Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 2 էջ 12-13
  • Երբ զգաս որ այլեւս չես ուզեր ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ զգաս որ այլեւս չես ուզեր ապրիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞ՒՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ
  • ԱՐԴԵՕՔ ՄՆԱՅՈՒՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ԿԱ՞Յ
  • Ինչո՞ւ բոլորս ալ Աստուած պէտք է փառաբանենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Կ’ուզեմ մեռնիլ. Սուրբ Գիրքը ինծի կրնա՞յ օգնել երբ կ’ուզեմ անձնասպան ըլլալ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 2 էջ 12-13
Կին մը սեղանի մը առջեւ նստած՝ Աստուածաշունչ բացած է եւ հեռուն կը դիտէ

Երբ զգաս որ այլեւս չես ուզեր ապրիլ

«Զգացումներս զիս հանգիստ չէին ձգեր, անոր համար ըսի որ աւելի լաւ է կեանքիս վերջ դնեմ» (Ատրիանա, Պրազիլ)։

ԵՂԱ՞Ծ է ատեն մը, երբ այնքա՛ն գէշ զգացած ես, որ ուզած ես մեռնիլ։ Ուրեմն, կրնաս հասկնալ Ատրիանային զգացումները։ Ան խիստ մտահոգութենէ կը տառապէր եւ տխուր ու յուսահատ կը զգար։ Ան բժշկականօրէն ստուգուած ընկճուածութիւն ունէր։

Նաեւ նկատի առ Քաորու անունով ճափոնցի տղամարդ մը, որ իր տարեց ու հիւանդ ծնողքին հոգ կը տանէր։ Ան կ’ըսէ. «Այդ օրերուն գործիս մէջ մեծ ճնշումի տակ էի։ Ժամանակի ընթացքին, ախորժակս կորսնցուցի եւ քունս շատ խանգարուեցաւ։ Սկսայ մտածել, թէ որքա՜ն պիտի հանգստանամ եթէ մեռնիմ»։

Օճեպոտի անունով նիկերիացի տղամարդ մը կ’ըսէ. «Ես միշտ այնքա՛ն տխուր էի, որ կու լայի, ուստի ուզեցի կերպով մը կեանքիս վերջ դնել»։ Ուրախ ենք որ Օճեպոտին, Քաորուն եւ Ատրիանան անձնասպան չեղան։ Բայց ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ անձնասպան կ’ըլլան։

Ո՞ՒՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ

Անձնասպան եղողներուն մեծամասնութիւնը տղամարդիկ են, եւ անոնցմէ շատեր ամչցած են օգնութիւն խնդրելու։ Յիսուս ըսաւ որ հիւանդները բժիշկի պէտք ունին (Ղուկաս 5։31)։ Ուստի եթէ դուն ալ այնքա՛ն ընկճուած ես, որ կ’ուզես կեանքիդ վերջ դնել, մի՛ ամչնար օգնութիւն խնդրելու։ Ընկճուածութենէ տառապողներէն շատեր տեսած են, որ բժշկական դարմանումը կրնայ օգնել որ աւելի լաւ զգան եւ տոկան։ Օճեպոտին, Քաորուն եւ Ատրիանան բժշկական օգնութիւն ստացան եւ հիմա աւելի լաւ վիճակի մէջ են։

Բժիշկները ընկճուածութիւնը դարմանելու համար կը գործածեն կա՛մ դեղեր, կա՛մ հոգեբուժութիւն, կամ ալ երկուքը։ Ընկճուած անհատները նաեւ պէտք ունին որ ընտանիքն ու բարեկամները զիրենք հասկնան, համբերեն, հոգ տանին եւ թիկունք կանգնին։ Բայց լաւագոյն բարեկամը Եհովա Աստուած է, որ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ հոյակապ օգնութիւն կու տայ։

ԱՐԴԵՕՔ ՄՆԱՅՈՒՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ԿԱ՞Յ

Ընկճուածութենէ տառապողները ընդհանրապէս երկարատեւ դարմանումի պէտք կ’ունենան եւ հարկ կ’ըլլայ որ իրենց ապրելակերպը ճշդեն։ Բայց եթէ ընկճուածութիւն ունիս, կրնա՛ս ուրախ ապագայ մը յուսալ, Օճեպոտիին պէս։ Ան կ’ըսէ. «Չորս աչքով կը սպասեմ Եսայի 33։24–ին կատարումին, որ կ’ըսէ թէ ժամանակ պիտի գայ երբ երկրի վրայ ո՛չ մէկը պիտի ըսէ՝ ‘Հիւանդ եմ’»։ Օճեպոտիին պէս մխիթարուէ Աստուծոյ խոստումով, թէ «նոր երկիր մը» պիտի ըլլայ, ուր ա՛լ «ցաւ» պիտի չըլլայ (Յայտնութիւն 21։1, 4)։ Այդ խոստումը կը նշանակէ, թէ այլեւս մտային եւ զգացական ցաւ պիտի չունենաս։ Ատոնք յաւիտեան պիտի անհետանան եւ նոյնիսկ ‘պիտի չյիշուին ու միտքդ պիտի չգան’ (Եսայի 65։17)։

Համարներ, որոնք կրնան օգնել

Աստուած զգացումներդ կը հասկնայ։

«Ես քու Տէր Աստուածդ. . . քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսայի 41։13)։

Աստուած ոեւէ անձէ աւելի կը հասկնայ մեր զգացումները եւ կ’ուզէ մեզի օգնել։

Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկա՛։

«[Եղիան] սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. ‘ . . .Ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս’» (Գ. Թագաւորաց 19։4)։

Օճեպոտին կ’ըսէ. «Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալը ինծի օգնեց։ Անդրադարձայ, որ Եղիա մարգարէն ալ ճիշդ ինծի պէս զգացած է»։

Սուրբ Գիրքի օրինակներէն սորվէ։

«Ես [Յիսուս] քեզի [Պետրոս] համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի» (Ղուկաս 22։32)։

Պետրոս առաքեալ Յիսուսը երեք անգամ ուրանալէ ետք, մեծապէս տառապեցաւ եւ դառնօրէն լացաւ։ Քաորուն կ’ըսէ. «Պետրոսին փորձառութիւնը ինծի օգնեց որ տեսնեմ, թէ Եհովան եւ Յիսուսը Պետրոսին զգացումներով հետաքրքրուած էին, ինչ որ զիս քաջալերեց»։

Ցաւալի զգացումներդ այլեւս ‘պիտի չյիշուին ու միտքդ պիտի չգան’ (Եսայի 65։17)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել