Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ18 թիւ 3 էջ 3
  • «Ո՞ւր էր Աստուած»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ո՞ւր էր Աստուած»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովային ծառայութեան մէջ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ուղղամտութիւնդ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Իրապէս հոգացող անձ մը կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Բացում
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
դհ18 թիւ 3 էջ 3
Մոմ բռնած սգացողներ

«Ո՞ւր էր Աստուած»

«ՄԱՐԴԻԿ ՄԻՇՏ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՆ. Ո՞ՒՐ ԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾ» — Պենետիկտոս ԺԶ. պապին խօսքը, երբ այցելեց Օշվիթցի նախկին կեդրոնացման ճամբարը, Լեհաստան։

ԵՐԲ ԱՂԷՏ ՄԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ, ԱՐԴԵՕՔ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱ՞Ս՝ ‘Ո՞ՒՐ ԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾ’։ ԿԱՄ ԵՐԲ ԽԻՍՏ ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՄԸ ՏԱԿ ԸԼԼԱՍ, ԿԸ ՀԱՐՑՆԵ՞Ս. ‘ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՁՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է’։

Միացեալ նահանգներէն Շիլան, որ շատ կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ մեծցած է, կ’ըսէ. «Մանկութենէս ի վեր գիտէի՛ որ Աստուած գոյութիւն ունի, քանի որ ինք մեզ ստեղծած է. բայց բնա՛ւ իրեն մօտիկ չէի զգար։ Կը կարծէի որ ան զիս կը դիտէր, բայց հեռուէ հեռու։ Անշուշտ չէի հաւատար որ Աստուած զիս կ’ատէ. բայց ոչ ալ կը հաւատայի որ ինձմով հետաքրքրուած է»։ Շիլան ինչո՞ւ այս կասկածները ունէր։ Ան կը բացատրէ. «Ընտանիքս ետեւ–ետեւի ծանր պարագաներէ անցաւ եւ մեզի այնպէս կը թուէր, որ Աստուած բնա՛ւ մեզի չէր օգներ»։

Կրնայ ըլլալ որ դո՛ւն ալ Շիլային պէս կը հաւատաս, որ Ամենակարող Աստուած գոյութիւն ունի, բայց մտքիդ մէջ մե՜ծ հարցման նշան մը կայ. Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Յոբն ալ, որ արդար մարդ էր եւ Ստեղծիչին զօրութեան ու իմաստութեան կը հաւատար, այս տեսակ կասկածներ ունէր (Յոբ 2։3. 9։4)։ Երբ Յոբ ետեւ–ետեւի աղէտալի դէպքերու զոհը գնաց, առանց յոյսի նշոյլ մը իսկ ունենալու, Աստուծոյ հարցուց. «Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես» (Յոբ 13։24)։

Լաւ, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ Երբ աղէտալի դէպք մը հարուածէ, պէտք է Աստուա՞ծ մեղադրենք։ Փաստ մը կա՞յ որ Աստուած մարդ արարածով հետաքրքրուած է. . . քեզմո՛վ հետաքրքրուած է։ Արդեօք մենք կրնա՞նք գիտնալ եթէ Աստուած մեզ կը նկատէ, կը հասկնայ, մեզի հետ կը զգայ կամ կ’օգնէ երբ խնդիրներու մէջ իյնանք։

Յաջորդ յօդուածներուն մէջ պիտի տեսնենք, որ մարդ արարածը ստեղծելու Աստուծոյ կերպէն ի՛նչ կը սորվինք իր հոգատարութեան մասին (Հռովմայեցիս 1։20)։ Ետքը, պիտի տեսնենք որ Աստուածաշո՛ւնչը ինչ կ’ըսէ այս կէտին շուրջ։ Պիտի նկատես թէ որքա՛ն աւելի Աստուած ‘ճանչնաս’ մարդ արարածը ստեղծելու իր կերպին եւ Աստուածաշունչին միջոցաւ, այնքա՛ն աւելի վստահ պիտի ըլլաս, որ ‘քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Յովհաննէս 2։3. Ա. Պետրոս 5։7)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել