Հոգեւորապէս Որքա՞ն Լաւ կը Կերակրուիք
1 Ըսուած է թէ ‘ինչ ուտենք՝ ան ենք’։ Արդարեւ, մեր ֆիզիքական զօրութիւնն ու առողջութիւնը մեր ուտելու սովորութիւններէն կ’ազդուին։ Քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ», հոգեւորապէս կերակրուելու մեր սովորութիւններն ալ գէշ կամ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենան մեր վրայ։ (Մատթ. 4։4) Ուստի, հոգեւորապէս որքա՞ն լաւ կ’ուտէք։ Բծախնդրութեա՞մբ ուտող մըն էք։ Հապճեպո՞վ ուտող մըն էք։ Թէ ոչ կանոնաւոր, հաւասարակշռուած ու սննդարար հոգեւոր ճաշեր ուտելու ժամանակ տրամադրելով կ’ուրախանաք։
2 Ձեր Սննդականոնը Վերլուծեցէք. Եհովա ‘ատենին կերակուր’ եւ «պարարտ բաներ» կը հայթայթէ իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթ. 24։45. Եսայ. 25։6) Այս սիրալիր կարգադրութիւններէն լաւագոյնս օգտուելու համար, ջանք պէտք է թափենք որ հոգեւորապէս լաւ կերակրուինք։
3 Դուք ձեզի հարց կրնաք տալ. ‘Օրուան համարը ու անոր մեկնաբանութիւնը ամէն օր կը կարդա՞մ։ Ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդա՞մ եւ անոր մասին կը խոկա՞մ։ Ժողովներուն կը պատրաստուի՞մ, նիւթերը նախապէս ուսումնասիրելով։ Վերջին գրականութիւնները ընթերցա՞ծ եմ, ի ներառեալ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար գրքին երկու հատորները’։
4 Յիսուս խոստացաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, . . . երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան»։ (Մատթ. 5։3, 6) Հետեւաբար՝ հոգեւորապէս լաւ կերակրուեցէ՛ք, ձեր միտքն ու սիրտը Աստուծոյ գիտութեամբ լեցնելով։