Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ կեանք մը ունենալ
ՆԵՐԿԱՅԻՍ կեանքը այնպէս չէ, ինչպէս Աստուած նպատակադրած էր։ Երկրագունդը պէտք էր լեցուած ըլլար մարդոցմով՝ որոնք կ’ընդունին որ Ստեղծիչը իրենց վրայ իշխէ, իր առաջնորդութենէն կ’օգտուին եւ իր սքանչելի յատկութիւնները կ’ընդօրինակեն։ Աստուած կ’ուզէր որ անոնք երջանիկ ըլլային, ընտանիքներ մեծցնէին, նոր բաներ յայտնաբերէին եւ ամբողջ երկիրը դրախտի վերածէին։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՈՐ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԸԼԼԱՅ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԴՐԱԾ ԷՐ
«Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղմոս 46։9)։
«Հասաւ ժամանակը կորուստի մատնելու անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն» (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ)։
«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։
«Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (Եսայի 65։22)։
Այս մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս պիտի կատարուին։ Աստուած իր Որդին՝ Յիսուսը նշանակած է որպէս Թագաւոր, եւ անոր կատարեալ կառավարութիւնը երկինքէն պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Սուրբ Գիրքը զայն կը կոչէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը (Դանիէլ 2։44)։ Իսկ Յիսուսին մասին կ’ըսէ. ‘Աստուած անոր պիտի տայ աթոռը ու ան պիտի թագաւորէ’ (Ղուկաս 1։32, 33)։
Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս բազմաթիւ հրաշալի գործեր ըրաւ, ցոյց տալու համար թէ երբ թագաւորէ, մարդոց կեանքը շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։
ՅԻՍՈՒՍ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀՆԱԶԱՆԴ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՕԳՏԷ
Ան ամէն տեսակ հիւանդութիւն բուժեց, եւ այսպէս յայտնեց որ մարդոց հիւանդութիւններուն վերջ պիտի դնէ (Մատթէոս 9։35)։
Ան ծովը հանդարտեցուց, ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս մարդիկը պիտի պաշտպանէ՝ բնութեան ուժերը հակակշռի տակ առնելով (Մարկոս 4։36-39)։
Ան հազարաւորներ կերակրեց, ցոյց տալով թէ կեանքի անհրաժեշտ բաները պիտի հայթայթէ մարդոց (Մարկոս 6։41-44)։
Ան ջուրը գինիի վերածեց հարսանիքի մը ընթացքին, փաստելով թէ մարդոց պիտի օգնէ կեանքը վայելելու (Յովհաննէս 2։7-11)։
Ինչպէ՞ս կրնաս վայելել այն կեանքը, որ Աստուած զինք սիրողներուն համար նպատակադրած է։ «Ճամբայ» մը կայ, որ պէտք է բռնես։ Սուրբ Գիրքը զայն կը նկարագրէ որպէս «այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։14)։
ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲԱՆ ԳՏՆԵԼ
Ի՞նչ է կեանքի տանող ճամբան։ Աստուած կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (Եսայի 48։17)։ Եթէ այս խրատին հետեւիս, լաւագոյն ապրելակերպը պիտի ունենաս։
Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննէս 14։6)։ Եթէ Յիսուսի սորվեցուցածներուն հաւատանք եւ իր օրինակին հետեւինք, Աստուծոյ պիտի մօտենանք եւ մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։
Ինչպէ՞ս կրնաս կեանքի տանող ճամբան գտնել։ Բազմաթիւ կրօնքներ կան, բայց Յիսուս զգուշացուց. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (Մատթէոս 7։16)։ Սուրբ Գիրքը կրնայ քեզի օգնել որ գիտնաս, թէ ո՛ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է (Յովհաննէս 17։17)։
Ինչպէ՞ս կրնաս սկսիլ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել։ Պէտք է կեանքի Աղբիւրին մասին գիտելիքներ առնես. Ո՞վ է ան։ Ի՞նչ է իր անունը։ Ինչպիսի՞ անձ մըն է։ Ի՞նչ կ’ընէ մեզի համար։ Ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենքa։
Աստուած կ’ուզէ որ մարդ արարածը աշխատելէ, ուտելէ, խաղալէ եւ ընտանիք կազմելէ աւելին ընէ։ Մենք կրնանք մեր Ստեղծիչը ճանչնալ եւ իր բարեկամը դառնալ։ Կրնանք իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ, իր կամքը ընելով։ Յիսուս նշեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ» (Յովհաննէս 17։3)։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ, ԱՍՏՈՒԱԾ «ՔԵԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՂԱԾԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆ[Է]» (ԵՍԱՅԻ 48։17)
ԱՅԴ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԴ ԱՌՆԵԼ
Երբ գիտնանք թէ ի՛նչ բաներ Աստուած կը հաճեցնեն, թերեւս հարկ ըլլայ որ փոփոխութիւններ մտցնենք մեր կեանքին մէջ։ Ատիկա ընելը կրնայ դժուար թուիլ։ Բայց երբ սկսինք կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել, մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։ Քեզի օգնելու համար, որ Աստուծոյ մասին հիմնական հարցումներու պատասխանները գտնես, Եհովայի վկաները կ’առաջարկեն որ Աստուածաշունչը ձրիաբար սերտես քեզի յարմար եղող ժամու եւ վայրի մէջ։ Կրնաս մեզի հետ կապ պահել՝ www.jw.org/hyw կայքին միջոցաւ։
a Տե՛ս Դիտարան 2019–ի թիւ 1։