Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 2 էջ 10-11
  • Երբ լուրջ հիւանդութիւն ունիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ լուրջ հիւանդութիւն ունիս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
  • Երբ ընտանիքին մէկ անդամը հիւանդ է
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Եհովային համար արժէքաւոր ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Մխիթարուէ եւ մխիթարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն ունիս
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 2 էջ 10-11

Երբ լուրջ հիւանդութիւն ունիս

«Երբ գիտցայ որ քաղցկեղ ունիմ թոքին եւ հաստ աղիքին մէջ, զգացի որ այդ պահուն մահուան դատապարտուեցայ։ Բայց բժիշկին քովէն տուն վերադառնալէս ետք, մտածեցի. ‘Ճիշդ է որ ասիկա չէի ակնկալեր, բայց պէտք է կերպ մը գտնեմ, որ այս վիճակին դիմանամ’» (Լինտա, 71 տարեկան)։

«Շատ ցաւ պատճառող հիւանդութենէ մը կը տառապիմ, որ կ’ազդէ երեսիս ձախ կողմի ջիղերուն։ Ատեն–ատեն, խիստ ցաւին պատճառաւ ընկճուածութիւն ունեցած եմ։ Շատ անգամ, միայնակ կը զգայի եւ նոյնիսկ մտածեցի անձնասպան ըլլալ» (Էլիս, 49 տարեկան)։

Հաշմանդամի կառք նստած հիւանդ տղամարդ մը սիրելիներով շրջապատուած է

ԵԹԷ քեզի կամ սիրելիներէդ մէկուն՝ բժիշկը ըսած է, թէ ունի լուրջ հիւանդութիւն մը, որ կրնայ մահուան տանիլ, ուրեմն գիտես թէ պարագան որքա՜ն ճնշիչ կրնայ ըլլալ։ Հիւանդութենէն զատ, պէտք է գլուխ ելլես իրար անցած զգացումներու հետ։ Վախդ եւ մտահոգութիւնդ կրնան աւելնալ, մինչ ետեւ–ետեւի բժշկական ժամադրութիւններու կ’երթաս, դարմանում ստանալու մէջ դժուարութիւններ կ’ունենաս կամ դեղերը վնասակար ազդեցութիւն կ’ունենան։ Այո, լուրջ հիւանդութեան ընկերակցող մտային տառապանքը կրնայ ջախջախիչ ըլլալ։

Ո՞ւր կրնանք օգնութիւն գտնել։ Շատեր նկատած են որ ամէնէն շատ կը մխիթարուին՝ Աստուծոյ աղօթելով եւ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական համարներ կարդալով։ Ընտանիքն ու բարեկամներն ալ կրնան օգտակար ըլլալ իրենց սիրով եւ աջակցութեամբ։

ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Ռապըրթ, որ 58 տարեկան է, կ’ըսէ. «Աստուծոյ հանդէպ հաւատքովդ հիւանդութիւնդ դիմագրաւէ եւ Աստուած քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս։ Եհովային աղօթէ։ Իրեն ըսէ զգացումներդ։ Իրմէ սուրբ հոգին խնդրէ։ Եւ խնդրէ որ քեզի օգնէ ընտանիքիդ անդամներուն հանդէպ դրական եւ քաջալերական ըլլալու եւ հանդարտ մնալու, մինչ հիւանդութեանդ կը տոկաս»։

Ռապըրթը կ’աւելցնէ. «Շատ օգտակար է երբ ընտանիքդ զգացական գետնի վրայ քեզի թիկունք կը կանգնի։ Ընտանիքէս մէկ կամ երկու հոգի ամէն օր ինծի կը հեռաձայնեն եւ որպիսութիւնս կը հարցնեն։ Ասկէ զատ, տարբեր տեղեր ապրող բարեկամներ զիս կը քաջալերեն։ Անոնք իրապէս կը ձգեն որ աւելի լաւ զգամ, եւ ատիկա ինծի կ’օգնէ որ չյանձնուիմ»։

Եթէ հիւանդի մը բարեկամն ես եւ իրեն կ’այցելես, նկատի առ Լինտային ըսածը. «Հիւանդը վստահաբար կ’ուզէ կարելի եղածին չափ սովորական կեանք մը վարել եւ թերեւս միշտ չփափաքի իր հիւանդութեան մասին խօսիլ։ Ուստի խօսէ այն բաներուն մասին, որ սովորաբար իրարու հետ կը խօսիք»։

Աստուծոյ զօրութեամբ եւ Սուրբ Գրութիւններու մխիթարութեամբ, ինչպէս նաեւ սիրալիր ընտանիքի եւ բարեկամներու աջակցութեամբ, կրնանք վստահ ըլլալ որ կ’արժէ ապրիլ, նոյնիսկ երբ լուրջ հիւանդութեան մը կը տոկանք։

Համարներ, որոնք կրնան օգնել

Աստուծոյ ապաւինէ։

«Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։ Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր» (Սաղմոս 34։4, 6)։

Նախապէս նշուած Լինտան կ’ըսէ. «Ես բնա՛ւ աղօթքով չեմ խնդրեր՝ ‘Զիս առողջացուր’, հապա միշտ կ’աղօթեմ՝ ‘Օգնէ որ զօրաւոր ըլլամ եւ հիւանդութեանս դիմանամ’»։

Աստուծոյ Խօսքով զօրացիր։

«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։

Ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խոկա՛։ Ասիկա քեզի յոյս պիտի տայ, ինչ որ քեզ պիտի զօրացնէ որ տոկաս։

Ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ օգնութիւնը խնդրէ։

«Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած» (Առակաց 17։17, ՆԱ)։

Նախապէս նշուած Էլիսը կ’ըսէ. «Դուն քեզ ուրիշներէն հեռու մի՛ պահեր։ Թոյլ տուր որ բարեկամներդ քեզի օգնեն։ Թերեւս ատեններ զգաս որ միայնակ ես եւ կը մտածես որ նոյնիսկ Աստուած քեզի մտիկ չ’ըներ, բայց մի՛ մեկուսանար»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել