Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Յուլիս էջ 17-21
  • Եհովային կո՞ղմն ես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային կո՞ղմն ես
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ՍՐՏԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԷ
  • ՄԻ՛ ԽԱԲՈՒԻՔ
  • ԵՀՈՎԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻ՛Կ ՄՆԱ
  • Ան քեզի համար լա՞ւ թէ ազդարարական օրինակ մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • «Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Սողոմոն իմաստութեամբ կ’իշխէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Յուլիս էջ 17-21
Սինա լերան քով, ղեւտացիները Մովսէսին շուրջ կը հաւաքուին

Եհովային կո՞ղմն ես

«Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս» (Բ. ՕՐ. 10։20)։

ԵՐԳԵՐ. 106, 27

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Կայէնը եւ Սողոմոնը ինչպէ՞ս կորսնցուցին Եհովային հաճութիւնը։

  • Մովսէս եւ Ահարոն ինչպէ՞ս ցուցուցին որ Եհովային կողմն էին։

  • Եհովային ողորմութենէն եւ ներումէն ինչպէ՞ս կրնանք լման օգտուիլ։

1, 2. ա) Ինչո՞ւ իմաստութիւն է Եհովային կողմը ըլլալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ մօտիկ մնալը իմաստութիւն է։ Իրմէ աւելի զօրաւոր, իմաստուն կամ սիրալիր մէկը չկայ։ Մեզմէ ո՞վ չ’ուզեր իր կողմը ըլլալ (Սաղ. 96։4-6)։ Բայց Եհովան պաշտողներէն ոմանք եղած են պարագաներու մէջ, ուր իրեն հաւատարիմ չեն գտնուած։

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք անհատներ, որոնք իրենց կարծիքով Եհովային կողմն էին, բայց միեւնոյն ատեն կ’ընէին Եհովային ատած բաները։ Անոնցմէ կը սորվինք կարեւոր դասեր, որոնք մեզի կ’օգնեն Եհովային լման հաւատարիմ մնալու։

ԵՀՈՎԱՆ ՍՐՏԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԷ

3. Եհովան ինչո՞ւ ջանաց օգնել Կայէնին, եւ անոր ի՞նչ ըսաւ։

3 Նկատի առ Կայէնը։ Ան Եհովայէն զատ ուրիշ աստուած չէր պաշտեր, բայց Եհովան չընդունեց իր պաշտամունքը։ Ան տեսաւ որ գէշ հակումներ կան Կայէնին սրտին մէջ (Ա. Յովհ. 3։12)։ Եհովան զգուշացուց զինք, ըսելով. «Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես [«պիտի իշխե՞ս», ՆԱ]» (Ծն. 4։6, 7)։ Ուրիշ խօսքով, Եհովան կարծես թէ Կայէնին կ’ըսէր. «Եթէ զղջաս եւ հաստատօրէն իմ կողմս կենաս, ես ալ քու կողմդ պիտի ըլլամ»։

4. Կայէն ի՞նչ ըրաւ երբ առիթ ունէր որ Եհովային կողմը ըլլար։

4 Եթէ Կայէն փոխէր իր մտածելակերպը, Եհովան դարձեալ իրեն պիտի հաճէր։ Բայց ան խրատը մտիկ չըրաւ, եւ իր սխալ մտածումն ու անձնասէր ցանկութիւնը ձգեցին որ սխալ բաներ ընէ (Յակ. 1։14, 15)։ Կայէն իր պատանի եղած ատեն թերեւս բնա՛ւ չէր երեւակայեր, որ Եհովային հակառակ պիտի կենար։ Բայց ահաւասիկ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ եւ իր եղբայրը մեռցուց։

5. Ո՞ր մտածելակերպը կրնայ պատճառ ըլլալ որ Եհովային հաճութիւնը կորսնցնենք։

5 Ներկայիս ալ կան անհատներ, որոնք Եհովան կը պաշտեն, բայց Իր ատած բաները կ’ընեն (Յդ. 11)։ Օրինակի համար, թերեւս մէկը կանոնաւորաբար ծառայութեան կ’ելլէ եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլայ, բայց միեւնոյն ատեն անբարոյ բաներ կ’երեւակայէ, ագահ է կամ հաւատակիցի մը հանդէպ ատելութիւն ունի (Ա. Յովհ. 2։15-17. 3։15)։ Այս մտածելակերպը կ’առաջնորդէ մեղքի։ Թերեւս ուրիշներ չեն նկատեր թէ ինչ կը մտածենք կամ կ’ընենք, բայց Եհովան կը նկատէ։ Ան գիտէ թէ սրտա՛նց իր կողմն ենք կամ ոչ (կարդա՛ Երեմիա 17։9, 10)։

6. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր սխալ ցանկութիւններուն իշխենք։

6 Թէեւ սխալներ կ’ընենք, բայց Եհովան շուտով իր յոյսը չի կտրեր մեզմէ։ Երբ մէկը Եհովայէն կը հեռանայ, Եհովան իրեն կ’ըսէ. ‘Ինծի դարձիր ու ես քեզի պիտի դառնամ’ (Մաղ. 3։7)։ Ան կ’ուզէ որ գէշ բաներուն հակառակ կենանք, մանաւանդ երբ մեր տկարութիւններուն դէմ կը պայքարինք (Եսա. 55։7)։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան ալ մեր կողմը պիտի ըլլայ եւ մեզի պիտի տայ պէտք եղած օգնութիւնը, ըլլա՛յ հոգեւոր, զգացական կամ ֆիզիքական, որպէսզի մեր սխալ ցանկութիւններուն ‘իշխենք’ (Ծն. 4։7)։

ՄԻ՛ ԽԱԲՈՒԻՔ

7. Սողոմոն ինչպէ՞ս կորսնցուց Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը։

7 Շատ դասեր կրնանք սորվիլ Սողոմոն թագաւորէն։ Երբ ան երիտասարդ էր, Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Եհովան զինք շատ իմաստուն ըրաւ, եւ իրեն տուաւ Երուսաղէմի մէջ փառաւոր տաճար մը շինելու պարտականութիւնը։ Բայց ան կորսնցուց Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը (Գ. Թագ. 3։12. 11։1, 2)։ Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր որ հրեայ թագաւորը «իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի» (Բ. Օր. 17։17)։ Սողոմոն այս օրէնքին չհնազանդեցաւ եւ իր կեանքին ընթացքին ունեցաւ 700 կին եւ 300 հարճ (Գ. Թագ. 11։3)։ Իր կիներէն շատեր իսրայէլացի չէին եւ չաստուածներ կը պաշտէին։ Այսպիսով, Սողոմոն նաեւ անհնազանդ գտնուեցաւ Եհովային այն օրէնքին, որ օտար կիներ չառնէ (Բ. Օր. 7։3, 4)։

8. Սողոմոն ի՞նչ մեծ սխալներ ըրաւ։

8 Սողոմոն կամաց–կամաց կորսնցուց Եհովային օրէնքներուն հանդէպ իր սէրը եւ սկսաւ մեծ սխալներ ընել։ Ան զոհասեղաններ շինեց Աստարովթ չաստուածուհիին եւ Քամովս չաստուածին եւ սկսաւ զանոնք պաշտել իր կիներուն հետ։ Սողոմոն այդ զոհասեղանները շինեց Երուսաղէմին ճիշդ առջեւը եղող լերան վրայ, մինչ Երուսաղէմին մէջ շինած էր Եհովային տաճարը (Գ. Թագ. 11։5-8. Դ. Թագ. 23։13)։ Թերեւս ինքզինք խաբեց, մտածելով որ Եհովան իր անհնազանդութեան աչք պիտի գոցէր այնքան ատեն որ կը շարունակէր տաճարին մէջ զոհեր ընծայել։

9. Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Սողոմոն անտեսեց Աստուծոյ զգուշացումները։

9 Բայց Եհովան բնա՛ւ աչք չի գոցեր մեղքերուն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։ Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց»։ Այս պատճառով, Սողոմոն կորսնցուց Աստուծոյ հաճութիւնը։ Եհովան չարտօնեց որ Սողոմոնին սերունդը ամբո՛ղջ Իսրայէլին վրայ իշխէ, եւ անոնք հարիւրաւոր տարիներ մեծ խնդիրներ ունեցան (Գ. Թագ. 11։9-13)։

10. Ի՞նչը կրնայ վնասել Եհովային հետ մեր լաւ փոխյարաբերութեան։

10 Եթէ Սողոմոնին պէս բարեկամանանք անհատներու, որոնք Եհովային չափանիշները չեն գիտեր կամ չեն յարգեր, մեր հոգեւորութիւնը կրնայ վտանգուիլ։ Անոնցմէ ոմանք թերեւս ժողովքէն ըլլան, բայց հոգեւորապէս տկար են։ Ուրիշներ թերեւս ազգականներ, դրացիներ, գործակիցներ կամ դասընկերներ ըլլան, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Եթէ անոնք՝ որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, Եհովային չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր, կրնան ժամանակի ընթացքին մեզի ազդել այն աստիճան, որ թերեւս կորսնցնենք Եհովային հետ մեր լաւ փոխյարաբերութիւնը։

Եղբայր մը կ’անդրադառնայ որ իր ընկերները գէշ կերպով կ’ազդեն Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան

Ընկերներդ ինչպէ՞ս կ’ազդեն Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ ոմանց հետ մեր բարեկամութեան պէ՛տք է վերջ դնենք կամ ոչ։

11 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։33։ Մարդոց մեծամասնութիւնը լաւ յատկութիւններ ունի, եւ Եհովան չպաշտողներէն ոմանք մեծ սխալներ չեն ըներ։ Թերեւս այսպիսի անձեր գիտես, բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ անոնք լաւ ընկերակիցներ են։ Դուն քեզի հարցուր որ անոնք ինչպէ՛ս պիտի ազդեն Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ։ Քեզի պիտի օգնե՞ն որ Աստուծոյ աւելի մօտենաս։ Անոնց սրտին մէջ ի՞նչ բաներ կան, որոնց շատ կարեւորութիւն կու տան։ Օրինակ, անոնց խօսակցութիւնները գրեթէ միշտ նորոյթին, դրամին, ելեկտրոնային սարքերու, ժամանցի եւ նման բաներու մասի՞ն են։ Անոնք շատ անգամ կը քննադատե՞ն ուրիշները։ Կը սիրե՞ն աղտոտ կատակներ ընել։ Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Եթէ անդրադառնաս որ ընկերներդ կը վնասեն Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ, շուտով գործի անցիր։ Կա՛մ աւելի քիչ ընկերակցէ անոնց, կամ ալ լման վերջ դիր բարեկամութեան (Առ. 13։20)։

ԵՀՈՎԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

12. ա) Եգիպտոսէն ելլելէ քիչ ետք, Եհովան ի՞նչ ըսաւ իսրայէլացիներուն։ բ) Իսրայէլացիները ի՞նչ ըսին երբ Աստուած իրենցմէ բացարձակ նուիրուածութիւն պահանջեց։

12 Նաեւ դասեր կրնանք սորվիլ այն իսրայէլացիներէն, որոնք Եգիպտոսէն դուրս ելան։ Շատ չանցած, անոնք հաւաքուեցան Սինա լերան առջեւ։ Հոն, Եհովան շատ զօրաւոր կերպով իր ներկայութիւնը անոնց յայտնի ըրաւ։ Անոնք տեսան թանձր ամպ մը, կայծակներ եւ մուխ, ինչպէս նաեւ լսեցին որոտումներ եւ խիստ սաստիկ փողի ձայն մը (Ել. 19։16-19)։ Այս մթնոլորտին մէջ, Եհովան ըսաւ որ «բացարձակ նուիրուածութիւն պահանջող» (ՆԱ) Աստուած մըն է։ Ան խոստացաւ որ հաւատարիմ պիտի ըլլար անոնց, որոնք զինք կը սիրեն եւ իր պատուիրաններուն կը հնազանդին (կարդա՛ Ելից 20։1-6)։ Եհովան կարծես թէ իրենց կ’ըսէր. «Եթէ իմ կողմս ըլլաք, ես ալ ձեր կողմը պիտի ըլլամ»։ Եթէ դուն ալ հոն ըլլայիր, այս խօսքը լսելով ի՞նչ պիտի ընէիր։ Վստահաբար իսրայէլացիներուն պէս պիտի պատասխանէիր. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք» (Ել. 24։3)։ Բայց շատ չանցած, բան մը պատահեցաւ, որ անոնց հաւատարմութիւնը փորձեց։

13. Ի՞նչը փորձեց իսրայէլացիներուն հաւատարմութիւնը։

13 Իսրայէլացիները վախցան թանձր ամպէն, կայծակներէն եւ միւս նշաններէն։ Անոնք Մովսէսէն խնդրեցին որ ինք իրենց տեղ խօսի Եհովային հետ Սինա լերան վրայ (Ել. 20։18-21)։ Մովսէս լեռ ելաւ եւ հոն բաւական ժամանակ մնաց։ Ժողովուրդը զգաց որ անապատին մէջ կախուած են առանց իրենց վստահելի առաջնորդին։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնք չափէ դուրս կարեւորութիւն կու տային մարդկային առաջնորդին՝ Մովսէսին։ Անոնք իրար անցնելով Ահարոնին ըսին. «Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ» (Ել. 32։1, 2)։

14. ա) Ժողովուրդը ինչպէ՞ս ինքզինք խաբեց։ բ) Եհովան ի՞նչ ըրաւ։

14 Ժողովուրդը գիտէր որ կռապաշտութիւնը սխալ էր (Ել. 20։3-5)։ Բայց անոնք շուտով սկսան ոսկի հորթ մը պաշտել։ Թէեւ Եհովայի պատուէրին անհնազանդ գտնուած էին, բայց տակաւին կը կարծէին որ Եհովային կողմն էին։ Ահարոն նոյնիսկ այդ հորթի պաշտամունքը կոչեց ‘Տէրոջը տօն’։ Իսկ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան դաւաճանուած զգաց եւ Մովսէսին ըսաւ, որ ժողովուրդը «ապականեցաւ» եւ ‘խոտորեցաւ այն ճամբայէն, որ իրեն պատուիրեց’։ Եհովան այնքան բարկացաւ որ նոյնիսկ մտածեց ամբողջ իսրայէլ ազգը կորսնցնել (Ել. 32։5-10)։

15, 16. Մովսէս եւ Ահարոն ինչպէ՞ս ցուցուցին որ ամբողջովին Եհովային կողմն էին (տե՛ս բացման նկարը)։

15 Բայց Եհովան ողորմած է։ Ան որոշեց չկորսնցնել ազգը, հապա՝ անոնց առիթ տուաւ որ իր կողմը հաստատ դիրք բռնեն (Ել. 32։14)։ Երբ Մովսէս տեսաւ որ ժողովուրդը կ’աղաղակէր, կ’երգէր եւ կը պարէր, ոսկի հորթը այրեց ու մանր փոշի ըրաւ։ Ետքը ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ», եւ «Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան» (Ել. 32։17-20, 26)։

16 Թէեւ Ահարոն ինք ոսկի հորթը շինեց, բայց զղջաց եւ Եհովային կողմը դիրք բռնեց միւս ղեւտացիներուն հետ։ Այս հաւատարիմները ոչ միայն Եհովային կողմը դիրք բռնած եղան, հապա նաեւ իրենք զիրենք զատած եղան մեղաւորներէն։ Ասիկա իմաստուն որոշում էր, քանի որ նոյն օրը հազարաւորներ մեռան իրենց կռապաշտութեան համար։ Բայց Եհովային կողմը եղողները ապրեցան, եւ Աստուած խոստացաւ որ զիրենք պիտի օրհնէր (Ել. 32։27-29)։

17. Ոսկի հորթի պատմութեան մասին Պօղոսի գրածէն ի՞նչ կը սորվինք։

17 Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի. . . կռապաշտ [չըլլանք], ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ [Այդ օրինակները] մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ» (Ա. Կոր. 10։6, 7, 11, 12)։ Ինչպէս Պօղոս յստակ դարձուց, նոյնիսկ Եհովան պաշտողնե՛րը կրնան սխալ բաներ ընելու ծուղակին մէջ իյնալ։ Անոնք թերեւս մտածեն որ Եհովան տակաւին կը հաճի իրենց։ Բայց եթէ մէկը պարզապէս կ’ուզէ Եհովային բարեկամը ըլլալ կամ կը կարծէ որ իրեն հաւատարիմ է, ասիկա չի նշանակեր որ Եհովան իրապէ՛ս կը հաճի իրեն (Ա. Կոր. 10։1-5)։

18. Թերեւս ինչո՞ւ սկսինք Եհովայէն հեռանալ, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

18 Ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները իրար անցան, երբ Մովսէս ուշացաւ Սինա լեռնէն իջնելու, թերեւս մենք ալ իրար անցնինք, երբ զգանք որ նոր աշխարհը ուշացաւ գալու։ Թերեւս սկսինք մտածել, որ Եհովային խոստումները երկա՜ր տարիներ ետք պիտի կատարուին, կամ ալ չեն կրնար կատարուիլ։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք սկսիլ կեդրոնանալ մե՛ր ուզածներուն վրայ եւ ոչ թէ Եհովային ուզածներուն վրայ։ Ժամանակի ընթացքին, կրնանք Եհովայէն հեռանալ եւ ընել բաներ, որ բնա՛ւ չէինք երեւակայեր որ օր մը օրանց կ’ընենք։

19. Ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք, եւ ինչո՞ւ։

19 Բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք թէ Եհովան կ’ուզէ, որ իրեն սրտանց հնազանդինք եւ իրեն հանդէպ «բացարձակ նուիրուածութիւն» ունենանք (Ել. 20։5, ՆԱ)։ Ան ինչո՞ւ ասիկա մեզմէ կը պահանջէ։ Քանի որ մեզ կը սիրէ։ Եթէ Եհովային ուզածը չընենք, Սատանային ուզածը ըրած կ’ըլլանք, եւ ասիկա մեզի կը վնասէ։ Պօղոս ըսաւ. «Չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն» (Ա. Կոր. 10։20, 21)։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻ՛Կ ՄՆԱ

20. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, նոյնիսկ երբ սխալ քայլ մը առնենք։

20 Կայէնը, Սողոմոնը եւ իսրայէլացիները առիթ ունէին, որ զղջային եւ դարձի գային (Գործք 3։19)։ Յստակ է թէ Եհովան շուտով իր յոյսը չի կտրեր անհատներէ, պարզապէս քանի որ սխալ քայլ մը առին։ Տեսանք ինչպէ՛ս Ահարոնին ներեց։ Ներկայիս, Եհովան սիրալիր կերպով զգուշացումներ կու տայ մեզի, որպէսզի սխալ չընենք։ Ան կը գործածէ Սուրբ Գիրքը, մեր հրատարակութիւնները եւ նոյնիսկ մեր հաւատակիցները։ Երբ զգուշացումներուն ականջ տանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեզի պիտի ողորմի։

21. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձուի։

21 Եհովան նպատակով մը «շնորհք» կը ցուցնէ մեզի հանդէպ (Բ. Կոր. 6։1)։ Ան այսպիսով առիթ կու տայ որ «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք» (կարդա՛ Տիտոս 2։11-14)։ Այնքան ատեն որ «այս աշխարհին մէջ» կ’ապրինք, միշտ պիտի ըլլան պարագաներ, որոնք Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը պիտի փորձեն։ Թող որ միշտ պատրաստ ըլլանք որ ամբողջովին Եհովային կողմը մնանք, եւ յիշենք որ Եհովայէն է որ պէտք է ‘վախնանք ու զանիկա պաշտենք ու անոր յարինք’ (Բ. Օր. 10։20)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել