Համակարգիչի Արուեստագիտութեան Հանդէպ Հաւասարակշռուած Տեսակէտ Մը Պահպանենք
1 Առաջին դարուն Պօղոս առաքեալ յորդորեց Քրիստոնեաները որ մտազբաղ չըլլան, քանի որ «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորն. 7։29) Մինչ այս իրերու հին դրութեան վախճանը կը մօտենայ, որքա՜ն ստիպողական է որ ‘առաջ փնտռենք Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը’ եւ ‘ժամանակը ծախու առնենք’։ Ժամանակը թանկագին է։—Մատթ. 6։33. Եփ. 5։15, 16
2 Արուեստագիտութիւնը ողջունուած է որպէս ժամանակի մեծ խնայող մը։ Օրինակի համար, համակարգիչ գործածողը կոճակ մը կոխելով կրնայ անմիջապէս ձեռք ձգել բազմաթիւ տեղեկութիւններ։ Համակարգիչները յաճախ կը կատարեն մի քանի երկվայրկեաններու մէջ ինչ որ ուրիշ միջոցներով ժամեր կամ շաբաթներ կ’առնէ ընելը։ Երբ պատշաճօրէն գործածուին, անոնք օգտակար գործիքներ են։
3 Ան Իրապէս Ժամանակ Պիտի Խնայէ՞. Միւս կողմէ, գործածողին չի հասնիր այսպիսի արուեստագիտութիւն առանց հիմնական ծախսերու—թէ՛ նիւթական գետնի վրայ եւ թէ ժամանակի նկատմամբ։ Թերեւս Ժամեր կը պահանջուին սորվելու համար ի՛նչպէս համակարգիչը գործածել որոշ աշխատանքներ կատարելու։ Ասկէ զատ, այն անձը որ մեծապէս կը հետաքրքրուի արուեստագիտութեամբ, կրնայ այնպիսի ժամանակ վատնել որ աւելի լաւ կերպով կարելի էր գործածել։ Մենք պէտք է հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանենք, ի մտի ունենալով այն սկզբունքը որ պարփակուած է Պօղոս առաքեալի յորդորին մէջ, որ քալենք ‘իմաստուններու պէս, ժամանակը ծախու առնելով’։—Տես Ա. Կորնթացիս 7։31։
4 Լաւ միտում ունեցող կարգ մը անհատներ համակարգիչի յայտագիրներ պատրաստած են ժողովքի արձանագրութիւնները պահելու համար։ Անշուշտ, անձնական որոշում մըն է թէ անհատ մը ինչպէս կը գործածէ իր համակարգիչը։ Սակայն, ժողովքին այն արձանագրութիւնները որոնց համար թղթիկներ հայթայթուած են, պէտք չէ պահուին համակարգիչներու մէջ, քանի որ պզտիկներ կամ ուրիշ անիրաւասու անհատներ կրնան անոնց հասնիլ։ Ժողովքին բոլոր արձանագրութիւնները—հաշիւի արձանագրութիւնները, Ժողովքին Հրատարակիչի Արձանագրութեան քարտերը, եւայլն—պէտք է պահուին Ընկերութեան կողմէ հայթայթուած թղթիկներուն վրայ եւ ժողովքի այս թղթիկներուն բովանդակած տեղեկութիւնները պէտք չէ մթերել համակարգիչի մը մէջ։ Այս կերպով, ժողովքին գաղտնի արձանագրութիւնները պիտի պահպանուին։
5 Պատասխանատու տեսուչները պէտք է զատորոշող ըլլան երբ նշանակումներ կ’ընեն Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին եւ Ծառայութեան Ժողովին յայտագրին համար։ Անոնք պէտք է ի մտի ունենան նկատի առնուելիք նիւթը մասնայատուկ բաժինի մը մէջ։ Զոր օրինակ, դպրոցին մէջ կրնայ որոշ նիւթ մը յարմար չըլլալ որ պարզապէս ոեւէ աշակերտ զայն ձեռք առնէ։ Պէտք է նկատի առնուին բաժինին նպատակը, անհատին որակումները եւ նիւթին բնոյթը։ Պէտք չէ թոյլ տրուի համակարգիչին որ ինք որոշէ։
6 Եղբայր մը որու բաժին մը նշանակուած է ժողովին մէջ ներկայացնելու, պէտք չէ ապաւինի ուրիշի՝ յատկապէս անծանօթ մէկու՝ մը կողմէ պատրաստուած նիւթին վրայ, պարզ անոր համար որ նիւթը մատչելի եղած է համակարգիչի ցանցով մը եւ զայն գործածելը աշխատանք պիտի խնայէ։ Պատասխանատու Քրիստոնեաներ համակարգիչի ցանցերու մէջ մատչելի չեն դարձներ պատրաստուած Աստուածաշունչի դասախօսութիւններ կամ ժողովի բաժիններ որպէսզի ուրիշներ գործածեն։ Սակայն, համակարգիչը եւ Ընկերութեան Դիտարանի Գրադարանը CD-ROM–ի վրայ, կրնան արժէքաւոր գործիքներ ըլլալ ոեւէ եղբօր ձեռքը, նպաստելով ազդեցիկ հետազօտութեան մատչելի սահմանափակ ժամանակին մէջ։
7 Իսկ համակարգիչի յայտագիրներ, ցանկեր եւ յարակից փաստագրութիւններ վերարտադրելու եւ եղբայրներուն բաշխելու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Ծառայութեան Ժողովի եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի բաժիններ ելեկտրոնական կամ ուրիշ միջոցներով պատրաստելու եւ բաշխելու նկատմամբ, սովորաբար աւելի լաւ է որ եղբայրները իրենց նիւթերը պատրաստեն, ի մտի ունենալով տեղական օգուտները։ (Ա. Տիմ. 4։13, 15) Ամէն պարագայի ներքեւ, ժողովքային յարաբերութիւնները երբեք պէտք չէ նիւթական շահու աղբիւր ընել։
8 Ի՞նչ ըսենք Դիտարանի Ուսումնասիրութեան կամ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած համարները համակարգիչով տպելու ու բաշխելու մասին։ Նախընտրելի է որ հրատարակիչները անձամբ նոթագրեն ուղղակի Աստուածաշունչին եւ ուսումնասիրուելիք գրականութիւններուն մէջ։ Գրականութիւններուն մէջ յիշուած համարները համակարգիչով տպելը եւ Ժողովներուն բերելը չի քաջալերել Աստուածաշունչի գործածութիւնը համարներ բանալու համար։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ատեն կամ ժողովի մը ընթացքին համարներ բանալը ստացուած մարզումին մէկ մասն է, մեզ զինելով որ Աստուածաշունչը ազդեցիկ կերպով գործածենք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, յատկապէս երկար մէջբերումներու պարագային, Աստուածաշունչէն ուղղակի կարդալը աւելի ազդեցիկ է, մանաւանդ երբ ներկաները կը հրաւիրուին որ իրենց Աստուածաշունչին մէջ հետեւին։
9 Ուրիշ Լուրջ Որոգայթներ. Ինչպէս որ ուրուագծուած է Դիտարան Նոյեմբեր 1, 1993–ի թիւին 16–րդ էջին մէջ, համակարգիչը ելեկտրոնական զեկոյցի ցուցատախտակի մը կապելը կրնայ դուռ բանալ հոգեւոր լուրջ վտանգներու։ Ճիշդ ինչպէս որ անխիղճ անհատ մը կրնայ զեկոյցի ցուցատախտակի մը մէջ ժահր մը զետեղել—յայտագիր մը որու նպատակն է համակարգիչի արձանագրութիւնները ապականել եւ կործանել—հաւատուրացներ, կղերներ եւ անհատներ որոնք կը ջանան ուրիշներ ապականել բարոյապէս կամ այլապէս, կրնան ազատօրէն զետեղել իրենց թունաւոր գաղափարները զեկոյցի ցուցատախտակներուն մէջ։ Եթէ զեկոյցի ցուցատախտակ մը, նոյնիսկ եթէ կրէ «Միայն Ե.Վ.» պիտակը, պատշաճօրէն վերահսկուած չէ, անոր գործածութիւնը սահմանփակուած չէ անոնց որոնք Եհովայի հասուն, հաւատարիմ ծառաներ են, կրնայ զինք գործածող Քրիստոնեաները «չար ընկերակցութիւններ»ու ենթարկել։ (Ա. Կորն. 15։33) Ընկերութիւնը տեղեկագրութիւններ ստացած է թէ այդպէս կոչուած սեփական ցանցեր գործածուած են ոչ միայն ենթադրութիւններ ընելու համար հոգեւոր նիւթերու նկատմամբ, այլ նաեւ՝ սխալ խրատներ տալու, բամբասանք եւ սուտ տեղեկութիւններ տարածելու, բացասական գաղափարներ սերմանելու, հարցումներ եւ կասկածներ յարուցանելու որոնք ոմանց հաւատքը կը քանդեն, եւ համարներուն անձնական մեկնաբանութիւններ սփռելու համար։ Երեւութապէս կարգ մը տեղեկութիւններ հետաքրքրական եւ տեղեկատուական կրնան թուիլ, այսուհանդերձ, անոնք կրնան թունաւոր տարրերով հիւսուած ըլլալ։ Քրիստոնեաները «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կը նային այժմէական հոգեւոր սնունդին եւ յստակացումներուն համար։ (Տես Դիտարան Հոկտեմբեր 1, 1994–ի թիւը, էջեր 8–10։) Քրիստոնեան լուրջ պատասխանատուութիւն ունի որ իր հաւատքը պաշտպանէ բոլոր ապականիչ ազդեցութիւններու դէմ եւ, հիմնականօրէն, միշտ պէտք է գիտնայ թէ որու հետ կ’ընկերակցի։—Մատթ. 24։45–47. Բ. Յովհ. 10, 11
10 Դիտարանի նոյն յօդուածը շեշտեց ամէն իրաւունք վերապահելու օրէնքները յարգելու կարեւորութիւնը։ Ընկերութիւններուն մեծամասնութիւնը ամէն իրաւունք կը վերապահեն իրենց պատրաստած ու ծախած համակարգիչի յայտագիրներուն նկատմամբ, եւ արտօնութեան թուղթ կը հայթայթեն որ ցոյց կու տայ ի՛նչպէս յայտագիրները օրինականօրէն գործածել։ Արտօնութեան թուղթը սովորաբար կը նշէ թէ սեփականատէրը չի կրնար յայտագրին մէկ պատճեն ուրիշներու տալ. իրականութեան մէջ, միջազգային հրատարակութեան օրէնքներն ալ զայն ապօրէն կը սեպեն։ Շատ մը ագահ մարդիկ չեն վարանիր օրէնքը բեկանելու։ Սակայն, Քրիստոնեաները պէտք է խղճամիտ ըլլան օրինական հարցերու մէջ, Կայսրին տալով ինչ որ Կայսրին կը պատկանի։—Մատթ. 22։21. Հռովմ. 13։1
11 Կարգ մը մեծ ընկերութիւններ կը ծախեն համակարգիչներ, որոնք կը պարունակեն նախազետեղուած եւ արտօնագրուած յայտագիրներ։ Սակայն, համակարգիչի վաճառատուներէն ոմանք արտօնութեան թուղթեր չեն հայթայթեր, որովհետեւ իրենց նախազետեղած յայտագիրները ապօրէն պատճեններ են, ինչ որ կը նշանակէ թէ գնողը օրէնքը կը բեկանէ այդ յայտագիրները գործածելով։ Ասոր հետ կապակցաբար, Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին ելեկտրոնական զեկոյցի ցուցատախտակին մէջ դնելէ, կամ անկէ առնելէ, այնպիսի նիւթեր որոնց համար ամէն իրաւունք վերապահուած է (ինչպէս որ է Ընկերութեան գրականութիւններուն պարագան) եւ որոնք ընդօրինակուած են առանց սեփականատէրերուն օրինաւոր արտօնութեան։—Եբր. 13։18
12 Արուեստագիտութեան որեւէ կիրարկման արժէքը պէտք է կշռել անոր գործածութեան յարակից վտանգներուն հետ։ Ճիշդ ինչպէս որ հեռատեսիլը կարելի է օգտակար կերպով գործածել, բայց մարդկութեան վրայ անոր ունեցած վատառողջ ազդեցութիւնը պատճառ եղած է որ նոյնիսկ աշխարհային աղբիւրներ լուրջ մտահոգութիւն արտայայտեն։ Համակարգիչի ցանցերը կը տարածուին համայն աշխարհի մէջ եւ կրնան արժէքաւոր անսահման տեղեկութիւններ բերել տունը կամ գործատեղը։ Անոնք շատ անհրաժեշտ սպասարկութիւններ կը մատուցանեն հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ինչպէս նաեւ անհատներու, որոնք կարիքը ունին քայլ պահելու անձնական կամ առեւտրական շահերու հետ, մեր ապրած արագընթաց ընկերութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, համակարգիչի ցանցերը հարուածուած են խնդիրներով, ինչպէս՝ պոռնկագրութիւնը, պառակտիչ ատելութեան պրոպականտը եւ մանրամասն տեղեկութիւնները անարգ ու ամբարիշտ արարքներ ի՛նչպէս կատարելու մասին։
13 Ուրեմն, շատ մը կարեւոր պատճառներ կան թէ ինչու Քրիստոնեայ մը պէտք է համակարգիչի արուեստագիտութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանէ։ Բազմաթիւ անհատներ կը վայելեն Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, Խորաթափանց Ակնարկի հատորները եւ GetVerse յայտագիրը, զորս Ընկերութիւնը մատչելի դարձուցած է համակարգիչի diskette–ներով։ Ուրիշներ օգտուած են գործածելով Ընկերութեան հրատարակած Դիտարանի Գրադարանը CD-ROM–ի վրայ, որ կը բովանդակէ յաւելեալ հետազօտութեան կարելիութիւններ։ Մինչ կը գիտակցինք որոշ արուեստագիտութեան արժէքին, ան որ այսպիսի արդի արուեստագիտութիւն կը գործածէ օգտակար նպատակներու համար, պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլայ որ ինքզինք եւ ուրիշներ պաշտպանէ ժխտական որեւէ երեսակէ։ Մենք պէտք է հաւասարակշռութիւն գործադրենք այնպէս որ նոյնիսկ արուեստագիտութեան անվնաս գործածութիւնը չափազանց չսպառէ մեր նուիրուած ժամանակը կամ մեզ չշեղեցնէ մեր գլխաւոր աշխատանքէն եւ նպատակակէտերէն։—Մատթ. 6։22. 28։19, 20