Ամէն Օր Մեր Ուխտը Կատարենք
1 Սաղմոսերգու Դաւիթ մղուեցաւ Եհովայի ըսել. «Սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, որպէսզի ամէն օր ուխտերս կատարեմ»։ (Սաղմ. 61։8) Դաւիթ գիտէր որ ուխտ մը ընելը բոլորովին անհատական որոշում մըն է։ Սակայն, ան նաեւ գիտակցեցաւ որ եթէ ուխտ մը ընէր, զայն կատարելու պարտաւորուած պիտի ըլլար։ Այսուհանդերձ, ան ամէն օր իր ուխտերը կատարելու պատեհութեան համար Եհովան փառաբանեց։
2 Երբ Եհովայի նուիրուեցանք, յօժարակամօրէն ուխտեցինք իր կամքը ընել։ Մեր անձերը ուրացանք ու Եհովայի ծառայելը մեր կեանքի գլխաւոր հետապնդումը դարձուցինք։ (Ղուկ. 9։23) Հետեւաբար, մենք ալ ամէն օր մեր ուխտը պէտք է կատարենք։ (Ժող. 5։4–6) Մկրտութեան ժամանակ մեր ըրած հանրային յայտարարութիւնը պէտք է ցոլացուի մեր ամբողջ ապրելակերպին մէջ, քանի որ գիտենք թէ մէկը «բերնով կը խոստովանի [հանրային յայտարարութիւն կ’ընէ, ՆԱ] փրկուելու համար»։ (Հռովմ. 10։10) Ասիկա կը պարփակէ բարի լուրը քարոզել։ (Եբր. 13։15) Անհատական պարագաները մեծապէս կը տարբերին, սակայն ամէն օր բոլորս ալ կրնանք ուրիշներուն հետ բարի լուրը բաժնելու կարեւորութեան մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայել։
3 Օրական Քարոզելու Համար Պատեհութիւններ Ստեղծենք. Ուրիշ անհատի մը հետ բարի լուրը բաժնելը ուրախ փորձառութիւն մըն է։ Ասիկա օրական ընելու համար, պէտք է պատեհութիւններ ստեղծենք, որպէսզի քարոզենք երբոր մեր պարագաները կը ներեն։ Բազմաթիւ ուրախ փորձառութիւններ վայելած են անոնք որոնք նախաձեռնութիւնը առած են անպաշտօն կերպով վկայելու գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ դրացիներուն կամ ամէն օր իրենց հանդիպած անհատներուն։ Նոյնիսկ նամակներ գրելը կամ հեռաձայնը գործածելը կրնան ուրիշներու վկայելու միջոց մը ըլլալ։ Այս բոլոր միջոցները օգտագործելը ինչպէս նաեւ դռնէ դուռ վկայելու եւ վերայցելութիւններ ընելու կանոնաւորաբար ժամանակ յատկացնելը կրնան այն մասնայատուկ ուրախութեան առաջնորդել, որ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարելէն յառաջ կու գայ։ Այո, իւրաքանչիւր օր կրնանք պատեհութիւններ ստեղծել որպէսզի քարոզենք։
4 Քոյր մը իր գործի դադարին ընթացքին սկսաւ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկը կարդալ։ Ան գործակից մը հրաւիրեց որ իր հետ օրուան համարը կարդայ, իսկ ասիկա շուտով առաջնորդեց որ կնոջ հետ սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի։ Անոնք, շաբաթը հինգ օր, օրական կէս ժամ կ’ուսումնասիրէին։ Ուրիշ գործակից մը նկատեց անոնց առօրեայ ուսումնասիրութիւնը։ Ան ի վերջոյ յայտնեց որ ինք անգործունեայ եղբայր մըն էր։ Քրոջ նախանձախնդրութենէն մղուած, ան երէցի մը հետ կապ պահեց, վերստին գործունեայ դառնալու համար։ Այս քոյրը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ երկու անհատներու վրայ, քանի որ շարունակեց ամէն օր իր ուխտը կատարել։
5 Երբ Եհովայի մեզի համար ըրած բոլոր բարիքները խորապէս գնահատող սրտով մը մղուինք, մեր նուիրումի ուխտը ամէն օր մեր լաւագոյն կարողութեամբ կատարելը ուրախութիւն ու գոհունակութիւն պիտի բերէ մեզի։ Սաղմոսերգուին նման, կրնանք ըսել. «Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ»։—Սաղմ. 86։12