Աստուածպետական Լուրեր
Հայիթի. Փետրուարին 12 առ հարիւր յաւելում մը թոյլ տուաւ որ 9,115 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը արձանագրուի։ 1994–ի շրջանային համաժողովներու շարքին 15,824 անհատներ ներկայ գտնուեցան եւ 252 հոգի մկրտուեցան։
Ճաբոն. Փետրուարը ցուրտ ու ձիւնալից ամիս մըն էր։ Սակայն, ձեռք ձգուեցաւ 188,844 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը։ Նաեւ նոր գագաթներ կային վերայցելութիւններուն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն եւ կանոնաւոր ռահվիրաներուն մէջ։
Ֆիլիպեան Կղզիներ. Փետրուարի տեղեկագիրը ցոյց տուաւ 117,519 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը։ Առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները անցան 100,000 թիւը, տեղեկագրուելով 100,146 ուսումնասիրութիւններ։ Քանի որ լման գոյներով սկսան տպագրուիլ, պարբերաթերթերուն տեղաւորումը բարձրացաւ 1993–ի Նոյեմբեր ամսուան տեղաւորումին վրայ աւելի քան 100,000։