Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/94 էջ 7
  • Մաքրութիւնը Աստուած Կը Պատուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մաքրութիւնը Աստուած Կը Պատուէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած մաքուր անհատները կը սիրէ
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Եհովան մաքուր անձերը կը սիրէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Անձնական Լաւ Երեւոյթ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Մաքրուած՝ որպէս բարի գործերու ժողովուրդ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 4/94 էջ 7

Մաքրութիւնը Աստուած Կը Պատուէ

1 Մովսիսական Օրէնքը վճռական պահանջքներ բովանդակեց մաքրութիւնը ապահովելու համար։ Անոնք Իսրայէլը զատորոշեցին որպէս ժողովուրդ մը որմէ պահանջուած էր ինքզինք ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս մաքուր պահել։ (Ղեւտ. 11։35, 36. 15։1-11. Եսայ. 52։11) Այս մաքուր վիճակը Աստուած պատուեց ու ազգին առողջութեան նպաստեց։

2 Այսօր ալ մաքրութիւնը յատկորոշող նշան մըն է Եհովայի ժողովուրդին։ Բայց մինչ ասիկա Եհովայի ժողովուրդը որպէս խումբ կը բնորոշէ, պարագան նո՞յնն է անհատապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Ի՛նչ տարողութեամբ հետաքրքրուած ենք կոկիկութեամբ եւ անձնական մաքրութեամբ կը ցոլացնէ որքա՛ն Եհովայի պահանջքները կը գնահատենք։

3 Ի՞նչ ըսենք մեր տան երեւոյթին մասին։ Անիկա մեր կրած Թագաւորութեան պատգամը կը նսեմացնէ՞։ Կարելի՞ է որ ոմանք կասկած յարուցանեն մեր անկեղծութեան շուրջ եթէ խօսինք երկիրը դրախտի մը վերածելու մասին մինչ մեր տունը տակնուվրայ է եւ բակը ծածկուած է վնասակար խոտերով կամ չկտրուած խոտերով։ Եթէ մեր տունը անկարգ երեւի կամ հակառողջական սովորութիւններու պատճառաւ անախորժ հոտեր կան, կարելի՞ է ըսել թէ մենք զարգացուցած ենք «այն մաքրութեան կերպերը որոնք պիտի յարմարին նոր աշխարհին հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ»։—Կազմակերպուած էջ 130-1 (131–2, Արաբ.)։

4 Ի՞նչ ըսենք դաշտի ծառայութեան համար մեր գործածած ինքնաշարժին մասին։ Անիկա բաւական մաքո՞ւր է, ներսէն թէ դուրսէն, այնպէս որ անոր երեւոյթը չի նսեմացներ մեր քարոզչական գործը։ Ի՞նչ ըսենք մեր հագուելակերպին, գրականութեան պայուսակին եւ անձնական յարդարանքին մասին։ Անոնք կոկիկ եւ ներկայանալի՞ են, նախատուելու որեւէ պատճառ չտալով։ Տրամաբանական է որ կանոնաւորաբար լոգանք առնելով ու լուածք ընելով մենք մեզ եւ մեր հագուստները մաքուր պահենք։—Դիտարան Յուլիս 1, 1989 էջ 16-19։

5 Ի՞նչ ընենք եթէ եղբայր մը անհոգ եղած է այնպէս որ իր անձնական մաքրութիւնը կամ շրջակայքը նախատինքի պատճառ կ’ըլլայ ժողովքին։ Թերեւս ան սիրալիր օժանդակութեան կարիքը ունի ծերութեան կամ վատառողջութեան պատճառաւ։ Եթէ պարագան այդպէս է, անոր օգնելը ազնուութիւն է։ Անհատ մը կրնայ խնդիրը ունենալ եւ անոր գիտակից չըլլալ. ազնիւ յորդորանքը կրնայ զինք մղել որ վիճակը շտկէ։ Այն անհատները որոնք այս մարզին մէջ հաստատօրէն անպատշաճ օրինակ մը կը հանդիսանան, որակելի չեն աչքառու առանձնաշնորհումներուն ժողովքին մէջ։ Անշուշտ, երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան որ իրենց անձնական չափանիշները կամ նախասիրութիւնները չպարտադրեն։

6 Նոր հետաքրքրուողները կը հրաւիրուին հոգեւոր կոչունք վայելելու մեր Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Սովորաբար, խանդավառ ենք հրաւիրելու քանի որ սրահը շատ հրապուրիչ եւ կոկիկ է։ Սակայն, գործ կը պահանջէ որ անիկա այդպէս մնայ։ Ձեր սրահին չորս կողմը նայեցէք։ Աթոռները, գետինը եւ պատերը մաքո՞ւր են։ Արտաքնոցները կանոնաւորաբար կը լուացուի՞ն։ Երբ վարժուինք նայիլ արատաւորուած գորգին կամ ներկը կորսնցուցած պատերուն, շուտով զայն ընդունելի պիտի նկատենք։ Սակայն, օտարները որոնք առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելեն, կրնան աննպաստ կերպով տպաւորուիլ։ Պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք կոչ ընող եւ հրապուրիչ սրահ մը պահպանելու համար, մեր բաժինը կատարելով երբ մաքրելու կամ նորոգելու ժամանակը կու գայ։

7 Առանց խօսք մը ըսելու, կրնանք Աստուած պատուել մեր անձնական երեւոյթով եւ մեր տուներուն, ինքնաշարժներուն եւ Թագաւորութեան Սրահներուն կոկիկութեամբ։ Մեր լաւ օրինակը գայթակղութեան որեւէ պատճառ պիտի չտայ, այլ պիտի վկայէ թէ մեր պաշտամունքը մաքուր ու անկեղծ է։—Ա. Կորն. 10։31, 32. Յակ. 1։27

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել