Մենք Ժողովքին Պէտք Ունինք
1 Կորխի որդիները Եհովայի ժողովքին հանդէպ իրենց գնահատանքը անգամ մը այս կերպով արտայայտեցին. «Քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է»։ (Սաղմ. 84։10) Անոնց համար, աշխարհը մատուցանելիք ոչինչ ունէր։ Եթէ այդ զգացումները կը բաժնէք, պէտք է ժողովքը ձեր կեանքին առանցքը ընէք։
2 Իր սկիզբէն իսկ, Քրիստոնէական ժողովքը ապացուցանած է թէ Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելէ։ (Գործք 16։4, 5) Մեզմէ ոչ մէկը պէտք է ժողովքը թեթեւի առնէ կամ խորհի թէ ան պարզապէս միջոց մըն է որպէսզի քով քովի գանք։ Ժողովքը Եհովայի Վկաներուն համար քաջալերութիւն եւ ոյժ ստանալու կեդրոնն է ամէն համայնքի մէջ։ Ան կը նպաստէ միացեալ ընկերակցութեան այնպէս որ Եհովայէ սորվինք եւ Թագաւորութեան գործունէութեան համար կազմակերպուինք։—Եսայ. 2։2
3 Քրիստոնէական ժողովքը հիմնական խողովակն է մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ (Ա. Տիմ. 3։15) Յիսուսի հետեւորդները պէտք է «ամէնքն ալ մէկ ըլլան»—միութեան մէջ ըլլալ Աստուծոյ հետ, Քրիստոսի հետ եւ իրարու հետ։ (Յովհ. 17։20, 21. բաղդատել Եսայեայ 54։13։) Աշխարհի մէջ ուր որ ալ երթանք, մեր եղբայրները կը հաւատան Աստուածաշունչի ուսուցումներուն եւ սկզբունքներուն ու անոնց համաձայն կը վարուին։
4 Մենք կը մարզուինք ու կը զինուինք կատարելու համար աշակերտելու մեր նշանակումը։ Իւրաքանչիւր ամիս, Դիտարանը, Զարթի՛րը եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը կը մատուցանեն օգտակար տեղեկութիւններ մեզի օգնելու որ սուրբ գրային խօսակցութիւններ սկսինք։ Ժողովները ծրագրուած են մեզի ցոյց տալու թէ ի՛նչպէս հետաքրքրութիւն գտնենք ու զարգացնենք։ Համայն աշխարհի մէջ մեր նկատած յաւելումը կը փաստէ թէ այս գործին մէջ երկնային աջակցութիւնը ունինք։—Մատթ. 28։18–20
5 Ժողովքին միջոցաւ, ամէն օր կը ստանանք քաջալերութիւն, մեզ «սիրոյ ու բարեգործութեան մղելով»։ (Եբր. 10։24, 25) Մենք ոյժ կ’առնենք փորձութիւններուն հաւատարմօրէն տոկալու համար։ Սիրալիր տեսուչներ մեզի կ’օգնեն որ ճնշումներու եւ մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլենք։ (Ժող. 4։9–12) Մեզի պէտք եղած խրատը կը տրուի երբ խոտորելու վտանգին մէջ ենք։ Ուրիշ ո՞ր կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ այսպիսի սիրալիր հոգատարութիւն։—Ա. Թես. 5։14
6 Եհովայի կամքն է որ մենք մօտիկ մնանք իր կազմակերպութեան որպէսզի մեր միութիւնը պահպանենք։ (Յովհ. 10։16) Ժողովքը մեզ քաջալերելու համար ճամբորդող տեսուչներ ղրկելով, մեզի կ’օգնէ որ կապ պահենք հաւատարիմ ծառայ դասակարգին հետ։ Սիրալիր առաջնորդութեան մեր ընդառաջումը մեզ սերտօրէն կը միացնէ, ինչ որ կը նպաստէ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու։
7 Ժողովքը կենսական է մեր հոգեւոր վերապրումին համար։ Անկէ անջատ, անկարելի է ընդունելի կերպով Եհովայի ծառայել։ Հետեւաբար, թող որ կառչած մնանք Եհովայի հայթայթածին։ Թող որ գործենք անոր նպատակակէտերուն համաձայն եւ անկէ մեր ստացած խրատները անկեղծօրէն կիրարկենք։ Միայն այս կերպով է որ կրնանք ցոյց տալ թէ ժողովքը որքա՜ն կը նշանակէ մեզի համար։—Սաղմ. 27։4