Մեր Լոյսը Շարունակաբար Փայլեցնենք
1 Լոյսը ի՞նչ է։ Բառարանը կը սահմանէ զայն որպէս «տեսողութիւնը կարելի դարձնող բան մը»։ Բայց հակառակ իր յառաջացած արուեստագիտութեան, մարդը տակաւին Յոբայ 38։24–ին մէջ Եհովայի յարուցանած հարցումին պատասխանը լման կերպով չի գիտեր։ Առանց լոյսի կրնա՞նք ապրիլ։ Առանց լոյսի չէինք կրնար գոյանալ։ Լոյսը ֆիզիքական տեսողութեան համար անհրաժեշտ է եւ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ հոգեւոր առումով մը «Աստուած լոյս է»։ (Ա. Յովհ. 1։5) Մենք ամբողջովին Աստուծմէ կախեալ ենք, որ «լոյս կը ցուցնէ մեզի»։—Սաղմ. 118։27
2 Այս խօսքը ֆիզիքական առումով ճշմարիտ է, բայց ա՛լ աւելի՝ հոգեւոր առումով։ Սուտ կրօնքը բազմաթիւ մարդոց մոլորեցուցած է, զանոնք հոգեւոր խաւարի մէջ ձգելով, որոնք «կոյրերու պէս պատերը կը շօշափեն»։ (Եսայ. 59։9, 10) Իր անգերազանցելի սէրէն եւ կարեկցութենէն մղուելով, Եհովա ‘իր լոյսը եւ ճշմարտութիւնը կը ղրկէ’։ (Սաղմ. 43։3) Միլիոնաւոր գնահատողներ ընդառաջած են, «խաւարէն իր սքանչելի լոյսին» գալով։—Ա. Պետ. 2։9
3 Յիսուս Քրիստոս այս լոյսը աշխարհ բերելու մէջ կենսական դեր կը խաղայ։ Ան ըսաւ. «Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ»։ (Յովհ. 12։46) Յիսուս իր ամէն ժամանակը, ոյժը եւ նիւթական միջոցները տրամադրեց ճշմարտութեան լոյսը ճանչցնելու։ Ան իր հայրենիքին չորս կողմը շրջեցաւ, գրեթէ ամէն քաղաքի ու գիւղի մէջ քարոզելով եւ սորվեցնելով։ Ան ամէն կողմէ եկած դառն հալածանքին տոկաց եւ ճշմարտութեան լոյսը սփռելու իր յանձնարարութեան մէջ հաստատ մնաց։
4 Մասնայատուկ նպատակակէտ մը ի մտի ունենալով, Յիսուս աշակերտներ ընտրելու, մարզելու եւ կազմակերպելու վրայ կեդրոնացաւ։ Մատթէոս 5։14–16–ի մէջ կը կարդանք Յիսուսի հրահանգները իր աշակերտներուն. «Դուք էք աշխարհի լոյսը։ . . . Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ Յիսուսի նման, անոնք ‘աշխարհի մէջ լուսաւորներ’ պէտք էր ըլլային, ճշմարտութեան լոյսը ամէն կողմ սփռելով։ (Փիլ. 2։15) Անոնք այդ պատասխանատուութիւնը ուրախութեամբ ընդունեցին, զանիկա իրենց կեանքի գլխաւոր նպատակը նկատելով։ Շատ չանցած, Պօղոս կրցաւ ըսել որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կող. 1։23) Ամբողջ Քրիստոնէական ժողովքը այդ հսկայ գործը կատարելու մէջ միացած էր։
5 Ներկայիս մենք պէտք է շնորհապարտ ըլլանք որ ‘խաւարին գործերը մէկդի ընողներ’ուն մէջ ենք։ (Հռովմ. 13։12, 13) Յիսուսի եւ նախկին հաւատարիմ Քրիստոնեաներու հանդիսացած օրինակին հետեւելով, կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ։ Ներկայիս, մարդկային պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի, ստիպողական կարիք կայ որ ուրիշներ ճշմարտութիւնը լսեն։ Ո՛չ մէկ գործունէութիւն ա՛յնքան ստիպողական է եւ հեռահաս օգուտներ բերող է որքան քարոզելը։
6 Որպէս Լուսաւորներ Ինչպէ՞ս Կրնանք Փայլիլ. Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մասնակցիլը գլխաւոր կերպն է մեր լոյսը փայլեցնելու։ Իւրաքանչիւր ժողովք իր թաղամասին մէջ քարոզելու համար, կանոնաւոր, կազմակերպուած կարգադրութիւններ ունի։ Բազմաքանակ գրականութիւններ բազմաթիւ լեզուներով մատչելի կ’ըլլան։ Ժողովներու միջոցաւ ընդարձակ կրթութիւն կը հայթայթուի եւ փորձառու անհատներ ուրիշները անձնապէս կը մարզեն։ Այր մարդիկ, կիներ, տարեցներ եւ նոյնիսկ երախաներ մասնակցելու պատեհութիւններ ունին։ Ժողովքին մէջ ամէն անհատ կը հրաւիրուի իր կարողութիւններուն ու պարագաներուն ներած չափով մասնակցելու։ Ժողովքին բոլոր գործառնութիւնները քարոզչութեան վրայ կը կեդրոնանան, իսկ կարգադրութիւններ եղած են որ ամէն անդամ կերպով մը բաժին բերէ։ Ժողովքին հետ կանոնաւոր, սերտ ընկերակցութիւնը լաւագոյն կերպն է վստահ ըլլալու որ մեր լոյսը կը շարունակէ փայլիլ։
7 Բերանացի վկայութիւն չպարփակող կերպերով ալ կրնանք փայլիլ։ Մեր վարքով ուրիշներու ուշադրութիւնը կրնանք գրաւել։ Պետրոս այս կերպը ի մտի ունէր, երբ յորդորեց. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահե[ցէք], որպէսզի . . . ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած»։ (Ա. Պետ. 2։12) Շատեր գործ մը կամ կազմակերպութիւն մը կը դատեն, անոր հետ առնչուած անհատներուն վարքէն։ Երբ մարդիկ բարոյասէր, պարկեշտ, խաղաղասէր եւ օրինապահ անհատներ կը նկատեն, զանոնք որպէս տարբեր կը դասեն ու կ’եզրակացնեն որ անոնք մեծամասնութեան հետեւած չափանիշներէն շատ աւելի բարձր չափանիշներու համաձայն կ’ապրին։ Ուստի, ամուսին մը իր լոյսը կը փայլեցնէ, երբ սիրալիր կերպով իր կինը կը պատուէ ու անոր վրայ կը գուրգուրայ. իսկ կինը նոյն բանը կ’ընէ, իր ամուսնոյն գլխաւորութիւնը յարգելով։ Զաւակներ աչքառու կերպով կը զանազանուին, երբ իրենց ծնողներուն կը հնազանդին եւ սեռային անբարոյութենէ ու թմրեցուցիչի գործածութենէ կը խուսափին։ իր գործին նկատմամբ խղճամիտ, ուրիշներու հանդէպ նկատառու եւ պարկեշտ պաշտօնեան մեծապէս կ’արժեւորուի։ Քրիստոնէական այս յատկութիւնները ցուցաբերելով, մեր լոյսը կը փայլեցնենք, մեր կենցաղը ուրիշներու յանձնարարելով։
8 Քարոզելը՝ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածին մասին ուրիշներու խօսիլ կը նշանակէ։ Այս քարոզչութիւնը բեմէն դասախօսութիւն տալով կամ դռներու առջեւ խօսելով կը կատարուի, բայց միայն այսպիսի առիթներու չէ սահմանափակուած։ Մեր առօրեայ գործունէութիւնները մեզ բազմաթիւ մարդոց հետ շփման մէջ կը բերեն։ Ձեր դրացիներուն հետ օրական քանի՞ անգամ կը խօսակցիք։ Անհատներ ձեր դուռը որքա՞ն յաճախ կը զարնեն։ Քանի՞ հոգիներու հետ կը հաղորդակցիք, երբ գնում կ’ընէք, հանրակառքի մէջ կը նստիք կամ ձեր գործատեղին կ’աշխատիք։ Եթէ դպրոցական մըն էք, կրնա՞ք հաշուել օրական քանի անհատներու հետ կը խօսակցիք։ Ուրիշներու հետ խօսելու պատեհութիւնները գրեթէ անսահման են։ Ձեր ամէն ընելիքը այն է որ սուրբ գրային մի քանի գաղափարներ ի մտի ունենաք, Աստուածաշունչ մը եւ մի քանի թերթիկներ ձեռքի տակ պահէք ու երբ առիթը հանդիսանայ նախաձեռնութիւնը առնէք համարձակութեամբ խօսելու։
9 Թէեւ անպաշտօն վկայութիւնը շատ պարզ է, ոմանք զայն փորձելու կը դժկամակին։ Անոնք թերեւս վերապահ են, պնդելով որ ա՛յնքան ամչկոտ կամ ջղագրգիռ են որ չեն կրնար օտարներու մօտենալ ու խօսիլ։ Անոնք թերեւս իրենց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելէ կամ կոշտ պատասխան մը ստանալէ կը վախնան։ Անպաշտօն վկայութեան մէջ փորձառու հրատարակիչները կրնան ձեզի ըսել որ մտահոգուելու պատճառ գրեթէ չկայ։ Ուրիշները հիմնականօրէն մեզի պէս են. անոնք նոյն կարիքները ունին, նոյն մտահոգութիւնները ունին եւ իրենց անձերուն ու իրենց ընտանիքներուն համար նոյն բաները կ’ուզեն։ Մեծամասնութիւնը ուրախ ժպիտի մը կամ բարեկամական ողջոյնի մը ազնուութեամբ պիտի ընդառաջէ։ Սկսելու համար, պէտք է համարձակութիւն մշակէք։ (Ա. Թես. 2։2) Սակայն, անգամ մը որ սկսիք, ձեռք ձգուած արդիւնքներով անակնկալի պիտի գաք եւ ուրախանաք։
10 Մեր Լոյսը Փայլեցնելով կ’Օրհնուինք. Հետեւեալը անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ ձեռք ձգուած կարգ մը թարմացուցիչ փորձառութիւններ է. 55 տարեկան կին մը կը փորձէր փողոցին մէկ կողմէն միւս կողմը անցնիլ։ Երբ յանկարծ ինքնաշարժ մը կնոջ պիտի զարնէր, քոյր մը անոր բազուկէն բռնեց ու զինք ապահովաբար մէկ կողմ քաշեց, ըսելով. «Հաճիս ուշադիր եղիր։ Մենք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք»։ Յետոյ քոյրը բացատրեց թէ ժամանակները ինչո՞ւ այսքան վտանգաւոր են։ Կինը հարցուց. «Եհովայի Վկա՞յ մըն ես»։ Իր մեծ քրոջմէն մեր գրքերէն մէկը ստացած ըլլալով, կինը կը փափաքէր Եհովայի Վկայի մը հանդիպիլ, իսկ այս դէպքը հանդիպումը կարելի դարձուց։
11 Քոյր մը սպասասրահի մէջ սկսաւ կնոջ մը հետ խօսակցիլ։ Կինը ուշի ուշով մտիկ ըրաւ, ապա ըսաւ. «Ատենէ մը ի վեր, Եհովայի Վկաներու հանդիպած եմ. բայց եթէ ապագային Եհովայի Վկայ մը ըլլամ, այդ քայլը առած պիտի ըլլամ՝ հիմա ըսածներուդ շնորհիւ։ Քեզի մտիկ ընելը մութ տեղը լոյս տեսնելու պէս է»։
12 Ազնուութիւն ցոյց տալը կրնայ ոտնաքար մը ըլլալ ուրիշներու օգնելու որ ճշմարտութիւնը սորվին։ Երբ դաշտի ծառայութենէն քալելով տուն կը վերադառնային, երկու քոյրեր տարիքոտ կին մը նշմարեցին որ հիւանդ կը թուէր մինչ հանրակառքէն կ’իջնէր։ Քոյրերը կանգ առին եւ հարցուցին կնոջ թէ արդեօք օգնութիւն կ’ուզէ՞ր։ Անակնկալի գալով որ ի՛նչպէս երկու օտարներ իրեն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տային, կինը պնդեց գիտնալ թէ ի՞նչ բան այս ազնիւ կեցուածքին մղեց։ Այս հարցումը վկայելու առիթ տուաւ։ Կինը իր հասցէն տուաւ եւ զանոնք ջերմօրէն հրաւիրեց որ իրեն այցելեն։ Ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Շուտով կինը ժողովներու սկսաւ յաճախել եւ ներկայիս ան ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ կը բաժնէ։
13 Տարեց քոյր մը սովորութիւն ըրած է առտու կանուխ տեղական ծովափը երթալ եւ հոն վկայել։ Ան սպասուհիներու, մանկակալներու, դրամատան պաշտօնեաներու եւ ուրիշներու կը հանդիպի, որոնք ծովափը քալելով իրենց առաւօտեան պտոյտը կ’ընեն։ Քոյրը, հոն գտնուած նստարաններուն վրայ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։ Շատ մը անհատներ ճշմարտութիւնը քրոջմէ լսած են եւ ներկայիս Եհովայի Վկաներ են։
14 Իր գործատեղին մէջ, քոյր մը լսեց ինչ որ գործակից մը կ’ըսէր կուսակցութեան մը մասին, հաւատալով որ անիկա կրնայ աշխարհի խնդիրները լուծել։ Քոյրը համարձակութեամբ խօսեցաւ, թուելով ինչ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ընէ։ Այս խօսակցութիւնը առաջնորդեց տան մէջ կանոնաւոր սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը, եւ վերջապէս տիկինը ու իր ամուսինը Վկաներ եղան։
15 Երբեք Մի՛ Մոռնաք որ Վկայ մըն Էք. Երբ իր աշակերտները նկարագրեց որպէս «աշխարհի լոյսը», Յիսուս ի մտի ունէր որ անոնք ուրիշներու պիտի օգնէին որ Աստուծոյ Խօսքին հոգեւոր լուսաւորումէն օգտուին։ Եթէ Յիսուսի խրատը կիրարկենք, մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս պիտի նկատենք։
16 Երբ գործ կը փնտռեն, ոմանք մասնակի ժամանակով աշխատանք կ’ընտրեն։ Անոնք գործին տրամադրուելիք ժամանակն ու ջանքը կը սահմանափակեն, քանի որ կը նախընտրեն իրենց ժամանակին մեծամասնութիւնը գործածել աւելի վարձահատոյց գործունէութիւններ հետապնդելու համար։ Մեր ծառայութեան հանդէպ նոյնանման տեսակէտ մը կ’որդեգրե՞նք։ Նոյնիսկ եթէ պարտաւորուած զգանք եւ ծառայութեան համար ժամանակ յատկացնելու կամեցողութիւն ունենանք, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնները պէ՞տք է այլուր ըլլան։
17 Գիտակցելով որ մասնակի ժամանակով Քրիստոնեայ չկայ, մենք նուիրուեցանք, մեր ‘անձը ուրանալով’ եւ ընդունելով որ ‘շարունակաբար’ Յիսուսի հետեւինք։ (Մատթ. 16։24, ՆԱ) Մեր փափաքն է յարատեւ «սրտանց» գործել, ամէն պատեհութիւն օգտագործելով մեր լոյսը փայլեցնելու, որպէսզի մարդոց հասնի ո՛ւր որ ալ գտնուին։ (Կող. 3։23, 24) Աշխարհային կեցուածքներուն պէտք է դէմ դնենք, սկիզբի մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանենք եւ վստահ ըլլանք որ մեր լոյսը կը շարունակէ պայծառօրէն փայլիլ։ Ոմանք թերեւս թոյլ տուած են որ իրենց նախանձախնդրութիւնը պաղի եւ իրենց լոյսը աղօտ փայլ արձակէ, մօտէն հազիւ տեսանելի։ Այսպիսի անհատ մը օգնութեան կարիքը ունի, որպէսզի ծառայութեան հանդէպ անհետացած նախանձախնդրութիւնը վերագտնէ։
18 Ոմանք հակում ունին ետ կենալու, քանի որ մեր պատգամը շատերու համար անժողովրդական է։ Պօղոս ըսաւ որ Քրիստոսի մասին տրուած պատգամը «կորսուածներուն յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորն. 1։18) Ուրիշները ի՛նչ որ ալ ըսին, սակայն, ան ուժգնօրէն յայտարարեց. «ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը»։ (Հռովմ. 1։16) Ամչկոտ անհատը ինքզինք ստորադաս կամ անարժէք կը նկատէ։ Ի՞նչպէս կրնանք ամչնալ, երբ կը խօսինք տիեզերքի Գերիշխանին եւ մեր յաւիտենական երջանկութեան համար իր ըրած հոյակապ կարգադրութիւններուն մասին։ Անկարելի է որ մենք մեզ ստորադաս կամ անարժէք նկատենք, երբ այս ճշմարտութիւնները ուրիշներու կը խօսինք։ Փոխարէն, մենք պէտք է մղուինք մեր լաւագոյնը ընելու, մեր համոզումը ցուցաբերելով թէ ‘ամչնալիք բան մը չունինք’։—Բ. Տիմ. 2։15, ՆԱ։
19 Ներկայիս երկրագունդին չորս կողմը փայլող ճշմարտութեան լոյսը ջերմօրէն կը ներկայացնէ դրախտային նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Թող ցոյց տանք որ լուրջի առած ենք մեր լոյսը շարունակաբար փայլեցնելու յորդորը։ Եթէ այդպէս ընենք, աշակերտներուն նման պիտի ուրախանանք, որոնք ամէն օր «չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։—Գործք 5։42