Վերի Բաներուն Վրայ Մտածեցէք
1 Մեկնաբանելով մեզ շրջապատող սերունդին եւ ապագայի նկատմամբ անոր տեսակէտին մասին, Նիւ Եորք Թայմզի յօդուած մը (Դեկտեմբեր 31, 1994, Անգլ.) նշեց. «Անոնք ապագայէն կը վախնան։ Անոնք անկէ կը վախնան՝ գործի, հիւանդութեան, տնտեսութեան, աշխարհի կացութեան առնչութեամբ»։ Ուր որ կը նայինք, կեանքի նկատմամբ անորոշութեան զգացում մը կայ։ Մեր ծառայութիւնը որպէս Եհովայի Վկաներ մեզ օրական շփման մէջ կը բերէ այս կերպով զգացող անհատներու հետ։ Մինչ կը դիմագրաւենք նոյն խնդիրները զորս անոնք կը դիմագրաւեն, մեր ունեցած հաւատքը եւ վստահութիւնը Աստուծոյ Խօսքին վստահելի խոստումներուն հանդէպ մեզ կարող կը դարձնեն որ շատ տարբեր տեսակէտ մը ունենանք կեանքի եւ մարդկութեան ապագային նկատմամբ։—Եսայ. 65։13, 14, 17
2 Մեր լաւատեսութիւնը եւ վստահելի յոյսի հեռանկարը պատճառ կ’ըլլան որ շատ մը արդարամիտ անհատներ մտիկ ընեն մեր բերած պատգամին։ Շատեր որոնք ընկճուած ու հարստահարուած են, թարմացուցիչ կը նկատեն մեր հետ խօսակցիլը։ Քանի որ կը հաւնին իրենց լսածը, ոմանք կ’ընդունին Աստուածաշունչը ուսումնասիրել մեր հետ։ Երբեմն, սակայն, անհատներ նախ կ’ուզեն իրենց սիրտը պարպել, խօսելով իրենց անձնական խնդիրներուն մասին։ Թէեւ որոշ ժամանակ կարելի է տրամադրել անհատին անձնական մտահոգութիւններուն մտիկ ընելու համար, մենք պէտք չէ շեղինք մեր նպատակակէտէն, որ է մարդոց սորվեցնել Աստուծոյ Խօսքին դրական ճշմարտութիւնները։
3 Մենք կ’ուզենք կարեկից ըլլալ ծանրաբեռնուած անհատներուն հանդէպ։ Յիսուս օրինակ հանդիսացաւ երբ ըսաւ ինչ որ արձանագրուած է Մատթէոս 11։28–ին մէջ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Մենք կ’ուզենք մարդոց քաջալերել նոյնանման կերպով։ Սակայն, նկատի առէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ համար 28–ին վերջաւորութեան. «Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Ասիկա պէտք է մեր նպատակակէտը ըլլայ։ Ասիկա կ’ընենք բաժնելով Աստուծոյ Խօսքին թարմացուցիչ խոստումները։ Լաւ ունկնդիր մը ըլլալը մեր անձնական հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ եւ կենսական է Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը կատարելու, ուրիշներու օգնելով որ գիտակցին թէ Թագաւորութիւնը միակ վստահելի ճարն է մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն։—Մատթ. 24։14
4 Մեր գործը մասնագէտ բժիշկներու գործին պէս չէ։ Փոխարէն, անիկա Պօղոս առաքեալին բացատրածին պէս է, ինչպէս կը նկատուի Ա. Տիմոթէոս 4։6–ին մէջ, ծառայութիւն մը որ կը կեդրոնանայ «բարի վարդապետութեան»՝ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումներուն՝ վրայ։ Անձնական կամ զգացական խնդիրներ ունեցողները կարելի է քաջալերել որ Եհովայի ապաւինին։ Անոնց սորվեցուցէք որ «վերի բաներուն վրայ [մտածեն]», բաներ որոնք կը վերաբերին Թագաւորութեան յոյսին։ (Կող. 3։2) Երբ մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն Աստուծոյ Խօսքին վրայ, անոնք կը կերտուին իրենց կեանքին վրայ անոր բանեցուցած զօրեղ ազդեցութեան շնորհիւ։—Եբր. 4։12
5 Արդ, մեր նպատակակէտն է մարդոց օգնել որ իրենց միտքը կեդրոնացնեն այն բաներուն վրայ որոնք ‘արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով եւ գովելի’ են։ (Փիլ. 4։8) Եթէ անոնք իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն Թագաւորութեան յոյսին վրայ, մեզի նման պիտի օրհնուին։ Անոնք նաեւ այն ուրախութեան փորձառութիւնը պիտի ունենան որ յառաջ կու գայ գիտնալով թէ Եհովա վերջապէս պիտի լուծէ իրենց բոլոր խնդիրները իր Թագաւորութեան միջոցաւ։—Սաղմ. 145։16