‘Որպէս Պարգեւ Տրուած Տղամարդիկ’ Աստուծոյ Հօտը Սրտանց կը Հովուեն
1 Եհովա ի՜նչ սիրալիր կարգադրութիւն մը ըրած է իր Որդւոյն միջոցաւ, ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ հայթայթելով։ (Եփ. 4։8, ՆԱ, 11, 12) Անոնք բազմապատիկ պատասխանատուութիւններ ունին, ի ներառեալ Աստուծոյ հօտը աշխուժօրէն ու սրտանց հովուելը։ (Ա. Պետ. 5։2, 3) Բոլորս ալ կ’օգտուինք այս անհրաժեշտ հայթայթումէն։ Եթէ ոմանք խնդիրներ կը դիմագրաւեն, ժողովքին հետ նոր կ’ընկերակցին, որոշ տկարութիւն մը ունին, կամ մոլորած են, այս տղամարդիկը խոր կերպով կը հետաքրքրուին բոլորին հոգեւոր բարօրութեամբ։—Փիլ. 2։4. Ա. Թես. 5։12-14
2 Երբ համաշխարհային խռովեցուցիչ դէպքեր որոշ չափով վախ կը պատճառեն, այս ենթահովիւները «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» կ’ըլլան։ Երբ յոգնած կամ բեռնաւորուած ըլլանք եւ մխիթարութեան կարիքը ունենանք, անոնք մեզ կը հանգստացնեն, «չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս» կամ «մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս»։—Եսայ. 32։2
3 Անգործունեայ Անհատները Քաջալերել. Երէցները մասնաւոր ջանք կ’ընեն որպէսզի անկանոն կամ անգործունեայ դարձած անհատները քաջալերեն, անոնց օգնելով որ վերսկսին ժողովքի բոլոր գործունէութեանց մէջ կանոնաւոր մասնակցութիւն բերել։ Սիրալիր հովուական այցելութիւններ շատերու օգնած են որ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուին եւ հոգեւորապէս կերտուին, ա՛յն աստիճան որ անոնք սկսած են դաշտի ծառայութեան վերստին մասնակցիլ։ Երէցներուն թափած այս բոլոր ջանքերը կ’արտացոլացնեն Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի գործօն առաջնորդութիւնը։ Ան օրինակ հանդիսացաւ այսպիսի հոգատարութիւն ցուցաբերելով իր ոչխարներէն որեւէ մէկուն հանդէպ, որ թերեւս մոլորած կամ կորսուած էր։—Մատթ. 18։12-14. Յովհ. 10։16, 27-29
4 Ենթահովիւները ուշադրութիւն կ’ընծայեն նշաններու, որոնք ցոյց կու տան թէ անհատը հոգեւորապէս կը կաղայ։ Ոեւէ անհատ որ վհատութեան նշաններ կը ցուցաբերէ, ժողովներու ներկայ գտնուելու մէջ անկանոն կը դառնայ, կամ դաշտի ծառայութեան մէջ կը դանդաղի, հաւանական է որ հոգեւոր աջակցութեան կարիքը ունի։ Երէցները ակնկառոյց են օգնելու ոեւէ անհատի որ կը սկսի աշխարհային հագուելակերպի կամ արդուզարդի նկատմամբ հակում մը ցոյց տալ կամ ժողովքին հանդէպ քննադատական կեցուածք մը մշակել։ Անկեղծ հետաքրքրութեամբ ու խանդաղատանքով, հոգածու տեսուչներ սիրայօժարօրէն ‘իրենց անձերը կու տան’, ջանալով օգնել այսպիսիներուն որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը վերարծարծեն։—Ա. Թես. 2։8
5 Անցեալին, կարգ մը նուիրուած Քրիստոնեաներ ժողովքին հետ իրենց կապը կորսնցուցին, ընկղմելով հոգեւոր անգործունէութեան մէջ, քանի որ անոնք առողջապահական խնդիրներով, տնտեսական ձախորդութիւններով կամ ընտանեկան ճնշումներով ջախջախուած էին։ Առանց քննադատական ըլլալու, երէցները ազնուօրէն զանոնք կը հաւաստիացնեն թէ Եհովա իր բոլոր ոչխարներուն հոգ կը տանի եւ անոնց թիկունք պիտի կանգնի դժուար ժամանակներու ընթացքին։ (Սաղմ. 55։22. Ա. Պետ. 5։7) Ժողովքին արթուն հովիւները կրնան անոնց օգնել որ անդրադառնան թէ եթէ ‘Աստուծոյ մօտենան, անիկա անոնց պիտի մօտենայ’, մխիթարութիւն ու հանգստութիւն տալով։—Յակ. 4։8. Սաղմ. 23։3, 4
6 Անկարողները Արժեւորել. Սիրալիր ենթահովիւներ նաեւ հետաքրքրուած են անոնցմով, որոնք կրնան անտեսուիլ։ Իւրաքանչիւր ժողովքի կ’ընկերակցին անկարող կամ խնամատուներու մէջ ապրող անհատներ։ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու մէջ անոնց մասնակցութիւնը հասկնալիօրէն սահմանափակ է, իրենց պարագաներուն պատճառաւ։ Թերեւս վկայելու պատեհութիւնը կը ներկայանայ միայն երբ շփման մէջ կու գան այցելուներու, այլ հիւանդներու կամ խնամատարներու հետ։ Այսուհանդերձ, ի՛նչ որ անոնք կարող են ընել կը նկատուի որպէս արժէքաւոր մասնակցութիւն մը քարոզչութեան ընդհանուր գործին։ (Մատթ. 25։15) Նոյնիսկ եթէ անոնք միայն 15 վայրկեան վկայեն, ասիկա պէտք է տեղեկագրուի, եւ անոնք պիտի շարունակեն նկատուիլ որպէս Թագաւորութեան կանոնաւոր հրատարակիչ մը։
7 ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ յատկապէս ուշադիր են իրենց եղբայրներուն հոգեւոր կարիքներուն տարուան այս ժամանակին՝ Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանին։ Ի՜նչ յարմար ժամանակ մըն է որ երէցներ մասնայատուկ ջանք ընեն, օգնելու բոլոր մոլորած անհատներուն, որպէսզի անոնք անգամ մը եւս վայելեն այն ուրախութիւնն ու մտքի խաղաղութիւնը որ յառաջ կու գայ ժողովքին մէջ ջերմ ընկերակցութենէն։ Կ’ուրախանանք երբ տեսնենք որ «հաւատքի ընտանիներ» ժողովներու ներկայ կը գտնուին եւ ծառայութեան կը մասնակցին, փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց հաւատքը վերահաստատելով։—Գաղ. 6։10. Ղուկ. 15։4-7. Յովհ. 10։11, 14