Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/04 էջ 8
  • Ի՞նչպէս Ազգականներուն Վկայենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչպէս Ազգականներուն Վկայենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Մեր Ազգականներուն Մասին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • ‘Քեզի մտիկ ընողները’ պիտի փրկուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ճշմարտութիւնը չի բերեր ‘խաղաղութիւն, հապա՝ սուր’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 12/04 էջ 8

Ի՞նչպէս Ազգականներուն Վկայենք

1. Ինչո՞ւ խորատեսութեան հարկ կայ, երբ ազգականներուն կը վկայենք։

1 Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է մտնել նոր աշխարհը մեր սիրելիներուն հետ, Եհովայի պաշտամունքին մէջ միացած ըլլալով։ Մեր ազգականներուն վկայելով, այդ ուրախ հեռանկարը կրնայ իրականանալ։ Սակայն ասիկա թարմացուցիչ կերպով ընելը խորատեսութիւն կը պահանջէ։ Շրջանային տեսուչ մը դիտել տուաւ. «Լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը ձգեն անոնք որ իրենց ազգականներուն մէջ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն, չափաւոր կերպով վկայելով»։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

2. Մեր ազգականներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունենալը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ անոնց հետաքրքրութիւնը շարժենք։

2 Անոնց Հետաքրքրութիւնը Արթնցուր. Կանխաւ մտածէ թէ ի՛նչպէս կրնաս ազգականներուդ հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ (Առ. 15։28) Ի՞նչ են անոնց մտահոգութիւնները։ Անոնք ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Թերեւս կրնաս զիրենք յատկապէս հետաքրքրող նիւթի մը շուրջ յօդուած մը բաժնել կամ գրաւիչ համար մը յիշել։ Եթէ ազգականներդ հեռու տեղեր կը բնակին, թերեւս կրնաս ասիկա ընել նամակով կամ հեռախօսով։ Չափաւոր կերպով ճշմարտութեան սերմերը ցանէ, եւ Եհովայէ խնդրէ որ զանոնք աճեցնէ։—Ա. Կորն. 3։6

3. Մեր ազգականներուն հետաքրքրութիւնը մեզմով, ի՞նչպէս առիթ կու տայ վկայելու։

3 Յիսուս մարդէ մը դեւեր հանելէ ետք, ըսաւ անոր. «Գնա՛ տունդ՝ քուկիններուդ քով, ու պատմէ՛ անոնց ամէն ինչ որ Տէրը ըրաւ քեզի, եւ ի՛նչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ (Մար. 5։19, ԱՎ) Երեւակայէ ասոր ձգած տպաւորութիւնը անոր ազգականներուն վրայ։ Նոյնպէս, հաւանաբար ազգականներդ կը հետաքրքրուին գործունէութիւններովդ կամ զաւակներուդ ըրածներով։ Ակնարկելով Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ներկայացուցած դասախօսութեանդ, յաճախած համաժողովիդ, Պէթէլի տուած այցելութեանդ կամ անձնական յատկանշելի մէկ իրադարձութեան, կրնաս ճամբան հարթել որ անոնց հետ Եհովայի ու անոր կազմակերպութեան մասին յաւելեալ բաներ բաժնես։

4. Ազգականներուն վկայելու ատեն, ի՞նչ ծուղակներէ պէտք է խուսափինք։

4 Խորատես Եղիր. Երբ ազգականներուն վկայես, անոնց շատ բաներ մի՛ պատմեր։ Մտաբերելով այն ժամանակը երբ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եղբայր մը խոստովանեցաւ. «Մօրս գլուխը կ’արդուկէի՝ երկար ժամեր բացատրելով ի՛նչ որ սորված էի Աստուածաշունչէն, եւ ասիկա յաճախ վիճաբանութիւններու կ’առաջնորդէր, մանաւանդ հօրս հետ»։ Նոյնիսկ երբ ազգական մը Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, այնպէս մը պատասխանէ որ վերջաւորութեան ան փափաքի աւելին գիտնալ։ (Առ. 25։7) Միշտ յարգանք, քաղցրութիւն եւ համբերութիւն ցուցաբերէ, ճիշդ ինչպէս կ’ընես երբ ծառայութեան մէջ օտարի մը խօսիս։—Կող. 4։6

5. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ ազգականները նպաստաւոր կերպով չընդառաջեն երբ անոնց վկայենք։

5 Առիթով մը Յիսուսի ազգականները կարծեցին թէ ան իր խելքը կորսնցուցած է։ (Մար. 3։21) Սակայն հետագային, անոնցմէ ոմանք հաւատացեալ եղան։ (Գործք 1։14) Եթէ ազգականներուդ հետ ճշմարտութիւնը բաժնելու սկզբնական ջանքերդ յաջողութիւն չգտան, ձեռնթափ մի՛ ըլլար։ Պարագաներն ու կեցուածքները կրնան փոխուիլ։ Շարունակէ ուրիշ առիթ մը փնտռել, անոնց պատմելու կէտ մը որ կրնայ իրենց հետաքրքրութիւնը շարժել։ Որքա՜ն պիտի ուրախանաս անոնց օգնելով որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ սկսին քալել։—Մատթ. 7։13, 14

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել