Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/03 էջ 1
  • Մեր Նուիրումին Համաձայն Ապրինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր Նուիրումին Համաձայն Ապրինք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շարունակեցէք հաստատ սրտով Եհովայի ծառայել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ձեր նուիրումին համաձայն կ’ապրի՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 1/03 էջ 1

Մեր Նուիրումին Համաձայն Ապրինք

1 Վերջերս մկրտուած էք թէ տասնեակ տարիներ առաջ, հաւանաբար կը յիշէք ձեր կեանքին մէջ այդ յատկանշական դէպքը։ Մեր մկրտութիւնը վերջաւորութիւն մը չէ, այլ՝ տարիներ երկարող նուիրեալ ծառայութեան մը սկիզբը, որ կրնայ յաւիտեան շարունակուիլ։ (Ա. Յովհ. 2։17) Մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

2 Քրիստոսի Օրինակին Հետեւեցէք. Մկրտուելէն ետք, Յիսուս «իր գործը սկսաւ»՝ «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը ծանուցանելով։ (Ղուկ. 3։23. 4։44) Նոյնպէս, Եհովայի կատարած մեր նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշելէ ետք, բարի լուրի ձեռնադրուած քարոզիչները դարձանք։ Թէեւ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելը շատ ժամանակի ու կորովի կը կարօտի, սակայն, մեր գլխաւոր գործը քրիստոնէական ծառայութիւնն է։ (Մատթ. 6։33) Փոխանակ հարստութեան կամ համբաւի ետեւէն ըլլալու, Աստուծոյ նուիրուած անհատները կը ջանան Պօղոս առաքեալի նման ‘իրենց պաշտօնը մեծարել’։ (Հռովմ. 11։13) Եհովայի ծառայելու ձեր առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրա՞ք, եւ զայն մեծարելու համար ձեր լաւագոյնը կ’ընէ՞ք։

3 Յիսուսի նման, «Սատանային հակառակ» պէտք է կենանք։ (Յակ. 4։7) Սատանան Յիսուսը փորձեց անոր մկրտութենէն ետք, եւ ներկայիս ան նոյնպէս Եհովայի նուիրուած ծառաները իր թիրախը դարձուցած է։ (Ղուկ. 4։1-13) Քանի որ Սատանայի աշխարհով շրջապատուած ենք, պէտք է ինքնակրթութիւն ի գործ դնենք, խուսափելով որեւէ բանէ որ կրնայ մեր միտքը կամ սիրտը ապականել։ (Առ. 4։23. Մատթ. 5։29, 30) Քրիստոնեաներուն խրատ կը տրուի թէ ‘չեն կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն’։ (Ա. Կորն. 10։21) Ասիկա կը պահանջէ որ վատառողջ զբօսանքէ, չար ընկերակցութենէ եւ Համացանցի վտանգներէն զգուշանանք։ Նաեւ կը պահանջէ որ հաւատուրացներու հրամցուցած տեղեկութիւններէն խուսափինք։ Ասոնց եւ Սատանայի այլ ռազմավարութիւններուն նկատմամբ արթուն ըլլալը, մեզի պիտի օգնէ որ մեր նուիրումին համաձայն ապրինք։

4 Աստուծոյ Հայթայթումները Գործածեցէք. Մեզի օգնելու համար որ մեր նուիրումին համաձայն ապրինք, Եհովա իր Խօսքին ու քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ օգնութիւն հայթայթած է։ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ Եհովայի աղօթելը ձեր առօրեայ սովորամոլութեան մէկ մասը ըրէք։ (Յես. 1։8. Ա. Թես. 5։17) Ժողովքային հանդիպումներէն հաճոյք առէք։ (Սաղմ. 122։1) Եհովայէ վախցող եւ իր հրամանները պահող անհատներու հետ ընկերակցեցէք։—Սաղմ. 119։63

5 Աստուծոյ օգնութեամբ, կրնաք Եհովայի կատարած ձեր նուիրումին համաձայն ապրիլ եւ յաւիտեան իրեն ծառայելու ուրախութիւնը ունենալ։—Սաղմ. 22։26, 27. Փիլ. 4։13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել