Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ18 թիւ 1 էջ 12-13
  • 3 Խնդիրներուն դիմանալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 3 Խնդիրներուն դիմանալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
  • ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՄԱՀԸ
  • Աղօթքը քեզի ի՞նչ օգուտ ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
դհ18 թիւ 1 էջ 12-13
Կին մը կը սգայ գերեզմանատան մէջ. հաշմանդամի կառքին դատապարտուած կին մը Սուրբ Գիրքի պատգամին ականջ կու տայ

3 Խնդիրներուն դիմանալ

Կան խնդիրներ, որոնցմէ չենք կրնար հեռու մնալ եւ չեն լուծուիր։ Օրինակ, եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես կամ եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունիս, թերեւս ցաւիդ դիմանալէն զատ ուրիշ ճար մը չունիս։ Սուրբ Գիրքը կրնա՞յ օգնել այսպիսի նեղ պարագաներու մէջ։

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Ռոզ կ’ըսէ. «Ի ծնէ առողջապահական խնդիր մը ունիմ, որ յարատեւաբար անտանելի ցաւ կու տայ ինծի։ Առօրեայ կեանքս երթալէն ետեւ գացած է»։ Իր ամէնէն մեծ մտահոգութիւններէն մէկը այն էր, որ ատեններ կեդրոնացում չէր ունենար Սուրբ Գիրքը սերտելու ատեն կամ երբ ուրիշ հոգեւոր բաներ ընէր։ Բայց Մատթէոս 19։26–ին մէջ գրուած Յիսուսին խօսքը շատ օգնեց իրեն. «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։ Ռոզ սորվեցաւ որ տարբեր կերպերով կրնայ սերտել։ Ան սկսաւ Սուրբ Գիրքին եւ ուրիշ աստուածաշնչական հրատարակութիւններու ձայնագրութիւնները մտիկ ընել, քանի որ ատեններ ցաւը գրեթէ անկարելի կը դարձնէր կարդալըa։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ այս ձեւը չըլլար, չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պիտի կարենայի հոգեւորութիւնս պահպանել»։

Երբ Ռոզ նեղուի թէ չի կրնար առաջուան ըրածները ընել, Բ. Կորնթացիս 8։12–ին խօսքը կը մխիթարէ զինք. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։ Այս խօսքը Ռոզին կը յիշեցնէ, որ Աստուած գոհ է իր ըրածներով, քանի որ իր կարողութեան չափով իր ամէ՛ն կարելին կ’ընէ։

ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՄԱՀԸ

Նախապէս նշուած Տելֆին կը պատմէ. «Երբ 18 տարեկան աղջիկս մեռաւ, ցաւս այնքա՛ն մեծ էր որ չէի հաւատար որ պիտի կարենամ շարունակել ապրիլ։ Բա՛ն մը առաջուան պէս պիտի չըլլար»։ Սակայն ան շատ մխիթարուեցաւ Սաղմոս 94։19–ին խօսքով, ուր գրողը Աստուծոյ ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայէն խնդրեցի որ ինծի ցուցնէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ որ ցաւս թեթեւնայ»։

Ան օգտակար եղող կամաւոր գործեր ընելով իր ժամանակը լեցուց։ Ժամանակի ընթացքին, ան ինքզինք նմանցուց պզտիկներուն կաւիճին, քանի որ նոյնիսկ կոտրուած կաւիճները տակաւին կը գրեն։ Նոյն կերպով, ան տակաւին կրնար օգնել ուրիշներուն, հակառակ որ իր սիրտը կոտրուած էր։ Ան կը պատմէ. «Յանկարծ անդրադարձայ որ ամէն անգամ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներով եւ գաղափարներով մխիթարէի աշակերտներս, Եհովան զի՛ս մխիթարած կ’ըլլար»։ Այս կինը ցանկ մը պատրաստեց, գրելով աստուածաշնչական այն անձնաւորութիւններուն անունները, որոնք շատ ծանր սուգի մէջ եղան։ Ան նկատեց որ «անոնք բոլորն ալ միշտ կ’աղօթէին»։ Ան նաեւ սորվեցաւ որ «եթէ Սուրբ Գիրքդ գոց մնայ, պատասխան չես առներ»։

Տելֆին ուրիշ բան մըն ալ սորվեցաւ Սուրբ Գիրքէն. ապագային վրայ կեդրոնանալ եւ ոչ թէ անցեալին վրայ։ Գործք 24։15–ին տուած յոյսը կը մխիթարէ զինք. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Ան որքա՞ն վստահ է որ իր աղջիկը յարութիւն պիտի առնէ։ Տելֆին պատասխանը կու տայ. «Կրնամ երեւակայել որ աղջիկս յարութիւն առած է։ Մեր յաջորդ ‘ժամադրութիւնը’ արդէն իսկ որոշուած է, կարծես թէ Հօրս օրացոյցին վրայ գրուած է։ Շատ յստակօրէն կրնամ երեւակայել որ աղջիկիս հետ եմ մեր պարտէզին մէջ, ճիշդ ինչպէս որ յստակօրէն կը յիշեմ իր դէմքը իր ծնած օրը եւ թէ որքան սիրեցի զինք»։

a Շատ մը այսպիսի ձայնագրութիւններ կրնաս գտնել jw.org կայքին մէջ։

Սուրբ Գիրքը կրնայ քեզի օգնել, որ մխիթարուիս նոյնիսկ ամէնէն ծանր պարագաներուն մէջ

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ

Սուրբ Գիրքը յստակ պատասխան կու տայ, ըսելով. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք» (Սաղմոս 145։18, 19)։ Այս խօսքը քաջալերական չէ՞։ Բայց Աստուած ինչպէ՞ս կը պատասխանէ այն անձերուն աղօթքներուն, որոնք անկեղծօրէն օգնութիւն կը խնդրեն իրմէ։

ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՎ.

Շատ անգամներ, խնդիրները կրնան մեր ուժը սպառել, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ զգացականօրէն եւ թէ հոգեւորապէս (Առակաց 24։10)։ Բայց Եհովան ‘յոգնածին ոյժ կու տայ ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն կը հասցնէ’ (Եսայի 40։29)։ Պօղոս առաքեալ, որ լուրջ նեղութիւններէ անցաւ, ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։ Աստուծոյ սուրբ հոգին Պօղոսին զօրութիւն տուաւ։ Դուն ալ կրնաս Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրել (Ղուկաս 11։13)։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՎ.

Եթէ օգնութեան պէտք ունիս, որ Սուրբ Գիրքին խրատները հասկնաս ու գործադրես, ըրէ Յակոբոս աշակերտին ըսածը. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի» (Յակոբոս 1։5)։ Կրնաս աղօթքներուդ համաձայն գործել, Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ անոր սորվեցուցածները գործադրելով (Յակոբոս 1։23-25)։ Այսպիսով պիտի տեսնես որ իր խրատները որքա՜ն իմաստուն են։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՎ.

Նոյնիսկ եթէ շատ ծանր մտահոգութիւններ ունիս, Եհովան կրնայ քեզի օգնել որ հանդարտ մնաս։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Կրնաս Եհովայէն խնդրել որ քեզի խաղաղութիւն տայ։

Բայց եթէ խնդիրներդ շուտով չլուծուին, մի՛ կարծեր որ Աստուած քեզ ձգած է։ Նոյնիսկ եթէ խնդիրներդ շարունակուին, Աստուած կրնայ քաջութիւն եւ զօրութիւն տալ քեզի որ դիմանաս (Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կը խոստանայ որ ժամանակը պիտի գայ, երբ մեր խնդիրները վերջնականապէս պիտի լուծուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել