Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/04 էջ 1
  • Ստիպողականութեան Հոգի Պահպանէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ստիպողականութեան Հոգի Պահպանէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրատապութեան զգացումդ պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Քարոզչութեան նկատմամբ ինչպէ՛ս հրատապութեան զգացում մշակել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Վկայութիւնը Աւելցնենք Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Հրատապութեան զգացումով քարոզէ՛
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 11/04 էջ 1

Ստիպողականութեան Հոգի Պահպանէ

1 Յիսուս գիտէր որ երկրագունդի վրայ իր Հօր գործը կատարելու համար սահմանափակ ժամանակ ունէր։ (Յովհ. 9։4) Ուստի ան իր ծառայութիւնը ստիպողականութեան հոգիով կատարեց, եւ իր աշակերտները մարզեց որ նոյնը ընեն։ (Ղուկ. 4։43-45. 8։1. 10։2-4) Հանգստաւէտութիւն ապահովող նիւթական բաները իրեն համար երկրորդական կարեւորութիւն ունէին։ (Մատթ. 8։20) Ուստի ան կրցաւ Եհովայի իրեն տուած գործը աւարտել։—Յովհ. 17։4

2 Սահմանափակ Ժամանակ. Բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզելու ժամանակն ալ սահմանափակ է։ (Մատթ. 24։14) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը յայտնէ թէ վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք։ Շուտով անոնք «որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր . . . պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով»։ (Բ. Թես. 1։6-9) Այդ դատաստանը յանկարծօրէն պիտի հասնի։ (Ղուկ. 21։34, 35. Ա. Թես. 5։2, 3) Մարդիկ կարիք ունին որ իրենց վտանգաւոր կացութիւնը իրենց ուշադրութեան յանձնուի։ Մեր պատասխանատուութիւնն է անոնց օգնել որ Եհովայի հաճութիւնը փնտռեն մինչ տակաւին ժամանակ կայ։—Սոփ. 2։2, 3

3 Մեր Կարելին Ընենք. Գիտակցելով որ «ժամանակը կարճցած է», Աստուծոյ ծառաները քարոզչութեան նախապատուութիւն կու տան։ (Ա. Կորն. 7։29-31. Մատթ. 6։33) Ոմանք գործի լաւ առիթներ մերժած կամ անձնական այլ հետապնդումներէ հրաժարած են, ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։ (Մար. 10։29, 30) Ուրիշներ նեղութիւններու ներքեւ կը շարունակեն ‘Տէրոջ գործին մէջ աւելնալ’։ (Ա. Կորն. 15։58) Շատեր տասնամեակներէ ի վեր անխախտօրէն բարի լուրը կը ծանուցանեն։ (Եբր. 10։23) Եհովա մեծապէս կ’արժեւորէ Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ եղած այսպիսի զոհողութիւններ։—Եբր. 6։10

4 Մեր կեանքը Եհովայի պաշտամունքին վրայ կեդրոնացնելը, որ քարոզչութիւնը կը պարփակէ, մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի օրը մեր միտքին մէջ պահենք, թոյլ չտանք Սատանայի աշխարհին որ մեզ մտացիր դարձնէ, եւ սուրբ վարք պահպանելու մեր վճռակամութիւնը ամրապնդենք։ (Բ. Պետ. 3։11-14) Արդարեւ մեր ծառայութիւնը ստիպողականութեան հոգիով կատարելը, թէ՛ մեր կեանքը եւ թէ մեզի մտիկ ընողներուն կեանքը կրնայ փրկել։—Ա. Տիմ. 4։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել