Աստուածպետական Լուրեր
Թայվան. 2,523 հրատարակիչներու գագաթի մը կողքին, Նոյեմբեր ամսուան տեղեկագիրը ցոյց տուաւ 44,514 վերայցելութիւններու եւ 4,234 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու նոր գագաթ մը։
Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն. Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ծառայութեան գործունէութիւնը ուշագրաւ էր, ձեռք ձգելով 1,846 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովներու յայտագիրը 19 վայրերու մէջ ներկայացուեցաւ, 5,577 անհատներ ներկայ գտնուելով եւ 32 հոգի մկրտուելով։
Մեքսիկա. Նոյեմբեր ամսուան մէջ, 411,292 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին։ Ասիկա ուրիշ նոր գագաթ մըն էր։
Սրի Լանգա. Նոյեմբերին 1,873 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին, 9 առ հարիւր լաւ յաւելում մը։
Վիրժինեան Կղզիներ (Ամերիկեան). Նոյեմբերին մեծ ուրախութիւն մըն էր նկատել 647 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը եւ 778 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։