Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Նոյեմբեր էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իմաստութեամբ կանխաւ ծրագրէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Վստահելի տնտես ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ո՛վ հաւատարիմ տնտես, պատրաստ կեցիր
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Ապագայի համար պատրաստուեցէք գործնական իմաստութեամբ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Նոյեմբեր էջ 31
Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ, տնտես մը աշխատաւորներու գործին վրայ կը վերահսկէ

Գիտէի՞ր

Աստուածաշնչական ժամանակներուն, տնտես մը ի՞նչ դեր ունէր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ժամանակներուն, տնտեսը ուրիշի մը տունին կամ ստացուածքին գործերը կը դարձնէր։ «Տնտես» թարգմանուած եբրայերէն եւ յունարէն բառերը կ’ակնարկեն վերակացուի կամ տան գործերու կառավարիչի։

Յովսէփ՝ Յակոբ նահապետին որդին, երբ Եգիպտոսի մէջ ստրուկ էր, իր եգիպտացի տիրոջ տունին վրայ վերակացու նշանակուեցաւ։ Ան «իր բոլոր ունեցածը Յովսէփին ձեռքը թողուց» (Ծն. 39։2-6)։ Յետագային, երբ Յովսէփ Եգիպտոսի մէջ զօրաւոր կառավարիչ դարձաւ, իր տունին վրայ վերակացու նշանակեց (Ծն. 44։4)։

Յիսուսի օրերուն, կալուածատէրերը յաճախ քաղաքներու մէջ կ’ապրէին՝ իրենց ագարակներէն հեռու։ Ուստի տնտեսներ կը նշանակէին, որպէսզի գործաւորներուն ամէնօրեայ գործունէութիւնները ղեկավարէին։

Ո՞վ որակեալ կը նկատուէր տնտեսի պաշտօնը ստանձնելու։ Առաջին դարու հռոմայեցի գրող Քալիոմէլա խրատեց, որ տնտես նշանակուած ստրուկը պէտք է ըլլայ մէկը, որ ագարակի «գործերուն մէջ փորձառու է», եւ «կրնայ առանց բիրտ ըլլալու իր հեղինակութիւնը բանեցնել, որպէսզի գործերը կատարուին»։ Ան աւելցուց. «Իսկ ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ ան պէտք չէ կարծէ թէ ամէն բան գիտէ, եւ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ նոր բաներ սորվելու»։

Աստուածաշունչը տնտեսին օրինակը կը գործածէ, նկարագրելու համար կարգ մը գործունէութիւններ, որոնք քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը կատարուին։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները կը քաջալերէ, որ իրենց աստուածատուր կարողութիւնները գործածեն իրարու ծառայելու «Աստուծոյ զանազան շնորհներուն բարի տնտեսներու պէս» (Ա. Պետ. 4։10)։

Յիսուս տնտեսի օրինակը գործածեց, երբ տուաւ այն առակը որ արձանագրուած է Ղուկաս 16։1-8–ին մէջ։ Նաեւ, որպէս Թագաւոր իր ներկայութեան նշանին մասին մարգարէանալով, Յիսուս իր հետեւորդները վստահեցուց, որ պիտի նշանակէր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը, կամ՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտես» մը։ Այդ տնտեսին հիմնական նշանակումը պիտի ըլլար՝ Քրիստոսի հետեւորդներուն կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ մատակարարել (Մատ. 24։45-47. Ղուկ. 12։42)։ Մենք շա՜տ երախտապարտ ենք, որ կրնանք ստանալ այն հրատարակութիւնները, որոնք հաւատարիմ տնտեսը կը պատրաստէ եւ աշխարհի չորս կողմը կը բաշխէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել