Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
June 22
«Ոմանք կը խորհին որ Աստուծոյ հաւատալը գիտական չէ։ Բայց տեղեա՞կ ես որ կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն թէ գիտութիւնը թիկունք կը կանգնի Ստեղծիչի մը գոյութեան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ անոնց նշած կարգ մը ապացոյցները»։ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Չե՞ս համաձայնիր որ ներկայ աշխարհին մէջ զաւակներ կրթելը մարտահրաւէր մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ հետեւեալ երաշխիքը թէ ծնողներ կրնան յաջողութիւն գտնել։ [Կարդա՛ Առակաց 22։6–ը։] Դիտարան–ի այս թիւը գործնական խրատներ կը ներկայացնէ, ծնողներուն օգնելու որ այս մարտահրաւէրին հետ գլուխ ելլեն»։
July 8
«Չե՞ս համաձայնիր որ շատեր կը նկատեն պատանեկութեան տարիները թէ՛ ուրախութիւններու եւ թէ դժուարութիւններու ժամանակ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ այն փոփոխութիւնները, որոնց կ’ենթարկուին պատանիները։ Անիկա նաեւ իմաստուն խրատներ կը ներկայացնէ անոնց, որպէսզի կարենան իրենց պատանեկութեան տարիներէն լաւագոյնս օգտուիլ»։ Կարդա՛ Ժողովողի 12։1–ը։