Ուրիշներու Օգնել որ Եհովան Փառաւորեն
1 Համայն աշխարհի մէջ մարդոց կենսական պատգամ մը կը ծանուցանուի. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ (Յայտ. 14։6, 7) Այդ ծանուցման մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Մարդիկ Եհովայի մասին ի՞նչ պէտք է գիտնան, որպէսզի իրմէ վախնան ու զինք պաշտեն։
2 Իր Անունը. Մարդիկ պէտք է կարենան անունով զանազանել միակ ճշմարիտ Աստուածը ներկայիս պաշտուող բազմաթիւ սուտ աստուածներէն։ (Բ. Օր. 4։35. Ա. Կորն. 8։5, 6) Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը գրողները Եհովայի հռչակաւոր անունը աւելի քան 7,000 անգամ գործածեցին։ Թէեւ Աստուծոյ անունը ե՛րբ յիշելու նկատմամբ պատշաճօրէն ներատեսութիւն կը գործածենք, սակայն երբեք պէտք չէ զայն պահենք կամ գործածելէ ետ կենանք։ Աստուծոյ կամքն է որ ամբողջ մարդկութիւնը իր անունը գիտնայ։—Սաղմ. 83։18
3 Իր Անձնաւորութիւնը. Եհովան փառաւորելու համար, մարդիկ պէտք է գիտնան թէ ան ի՛նչպիսի Աստուած մըն է։ Պէտք է անոնց բացատրենք իր ուշագրաւ սիրոյն, գերադրական իմաստութեան, կատարեալ արդարութեան եւ ամենակալ զօրութեան, նաեւ՝ իր ողորմութեան, հաւատարիմ սիրոյն, եւ այլ սքանչելի յատկութիւններուն մասին։ (Ել. 34։6, 7) Անոնք նաեւ պէտք է սորվին Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ ունենալ, իրմէ ակնածիլ, գիտակցելով որ իրենց կեանքը Եհովայի հաճութիւնը ունենալէն կախեալ է։—Սաղմ. 89։7
4 Աստուծոյ Մօտենալ. Աստուծոյ մօտալուտ դատաստանէն փրկուելու համար, մարդիկ պէտք է հաւատքով Եհովան կանչեն։ (Հռովմ. 10։13, 14. Բ. Թես. 1։8) Ասիկա Աստուծոյ անուան ու յատկութիւններուն մասին գիտութիւն ձեռք ձգելէն աւելին կը պարփակէ։ Պէտք է մարդոց օգնենք որ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն մը մշակեն, իրենց ամբողջ սրտով իրեն վստահելով։ (Առ. 3։5, 6) Մինչ իրենց սորվածը կը կիրարկեն, ջերմեռանդ աղօթքով Աստուծոյ կը դիմեն, եւ իրենց կեանքին մէջ իր օգնութիւնը կը վայելեն, իրենց հաւատքը պիտի աճի, իրենց օգնելով որ Եհովայի մօտենան։—Սաղմ. 34։8
5 Թող նախանձախնդրաբար Աստուծոյ անունը ծանուցանենք եւ ուրիշներու օգնենք որ իրենց լման վստահութիւնը իր վրայ դնեն եւ իրմէ վախնան։ Թերեւս տակաւին կրնանք բազմաթիւ անհատներու օգնել որ Եհովան ճանչնան եւ զինք փառաւորեն որպէս իրենց ‘փրկութեան Աստուածը’։—Սաղմ. 25։5