«Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը Ուրախութեամբ»
1. Եհովայի ծառաներուն համար ի՞նչ բան մեծ ուրախութեան աղբիւր մը կրնայ ըլլալ։
1 «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն», գրեց Պօղոս առաքեալ։ «Դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։ (Փիլ. 4։4) Բարի լուրը բաժնելը եւ ոչխարանման անհատներուն օգնելը որ Եհովան պաշտեն, մեծ ուրախութեան աղբիւր մըն է։ (Ղուկ. 10։17. Գործք 15։3. Ա. Թես. 2։19) Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել եթէ նկատենք թէ երբեմն մեր ծառայութենէն ուրախութիւն չենք քաղեր։
2. Մեր յանձնարարութեան աղբիւրը մեր միտքին մէջ պահելը, ի՞նչպէս կրնայ մեր ուրախութեան նպաստել։
2 Աստուծոյ Կողմէ Յանձնարարուած Գործ մը. Մի՛ մոռնաք որ մեր քարոզչութեան յանձնարարութիւնը Եհովայէն է։ Այո, որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու եւ աշակերտելու մէջ «Աստուծոյ գործակից»ներն ենք։ (Ա. Կորն. 3։9) Քրիստոս Յիսուս մեզի հետ է, այս անկրկնելի գործին մէջ։ (Մատթ. 28։18-20) Հրեշտակներն ալ գործօն կերպով պարփակուած են եւ մեզի հետ կ’աշխատին ներկայիս տեղի ունեցող հոգեւոր մեծ հունձքին մէջ։ (Գործք 8։26. Յայտ. 14։6) Սուրբ Գրութիւնները, Աստուծոյ ժողովուրդին փորձառութիւններուն հետ մէկտեղ, անսխալ ապացոյց կը հայթայթեն թէ Եհովա այս գործին թիկունք կը կանգնի։ Ուստի, երբ կը քարոզենք, «որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։ (Բ. Կորն. 2։17) Ուրախանալու ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մը։
3. Աղօթքը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը պահպանենք։
3 Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը պահպանելու համար աղօթքը էական է։ (Գաղ. 5։22) Քանի որ Աստուծոյ գործը կրնանք միայն իր ուժով ընել, իր հոգին պէտք է խնդրենք, որ առատօրէն կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։ (Ղուկ. 11։13. Բ. Կորն. 4։1, 7. Եփ. 6։18-20) Մեր ծառայութեան մասին աղօթելը պիտի օգնէ մեզի շիտակ հայեցակէտը պահպանելու, երբ մարդիկ բացասական կերպով ընդառաջեն։ Անիկա մեզ կարող պիտի դարձնէ որ շարունակենք համարձակութեամբ եւ ուրախութեամբ քարոզել։—Գործք 4։29-31. 5։40-42. 13։50-52
4. Լաւ պատրաստութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ քարոզչութեան մէջ մեր ուրախութիւնը աւելցնենք, եւ ի՞նչ են պատրաստելու կարգ մը գործնական կերպերը։
4 Լաւ Պատրաստուեցէք. Ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը աւելցնելու գործնական կերպ մըն է՝ լաւ պատրաստուիլը։ (Ա. Պետ. 3։15) Այսպիսի պատրաստութիւն մը շատ ժամանակ պէտք չէ առնէ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերուն համար թելադրուած ներկայացումները կամ ձեր ներկայացնելիք գրականութեան յարմարող բացում մը վերաքաղ ընելը, միայն քանի մը վայրկեան կ’առնէ։ Յարմար բացումի մը համար, կրնաք Պատճառաբանել գիրքին կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նախկին թիւերուն դիմել։ Կարգ մը հրատարակիչներ օգտակար կը գտնեն թուղթի մը վրայ հակիրճ ներկայացում մը գրել։ Անոնք պարբերաբար իրենց գրածը վերաքաղ կ’ընեն, իրենց յիշողութիւնը թարմացնելու համար։ Ասիկա իրենց կ’օգնէ ջղագրգռութիւնը յաղթահարելու եւ վստահութիւն կու տայ որ համարձակօրէն քարոզեն։
5. Ուրախութիւնը ի՞նչպէս օգտակար է մեզի եւ ուրիշներուն։
5 Ուրախութիւնը իր հետ բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ։ Ուրախ տրամադրութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ մեր պատգամը սիրտին աւելի խօսի։ Ուրախութիւնը մեզ կը զօրացնէ որ տոկանք։ (Նէեմ. 8։10. Եբր. 12։2) Ամէն բանէ առաջ, մեր ուրախ ծառայութիւնը Եհովան կը փառաւորէ։ Ուստի թող որ ‘ուրախութեամբ Տէրոջը ծառայենք’։—Սաղմ. 100։2