Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Հոկտեմբեր էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ձեր այոն այո՛ ըլլայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուծոյ հնազանդելով՝ իր երդուեալ խոստումներէն օգտուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Հոկտեմբեր էջ 32

Գիտէի՞ր

Յիսուս ինչո՞ւ դատապարտեց երդում ընելը։

Մարդ մը տաճարին մէջ երդում կ’ընէ

ԸՍՏ Մովսիսական օրէնքին, հրեաները կրնային որոշ երդումներ ընել, ինչպէս՝ «Եհովային անունով երդում կ’ընեմ»։ Բայց Յիսուսի օրերուն, երդում ընելը այնքան սովորական դարձած էր, որ հրեաները ամէն պզտիկ բանին երդում կ’ընէին։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի իրենց ըսածը աւելի հաւատալի ըլլար։ Յիսուս այս սովորութիւնը երկու առիթով դատապարտեց։ Ան սորվեցուց. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատ. 5։33-37. 23։16-22)։

Բառարան մը կ’ըսէ թէ Թալմուտը մեզի կ’օգնէ, որ տեսնենք թէ հրեաները որքա՛ն սովորութիւն ունէին երդում ընելու որ իրենց ըսածը ճիշդ է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Թալմուտը շատ մանրամասնօրէն կը բացատրէ, թէ ո՛ր երդումները պէտք էր պահուէին եւ ո՛ր երդումները կրնային չյարգուիլ (Theological Dictionary of the New Testament)։

Յիսուսէն զատ ուրիշներ ալ դատապարտեցին այս սխալ սովորութիւնը։ Օրինակ, հրեայ պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս գրեց հրէական որոշ աղանդի մը մասին, որուն անդամները երդում չէին ըներ։ Անոնք համոզուած էին որ երդում ընելը՝ սուտ խօսելէն աւելի գէշ է։ Անոնք կ’ըսէին որ եթէ անձ մը ստիպուած է երդում ընել, որպէսզի ուրիշները իրեն հաւատան, ուրեմն ան ստախօս է։ Սիրաք կոչուած հրէական պարականոն գրութիւնը (23։11) նմանապէս կ’ըսէ. «Շատ երդում ընող մարդը անօրէնութեամբ կը լեցուի»։ Յիսուս դատապարտեց երդումները թեթեւի առնելը։ Եթէ ամէն ատեն ճիշդը կ’ըսենք, պէտք չունինք երդում ընելու, որպէսզի մեր ըսածը աւելի հաւատալի ըլլայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել