաշնորհում ունեցաւ որ բարի լուրը տայ Կոռնելիոսին եւ անոր տան մէջ եղողներուն։ Այս դէպքը յատուկ էր, քանի որ Կոռնելիոս հրեայ չեղող անթլփատ անձ մըն էր։ Երբ ան եւ իր տան մէջ եղողները սուրբ հոգին ստացան, Պետրոս անդրադարձաւ որ անոնք կրնան մկրտուիլ որպէս քրիստոնեայ։ Ան ըսաւ. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել որ անոնք մկրտուին, որոնք Սուրբ Հոգին ալ ընդունեցին մեզի պէս» (Գործք 10։47)։
14 Ք.Ե. 49–ին, առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները ժողվուեցան, որպէսզի որոշեն թէ հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաները պէտք է թլփատուին կամ ոչ։ Այս ժողովին, Պետրոս համարձակութեամբ յիշեցուց եղբայրներուն, որ տարիներ առաջ տեսած էր անթլփատ հեթանոսներուն սուրբ հոգին ստանալը։ Պետրոսին փորձառութիւնը օգնեց կառավարիչ մարմինին որ որոշում առնէ (Գործք 15։6-11, 13, 14, 28, 29)։ Վստահաբար, թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ քրիստոնեաները երախտապարտ էին, որ Պետրոս անվախօրէն ըսաւ իրողութիւնները։ Այդ քրիստոնեաները որքա՜ն դիւրութեամբ կրնային վստահիլ իրեն որպէս հոգեւորապէս հասուն մէկը (Եբ. 13։7)։
15. Երբ Պետրոս Սուրիոյ Անտիոքն էր, ի՞նչ սխալ մը ըրաւ (տե՛ս բացման նկարը)։
15 Երուսաղէմի ժողովէն քիչ ետք, Պետրոս այցելեց Սուրիոյ Անտիոքը։ Հոն, ան բաւական ժամանակ անցուց ոչ–հրեայ եղբայրներուն հետ։ Անոնք անկասկած շատ օգտուեցան Պետրոսի գիտութենէն ու փորձառութենէն։ Բայց կրնանք երեւակայել որ անոնք որքա՜ն զարմացան ու վիրաւորուած զգացին, երբ Պետրոս յանկարծ սկսաւ իրենց հետ չուտել։ Բառնաբասը եւ ուրիշ հրեայ քրիստոնեաներ Պետրոսէն ազդուելով նոյնը ըրին։ Այս հասուն քրիստոնեան ինչո՞ւ ըրաւ այսպիսի լուրջ սխալ մը, որ կրնար ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Աւելի կարեւորը, ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս դէպքէն, որ մեզի պիտի օգնէ երբ երէց մը մեզ վիրաւորէ խօսքով կամ գործով։
16. Պետրոս ինչպէ՞ս անդրադարձաւ որ ի՛նչ սխալ ըրած էր, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
16 Կարդա՛ Գաղատացիս 2։11-14։ Պետրոս մարդոց հանդէպ վախ ունեցաւ (Առ. 29։25)։ Ան գիտէր թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէր հեթանոսներուն մասին։ Բայց ան վախցաւ որ Երուսաղէմէն եկող հրեայ քրիստոնեաները գէշ կարծիք առնեն իր մասին։ Պօղոս առաքեալ Պետրոսին ըսաւ որ կեղծաւորութիւն կ’ընէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Ք.Ե. 49–ին՝ Երուսաղէմին մէջ ժողովին ընթացքին, Պօղոս տեսած էր թէ Պետրոս ինչպէ՛ս պաշտպանեց հրեայ չեղողները (Գործք 15։12)։ Լաւ, ի՞նչ ըրին այն ոչ–հրեայ քրիստոնեաները որոնք վիրաւորուեցան Պետրոսին ըրածէն։ Գայթակղեցա՞ն։ Պետրոս իր արժէքաւոր առանձնաշնորհումները պիտի կորսնցնէ՞ր այս սխալին պատճառաւ։
ՆԵՐԷ
17. Պետրոս ինչպէ՞ս օգտուեցաւ Եհովային ներումէն։
17 Պետրոս խոնարհութեամբ ընդունեց Պօղոսին խրատը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Պետրոս իր առանձնաշնորհումները կորսնցուց։ Յետագային, ան նոյնիսկ երկու նամակներ գրեց, որոնք Սուրբ Գիրքին մէկ մասը դարձան։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, ան Պօղոսը կը կոչէ՝ «մեր սիրելի եղբայրը» (Բ. Պետ. 3։15)։ Ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս շարունակեց Պետրոսը գործածել, հակառակ որ ոչ–հրեայ քրիստոնեաները հաւանաբար վիրաւորուեցան Պետրոսին ըրածէն (Եփ. 1։22)։ Այժմ, ժողովքի քոյրերուն ու եղբայրներուն առջեւ առիթ կար որ Պետրոսին ներէին՝ Յիսուսին ու իր Հօր պէս։ Յուսանք որ ո՛չ մէկը գայթակղեցաւ անկատար Պետրոսին սխալին պատճառաւ։
18. Թերեւս ե՞րբ պէտք ունենանք որ Եհովային պէս արդարութեամբ վարուինք։
18 Առաջին դարու ժողովքին մէջ կատարեալ երէցներ չկային, ոչ ալ մեր դարուն կան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակ. 3։2)։ Ասիկա ընդունիլը խօսքով դիւրին է, բայց երբ անձամբ վիրաւորուինք եղբօր մը անկատարութենէն՝ ընդունիլը դժուար կ’ըլլայ։ Այս պարագային, Եհովային պէս արդարութեամբ պիտի վարուի՞նք։ Օրինակ, ի՞նչ պիտի ընես երբ երէց մը ըսէ բան մը, որ կը յայտնէ թէ ձեւով մը նախապաշարուած է։ Կը գայթակղի՞ս երբ երէց մը առանց հաշիւի ըսէ բան մը որ քեզ կը վիրաւորէ։ Փոխանակ մտածելու որ եղբայրը այլեւս պէտք չէ երէց ըլլայ, համբերութեամբ պիտի սպասե՞ս որ ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս հարցը լուծէ։ Փոխանակ սխալին վրայ կեդրոնանալու, միտքդ պիտի բերե՞ս եղբօր երկար տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Եթէ այն եղբայրը որ քեզի դէմ մեղք գործեց՝ շարունակէ ծառայել որպէս երէց, կամ նոյնիսկ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ստանայ, իրեն համար պիտի ուրախանա՞ս։ Եթէ պատրաստ ըլլաս ներելու, Եհովային պէս արդարութեամբ վարուած կ’ըլլաս (կարդա՛ Մատթէոս 6։14, 15)։
19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
19 Քանի որ արդարութիւնը կը սիրենք, անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան լման պիտի ջնջէ բոլոր այն անարդարութիւնները, որ Սատանային եւ իր չար աշխարհին պատճառով կ’ըլլան (Եսա. 65։17)։ Մինչ այդ, երբ անարդարութեան զոհ երթանք, թող որ խոնարհութեամբ ընդունինք որ բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր եւ միշտ ներենք մեզի դէմ մեղք գործողներուն։ Այսպիսով, Եհովային արդար աչքով նայած կ’ըլլանք հարցերուն։