Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Սեպտեմբեր էջ 8-11
  • Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ ՄԱՐԴ ՄԸ
  • ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԵԼ
  • ՏԱՐԲԵՐ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ԲԱԺԻՆ ԲԵՐԵԼ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԴ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ
  • Արժեւորէ երիտասարդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուժը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Բերզելին համեստ անձ մըն էր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Ծերութեան ատեն հոգեւորապէս պտուղ տալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • ‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Սեպտեմբեր էջ 8-11
Տարիքոտ եղբայր մը կը քաջալերէ երիտասարդ եղբայր մը

Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ

ԱՇԽԱՐՀԻ չորս կողմը, երէցները շատ կը գնահատեն ծառայութեան առանձնաշնորհումները, որ ունին Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Ի՜նչ օրհնութիւն են անոնք մեր բոլորին համար։ Բայց վերջերս փոփոխութիւն մը եղաւ. տարիքոտ երէցներէն խնդրուեցաւ իրենց ծանր պատասխանատուութիւններէն ոմանք յանձնել երիտասարդ երէցներու։ Ինչպէ՞ս։

Նոր կարգադրութեան համաձայն, շրջանային տեսուչները եւ դաշտին մէջ դասաւանդողները 70 տարեկանին կը դադրին իրենց նշանակումները կատարելէ։ Նաեւ, 80 տարեկան երէցները երիտասարդ երէցներուն կը յանձնեն իրենց նշանակումները, ինչպէս՝ Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող ըլլալը կամ երէցներու մարմինի համակարգող ըլլալը։ Այս սիրելի տարիքոտ երէցները ինչպէ՞ս ընդառաջած են այս փոփոխութեան։ Անոնք Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարի՛մ կեցուածք ցուցուցած են։

«Ես լիովին համամիտ էի այդ որոշումին», կ’ըսէ Գեն, որ գրեթէ 49 տարի ծառայեց որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող։ «Հետաքրքրական է որ այս փոփոխութեան մասին գիտնալուս նոյն առտուն, աղօթքով Եհովային ըսած էի որ կը զգամ, թէ երիտասարդ եղբայր մը պէտք է ծառայէ որպէս համակարգող»։ Աշխարհի տարածքին, հաւատարիմ տարիքոտ երէցներ կ’երկրորդեն Գենին ըսածը։ Անշուշտ, քանի որ կը սիրէին իրենց եղբայրներուն ծառայել, սկիզբը որոշ չափով յուսախաբ եղան։

Որպէս երէցներու մարմինի համակարգող ծառայած Էսփերանտիու կ’ըսէ. «Քիչ մը տխրեցայ»։ Բայց կը խոստովանի. «Աւելի ժամանակի պէտք ունէի, որ ետեւ գացող առողջութեանս հոգ տանէի»։ Էսփերանտիու կը շարունակէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել եւ տակաւին օրհնութիւն է իր ժողովքին համար։

Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել այն շրջագայող տեսուչներուն մասին, որոնք ուրիշ տեսակի ծառայութեան մը անցան։ Էլըն, որ 38 տարի ծառայեց որպէս շրջագայող տեսուչ, կը խոստովանի. «Երբ իմացայ, ցնցուեցայ»։ Բայց ան ընդունեց, որ երիտասարդ երէցները մարզելը օգուտներ ունի, եւ կը շարունակէ հաւատարմօրէն ծառայել։

Ռասըլ, որ 40 տարի ծառայեց որպէս շրջագայող տեսուչ եւ դաշտին մէջ դասաւանդող, կ’ըսէ որ սկիզբը ինք ու իր կինը յուսախաբ եղան։ «Մենք շատ կը սիրէինք մեր առանձնաշնորհումը եւ կը զգայինք թէ ունինք անոր մէջ մնալու ֆիզիքական եւ մտային կորովը»։ Ռասըլ եւ իր կինը իրենց ստացած մարզումը եւ փորձառութիւնը կը գործածեն իրենց ժողովքին օգնելու համար, ինչ որ կ’ուրախացնէ իրենց հետ ուս–ուսի ծառայող հրատարակիչները։

Նոյնիսկ եթէ անձամբ այսպիսի պարագաներէ չես անցած, Բ. Թագաւորաց գիրքին մէջ գրուած դէպք մը կրնայ քեզի օգնել, որ այդ եղբայրներուն զգացումները հասկնաս։

ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ ՄԱՐԴ ՄԸ

Յիշէ այն դէպքը, երբ Դաւիթ թագաւորին որդին՝ Աբիսողոմը ըմբոստացաւ։ Դաւիթ Երուսաղէմէն Մանայիմ փախաւ, որ Յորդանան գետին արեւելքը կը գտնուէր։ Հոն, ան եւ իրեն հետ եղողները պէտք ունէին ապրելու անհրաժեշտ բաներու։ Կը յիշե՞ս ինչ պատահեցաւ։

Այդ շրջանէն եղող երեք տղամարդիկ առատաձեռնօրէն անոնց բերին անկողիններ, ուտելիքներ եւ անհրաժեշտ ապրանքներ։ Բերզելին անոնցմէ մէկն էր (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Երբ Աբիսողոմին ըմբոստութիւնը խափանուեցաւ, Դաւիթ այլեւս կրնար Երուսաղէմ վերադառնալ, եւ Բերզելին իրեն հետ գնաց մինչեւ Յորդանան գետը։ Դաւիթ իրմէ խնդրեց որ Երուսաղէմ գայ եւ հոն ուտելիքը ապահովուած պիտի ըլլար, թէեւ շատ հարուստ մարդ մըն էր եւ պէտք չունէր առաջարկուած ուտելիքին (Բ. Թագ. 19։31-33)։ Շատ հաւանաբար Դաւիթ կ’ուզէր որ Բերզելին իրեն քով՝ Երուսաղէմին մէջ ըլլար, որպէսզի կարենար անոր փորձառութենէն ու խրատներէն օգտուիլ։ Անկասկած մե՜ծ պատիւ պիտի ըլլար պալատին մէջ ապրիլն ու աշխատիլը։

Բերզելին իրատես եւ համեստ էր։ Ան ըսաւ որ 80 տարեկան էր, եւ աւելցուց՝ «միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել» (Բ. Թագ. 19։35)։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Իր երկար կեանքին ընթացքին, Բերզելին իմաստութիւն ձեռք ձգած ըլլալու էր։ Եւ դեռ կարող էր լաւ խրատներ տալ, ինչպէս այն «ծերերը», որ յետագային Ռոբովամ թագաւորին խրատ տուին (Գ. Թագ. 12։6, 7. Սաղ. 92։12-14. Առ. 16։31)։ Ուրեմն, Բերզելին ի մտի ունէր իր մեծ տարիքին պատճառած ֆիզիքական սահմանափակումները։ Ան խոստովանեցաւ որ ծերութիւնը արդէն ազդած էր իր համտեսելու եւ լսելու կարողութեան (Ժող. 12։4, 5)։ Ուստի, Բերզելին ի՛նք խնդրեց որ Դաւիթ իրեն հետ Երուսաղէմ տանի երիտասարդ Քամաամը, որ հաւանաբար իր որդին էր (Բ. Թագ. 19։36-40)։

ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԵԼ

Բերզելին իր տարիքին պատճառով առանձնաշնորհում մը մերժեց, ցոյց տալով որ իրատես անձ մըն էր։ Յօդուածին սկիզբը նշուած փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ նման պատճառով։ Անշուշտ, մեր ժամանակներուն, միայն մէկ մարդու պարագաներն ու կարողութիւնները չեն որ նկատի առնուեցան։ Պէտք կար իրատեսօրէն քննելու թէ ի՛նչ բան լաւագոյնը պիտի ըլլար աշխարհի չորս կողմը ծառայող հաւատարիմ երէցներու համար։

Այս համեստ տարիքոտ երէցները ըմբռնեցին, որ եթէ իրենց պատասխանատուութիւնները մարզուած երիտասարդ եղբայրները շալկեն, Եհովային կազմակերպութիւնը աւելի պատրաստ պիտի ըլլայ ապագային համար։ Գլխաւորաբար, տարիքոտ եղբայրներն էին որ երիտասարդները մարզեցին, ինչպէս շատ հաւանաբար Բերզելին մարզեց իր որդին, իսկ Պօղոսը՝ Տիմոթէոսը (Ա. Կոր. 4։17. Փլպ. 2։20-22)։ Այս երիտասարդ եղբայրներն ալ իրենց կարգին փաստած են, որ «պարգեւներ» են եւ կարող են ‘Քրիստոսին մարմինը շինել’ (Եփ. 4։8-12. համեմատէ՛ Թուոց 11։16, 17, 29)։

Տարիքոտ եղբայր մը կը քաջալերէ երիտասարդ եղբայր մը

Երիտասարդներուն օգնէ՛ որ իրենց հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնեն

  • Քաջալերէ զանոնք, որ մասնայատուկ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն, եւ իրենց օգնէ որ ատոնց հասնին։

  • Գովէ զանոնք, քանի որ երիտասարդ մը կը քաջալերուի եւ աւելի ինքնավստահ կը դառնայ երբ գիտնայ թէ մէկը, մանաւանդ հասուն քրիստոնեայ մը, կը հաւնի իր ըրածը։

  • Մարզէ զանոնք, որ ապաւինին գլխաւորաբար Աստուծոյ խօսքին եւ այն ուղղութիւններուն, որոնք կը տրուին Եհովայի ժողովքին կողմէ։

ՏԱՐԲԵՐ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ԲԱԺԻՆ ԲԵՐԵԼ

Աշխարհի չորս կողմը ծառայող երէցներէն շատեր, իրենց կարգ մը պատասխանատուութիւնները յանձնելով՝ կարելիութիւնը ունեցան Եհովային գործին մէջ նոր կամ տարբեր կերպերով բաժին բերելու։

«Նոր պարագաներս ձգեցին որ բարեկամանամ մեր ժողովքի քոյրերուն ամուսիններուն հետ, որոնք Վկայ չեն», կ’ըսէ Մարքօ, որ 19 տարի շրջագայական գործին մէջ էր։

«Մեր նոր նպատակակէտերէն են՝ անգործունեաներուն օգնել եւ Աստուածաշունչի աւելի ուսումնասիրութիւններ վարել», կ’ըսէ Ժերալտու, որ 28 տարի շրջագայական գործին մէջ էր։ Կ’ըսէ թէ ինք եւ իր կինը ներկայիս 15 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, եւ թէ անգործունեաներէն շատեր ժողովներուն կը յաճախեն։

Նախապէս նշուած Էլըն կ’ըսէ. «Այժմ առիթը ունինք որ աւելի ժամանակ տրամադրենք քարոզչութեան գործին տարբեր մարզերուն։ Կը սիրենք հանրային վկայութիւն տալը, առեւտրական թաղամասին մէջ ծառայելը եւ դրացիներուն քարոզելը. նոյնիսկ մեր դրացիներէն երկուքը ժողովի եկան»։

Եթէ ատակ ու հաւատարիմ եղբայր մըն ես եւ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ նոր նշանակում մը ստացեր ես, կրնաս ուրիշ յատուկ կերպով մը Եհովայի գործին թիկունք կանգնիլ։ Կրնաս փորձառութիւնդ բաժնել ժողովքիդ երիտասարդներուն հետ։ «Եհովան կը մարզէ եւ կը գործածէ հոյակապ ու տաղանդաւոր երիտասարդներ», կ’ըսէ նախապէս նշուած Ռասըլ։ «Եղբայրներն ու քոյրերը շա՜տ կ’օգտուին այն խանդավառ կերպէն, որով անոնք կ’ուսուցանեն եւ կը հովուեն ժողովքը» (տե՛ս «Երիտասարդներուն օգնէ՛ որ իրենց հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնեն» շրջանակը)։

Տարիքոտ քրիստոնեաները ի՞նչ կարգ մը կերպերով օգտակար կը դառնան

  • Տարիքոտ եղբայր մը ժողովի կը հրաւիրէ քրոջ մը ամուսինը, որ Եհովան չի պաշտեր

    Կը բարեկամանան քոյրերու ամուսիններուն հետ, որոնք Վկայ չեն

  • Տարիքոտ եղբայր մը եւ իր կինը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարեն

    Անգործունեաներուն կ’օգնեն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն

  • Տարիքոտ եղբայր մը հանրային վկայութեան կը մասնակցի

    Կ’աւելցնեն իրենց ծառայութիւնը

ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԴ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ

Եթէ վերջերս ծառայութեան ուրիշ երեսակի մը անցած ես, դրակա՛ն մնա։ Արդէն իսկ քու սրտագին աշխատանքովդ բազմաթիւ մարդոց կեանքին մէջ լաւ ազդեցութիւն մը ունեցած ես, եւ տակաւին կրնաս ունենալ։ Ուրիշներու կողմէ սիրուած ես եւ ասիկա չի փոխուիր։

Իսկ ամէնէն կարեւոր բանն է, որ Եհովային սիրտը շահած ես։ Ան բնա՛ւ ‘պիտի չմոռնայ գործդ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիր, որ սուրբերուն ծառայեցիր ու կը ծառայես’ (Եբ. 6։10)։ Այս հաւաստիացումը միայն անցեալին մեր կատարած գործերուն վերաբերեալ չէ։ Դուն այնքա՜ն թանկ ես Եհովայի աչքին, որ չի մոռնար ո՛չ անցեալի, ոչ ալ հիմակուան ջանքերդ։

Նոյնիսկ եթէ անձամբ քու նշանակումդ վերոնշեալ փոփոխութիւնը չէ կրած, ատիկա ուղղակի քեզի՛ ալ կ’ազդէ։ Ինչպէ՞ս։

Եթէ կը ճանչնաս հաւատարիմ տարիքոտ եղբայր մը, որուն նշանակումը փոխուած է, կրնաս իր երկար տարիներու փորձառութենէն օգտուիլ։ Անկէ խրատ խնդրէ եւ տես թէ ի՛նչ առաջարկներ կրնայ տալ որոշ հարցի մը շուրջ։

Ըլլա՛ս տարիքոտ եղբայր մը, որուն նշանակումը փոխուած է, կամ ալ եղբայր մը կամ քոյր մը, որ անկէ օգտուելու ի վիճակի է, միտքդ պահէ որ Եհովան շատ կ’արժեւորէ այն անձերուն հաւատարմութիւնը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր իրեն կը ծառայեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել