Սէր. արժէքաւոր յատկութիւն մը
ԵՀՈՎԱՆ Պօղոս առաքեալը մղեց որ գրէ ինը յատկութիւններու մասին, որոնք մէջտեղ կ’ելլեն երբ սուրբ հոգին գործէ (Գաղ. 5։22, 23)։ Այս գեղեցիկ յատկութիւնները միասին կը կազմեն «Հոգիին պտուղը»a։ Այս պտուղը նաեւ մաս կը կազմէ նոր անձնաւորութեան, որ պէտք է հագնինք (Կող. 3։10)։ Ճիշդ ինչպէս որ ծառը պտուղ կու տայ երբ բաւարար կը ջրուի, նոյնպէս անհատ մը այս գեղեցիկ յատկութիւնները պիտի ունենայ, երբ սուրբ հոգին մեծ դեր խաղայ իր կեանքին մէջ (Սաղ. 1։1-3)։
Հոգիին պտուղին առաջին յատկութիւնը սէրն է։ Այս յատկութիւնը որքա՞ն արժէքաւոր է։ Պօղոս ըսաւ որ ինք առանց սիրոյ «ոչինչ» է (Ա. Կոր. 13։2)։ Տեսնենք թէ սէրը ի՛նչ է եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն ունենալ ու ամէն օր գործի դնել։
ՍԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է
Թէեւ շատ դժուար է բացատրել ճիշդ ի՛նչ է սէրը, բայց Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ թէ սիրող անձը ինչպէ՛ս կը մտածէ եւ կը գործէ։ Օրինակ, սիրող անձը «երկայնամիտ է, քաղցր է» եւ «ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ Երբ մէկը սէր ունի, «ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»։ Ան ուրիշներուն հանդէպ խոր գուրգուրանք կը զգայ, անոնցմով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուի եւ ջերմօրէն կապուած կ’ըլլայ անոնց։ Անդին, երբ անհատը սէր չունենայ՝ նախանձոտ, հպարտ, անպարկեշտ, անձնասէր եւ չներող կ’ըլլայ։ Փոխանակ այսպիսի գէշ եւ անօգուտ յատկութիւններ ցուցնելու, կ’ուզենք այնպիսի սէր ցուցնել, որ «իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։4-8)։
ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԸ ՍԻՐՈՅ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿՆ ԵՆ
«Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Բոլոր իր գործերն ու ըրածները ասիկա կը փաստեն։ Ան մարդկութեան հանդէպ իր սէրը ամէնէն շատ ցուցուց, երբ Յիսուսը ղրկեց մեզի համար չարչարուելու ու մեռնելու։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Աստուծոյ սիրոյն պատճառով մեր մեղքերը կրնան ներուիլ եւ կրնանք յոյս ու կեանք ունենալ։
Յիսուս փաստեց թէ մարդկութիւնը կը սիրէ, երբ իր կեանքը զոհեց որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարէ։ Պօղոս գրեց. «[Յիսուս] կ’ըսէ. ‘Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած’։ . . .Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը» (Եբ. 10։9, 10)։ Չկայ մարդ արարած մը որ ասկէ աւելի սէր կրնայ ցուցնել։ Յիսուս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 15։13)։ Անկատար ըլլալով, կրնա՞նք Եհովային եւ Յիսուսին սիրոյ օրինակին հետեւիլ։ Այո՛, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։
«ՍԻՐՈՎ ՎԱՐՈՒԵՑԷՔ»
Պօղոս մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց» (Եփ. 5։1, 2)։ Որպէսզի շարունակենք ‘սիրով վարուիլ’, պէտք է միշտ սէր ցուցնենք։ Ասիկա ոչ միայն խօսքով կ’ըլլայ, հապա նաեւ գործով։ Յովհաննէս գրեց. «Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։18)։ Օրինակ, եթէ Եհովան եւ մարդիկը կը սիրենք, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք (Մատ. 24։14. Ղուկ. 10։27)։ Նաեւ ‘սիրով կը վարուինք’, երբ համբերող, ազնիւ եւ ներող կ’ըլլանք։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը այս խրատը կու տայ. «Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։
Բայց իսկական սէրը կապ չունի զգացումներով տարուելուն հետ։ Օրինակ, երբ մանուկ մը կու լայ, զգացումներով տարուող ծնողքը անոր ամէն ուզածը կ’ընէ։ Բայց այն ծնողքը որ իրապէս կը սիրէ մանուկը, իր խօսքին վրայ կը մնայ երբ որ պէտք է։ Նմանապէս, ճիշդ է որ Եհովան սէր է, բայց ան «իր սիրածը կը խրատէ» (Եբ. 12։6)։ Ուրեմն, երբ պէտք եղած տեղը յարմար ձեւով խրատ տանք, սիրով վարուած կ’ըլլանք (Առ. 3։11, 12)։ Անշուշտ, չմոռնանք որ անկատար ենք եւ շատ անգամներ սիրով չենք վարուիր։ Ասոր համար, բոլորիս համար կան մարզեր, որոնց մէջ կրնանք աւելի սիրալիր ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՍԷՐ ՄՇԱԿԵԼ
Առաջին, Աստուծմէ խնդրէ սուրբ հոգին, որ սէր յառաջ կը բերէ։ Յիսուս ըսաւ որ Եհովան «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք եւ առիթ տանք որ մեզի օգնէ, երթալէն աւելի սիրալիր պիտի ըլլանք (Գաղ. 5։16)։ Օրինակ, եթէ երէց մըն ես, կրնաս սուրբ հոգին խնդրել, որպէսզի քեզի օգնէ որ սիրալիր կերպով խրատ տաս ուրիշներուն։ Կամ եթէ ծնողք մըն ես, կրնաս խնդրել որ սուրբ հոգին քեզի օգնէ որ զաւակներդ սիրալիր կերպով կրթես, եւ ոչ թէ բարկութեամբ։
Երկրորդ, մտածէ թէ Յիսուս ինչպէս սիրալիր կերպով վարուեցաւ նոյնիսկ երբ մարդիկ լաւ կերպով չվարուեցան իրեն հետ (Ա. Պետ. 2։21, 23)։ Երբ մէկը քեզ նեղացնէ կամ անարդարութեամբ վարուի հետդ, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ Յիսուս իմ տեղս ըլլար, ի՞նչ պիտի ընէր’։ Լի անունով քոյր մը նկատեց թէ ինքն իրեն այս հարցումը հարցնելը օգնեց, որ բան մը ընելէ առաջ մտածէ։ Ան կը պատմէ. «Անգամ մը, գործակիցներէս մէկը ե–նամակ մը ղրկեց միւսներուն, գէշ բաներ խօսելով իմ մասիս եւ իմ ըրած գործիս մասին։ Շա՜տ վիրաւորուեցայ։ Բայց ետքը ես ինծի հարցուցի. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այս անձին հետ վարուիլ ինչպէս որ Յիսուս պիտի վարուէր եթէ տեղս ըլլար’։ Ասոր մասին խոկալէ ետք որոշեցի հարցը չմեծցնել եւ ետեւս նետել։ Ետքը, լսեցի որ գործակիցս առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունի եւ շատ սթրեսի տակ է։ Եզրակացուցի որ իր ըսածները իր սրտէն չէին։ Երբ խոկացի որ Յիսուս ինչպէս սիրալիր կերպով վարուեցաւ նոյնիսկ երբ գէշութեամբ վարուեցան իրեն հետ, ասիկա ինծի օգնեց որ ես ալ սիրալիր կերպով վարուիմ գործակիցիս հետ»։ Իրապէս, եթէ Յիսուսին նմանինք, միշտ սիրալիր կերպով պիտի վարուինք ուրիշներուն հետ։
Երրորդ, սորվէ անձնազոհ սէր ունենալ։ Այս տեսակի սէրը կը ցուցնէ թէ որոնք են ճշմարիտ քրիստոնեաները (Յովհ. 13։34, 35)։ Յիսուս ինք այսպիսի սէր ունէր եւ շատ լաւ օրինակ ձգեց մեզի։ Ան երկինքը ձգելով զոհուեցաւ մեզի համար, նոյնիսկ մեռնելու աստիճան (Փլպ. 2։5-8)։ Երբ Յիսուսի պէս անձնազոհ սէր ունենանք, մեր մտածումներն ու զգացումները աւելի պիտի նմանին իր մտածումներուն ու զգացումներուն, եւ ուրիշներուն շահը մեր շահէն առաջ պիտի դնենք։ Ուրիշ ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք երբ սիրալիր կերպով վարուինք։
ՍԷՐ ՑՈՒՑՆԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Երբ սիրալիր կերպով վարուինք, շատ օգուտներ կը վայելենք։ Նկատի առ երկու օրինակ։
Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ սիրալիր կերպով վարուինք
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ Քանի որ իրարու հանդէպ սէր ունինք, գիտենք որ աշխարհին շուրջ ո՛ր ժողովքին ալ երթանք, եղբայրներն ու քոյրերը սրտանց պիտի ընդունին մեզ։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ աշխարհին մէջ ամբողջ եղբայրութիւնը մեզ կը սիրէ (Ա. Պետ. 5։9)։ Միայն Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կրնանք գտնել այսպիսի սէր մը։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ։ «Սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալ»ը մեզի կ’օգնէ որ «խաղաղութեան կապ»ը վայելենք (Եփ. 4։2, 3)։ Մենք այս խաղաղութիւնը անձամբ կը զգանք մեր ժողովներուն եւ համաժողովներուն ընթացքին։ Չե՞ս համաձայնիր որ խաղաղութեան այս ոգին շատ յատուկ բան մըն է այսօրուան բաժնուած աշխարհին մէջ (Սաղ. 119։165. Եսա. 54։13)։ Երբ ջանք թափենք որ ուրիշներուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք, կը ցուցնենք որ իրապէս կը սիրենք զանոնք, եւ ասիկա կ’ուրախացնէ մեր երկնաւոր Հայրը (Սաղ. 133։1-3. Մատ. 5։9)։
«ՍԷՐԸ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԷ»
Պօղոս գրեց. «Սէրը շինութիւն կ’ընէ» (Ա. Կոր. 8։1)։ Ինչպէ՞ս։ Ա. Կորնթացիս 13–րդ գլուխին մէջ, որ ոմանք կը կոչեն «Սիրոյ սաղմոսը», Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ սէրը ինչպէ՛ս շինութիւն կ’ընէ։ Նախ, սէրը ուրիշին շահը կը փնտռէ (Ա. Կոր. 10։24. 13։5)։ Ասկէ զատ, քանի որ սէրը հոգատար, փափկանկատ, համբերող եւ ազնիւ է, պատճառ կ’ըլլայ որ ընտանիքի անդամները իրարու հետ սիրալիր ըլլան, իսկ ժողովքը՝ միացած (Կող. 3։14)։
Աստուծոյ հանդէպ բոլորիս ունեցած սէրը ամէնէն արժէքաւոր եւ շինիչ սէրն է որ կրնանք ունենալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա մեզ կը միացնէ։ Բոլոր ենթահողերէ, ցեղերէ եւ լեզուներէ մարդիկ «մէկ ուսով» Եհովան կը պաշտեն (Սոփ. 3։9, ստորանիշ)։ Ուրեմն, մտքերնիս դնենք որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին այս արժէքաւոր յատկութիւնը ցուցնենք ամէն օր։
a Այս յօդուածը առաջինն է այն ինը յօդուածներուն, որոնք պիտի քննարկեն հոգիին պտուղին ամէն մէկ յատկութիւնը։